ԱՏՄԱՅԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ (Բ.)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Շարունակուած նախորդ թիւէն

Համազգայինի Ա. պատգամաւորական ժողովի վայր ընտրուած էր Աթենքի մօտ ամառանոցային ծովահայեաց պանդոկ մը, 1990-ին, ուր մեզի առիթ կ’ընծայուէր առաւօտեան նախաճաշէն առաջ եւ կէսօրուան ճաշի դադարին՝ ծով իջնելու: Բ. պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Հայաստան, Գրողներու միութեան Ծաղկաձորի տան մէջ, 1994-ին: Հոն ալ մեր հայրենիքի լեռներուն վրայ քալելու ու անոր հողի աւիշը ծծելու երջանկութիւնը պարգեւուեցաւ մեզի: Այս անգամ բնութեան տարբեր մէկ գեղատեսիլ անկիւնն ենք, բարձունքի վրայ ու ծովահայեաց միաժամանակ: Առաջին եւ երկրորդ ժողովներու վայրերը գումարուած իրարու:
Ամեն առաւօտ, նախաճաշէն առաջ, պահ մը քալելով կ’իջնէի երկու ոլորան, կ’անցնէի պանդոկի քարէ ցանկապատի երկայնքով, – խորտուբորտ տաշուած քարերով (կրաքար) եւ սեւ միացումներով, ոլորանիս կորութեան ու վայրէջքին հետեւող պատ մըն է, – անոր առջեւ տնկուած գաճաճ մայրիներու շարքին առջեւէն, ու կը շարունակէի, կը հասնէի նոր կառուցուող բազմայարկ (6 յարկանի) շէնքին առջեւ, ուրկէ կարելի է լուսանկարել վանք-պանդոկի համալիրի ամբողջ ճակատը, ձախէն սկսած երկյարկանի բաժինով եւ աջէն աւարտած երկնասլաց ծածկով եկեղեցիով, որուն տանիքը եւ պատերը միացած, կը յանգին խաչին: Պեթոնի ճարտարապետութեան յաջող նմուշ մըն է այս շէնքը, որուն կեդրոնական մասը բուն ինքը պանդոկն է, վեց յարկերով, կամարակապ պատուհաններով եւ կիսաբոլորակ պատշգամներով, որոնք քառանկիւն պատշգամներէ դուրս կը ցցուին:
Կը շարունակեմ իջնել, եւ քիչ վարը փառահեղ ծառի մը առջեւ դէպի ծով տեսարանը կը ստանայ տարբեր հմայք. աջին, երկու տարբեր ժայռերու վրայ կը բարձրանան զոյգ մը վեցյարկանի շէնքեր, արծիւներու պէս թառած ըլլան կարծես. Իրենցմէ ներքեւ՝ այդ ժայռերուն բարձրութեամբ անդունդ է: Ժայռ բառը թերեւս ճիշդ պատկերացումը չի տար. լեռնամա՞ս գուցէ: Այս տեղէն ալ նկարեցի ծովը եւ անկէ անդին՝ մինչեւ Անթիլիաս ու Պէյրութ՝ շէնքերով, տուներով ցանուած-խճողուած ցամաքն ու լեռնալանջերը: Ծառը ունի երեք բուն, եւ ամենէն անճաշակ կերպով մէկը սպիտակ ներկած է երեքն ալ՝ որոշ բարձրութեան մը վրայ:
Կը հասնիմ մինչեւ այս ճամբուն սկիզբը, ուր ան կը միանայ վարէն եկող ուրիշ ոլորանի մը: Այդտեղ ալ հետաքրքրական շէնք մը կառուցուած է. 2-3 յարկանի, լողաւազանով: Արդի արուեստի փորձ մըն է կարծես, ձեւերու եւ գոյներու ոչ շատ յաջող համադրութեամբ: Ճիգ մը կայ, դուրս գալու սովորական երիզային ոճէն (ինչպէս երէկ Լիլիթը կ’որակէր այստեղի շէնքերը): Ատկէ աւելի վար չեմ իջներ, քանի որ յետոյ կայ վերելքը, զարիվերն ի վեր, որ պիտի յաւելեալ ճիգ խլէ ինձմէ, ու լաւ մը քրտնեցնէ: Սակայն ճամբուն շարունակութեան կան ուրիշ բազմաթիւ մենատուներ կամ յարկաբաժնային շէնքեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ առաւել կամ նուազ յաջողութեան նման փորձեր կան պեթոնով կամ քարով՝ զարդեր, արեւարգելներ, pergola-ներ եւ այլ տարրեր մուծելու եւ աչքառու տեսք մը շնորհելու անոնց:

Կիրակի առաւօտ, երբ քալելէս վերադարձայ, պատարագ կար: Արդէն աւելի կանուխ՝ ժամը 8:00-ին, զանգակներու ղօղանջովն էի արթնցած. իսկ մինչեւ ութն ալ քնացայ որովհետեւ շատ ուշ պառկած էի: Բայց այդ մասին՝ քիչ ետքը: Մտայ եկեղեցի. ժամերգութիւնը շատ անուշ կը հնչէր. արաբերէն էր, ու ես կը լսէի հայկական շարականներու ելեւէջները: Իրենք՝ մայրապետներն էին, մէկ երկու վարդապետ ու շրջակայքի բնակիչները, որոնք կիսով կամ մէկ երրորդով լեցուցած էին եկեղեցին, որուն ձայնականութիւնը շատ լաւ էր եւ վեր սլացող ծածկը վեհութիւն մը կը ներշնչէր. չկար խորհրդաւորութիւնը այլ աղօթավայրերու, քանի որ սքանչելիօրէն լոյսով ողողուած էր ներսը. բայց այդ ալ ի՛ր դրական ազդեցութիւնը կը ձգէ վրադ: Այդքան արեւաշատ այս երկրին մէջ ճիշտ ալ պիտի չըլլար լոյսը կաշկանդել ու արուեստական կերպով խորհրդաւոր դարձնել ներսը:
Քալելէ ետք կը նախաճաշենք. ճաշարանը պարզ, նոյնպէս լուսաւոր սրահ մըն էր, 10 հոգինոց քառանկիւն սեղաններով, ճերմակ լաթով ծածկուած: Քոյրերէն մէկը, առոյգ, սեւ մազերը քիչ-քիչ սպիտակացող, սանտալ հագուած բոպիկ ոտքերով, սեւ պարեգօտով, կը կառավարէր ուտելիքի սպասարկութիւնը: Սպասարկողները երիտասարդ ու նուազ երիտասարդ աղջիկներ ու կիներ էին (կար նաեւ սեւուլիկ սրիլանքացի երիտասարդ մը) որոնք չեմ գիտեր ով էր ըսողը՝ լքուած երեխաներ եղած էին, ու վանքը զիրենք ստանձնած ու մեծցուցած էր: Կրնայ ըլլալ: Առատ, պարզ նախաճաշ էր սպասարկուածը՝ կաթ, թէյ, սուրճ, քամուած մածուն (լիբանանեան նշանաւոր լապնին), խնձորի անուշ, խաշած հաւկիթ, պանիր, ժամպոն, կարագ ու հաց, շամի՛ հաց: Կէսօրուան եւ երեկոյեան ճաշերն ալ պարզ էին, տունի ճաշեր, մեր գիտցած ձեւով, ապուրով, միսով, բրինձ-գետնախնձորով ու բանջարեղէնով, եփուած ու թարմ: Համով, համով լոլիկ-վարունգով: Խմիչքը՝ ջուր եւ զովացուցիչ: Ոգելից ըմպելի չկար, ինչ որ կը նպաստէր, որ սթափ ըլլայինք նիստերու ատեն: Բայց ընկերներէն ոմանք իրե՛նք կը բերէին ուիսքի եւ այլն, կը հրամցնէին միւսներուն: Ես չէի առներ՝ ամբողջական ուշադրութեամբ հետեւիլ կարենալու համար ժողովին:

Ահա օդանաւապետը անգլերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն կը յայտարարէ, թէ 20 վայրկեանէն իջած կ’ըլլանք Լոնտոն, ուր ջերմաստիճանը 16 է, տեղատարափ կայ: Ի՜նչ հակադրութիւն այն նախանձելիօրէն տաքուկ ու արեւոտ կլիմային, որ վայելեցինք Լիբանանի մէջ ամբողջ 8-9 օր: Թէեւ սեպտեմբերի վերջն ենք, բայց ամառը իր ամենայն ջերմութեամբ կը յամենայ տակաւին լեռներուն վրայ, երեկոները քանի մը աստիճան զիջելով իր տաքութենէն, իսկ Պէյրութի մէջ օրուան ընթացքին տակաւին կրնայ անհանգստացնել զով օդի վարժուածները:
Հիմա արդէն Air Canada-ի հսկային՝ B-747-400 Jumbo Jet-ին մէջն եմ. հարիւրաւոր ճամբորդները կը լեցուին օդանաւը: Այս անգամ շատ արագ եղաւ մէկ թռիչքէն միւսը անցնիլը: MEA-ը ճիշդ որոշուած ժամանակին՝ 11:35-ին, էջք գործեց Լոնտոն, ուր բաժնուեցայ ընկ. Եղիկէն, որուն հետ զրուցելով ու այս նամակը գրելով անցուցեր էի արթուն պահերս: Առանց երկիր մուտք գործելու երկար գործընթացէն անցնելու (պարզապէս երկար պոչի մէջ բռնուելու), միայն թուղթերու ստուգումով եւ ապահովական քննութենէ մը ետք, երկար ու շարժական միջանցքները կտրելով հասայ Air Canada-ի դարպասը: Սակայն պահ մը տեղէ մը հեռաձայնեցի տուն, Նազիկին բարի լոյս ըսելու. ան ալ տարեդարձս շնորհաւորեց. երէկ էր, 29-ին: 58 եղայ: Ալ անհամբեր եմ տուն հասնելու:

Մեր ժողովը սկսաւ սեպտեմբեր 23-ի երեկոյեան, ինչպէս սկիզբը ըսի, եւ աւարտեցաւ 27-ի կէս գիշերին. չորեքշաբթիէն կիրակի: Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան վերաբերեալ քննարկումը կատարելէ ետք, երրորդ օրը անցանք օրակարգի միւս հարցերուն, առաջին հերթին՝ մշակութային ռազմավարութեան սահմանումին եւ մշակութային քաղաքականութեան վերամշակման:
Ռազմավարութեան սահմանումը առաջին անգամ է, որ տեղի կ’ունենար, եւ խարխափումներով խօսք առին ժողովականները: Բաւական բան արձանագրեցի, սակայն պարտաւոր էի այդ բոլորը բիւրեղացնել եւ դիւրահասկնալի տարազումով ներկայացնել ժողովին, բան մը որ պիտի ընէի նիստէն ետք, գիշերուան ուշ ժամերուն, եւ յաջորդ առաւօտ կանուխ՝ նախաճաշէն առաջ:
Գալով մշակութային քաղաքականութեան, նոյն աշխատանքը կատարելու (այսինքն՝ կարծիքներու քաոսէն դիւրաւ ըմբռնելի բանաձեւում մը յառաջացնելու) պարտականութիւնը դարձեալ ես էի ստանձնած Ծաղկաձորի ժողովին (1994-ին), որպէս մարտահրաւէր, նիստերէն մէկէն ամբողջովին բացակայելու գնով, սենեակիս մէջ բանտարկուած, եւ յաջողեր էի պատրաստել գրութիւն մը, որ գրեթէ բառացի վաւերացուած էր: Հիմա պիտի վերանայէինք եւ վերախմբագրէինք զայն, ինչ որ եղաւ, կարգ մը ճշգրտումներ կատարելով նախորդին վրայ, կարգ մը յաւելումներ ու զեղչումներ, ու դարձեալ բոլորին տեսակէտները մէկ տոպրակի մէջ դրած՝ սենեակս պիտի քաշուէի (բայց նիստէն ետք) ու ջանայի պարզ լեզուով խմբագրել:
Օրակարգի մնացեալ հարցերը քննարկեցինք երրորդ օրուան վերջաւորութեան եւ չորրորդ օրը։ Այդ հարցերն էին՝ Համազգայինի հայաստանեան գործունէութիւնը, կրթական հաստատութիւնները, «Բագին» գրական եռամսեան. տպարան-հրատարակչատուն-գրատուն-գրատարած, երիտասարդական համախմբումները (ցարդ Լիբանան եղած, ասկէ ետք նաեւ Հայաստան եւ այլուր) եւ այլն: Չմոռնամ նաեւ կանոնագրային փոփոխութիւնները, որոնք ժամանակ առ ժամանակ պէտք է կատարուին՝ այժմէացնելու համար մեր գործելակերպը: Կազմակերպական զօրացման հարցը ի հարկէ պիտի գրաւէր առիւծի բաժինը:
Բանաձեւի յանձնախումբի ընկերներէս երկուքը միայն նոթեր առին, մէկը խմբագրումներ կատարեց, որ յետոյ ես պէտք է վերախմբագրէի, քանի որ բարդ ոճով եւ երկար շարադրանքով կ’ընէր, մէկը յանձն առաւ ու շարունակեց շուրջ 10%-ը, իսկ մնացեալը ինծի վիճակուեցաւ: Չեմ դժգոհիր, ոչ ալ այս ամենը կ’ըսեմ յոխորտալու համար: Պարզապէս այդպէս պատահեցաւ, ոչ շատ տարբեր՝ 1990-ի եւ 1994-ի ժողովներէն: Ես ալ գոհ եմ, որ այս աշխատանքով իմ մասնակցութիւնս կը բերեմ այս ժողովներուն:
Ի հարկէ նիստերուն ընթացքին ես միայն գրելով չէի զբաղած: Աչքերով կը հետեւէի նոթագրումներուս, ականջով՝ ժողովականներու արտայայտութիւններուն: Կրնամ ըսել առանց բացառութեան բոլոր հարցերուն մասին կարծիք ու տեսակէտ յայտնեցի ես ալ, ու քուէարկութիւններուն մասնակցեցայ ձեռամբարձ՝ աչքերս պահելով գրածիս վրան: Մարսիլիոյ ճեմարանի տնօրէնուհին՝ տիկ. Լուսին Մալիքեանը, նկատեր էր այդ եւ ուշադրութեանս յանձնեց, որ զարմացեր էր: Ի՛նչ որ է:
Բոլոր մեծ ու փոքր հարցերուն մասին ժողովին կարծիքները ձեւ առին, որոշուեցան նիւթական մուտքերը (յատկապէս՝ Շրջաններու վրայ դրուած պատրաստութիւնները, որ նուազեցան նախորդ քառամեակին բաղդատմամբ, քանի որ շատեր դժուարութիւն ունեցած էին վճարելու ամբողջութիւնը իրենց ցենզերուն, ապա վաւերացուեցան բոլոր բանաձեւերը եւ նախահաշիւը եւ կատարուեցան Կեդրոնական վարչութեան ընտրութիւնը:
Պէտք է ըսել, որ դժուար ժամանակներու մէջ է, որ գործի գլուխ կու գայ այս մարմինը, որ կոչուած է կամրջել երկու դարերը: Բայց կամրջելու պարտականութիւնը ունինք նաեւ սերունդներուն միջեւ, եւ ապահովելու մեր հաստատութիւններու շարունակականութիւնը. տնօրէնները կամ խմբագրապետը իրենց տարիքը առած են, ատենը պիտի գայ զիրենք փոխարինելու նորերով, իսկ նորերն ալ չեն վխտար մեր շուրջ: Համազգայինը երիտասարդացնելու է, եւ այդ առնչութեամբ մեծ գործ կայ կատարուելիք:
1964 թուականէն ի վեր ընդմիջումներով գործած եմ Համազգայինին մէջ, այսինքն այս կազմակերպութեան կեանքի 70 տարիներէն գրեթէ կէսին մասնակիցն եմ եղած: Այժմ, 58 տարեկանիս, անոր բարձրագոյն մարմնին մէջ զայն երիտասարդացնելու առաքելութիւնը կը ստանձնեմ. ironie du sort, ճակատագրին հեգնա՞նքը: Մայրիկը կ’ըսէ, որ իր հօրենական տան մէջ 1920-ական թուականներուն, կը հանդիպէին Վահան Նաւասարդեան, Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան, եւ կը մտմտային ու կը ծրագրէին մշակութային կազմակերպութեան մը հիմնադրումը: Ինչպէս ըսի, թոռնիկիս ծնած օրը իրեն ականջին փսփսացի՝ քեզ Համազգայինի անդամ գրեցի: Այսինքն, մեծ հօրմէս մինչեւ ինծի հասած այդ ջահը պիտի փոխանցուի զաւակներուս ու թոռանս (կամ թոռներուս, յուսալով որ Արինին ուրիշներ ալ կը յաջորդեն):
Պէյրութի մէջ անցուցած վերջին երկու օրերս, ժողովէն ետք, նուազ պրկուած եղան: Բայց անկէ առաջ, մոռցայ քեզի ըսելու, որ շաբաթ երեկոյ պանդոկին մէջ ճաշելու տեղ Համազգայինը մեզ հիւրասիրեց մօտակայ Իշտար (չաստուածուհիին անուան) ճաշարանը, բացօթեայ, ուր մեր գիտցած լիբանանեան խոհանոցն էր, որ հրամցուեցաւ: Կլոր սեղաններու շուրջ, 8-10 հոգի իւրաքանչիւրը: Անկէ վերադարձին, մեր ժողովի սրահին մէջ (մեր յարկին վրայ, – ննջարանս ալ երրորդ յարկն էր) դիտեցինք Արազին պատրաստած տեսերիզը՝ Հայաստանի երկրաշարժէն վերապրողներուն նուիրուած։ Ընկ. Զոհրապ Թորիկեանը, որ ժողովի կարգադրիչ յանձնախումբն էր եւ ամեն ինչ ըրած էր, որ ոչինչով կարիքի մէջ մնանք, յաջողեցաւ հեռատեսիլի գործիք մը եւ տեսերիզի գործիք մը ապահովել, ուստի կէսգիշերէն ետք, փափագողները հաւաքուեցան ու դիտեցին «Survivre sur l’échelle de Richter»-ը եւ յուզուեցան, հետաքրքրուեցան, որ իրենց Շրջաններուն տրամադրելի ըլլայ ան:
Յաջորդ գիշեր, կիրակի, նոյնպէս կէսգիշերէն ետք, նոյն տեղը հաւաքուելով, ժողովի աւարտին մի քիչ défoulé եղանք՝ կատակներով, զուարճալիքներով (վրան բաց) եւ պիստակով ու խմիչքով: Ժամը 2:00-ին պառկեցայ ու քնացայ մինչեւ ժամը 10:00։ Նախաճաշեցի առաւօտեան ժամը 11:00-ին…
Յակոբ Եափուճեանին հետ, որ իր երկրորդ քառամեակի ատենապետութիւնը կը ստանձնէ, վերադարձայ Պէյրութ. միւսներն ալ զանազան խումբերով՝ ճեմարանի օթոպիւսով կամ այլ ընկերներու հետ վերադարձան։ Նախ անցանք ճեմարանէն, այցելեցինք ընկ. Հրաչ Տասնապետեանին, որ տնօրէնն է, որ եւ մասնակցած էր ժողովին, քիչ մը զրուցեցինք, ապա այցելեցինք մանկապարտէզի բաժինը (Նորսիկեան), ուր տնօրէնուհի է տիկ. Հուրի Եղիայեանը։ Տեսայ, թէ որքան անյարմար յատակագիծ ունէր այս նոր ու գեղեցիկ, տպաւորիչ շէնքը, ուր տնօրէնուհին ամբողջ օրը վեր-վար պիտի վազէ՝ երկու-երեք յարկերու վրայ տարածուած դասարանները հսկելու համար: Շատ անկիւններ ու դարձուածքներ կան, ուր աշակերտները կրնան… կորսուիլ: Անգործնական յատակագծում մը, որ ճեմարանի տնօրէնի պնդումին վրայ իրագործուած է:
Ապա Յակոբին հետ կ’երթանք իր տունը, ուր եւ պիտի գիշերեմ յաջորդ երկու օրերուն: Կը ճաշենք, քառորդ ժամ մը կ’երկննամ, եւ ետ կ’իջնենք ու կ’երթանք Շաղզոյեան կեդրոն, ուր կը գտնուին գրասենեակները մեր կեդրոնական մարմիններուն՝ ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, այլեւ՝ «Ազդակ» օրաթերթը, «Բագին» եռամսեան ու «Ազդակ»-ի եւ Համազգայինի տպարանները:
Երեքշաբթի առաւօտ Յակոբին հետ կ’իջնեմ Պուրճ Համուտ, դարձեալ Շաղզոյեան կեդրոն, ուր նախ Համազգայինի գրատան հետ գործերս կը կարգադրեմ (հետս պիտի առաքեն, ըսի, Մոնթրէալի ապսպրած գիրքերը), ապա կը տեսնուիմ ընկ. Պօղոս Սնասպեանին հետ, որուն մօտ կու գայ նաեւ Գրիգոր Պըլտեանը (Փարիզէն). Պօղոսը ինծի կը նուիրէ իր խմբագրած գիրքերէն 7-8 հատ (Օշական, Շուշանեան եւ այլն), ես ալ Բագինին կը նուիրեմ փոխարէնը 100 ամ. տոլար:
Ապա, Պետիկ Գալայճեանը (որ Սերոբին հետ զիս օդակայանէն առած էր ժամանման պահուս), փոխարինելով բժ. Յովիկ Թասլաքեանը, որ չէր կրցած ձերբազատիլ յաճախորդներէն, մեզ կը տանի Պիպլոս, հին, պատմական քաղաքը: Քաթիան է՝ Լոս Անճըլըսէն, Սարհատ Գլընճեանը՝ Ֆրանսայէն, որ Մարսիլիոյ ճեմարանի պահապան հրեշտակն է, Լիլիթը (Գալստեան, Հայաստանի մեր գրասենեակի պատասխանատուն) ու ես: Փոքրիկ ֆիաթ մըն է, որ Կեդրոնական վարչութիւնը վարձած է ժողովին առթիւ, եւ որով մեր երիտասարդ ընկերը մեզ կը տանի այդ հին քաղաքը, քաղաքի աւերակները: Կ’ըսուի թէ ամէնէն հին քաղաքներուն մէջ միակն է Պիպլոսը որ 5000 տարիէ ի վեր եւ աւելի՝ բնակուա՛ծ է: Յակոբ Եափուճեան թելադրեց, որ նախ անցնինք Ճի՚թայէն (քարայր, ուր բնութիւնը հիւսած է հրաշալիքներ՝ stalagmites եւ stalagtites, այսինքն պտկաքարեր եւ շթաքարեր), բայց մենք բոլորս ալ կը նախընտրենք ուղղակի Պիպլոս երթալ: Չենք սխալած. քանի մը ժամ կը դեգերինք հոն, այդ հսկայ քարերով կառուցուած բերդին, բերդաքաղաքին, տաճարի մնացորդներուն եւ ամփիթատրոնի աւերակներուն մէջ. կիզիչ արեւուն տակ: Կը լուսանկարեմ անյագուրդ: Լուսանկարիչ մըն ալ կ՚ընկերակցի երկու գեղուհիներու եւ կը լուսանկարէ զանոնք այդ աւերակներու խորապատկերներուն առջեւ:
Անգլիախօս խումբ մը եկած է Պիպլոս այցի։ Անոնց առաջնորդ երիտասարդ լիբանանցին կը բացատրէ, թէ հիւքսոսներու արշաւանքին ատեն անոնց սաղաւարտներուն վրայ փակած միջատներէն այն ատենուան փիւնիկեցիները կրցած են կարմիր ներկ ունենալ, սակայն չեն կրցած զանոնք բուծանել։ Մենք ալ մտիկ կ՚ընէինք. Կ՚ընդմիջեմ, ըսելու համար, թէ այդ միջատները Հայաստան կը գտնուին (մեր որդան կարմիրներն են)։
Մաքուր, փոքրիկ ճաշարան մը հաւու կամ միսի սանտուիչ (շաուրմա) կ՚ուտենք, գարեջուրով մը, կը ճեմենք շուկային մէջ, յուշօններ կը գնենք ու կը վերադառնանք Պէյրութ։
Հոն պահ մը կը հանդիպիմ Համազգայինի գրասենեակը՝ աչք մը նետելու Մարսիլիոյ մեր ճեմարանի նոր շէնքի յատակիծերուն վրայ, կը խնդրեմ որ պատճենահանեն, որ հետս վերցնեմ եւ աւելի ուշադիր քննեմ, ինչ որ կ’ըլլայ, եւ միտք ունիմ այս թռիչքի ընթացքին այդ ալ ընելու:
Վերադարձ տուն, փոքր ընթրիք մը, եւ անկողին կը մտնեմ՝ առտու 1:30-ին ոտքի ելլելու եւ 16 ժամուան ճամբորդութեան սկսելու:

Վերջին մէկուկէս ժամը անցուցի կարդալով եւ քննելով Մարսիլիոյ վարժարանի մրցոյթին ներկայացուած երեք ճարտարապետական ձեռնարկները (projets), – գուցէ ձեռնարկը ճիշտ բառը չէ. ծրագի՞ր. ան ալ նոյն իմաստը չի տար:
Տուն վերադարձիս անմիջապէս պիտի գրեմ թէ՛ Պէյրութ եւ թէ՛ Մարսիլիա, ընելով թելադրութիւններս: Երեք լուծումներն ալ հետաքրքրական են, երկուքը շատ տարածուած են, կտրատելով շէնքը, վերածելով առանձնաբար ընթեռնելի ծաւալներու, ինչ որ ճարտարապետականօրէն կրնայ աւելի հրապուրիչ թուիլ, սակայն կը ստեղծէ երկու անպատեհութիւն ՝ կառավարելը աւելի դժուար կ’ըլլայ եւ տնօրէնուհիին տեղափոխութիւնները կ’երկարէ, մէյ մըն ալ աւելի սուղի կը նստի, քանի որ պատերը եւ տանիքներե կ’աւելնան: Երրորդը ամփոփ, compact լուծում մըն է, եւ այդ երկու անպատեհութիւնները չունի:
Ատենին թէ Մոնթրէալի հայ կեդրոնի շինութեան ատեն եւ թէ Թորոնթոյի կեդրոնին կից եկեղեցւոյ շինութեան ատեն առին կարծիքս, բայց կարեւորութիւն չտուին: Հետեւանքները կը կրենք մինչեւ հիմա: Այս անգամ կը յուսամ որ դպրոցին պատասխանատուները խօսքս մտիկ կ’ընեն…
Շուրջ երեք քառորդ ժամ մնաց Մոնթրէալ հասնելու համար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *