Միշտ ապրող էջեր — ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Մալխաս

(Արտաշէս Յովսէփեան)

Հոս կ՚ուզէի քանի մը խօսք ըսել ձեռնարկի մը մասին, որը Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ շատ կարեւոր տեղ մը կը բռնէ եւ սերտօրէն կապուած է Սալմաստի հետ։ Այդ՝ Խանասորի արշաւանքն է։
Ինծի կը թուի թէ, մինչեւ այժմ այդ արշաւանքը, որ մինչ այդ եզակի ձեռնարկ մըն էր, ըստ արժանւոյն չէ գնահատուած: Յեղափոխական ուրիշ կուսակցութիւններ, կրքէ եւ նախանձէ կուրացած, չեն ուզած Continue reading “Միշտ ապրող էջեր — ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ”

Խորհրդահայ աքսորական գրող Վաչէ Սարգսեանի «Յաւերժական սառածութիւն. նամակներ Սոնիա Կարոլին» վէպը

Երեւանում, Աշոտ Յովհաննիսեանի անուան հումանիտար հետազօտութիւնների ինստիտուտի կողմից լոյս է տեսել խորհրդահայ աքսորական գրող Վաչէ Սարգսեանի «Ակեղդամա» եռահատոր վէպի երկրորդ` «Յաւերժական սառածութիւն. նամակներ Սոնիա Կարոլին» հատորը: Սարգսեանի կոթողային այս գործը, գրուած լինելով 1960-1980-ական թուականներին, անտիպ է մնացել խորհրդային Continue reading “Խորհրդահայ աքսորական գրող Վաչէ Սարգսեանի «Յաւերժական սառածութիւն. նամակներ Սոնիա Կարոլին» վէպը”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր»

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ա.

Կը չակերտեմ խորագիրս ի յարգանս «Բանե՜ր, բանե՜ր, ի՜նչ բաներ»-ի անմահ հեղինակին՝ Շաւարշ Նարդունիի…
Գիրքեր կու գան ու կը դիզուին գրասեղանիս մէկ անկիւնը՝ սպասելով… Ինչի՞ սպասելով, — որ կարդամ, թղթատեմ գէթ, շնորհակալութիւն յայտնեմ զայն գրած կամ ինծի նուիրած հեղինակին, կամ ինծի նուիրած ընկերոջս, բարեկամիս, գէթ երկու տող մը գրեմ թերեւս ու վերջապէս Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր»”

«Հայերէնը կը զուարճանայ» շարքէն

Արմենակ Եղիայեան

Գլխագրում

Գլխագրումը մեր ցաւոտ հարցերէն մէկն է, որ յարատեւ կը հալածէ մեզ առանց օրինականութեան ու միօրինակութեան ցանկալի մակարդակներուն հասնելու կամ մօտենալու. ամեն մարդ ազատօրէն եւ խելքին փչածին պէս կը գլխագրէ. հարցնող-դնող չկայ: Է՜հ, աշխարհը իրար անցած՝ գլուխը առեր կ’երթայ, հիմա ժամանա՞կն է գլխխագրերով զբաղելու: Continue reading “«Հայերէնը կը զուարճանայ» շարքէն”

Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17 – Գրքպատում» հատորի Բ. հրատարակութիւնը

Երկրորդ հրապարակումով լոյս տեսած է Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17 – Գրքպատում» հատորը՝ ճոխացած է հետեւեալ վեց յօդուածներով, որոնք ակամայ դուրս էին մնացած 2022-ի առաջին տարբերակէն.
— «Հողը»,
— Ձեզի հետ տարէք,
— «Ինծի գիրք մը տուր», Continue reading “Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17 – Գրքպատում» հատորի Բ. հրատարակութիւնը”

Մեր ՅՈՒՆԻՍ 2023-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՅՈՒՆԻՍ 2023-Ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Ապոկալիպսիսի հրեշտակները

Յովհաննէս Երանեան

Բողոքաւոր մարդկանց երթը սեւ ժապաւէններով ու գրութիւններով ծածկուած փողոցներով մայրաքաղաքի մի հրապարակից դէպի միւսն էր գնում: Երբ նրանց՝ «Դաւաճան, հեռացիր» վանկարկումներն արդէն շատ մօտ էին, տաքսու վարորդը չուզեց ոտատակ ընկնել եւ կծկուեց իր մեքենայի մէջ: Թէեւ ուղեկից ոստիկաններ կային, սակայն տեսան ու չմիջամտեցին, երբ երթից մէկը քացով ուժգին հարուածեց նրա մեքենայի դռանն ու գոռաց.
— Ինչի՞ չես միանում, այ դաւաճանի զոմբի: Continue reading “Ապոկալիպսիսի հրեշտակները”

28 ՄԱՅԻՍ 2023

Նորա Պարութճեան

Աշակերտներս աշխատցուցեր էի Սարդարապատի նիւթով։ Ուզած էի ուղեղնուն մէջ մտցնել, որ ճակատամարտի յաղթանակին կը պարտէինք Հայաստանի այսօրուան հանրապետութիւնը։
… Նազարբէկեան, Սիլիկեան, Անդրանիկ, կանոնաւոր բանակ, կամաւորներ, ինչ գիտնամ՝ ծեր-երիտասարդ-կին-պատանի-մեծով Continue reading “28 ՄԱՅԻՍ 2023”