Գիրքին ոդիսականը

Բժ. Օհան Թապաքեան

Մարդկային արտայայտութեան երկու միջոցներ գոյութիւն ունին. մին խօսքն է ու միւսը գիրը: Խօսքն ու գիրը միատեղ կը կազմեն լեզուն: Գրաւոր լեզուն կ՚արտայայտուի գրուած էջերով՝ գիրքով. հայ գիրքը գրչագիր հայ մշակոյթին թագն ու պսակն է, ու ան պէտք է կազմէ իւրաքանչիւր հայ տան անհրաժեշտ մէկ մասը:
Գիրքը ծերունիին սիրտը ու երիտասարդին դիմագիծը կ՚արտայայտէ. գիրքը միայն կարող է իրագործելու ծրագիրները գրագէտին, դատաւորին, վաճառականին, արհեստաւորին ու հողագործին ու զանոնք հասցնել իրենց հետապնդած նպատակին:
Գիրքը մանուկին սատանան է մանկութեան շրջանին, երիտասարդին սիրելին երիտասարդութեան մէջ, ու ալեւորին մխիթարանքը ծերութեան ու ալեւորութեան շրջանին: Անոր մէջ ամենքս սրտակից ու ընկերակից մը կը նշմարենք: Ան մեզ կը սորվեցնէ համբերութիւն, համեստութիւն, գութի, եռանդի քաջութիւն, առատաձեռնութիւն, փառքի ու պատուոյ դասերը. ան իրազեկ կը դարձնէ մեզ աշխարհի անցուդարձերուն, ազգերու ապրումներուն, անոնց անցեալին ու ներկային եւ նախագուշակել կու տայ անոնց ճակատագրուած ապագան:
Հակառակ վերջին հարիւրամեակին յայտնաբերուած կարգ մը գիւտերու — շարժապատկեր, ինքնաշարժ, օդանաւ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ այլն — որոնք մեծապէս նպաստեցին քաղաքակրթութեան վերելքին, մարդիկ դարերու ընթացքին կարեւոր ու անհրաժեշտ նկատած են գիրքը ինչպէս նաեւ ընթերցումը: Բոլոր քաղաքներուն մէջ հիմնուած են մատենադարաններ ու հետաքրքիր ընթերցողը ի գին բազմազան զոհողութեանց, ջանացած է ունենալ իր սեփական գրադարանը ու լծուիլ մտաւոր աշխատութիւններու:
Կարդալով զարգանալը բնական պահանջ մը դարձած է, որովհետեւ մարդը ի ծնէ հետաքրքիր արարած մը եղած է:
Ամեն բան իմանալու, ամեն բան գիտնալու մարդուն բնածին հետաքրքրութիւնը մղած է զինք նոր գիտելիքներ ամբարելու ու որովհետեւ կուտակուած այդ գիտելիքները կարելի չէր լրիւ միտք պահել, գիրերու շնորհիւ աշխատեցան զանոնք յանձնել մագաղաթներու, պապիրոսներու ու հետագային տպագիր մատեաններու, ու այսպիսով տպագրութիւնը դարձաւ անգերազանցելի առիթ մը, որպէսզի ամեն տեսակի ստեղծագործութիւն դիւրութեամբ ամփոփուի գիրքերու մէջ:
Այսպիսով կարդալը դարձաւ բնական պահանջ իւրացնելու համար ինչ որ դարեր երկնած են ու կտակուած մեզ:
Սիրեցէ՛ք գիրքը, — կ՚ըսէ Կորքի, — գիտելիքներու ու իմացականութեան աղբիւրը. ան միայն կրնայ դարձնել մեզ հոգեպէս ուժեղ, ազնիւ մարդիկ, ընդունակ անկեղծօրէն սիրելու ու յարգելու իրենց նմանները: Գրական արժէքաւոր գործեր հեղեղի նման կը յորդին, ու անոնց մէջ պակաս չեն հանճարի յայտնագործութիւններ: Հարուստ գաղափարներով, բարձր զարգացման տէր անձեր կան, որոնց գրական փորձերը զարմանք կը պատճառեն ընթերցողներուն, ու կրնան ակօս հանդիսանալ ապագայ մտաւորականներու ու գրողներու: Գրականութեան միջոցաւ է, որ մարդուն ներաշխարհի բոլոր խորունկ ապրումները, մտածումները ու յուզումները կը փոխանցուին զանգուածին, ու անոր շնորհիւ է, որ ապագայ սերունդներուն կը կտակուի ստեղծագործական քանքարը անցեալ դարերու մտաւոր եւ հոգեկան հարստութեանց: Գիրքին մէջ է, որ արուեստագէտին հոգին կը յորդի գետի մը պէս, ու իր ընթացքին մէջ կը բարձրացնէ ափերուն վրայ իր ջուրերուն երգը: Ընթերցումի միջոցաւ է, որ մարդկային սրտի բաբախումները կը ներդաշնակուին տիեզերքի տրոփիւնին հետ: Առանձնութեան մէջ գիրքերու ընթերցումներուն մեզի պարգեւած հոգեկան ու մտաւոր հաճոյքները անսահման են ու անփոխարինելի:
Մարդիկ տեւաբար հետամուտ եղած են զարգանալով ամբարել առաւելագոյն չափով գիտելիքներ. սակայն գիտութիւնը անծայրածիր, անսահման կալուած մը ըլլալուն՝ մարդկային միտքը անհրաժեշտ կարողականութիւնը չունի ամեն բան գիտնալու:
19-րդ դարուն ապրած, ֆրանսական կաճառի անդամ, բանասէր Ernest Renan հետեւեալ կերպով բանաձեւած է իր միտքը գիտութեան նկատմամբ. «Գիտցածնիս բան մը չէ անոր քով զոր երբեք պիտի չգիտնանք»:
Դարերու ընթացքին այս է եղած գիրքին դերը մարդկային կեանքին մէջ: Սակայն վերջին տասնամեակներուն ընթացքին հանդէս եկաւ հուժկու բազուկներով օժտուած՝ բազմատաղանդ հսկայ մը համացանց անունը կրող, ամբողջովին յեղաշրջելով մինչ այդ տիրող համակարգը: Ան իսկական, անթերի համայնագիտարան մը դարձաւ մանուկին, պատանիին, երիտասարդին, մէկ խօսքով նոր սերունդին անհրաժեշտ, անփոխարինելի սիրելին:
Համացանցին կատարած յեղաշրջման գլխաւոր զոհերէն մին դարձաւ գիրքը. մասամբ փարատելու համար գրասէրներու բանակին մտահոգութիւնները, ան փութաց ընդգծելու որ կարելիութիւնը կայ նաեւ գիրքեր կարդալու համացանցին վրայ:
Գրասէրներու բանակին մեծամասնութեան համար գրադարաններու դարակներուն վրայ խնամքով շարուած գիրքերը շօշափելի էութիւններ են, մինչ համացանցին վրայ տեղ գտած «գիրքերը» կարծես վերացական ըլլալու պիտակ մը ունին կցուած իրենց ճակտին ու արժանի չեն գիրք համարուելու:
Թէեւ արծիւը թռչուն է, սակայն ամեն թռչուն արծիւ չէ. նոյն տրամաբանութեամբ — չնայած որ տրամաբանութիւնը մարդկային դատողութեան ամենէն առաձգական մէկ երեսն է — կարելի է հաստատել, որ հին սերունդի անդամներուն ու շատ մը գրասէրներու համար գիրքը շօշափելի գրութիւններու ամբողջութիւն մըն է, մինչ այլ միջոցներով ներկայացուած գրութիւններու հաւաքածոները չեն կրնար գիրք նկատուիլ:
Գիրքն ալ ունի պատիւ ու արժանապատուութիւն…:

Մոնթրէալ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *