ՇՈՂԵՐ ՃԵԼԼԱՏԵԱՆ
Դպրոցէն վերադարձին անմիջապէս պէտք է լծուինք տնային պարտականութիւններ կատարելու աշխատանքին, որ ընդհանրապէս կը սկսի նոյն յանկերգով.
— Հայերէն ի՞նչ ունիք այսօր :
Այդ օրը տղաս, որ հինգերորդ դասարանի աշակերտ էր, թուղթ մը ձեռքին մօտեցաւ ինծի .
— Մա՛մ, հայերէնի ուսուցչուհիս խնդրեց, որ այս թուղթին վրայ արձանագրեմ հօրս ու մօրս ընտանիքներուն գաւառներուն անունները եւ օրինակ մըն ալ տուաւ մեզի, թէ ինք ուրֆացի է:
— Շատ լաւ, տղա՛ս, կարծեմ թէ դուն արդէն լաւ գիտես՝ ինչ պէտք է գրես, ըսէ՛ տեսնեմ ես եւ հայրդ ո՞րտեղացի ենք:
— Մուսա լեռցի եւ զէյթունցի, — ըսաւ ժպտալով:
— Ապրի՛ս, կ՚ուզես քիչ մը պատմեմ քեզի այս գաւառներուն մասին:
Առաջին անգամը չէր. գիտէի, թէ ան հետաքրքրուած էր այս նիւթերով, կը փորձէի պատմական ակնարկ մը փոխանցել այս գաւառներուն մասին, հերոսամարտերուն մասին: Անդրադառնալով որ բարբառներն ալ գաւառները յատկանշող հիմնական երեւոյթներ են. անզգալաբար սկսած էի պատմել անձնական յիշատակներս:
Հօրս ու մօրս գերդաստանները լրիւ զէյթունցիներ էին, հայրս երբէք առիթ չէր փախցներ հպարտանալու.
— Աղջիկներս ուղոյթ զէյթունցիներ են, կ՚ըսէր (ուղոյթ կը նշանակէ իսկական՝ Զէյթունի բարբառով):
Զէյթունի գաւառաբարբառը մայրենի լեզուիս հետ զուգահեռ լսած ու սորված եմ մանկութենէս ի վեր: Ան յաճախ դարձած էր մեր ընտանեկան հաւաքներու խօսակցական լեզուն, մեծհայրերս, մեծմայրերս, մօրաքոյրերս ու հօրաքոյրերս երբ քով-քովի գային, կարելի չէր լսել աշխարհաբար հայերէնը, եթէ օտար հիւր մը ներկայ գտնուէր անկասկած թարգմանիչի մը կարիքը պիտի զգար: Մեծ հաճոյքով կը մասնակցէի այդ հաւաքներուն եւ զգուշօրէն մտիկ կ՚ընէի հարազատներուս խանդավառ ու բազմածաւալ զրոյցները, հին ու նոր պատմութիւնները, որոնք թէեւ բազմիցս կրկնուած էին, սակայն ամեն անգամ նորանոր հաճոյքով կ՚ունկնդրէի: Ամրան եղանակին այսպիսի հաւաքները յաճախ տեղի կ՚ունենային երեկոյեան, Հալէպի հայկական նեղ փողոցներուն մէջ գտնուող, իրարու կից շէնքերու պատշգամներուն վրայ: Նկատած էի, որ բոլոր հարազատներս ալ բարձրախօս էին, արդեօ՞ք լեռնցի արմատներ ունենալն էր պատճառը եւ կամ շրջապատին կողմէ անհասկնալի լեզուով մը ազատ խօսելու զգացումը: Շատ անգամ լսած էի դրացիները կ՚ըսէին. «Ասոնք նորէն սկսան թռչունի լեզուով խօսիլ»: Հօրենական մեծհայրիկս, եղեռնի սերունդէն վերապրած կտրիճ զէյթունցիներէն մէկը, յաճախ հպարտօրէն պէտք է յիշեցնէր, որ մենք Ճելլատեան վերակոչուած ենք, Կարպիսեան մականունը վերափոխելով, ի պատիւ իր մեծհօրը Զէյթունի մէջ կատարած սարսափազդու քաջագործութիւններուն, որուն պատճառաւ գիւղացիները զինք «Ճելլատ» վերակոչած էին, որ կը նշանակէ «դահիճ»: Քոյրս ամեն անգամ որ այս պատմութիւնը լսէր՝ «Երանի թէ Կարպիսեան մնայինք. Ճելլատեանը սարսափելի մականուն է» պիտի ըսէր:
Բարբառը մեր տան գաղտնի լեզուն էր: Երբ հիւր մը ունենայինք չեմ գիտեր, թէ ինչու հայրս կը նախընտրէր ըսել.
— «Սիւ ջոյ մը դայ», — այսինքն սուրճ մը դիր:
Մեծմայրիկիս հաղորդակցութեան միակ լեզուն բարբառն էր, եւ երբ թոռները կը փորձէին իր հետ խօսիլ բարբառով, շատ կ՚ուրախանար եւ տաքուկ փաթթուկներով կ՚ըսէր. «Հիգէդ ուտիմ» (հոգիդ ուտեմ):
Գաւառացիութեան մասին հարցնելը հալէպցիներու հիմնական սովորութիւններէն մէկն էր: Նոյնիսկ երբ երիտասարդ մը ամուսնութեան թեկնածու ներկայանար, հարսնցուին ծնողքին առաջին հարցումներէն մէկը կ՚ըլլար անոր գաւառացիութեան մասին: Մենք՝ զէյթունցիներս, կը նախընտրէինք, որ փեսացուն կամ հարսնցուն հայրենակիցներ ըլլային, ապա թէ ոչ կ՚ըսէին «դրսեցի» է:
Երկրորդական դպրոցի տարիներուն մեր ընկերային զրոյցներուն նաեւ մաս կը կազմէր գաւառացիութիւնը: Այսպիսի պարագաներու անհամբեր կարգիս կը սպասէի՝ հպարտօրէն յայտարարելու զէյթունցի ըլլալս: Մենք՝ զէյթունցիներս Հալէպի մէջ փոքրամասնութիւն էինք համեմատած այլ գաւառացիներու: Երբեմն դասընկերներէս ոմանք հարցական նայուածքներ կ՚ուղղէին ինծի, թէ չեն լսած Զէյթունի մասին, այդ մէկը շատ վիրաւորական էր իր տեղացիութեամբ այնքան հպարտ պատանիի մը համար, չէ՞ որ ամեն հայ պէտք է գիտնար հերոսամարտ մղած Զէյթունի պատմականը: Անմիջապէս կ՚աւելցնէի «Մենք բարբառ ալ ունինք». գիտէի, թէ մէկը անպայման օրինակ մը պիտի խնդրէր, եւ արդէն պատասխանս միշտ պատրաստ էր. օրինակ՝ «ինչպէս ես»-ին կ՚ըսենք «Չօց իս», իսկ «լաւ եմ»-ին «առանտ իմ»: Օրինակներս շատ դժուար եւ խորթ կը թուէին իրենց, իրաւունք ալ ունէին: Կը ջանայի ապացուցել, թէ այդքան ալ դժուար չէ, պարզ բառեր յիշելով օրինակ՝ «հաց»-ին «հօց» կ՚ըսենք, «ջուր»-ին «ջոյ» եւ կ՚առաջարկէի սորվեցնել եթէ կը փափաքին: Երբեք դրական պատասխան չէի ստանար… Բայց չէ՞ որ մեր հայերէն լեզուի ուսուցիչը յաճախ կը կրկնէր, թէ բարբառները մեր լեզուի գանձերն են, եւ պէտք է պահպանենք զանոնք… Այսպիսի զրոյցներէն մէկուն ընթացքին ընկերներէս մէկը փորձեց կատակել՝ ըսելով. «Երեւի զէյթուն (արաբերէնով ձիթապտուղ) ուտել շատ կը սիրէք, անոր համար Զէյթունցի կոչուած էք»: Հակառակ հանդարտ խառնուածքիս եւ նուրբ կազմուածքիս, այդ վայրկեանին այնքան բարկացած էի, որ պատրաստ էի բռունցք մը տալու անոր դէմքին: Անդրադարձայ, որ բոլորը զարմացած զիս կը դիտէին, եւ ծիծաղները հետզհետէ սկսած էին դադրիլ: Հիասթափուած էի, ինչպէ՞ս կարելի էր այդպէս արտայայտուիլ Զէյթունի մասին, այդ պահուն թերեւս կ՚ակնկալէի լսել՝ արծուեբոյն, ապստամբութիւն, հերոսամարտ բառերը: Սակայն այսօր կ՚անդրադառնամ, որ դասընկերս այնքան ալ մեծ մեղք մը չէր գործած, եւ ես ալ այնքան վրդովելու պատճառ չունէի: Պատմական իրադարձութիւնը սակայն հետեւեալն է. Զէյթունի հին անունը եղած է Ուլնիա, եկած է Olivia բառէն, կը նշանակէ ձիթենի, իսկ արաբերէնով եւ թրքերէնով՝ զէյթուն, այսինքն՝ ձիթապտուղ: Շատ հաւանական է նաեւ լեռնային շրջան ըլլալուն հարուստ եղած է ձիթենիի ծառերով:
Մենք տակաւին կը պահենք մեր գաղտնի լեզուն, եւ առիթ չենք փախցներ գործածելու հարազատներու հետ մեր հեռաձայնային զրոյցներուն ընթացքին: Քանի մը օր առաջ երբ քոյրս զանգահարած էր, եւ սկսանք նորէն բարբառով խօսիլ, տղաս քմծիծաղով մը ըսաւ. «Մա՛մ, այս զէյթունցիներէնը չինարէնի պէս բան մըն է»: Այս անգամ վրդովելու իրաւունք չունէի, այլեւս պէտք է ընդունինք, որ բարբառները կը նահանջեն:
Բարեբախտաբար Այնճարի եւ Քեսապի մէջ մեր քոյր բարբառները տակաւին կը գոյատեւեն: Տարբեր առիթներով երբ Այնճար եւ Քեսապ գտնուած եմ, հաճոյքով լսած եմ տեղացիներու բարբառային հաղորդակցութիւնները, որոնք զիս փոխադրած են դէպի անմոռանալի անցեալ:
Թորոնթօ