ԱՐՇՕ ԶԱՔԱՐԵԱՆ
Հօրս նպարավաճառատունը կը գտնուէր Գահիրէի բանուկ փողոցներէն Ապտ Էլ-Ազիզի վրայ, որ կը ճիւղաւորուէր Աթապա հրապարակէն. Գահիրէի ամենէն կեդրոն վայրերէն մէկն էր։ Այդ հրապարակը նաեւ ունէր հրշէջներու ամենէն մեծ կայարանը, հանրակառքերու կեդրոնը, նամակատան մայր գրասենեակը, կեդրոնական ժամացոյցը եւ այլն։
Հայրս իր խանութը կը պահէր միշտ մաքուր, կոկիկ եւ հրապուրիչ։ Յաճախորդներ հեռու տեղերէ կու գային որովհետեւ վստահութիւն ունէին ուտեստեղէններու որակին, մաքրութեան եւ կշիռքին վրայ։ Առաւել՝ ապրանքները ապահով ձեւով կը ծրարուէին։ Յաճախորդները ունէին նաեւ լայն ընտրութիւններ պանիրներու տեսակներէն, ընտիր ապուխտէն, իտալական մորթատելայէն, թարմ մածունէն, անգլիական թէյէն, յունական ձիթապտուղներէն, թթուաշներէն, պահածոյի տուփերէն, ֆրանսական Ֆինօ հացէն, մինչեւ տեղական պաղ գարեջուրը, զովացուցիչները, արտասահմանեան ըմպելիները։ Ամեն օր, երկու անգամ, խանութը եւ ցուցափեղկերը բծախնդրօրէն կը մաքրուէին եւ առիթ չէր տրուեր ճանճերուն, մրջիւններուն եւ մուկերուն, որ մուտք գործեն այս ուտելիքի դրախտավայրը։
Հայրս կը վայելէր դրացի խանութպաններուն յարգանքը եւ համարումը։ Այս մէկը աւելի շեշտուեցաւ երբ իր կեանքի վերջընթեր տարին լուրջ գործողութեան եւ երկարատեւ բուժումի ենթարկուեցաւ։ Ամեն քայլափոխիս դէպի հիւանդանոց, կը կեցնէին զիս եւ բարեմաղթութիւններ, բարեւներ եւ աղօթքներ կ՚ուղարկէին։
Յետադարձ նայուածքով, կը հիանամ հօրս աշխատասիրութեան, բարոյական անխախտ սկզբունքներուն եւ զօրաւոր կամքին վրայ։ Ցնցոտիներով հասած էր Եգիպտոս 14 տարեկանին եւ 14 տարիներ վերջ, իր անձնական խանութը բացած էր։ Յաջողած էր սորվիլ լեզուներ, ինչպէս՝ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ յունարէն։ Զարմանալի չէ, որ 32 տարիներ, 1936-էն 1968, զանազան ազգերու իր յաճախորդները իրենց սիրած լեզուով կը սպասարկէր։ Ինչպէս որ իր հայ վարպետները իրեն առիթներ տուին սորվելու, ապա ինքնավար ըլլալու, ինքն ալ իր աշկերտներուն նոյնը ըրաւ։ Քաջալերեց զիրենք երբ իրենք ուզեցին խանութներ բանալ։ Անոնք ալ երբեք չմոռցան զինք։ Միշտ պատրաստակամ եղան օգտակար ըլլալու։
Հայրս մահուան ահռելի ճամբաներէն վերապրող էր եւ իր դպրոցական տարիները կորսնցուցած էր եւ անյագ ծարաւը ունէր դէպի գիտութիւն եւ ուսում. այդ կրծող փափաքը միշտ վառ մնացած էր։ Բոլոր զաւակները ուղարկեց Գահիրէի լաւագոյն վարժարանները եւ օրական 14 ժամ աշխատելով հոգաց մեր ծախսերը առանց տրտունջի։ Զգաց երբ տկար էինք եւ յատուկ դասերու կարիքը ունէինք։ Որպէս այրի մարդ, նաեւ միշտ աչալուրջ պէտք է ըլլար մեր դպրոցական կեանքէն դուրս անցուդարձներուն։ Մեզի գրպանի ծախս չէր տար, այլ կը պայմանաւորուէր, որ մեր երթալիք տեղէն առաջ հանդիպինք խանութ, ստանանք մեր ծախսը եւ անպայման վերադարձին դարձեալ խանութէն անցնինք։ Այս համաձայնութիւնը առիթ եւ պատճառ կը դառնար, որ մենք նշմարէինք իր յատուկ յաճախորդները, հետեւէինք եւ անդրադառնայինք անոնց։
Քոտաք Կարոն ունէր բացառիկ ուշիմ աղջիկ մը, Շաքէն, որ բոլոր ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն յանձնարարութեամբ Ա.Մ.Ն. ուղարկուեցաւ ուսումը շարունակելու եւ ամբողջացնելու։ Թէ հպարտութիւն էր եւ թէ մտահոգութիւն էր Կարոյին համար աղջիկը ուղարկել անծանօթ վայրեր։ Kodak-ը իր աշխատատեղին էր, մեծ լուսանկարչական ընկերութիւն մը։ Կարոն կրցած էր իր ասպարէզը գտնել եւ հմտանալ իր որբանոցի կեանքէն ետք։ Կարոյի տղան՝ Շահանը, իր աչքի լոյսն էր։ Կարոն իր սակաւախօսութեամբ, համեստութեամբ եւ օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեամբ սիրելի էր բոլորին։ Ընտանեօք փոխադրուեցան Գանատա։ Չեմ գիտեր ինչպէս եղաւ հօրս եւ Կարոյի բաժանումը։ Բայց երկուքն ալ համոզուած էին, իրենց զաւակներու ապագային համար, պէտք է քանդել լման կեանքի մը ասպարէզը, նուաճումները եւ տունը ու նորէն սկսիլ անորոշ վայր մը՝ ովկիանոսին միւս կողմը։
Պարոն Փարիզիէնը՝ հօրս յաճախորդներէն, կարճ տաբատով եւ գլանիկով կու գար։ Մեզ՝ պատանիներս, տպաւորած էր։ Այդ տարիներուն, Եգիպտոսի կիզիչ տաքին իսկ, ընդունուած չէր՝ որ տղամարդիկ կարճ տափատ հագնին։ Բուն անունը Օննիկ էր, բայց այդ մէկը մէջտեղ ելաւ երբ այլեւս ծերանոց պիտի երթար։ Աշխարհը զինք կը ճանչնար որպէս Պարոն Փարիզիէն։ Յաճախ իր նախաբաններուն մէջ կ՚ըսէր «երբ Փարիզ էի…», ապա կ՚ընէր բաղդատութիւններ կամ կու տար կարծիքներ։ Ի՜նչ հետաքրքրական էր, երբ տեղեկացանք թէ Գրիգոր Զոհրապի զարմիկն էր եւ վերջինս զինք ազատած էր երբ բռնուած էր կեղծարարութեամբ։ Ամուրի էր, հօրս խանութիւն մօտ էր իր բնակարանը։ Ժամանակ մը բացակայեցաւ, օր մը իր եգիպտացի դրացիներէն մէկը եկաւ ըսելու, թէ «էլ-խաուակա» («օտարականը», որ նաեւ «պարոն» իմաստով կը գործածուէր) շատ հիւանդ է եւ քեզ կը փնտռէ։ Հայրս գնաց, մաքուր փոխնորդ, գիշերանոց եւ անձեռոց տարաւ հետը։ Յաջորդ այցելութեան մօտակայ ճաշարանէն տաք ապուր տարաւ։ Անմիջապէս լուր ուղարկուեցաւ հայկական ծերանոցի պատասխանատուներուն, որ ընդունին այս միայնակ հայորդին։ Վերջապէս կազդուրուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ ծերանոց, որ կը գտնուի Հելիոպոլիս, Գահիրէի մէկ արուարձանը։ Իր ոսկեզօծ ինքնահոս գրիչը մեզի նուիրեց։ Երբ առողջութիւնը վերագտաւ, ամիսը մէյ մը կ՚առնէր մեթրոն, Հելիոպոլիսէն Գահիրէ կու գար՝ հօրս նպարավաճառատունը, հետը յատուկ ապսպրանքներով։ «Նշանը քառորդ քիլօ ապուխտ կ՚ուզէ, Արթին Աղան երշիկ» եւ այլն։ Այդ օրը մեզի կը գիշերէր, յաջորդ առաւօտ իր ծրարներով կը վերադառնար։ Իր կեանքի վերջին արարին գտաւ իր հայ տունը։
Ամեն կէսօրէ վերջ, ժամը մէկէն երեք, Սեդրակը կու գար։ Միւս գործաւորներուն եւ պաշտօնեաներուն պէս չէր կրնար կէսօրուան ժամերուն տուն երթալ, ճաշել, հանգստանալ եւ գործի վերադառնալ։ Տունը հեռու էր։ Սեդրակը որբ էր, ոչ մէկ ազգական ունէր, հօրս տարեկից էր, երկուքն ալ Յուսաբեր թերթի հաւատաւոր ընթերցողներ էին եւ յաճախ օրուան անցուդարձները իրարու հետ կը վերլուծէին։ Սեդրակը օր մը պատմեց, որ երբ որբերը հաւաքած են, ինք երկու անգամ որբանոցէն փախած է եւ վերադարձած իր քիւրտ ընտանիքին քով։ Իր ծնողքէն յիշատակներ չունէր։ Իր վերջին վարպետը իր նման որբ մըն էր, որ յաջողութիւն գտած էր իր գործին մէջ։ Հասկցած էր Սեդրակը, յարգանքով եւ առատաձեռնութեամբ կը վարձատրէր զինք։ Վերջապէս, այդ գործին մէջ գտաւ իր տեղը։ Երբ վերջնական Գանատա պիտի մեկնէինք, մեր վերջին 10 օրերը Սեդրակին եւ իր ընտանիքին հետ անցուցինք։ Դժուար էր հօրս եւ Սեդրակին բաժանումը։ Սրտակից եղբայրներ էին։ Իրարու ցաւերը շատ լաւ գիտէին։ Սեդրակին վերջին խօսքը եղաւ՝ «եթէ իր տղաքը լաւ պիտի չնային Սահակիս, ետ բեր զինք, ես հոգ կը տանիմ»։ Երկա՜ր տարիներ իրենց տօնական օրերու բացիկներ ուղարկեցի։ Հօրս վաղաժամ մահը ցնցած էր զինք։ Տասնմէկ տարիներ ետք, երբ անակնկալ այցելեցի իրեն, դեռ հայրս կորսնցնելու վիշտը շատ զգալի էր քովը։
Գանատա հաստատուելէս քսան տարիներ ետք, ՀՕՄ-ի տօնավաճառին, տիկին մը մօտեցաւ՝ «Սահակին աղջիկն ես», հարցում չէր այլ հաստատում մը։ «Հօրդ յաճախորդն էի, իմ եղբայրս էր»։ «Ցաւերս կը պատմէի», շարունակեց, «աղջիկս բաժանումի դժուար պայմաններէ կ՚անցնէր։ Հայրդ մտիկ կ՚ընէր եւ կ՚ըսէր համբերէ, դուն միայն աղջկադ եւ թոռներուդ տէր եղիր։ Գիտէի որ ասդին անդին պիտի չպատմէ»։ Այս որբուհին ալ գտած էր իր եղբայրը։
Գրեթէ ամեն երեկոյ վարպետ փորագրիչ մը կու գար իր եւ իր եղբօր զաւակներուն համար գնումներ կ՚ընէր։ Տարբեր կուսակցութիւններու կը պատկանէին։ Երբեք բախում չունեցան։ Միշտ յարգանքով էին իրարու հանդէպ։ Այս մէկը չէր ամուսնացած, ինչպէս շատ մը որբեր եւ որբուհիներ։ Անոնք չունեցան ծնողներու հոգատարութիւնը եւ առաջնորդութիւնը՝ ամուսնութիւններ կնքելու։
Այս որբերը եւ վերապրողները անքակտելի կերպով կապուած էին իրարու։ Յաճախ անխօս գիտէին իրարու վիշտերը, մինակութիւնը եւ անապահով կեանքը։ Իսկապէս, ասոնք միայն յաճախորդներ չէին, այլեւ դաժան կեանքի մը եղբայրներն էին։ Անվերադարձ կորսնցուցած էին իրենց արիւնակիցները՝ բոլոր ազգականները։ Ոմանք կրցած էին իրենց ընտանեկան բոյները կազմել, բայց եւ յաճախ ալ միայնակ մնացած։ Շատերը չվայելեցին ծնողներու գուրգուրանքն ու սէրը, բայց կրցան ներքին բնազդով լաւ հայրեր եւ մայրեր ըլլալ։
Ափսոս, հազար ափսոս, որ այդ օրերուն գիտակցութիւնը չունէի, որ իրենց կեանքը աւելի մանրամասն՝ իրենց որբանոցի յիշատակներով պատմել տայի։ Արդեօք՞ ինչ ճամբաներով հասան Եգիպտոս։ Առաջնորդ կամ հոգատար ունեցա՞ն։ Ինչպէ՞ս կրցան սորվիլ եւ հմտանալ իրենց արհեստներուն մէջ։ Իրենց անունները եւ մականունները իսկակա՞ն են, թէ՞ որբանոցը՝ չունենալով փաստաթուղթ կամ ստոյգ տեղեկութիւն, իրենց այդ անունները տրուած են։ Ո՞վ բարեխօսած է որ գտնեն իրենց կեանքի ընկերները։ Ափսոս, հազար ափսոս որ այդ կարեւոր տեղեկութիւնները կորսուած ենք անվերադարձ։ Իրենց մելամաղձոտ աչքերը, կեանքին հանդէպ վերապահ կեցուածքը, սրտակից գտնելու եւ պահելու պահանջքը, իրենց արմատներէն պոկուած ըլլալու ահաւոր իրողութիւնը կ՚արտացոլար իրենց ամեն մէկ ընթացքէն եւ որոշումէն։
Խունկ եւ մոմ, սիրելի որբեր, հօրս սիրելի յաճախորդներ, աւելի ճիշդը՝ երեց եւ կրտսեր քոյր եւ եղբայրներ։
Թորոնթօ
12 հոկտեմբեր 2022