Ապոկալիպսիսի հրեշտակները

Յովհաննէս Երանեան

Բողոքաւոր մարդկանց երթը սեւ ժապաւէններով ու գրութիւններով ծածկուած փողոցներով մայրաքաղաքի մի հրապարակից դէպի միւսն էր գնում: Երբ նրանց՝ «Դաւաճան, հեռացիր» վանկարկումներն արդէն շատ մօտ էին, տաքսու վարորդը չուզեց ոտատակ ընկնել եւ կծկուեց իր մեքենայի մէջ: Թէեւ ուղեկից ոստիկաններ կային, սակայն տեսան ու չմիջամտեցին, երբ երթից մէկը քացով ուժգին հարուածեց նրա մեքենայի դռանն ու գոռաց.
— Ինչի՞ չես միանում, այ դաւաճանի զոմբի: Continue reading “Ապոկալիպսիսի հրեշտակները”

28 ՄԱՅԻՍ 2023

Նորա Պարութճեան

Աշակերտներս աշխատցուցեր էի Սարդարապատի նիւթով։ Ուզած էի ուղեղնուն մէջ մտցնել, որ ճակատամարտի յաղթանակին կը պարտէինք Հայաստանի այսօրուան հանրապետութիւնը։
… Նազարբէկեան, Սիլիկեան, Անդրանիկ, կանոնաւոր բանակ, կամաւորներ, ինչ գիտնամ՝ ծեր-երիտասարդ-կին-պատանի-մեծով Continue reading “28 ՄԱՅԻՍ 2023”

Ձայնը խրամատներէն

Այս թիւով կը ներկայացնենք երկու նահատակ ազատամարտիկ-բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն նմուշներ. Կոմիտաս Յակոբեան զոհուեցաւ Արցախան առաջին պատերազմին, իսկ Հայասէր Յովսէփեան՝ 44-օրեայ վերջին պատերազմին։ Ի դէպ, վերջինիս գրութիւններէն այլ նմուշներ տուած էինք մեր նոյեմբեր 2020-ի թիւով։

Հորիզոն գրական

ՊԱՐԵՏԱՅԻՆ ԺԱՄ, ԽՐԱՄԱՏՆԵՐՈՒՄ, ԳՐՈՀ, ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ

Կոմիտաս Յակոբեան

ՊԱՐԵՏԱՅԻՆ ԺԱՄ

Օրը վերջանում է իրիկնամուտին,
անկեանք փողոցներում
վխտող զինուորները
ստուերներ են փնտռում`
պարետատուն տանելու համար:
Թափառական շներն անգամ, Continue reading “ՊԱՐԵՏԱՅԻՆ ԺԱՄ, ԽՐԱՄԱՏՆԵՐՈՒՄ, ԳՐՈՀ, ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ”

ՏԵՆԴՈՏ ԽՈԿՈՒՄ ՄԸ

Հեղինակ՝ Թամըս Մըրթըն

Ի յուշ Ադոլֆ Այխմանի(1)

Թամըս Մըրթըն – Thomas Merton (1915-1968) կաթոլիկ վանական մըն էր, խորհրդազգած աստուածաբան մը, կրօնագէտ մը, յանձնառու մտածող մը, բանաստեղծ մը: Մեծ հռչակ ունեցաւ իր «Եօթնայարկ լեռը» («The Seven Storey Mountain») գիրքը, որ, ըստ էութեան, կը վերաբերի իր իմացական եւ հոգեւոր աճման, անդրակերպման, եւ քրիստոնէական հաւատքին մէջ վերածնունդին: Ուստի՝ ներքին ինքնակենսագրութիւն մըն է անիկա: 27 տարիներու իր գրականութիւնը՝ աւելի քան 50 գիրքերու ցանկ մըն է: Թարգմանիչը ձեռքի տակ ունի հրատարակելի Continue reading “ՏԵՆԴՈՏ ԽՈԿՈՒՄ ՄԸ”

Ի վերուստ անիծուածը՝ պատնէշի վրայ

Մովսէս Ծիրանի

Երեւան, մայիս 1975

Այդ օրերուն Օպերայի մօտ Շարա Տալեանի բնակարանը կ՚ապրէի վարձով: Այրիացած տիկ. Ժասմենան ներսէն կանչեց.
—Արի՛ Մովսէս ջան, էլի էդ «նագլի» մարդն է զանգում:
Այդ «նագլի» մարդը Հրանդ Մաթեւոսեանն էր:
—Ասա՛ Հրանդ ջան, լսում եմ: Continue reading “Ի վերուստ անիծուածը՝ պատնէշի վրայ”

Գրողն ու հաւաքը

Գէորգ Պետիկեան

Հազիւ կէսօրէ ետքն էր: Նախ ժամացոյցին նայեցաւ եւ ապա գլուխը աջ ու ձախ շարժելէ ետք՝ արագ պատրաստուեցաւ: Հաւաքեց հետը տանելիք իր լոյս ընծայած բոլոր հատորները: Ո՞վ էր ինք եւ հիմա ո՞ւր կ՚ուզէր երթալ: Ամեն մարդ լաւատեղեակ էր, թէ այս ժամուն Լոս Անճելըսի բոլոր ճամբաները որքա՜ն խճողուած կ՚ըլլային: Բայց, այդպէս էր ժամադրութիւնը: Ամիսներ առաջ, իրեն բոլորովին անծանօթ հայ կին մը, տեղւոյն հայկական «Գիրքի ակումբ» մշակութասէր խմբակին Continue reading “Գրողն ու հաւաքը”

Երեւանի հ.180 հիմնական դպրոցն անուանակոչուել է Զապէլ Եսայեանի անուամբ

Երեւանի հ.180 հիմնական դպրոցն այսուհետ պաշտօնապէս կրելու է նշանաւոր արձակագիր, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանի անունը: Նախագիծն աւելի վաղ ներկայացուել էր աւագանու քննարկմանն ու հաւանութեան արժանացել: Այս մասին տեղեկացնում է Երեւանի քաղաքապետարանը։ Continue reading “Երեւանի հ.180 հիմնական դպրոցն անուանակոչուել է Զապէլ Եսայեանի անուամբ”