Այսօր քիչ մը անտրամադիր է

Անոյշ Ակներեան

— Հոյակապ քոնսեր է. պէտք է անպայման երթանք,— ըսաւ ընկերուհիս, Սոնան։
Խօսքը մեր երկուքին ծանօթ հայ ճազ երգչուհիի՝ Սթելլայի համերգին մասին էր, որ այդ օրերուն քաղաքը կը գտնուէր եւ միայն մէկ օր համերգ ունէր։
Ես համոզուելու կարիք չունէի արդէն։ Ճազի սիրահար՝ պատրաստ էի ամեն բան ձգելու եւ իր համերգին երթալու։ Իսկ երկու շաբաթով միայն այդ քաղաքը գտնուելով՝ ա՛լ աւելի պատճառ կար որ վայելքի ժամերը աշխատանքի ժամերուն յաղթէին—որքան ալ մտադրած ըլլայի աշխատանքի առումով նաեւ արդիւնաբեր շաբաթ մը ունենալ կեցութեանս ընթացքին։
Որոշեցինք նախքան համերգը ուրիշ ընկերուհիի մը՝ Կարինէին տունը հաւաքուիլ, բաներ մը ուտել, քիչ մըն ալ խմել — ընտիր վոտքա ունիմ, ըսած էր — եւ ապա բոլորս միասին համերգին երթալ։
Կարինէն շատ ճիշտ էր. վոտքան ընտիր էր եւ քովի ուտեստեղէններն ալ համեղ։ Իր ամուսինը, Արմէն, մեր գաւաթները կը լեցնէր եւ ճազ երաժշտութիւն կը դնէր, մեր տրամադրութիւնը համերգի մթնոլորտին պատրաստելու համար կարծես։
Կարինէն ուսուցչուհի էր իսկ Արմէնը՝ նկարիչ։ Սոնան զիս Կարինէին ծանօթացուցած էր օր մը առաջ եւ քանի մը վայրկեան ետք արդէն հին բարեկամներ դարձած էինք։
Արմէնին նկարչական գործերը կախուած էին հիւրասենեակի պատերէն, եւ ես հետաքրքրութեամբ կը դիտէի իր արդիական գործերը։ Գերարդիական պէտք է ըսեմ, որովհետեւ շատ բան չէի հասկնար — արդիականը գոնէ մատչելի էր ինծի համար։
— Ի՞նչ է կարծիքդ, — հարցուց ինծի մօտենալով։
— Երկու գաւաթ վոտքայէ ետք՝ շատ լաւ, — ըսի ժպտելով։
Խնդաց։ Չուզեց բացատրել թէ ի՞նչ ուզած էր ըսել այդ կտորով, բայց ըսաւ թէ ես ազատ էի հոն տեսնելու ի՛նչ որ ուզէի։
— Գոյներու ներդաշնակութիւն եւ շարադրումի հաւասարակշռութիւն, — ըսի։ — Դժբախտաբար միայն այսքանը կը տեսնեմ հոս։ Ես շատ…
— Ուրիշներէ շատ աւելին կը տեսնես արդէն, — ըսաւ աչքերուն մէջ փայլքով մը եւ գլուխը ծռած դէմքս դիտելով։
— Զարմացած կ՚երեւիս, — ըսի։ — Չէի՞ր ակնկալեր որ…
— Անկեղծ ըսած՝ չէի գիտեր ի՞նչ ակնկալել։ Քիչ առաջ խօսքի մէջ լսեցի որ կը գրես եւ մօտ օրէն գիրքիդ շնորհահանդէսը պիտի ըլլայ։ Յուսացի որ արուեստի մօտիկ ըլլալով՝ կրնաս նոր գեղարուեստը գնահատել։ Բայց հանդիպած եմ նաեւ գրողներու, որոնք արդի նկարչութիւն չհասկնալնուն պատճառով կը քննադատեն։
— Ես նուազագոյնը կրնամ համեստօրէն ըսել, որ չհասկցած բանս չեմ կրնար քննադատել։ Իսկ եթէ կարծիքս չհարցնէիր՝ գնահատանքս ալ պիտի չընէի։
Դարձեալ խնդաց։
— Համեստ եւ անկեղծ. վտանգաւոր համակցութիւն, — ըսաւ եւ գաւաթս ուզեց լեցնել կրկին։
— Չէ, շնորհակալ եմ։ Կ՚ուզեմ գոնէ քիչ մը արթուն վայելել համերգը, — ըսի։
— Շատ լաւ։ Բայց ես պիտի խմեմ մեր ծանօթութեան կենացը, — ըսաւ։

Քիչ ետք երեք աղջիկներս պատրաստուեցանք համերգին երթալու։ Մեզմէ մէկը առաջարկեց թաքսի կանչել, բայց Արմէն ըսաւ թէ ինք մեզ կը հասցնէ, պէտք չկայ թաքսիի։
— Վստա՞հ ես, — հարցուց կինը, Կարինէն։ — Չէ՞ որ երթալիք տեղ ունէիր։
— Հա, բայց հարց չէ։ Քիչ մը կ՚ուշանամ։

Իսկապէս հոյակապ համերգ էր։ Հակառակ որ Սթելլան յայտարարեց որ կոկորդը եւ հետեւաբար ձայնը լաւագոյն վիճակին մէջ չէին, հրաշալի երգեց իր երրեակի ընկերակցութեամբ։ Համերգէն ետք ալ իր մօտ գացինք բեմին ետեւը։ Յիշեց որ տարիներ առաջ միասին եղած ենք սեղանի մը շուրջ եւ երկուքս ուրիշներու դէմ պաշտպանած ենք սեւ շոքոլան ընդդէմ կաթով շոքոլայի։
Համերգի սրահէն դուրս ելլելով, բակին մէջ քիչ մը եւս միասին խօսակցելէ ետք երեք ընկերուհիներ իրարմէ բաժնուեցանք եւ ես թաքսի մը առնելով իմ պանդոկս գացի։
* * *
Քանի մը օր ետք, Սոնան մեզ բոլորս իր մօտ հրաւիրեց ճաշի։ Իր ամուսինը՝ Գէորգը, ճամբորդութենէ վերադարձած էր եւ Սոնան ուզած էր ընկերներով «Բարի գալուստ» մաղթել իրեն։ Ես ալ շիշ մը վոտքա ձեռքս՝ իրենց գացի։
Բոլորը հոն էին արդէն։ Կը խօսէին առջի օրուան համերգին մասին։
— Խենթենալիք էր, — Սոնան կը պատմէր Գէորգին։ — Երանի քանի մը օր առաջ գայիր եւ մեզի միանայիր։ Սթելլան ինքզինք գերազանցեց։
— Երեւակայէ որ համերգին ստեղծած մթնոլորտը այնքա՛ն տպաւորիչ էր, որ սրահէն դուրս եկանք եւ տուն երթալ չէինք ուզեր, բայց ուշ էր արդէն, — աւելցուց Կարինէն։
— Տուն ինչպէ՞ս գացիք, — հարցուց Արմէն։
Սոնան եւ Կարինէն ըսին որ իրենք քալելով գացին իսկ ես ալ ըսի՝ որ թաքսի առի։
— Ինչո՞ւ ինծի չկանչեցիր որ գայի եւ Աննան տուն տանէի, — Արմէն քիչ մը բարկացած հարցուց Կարինէին։ — Այդ ժամուն ինչո՞ւ ձգեցիր որ առանձին տուն երթայ։
— Նախ՝ չգիտցայ որ կրնայիր գալ զինք տուն տանելու համար, եւ երկրորդ՝ հեռու տեղ մըն ալ չէր երթալիքը։ Պարզապէս բարձր կրունկով չուզեց քալել։
— Արմէն, ջան։ Մտահոգուելիք բան չկայ, — ըսի։ — Ամեն ինչ լաւ անցաւ եւ ես հիմա ողջ առողջ հոս եմ։
— Հա, բայց ես կրնայի գալ։
Գաւաթին մէջ իմ բերած վոտքայէս լեցուցի եւ Արմէնին տուի։
— Խմէ. կը մոռնաս եղածը։
Չպատասխանեց, բայց խմեց վոտքան։
Գէորգ լսած էր որ իմ վերջին գիրքս նոր հրատարակուած էր եւ քանի մը օրէն շնորհահանդէսը պիտի ըլլար քաղաքի սրճարաններէն մէկուն մէջ, եւ թէ անոր համար արդէն եկած էի իրենց քաղաքը։
— Աննա, ես քու նոր գիրքդ անշուշտ չեմ կարդացած, բայց առաջինը կարդացած եմ եւ շատ հաւնած եմ—Արմէն, քեզի կու տամ. պէտք է անպայման կարդաս։
— Շնորհակալ եմ, Գէորգ ջան։ Յուսամ երկրորդն ալ կը հաւնիս,— ըսի։
— Ես դեռ նոր ծանօթացայ Աննային։ Ո՞ւր պահած էիք զինք մինչեւ հիմա,— հարցուց Արմէն։
— Աննան մէյ մը որ գրելու անցնի՝ ամեն ինչ կը մոռնայ եւ ինքզինք կը մեկուսացնէ։ Մենք չէ որ զինք պահած ենք. ի՛նքն է։ Դժբախտաբար շատ չի ճամբորդեր։
— Ես կը սպասեմ որ Աննան ինծի ալ տայ իր գիրքէն,— ըսաւ Կարինէն չարաճճի ժպիտով մը ինծի նայելով։ — Գոնէ Գէորգը պէտք չունենար իր օրինակը Արմէնին տալու։
— Գէորգը իմ առաջին գիրքս պիտի տայ։ Դժբախտաբար ատկէ օրինակներ չունիմ հետս։ Բայց քեզի կամ ձեզի՝ իմ նոր գիրքէս կրնամ տալ։
— Եղաւ։ Կը սպասեմ։
* * *
Երկու օր ետք գիրքիս շնորհահանդէսն էր։ Սոնայենք, Կարինէենք եւ ուրիշ բարեկամներ եկած էին զիս քաջալերելու համար։ Գիրքս ներկայացուելէ ետք, զիս առջեւ հրաւիրեցին հետս հարցազրոյց մը ունենալու։ Նստած տեղէս տեսայ որ Արմէն աթոռէն ելլելով գնաց եւ կանգնեցաւ սրճարանին ետեւը եւ այդտեղէն հետեւեցաւ ձեռնարկին։ Երբ զրոյցի աւարտին ելայ տեղս երթալու համար, նկատեցի որ Արմէնը հոն չէ։
Շնորհահանդէսը վերջացաւ եւ դուրս եկանք սրճարանէն։ Արմէն դուրսը պատին կռթնած կը ծխէր։
Որոշեցինք բոլորս տեղ մը խմելու երթալ եւ մեր գիշերը առաւելագոյնս երկարել։ Գէորգ ճաշարան մը առաջարկեց, ուր բացառիկ հաւաքածոյ կար ընտիր գինիներու։ Հոն գացինք։ Ճաշեցինք, խմեցինք, զուարճացանք։ Արմէն լուռ էր։ Կամ շատ քիչ կը խօսէր։ Երբ Գէորգ այդ մասին ակնարկութիւն մը ըրաւ՝ «Յոգնած եմ», ըսաւ։
Վերջապէս ժամը եկաւ բաժնուելու։ Ողջագուրուեցանք եւ կրկին հանդիպելու մասին սկսան ծրագրել Սոնան եւ Կարինէն։ Արմէն չմօտեցաւ ինծի հետ ողջագուրուելու։ Քիչ մը անդիէն ձեռքով պայպայ մը ըրաւ։
— Աննան իր պանդոկը տանի՞նք, Արմէն,— հարցուց Կարինէ։
— Չէ, չեմ կրնար։
— Էհ, անցեալ անգամ նեղուեցար որ քեզ չկանչեցի։
— Այսօր չեմ կրնար. պէտք է երթամ հիմա, — ըսաւ եւ բաժնուեցաւ մեզմէ։
Կարինէ բերանը բաց նայեցաւ ամուսնոյն ետեւէն։
— Վնաս չունի,— ըսաւ Գէորգ. — այսօր քիչ մը անտրամադիր է, ես ձեզ տուն կը հասցնեմ։

Մոնթրէալ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *