Հայդուկ Շամլեան
«Էգուց, անպայման կու գաք եւ զիս կ’առնէք, ես ալ կ’ուզեմ աշխատիլ»:
Տղաքը մի քանի օր է արդէն տքնաջան գործի վրայ էին, երբ որ մենք հասանք Շուշի: Մեր ժամանումի յաջորդ օրը, թէկուզ Ճամբարի բացման օրն էր, սակայն վերջին առիթս էր, որ կարենամ միանալ իրենց աշխատանքին:
Արեւը ծագելէն առաջ պէտք է որ կատարէինք այդ օրուայ գործը, քանի որ անկէ ետք օդը շատ տաք էր, տօթ էր, եւ վտանգաւոր էր կիզիչ արեւին տակ այդպիսի աշխատանք կատարել:
Ուրեմն այդ գիշեր լրիւ արթուն մնացի: Գանատայէն հասած էինք Երեւան՝ երկու օր առաջ, եւ յաջորդ օրն իսկ՝ այդտեղէն անմիջապէս ճամբայ ելած էինք, դէպի Շուշի: Այնպէս որ, քնանալը անհնար էր:
Երբ մութը սկսաւ քիչ մը փարատիլ, եւ դեռ չէին եկած ինծի տանելու իրենց հետ, մտահոգուեցայ:
Մտածեցի որ թերեւս կ’ուզեն ինծի խնայել… Ուրեմն Դաւիթը արթնցուցի — ան ալ արդէն միշտ մէկ աչքը բաց կը քնանար, — խնդրեցի որ զանգէ, յիշեցնէ տղոց: Առանց միւս աչքը բանալու, «դու հանգիստ եղիր» մռթմռթաց, «Հէսա, կը գան»:
Եկան:
Գնացինք:
* * *
Բլուրին վերը հասանք:
Շաղախը մէկ կողմ դիզուած էր, կողքին՝ ծայրը կոտրուած բահ մը:
Անդին ալ խոշոր, շինարարական ջրաման մը կար: Սկզբնապէս սպիտակ հաստ փլաստիքէ, որ այժմ դարձած էր մոխրագոյն: Ներքեւը՝ ծորակ մը:
Արտակը եւ Նուէրը գործին հիմնական մասը ստանձնեցին:
Ես եւ ուրիշ օգնական մը, պէտք է որ շաղախը պատրաստէինք, եւ մեծ ու ժանգոտած դոյլով մը՝ զայն բաժին-բաժին եւ արագօրէն հասցնէինք ուր որ պէտք էր, որպէսզի տղաքը զայն վարպետօրէն թափէին, փռէին:
Շաղախը լայն շրջանակ մը պիտի կազմէր…
* * *
Իսկապէս ալ վարպետութիւն պահանջող աշխատանք էր, յատկապէս Արտակին ստանձնած գործը:
Աշխատանքային տարածքին ծայրը պպզած, սիկարէթ մը բերանին անկիւնը, աչքերը կեդրոնացած՝ շարժուն գետնին վրայ, ան կը խորհրդակցէր Նուէրին հետ, թէ ճիշդ ուր եւ ինչ կերպով պէտք է որ թափուի եւ տարածուի շաղախը: Գործողութիւնը նուրբ էր, քանի որ հարթ տարածքի վրայ չէինք, եւ պէտք է որ նկատի առնուէր շաղախին բնական, ինքնավար հոսումը:
Իսկ այդ գործողութեան ընթացքին, Արտակը կ’ամրապնդէր շաղախը՝ մետաղի այլազան կտորներով: Այստեղէն-այնտեղէն հաւաքուած, տարբեր ձեւերով եւ չափերով երկաթեղէններ, որ պէտք է որ ճիշդ պահին, ճիշդ կերպով եւ ճիշդ տեղը նետուէին, իյնային ու ընկղմէին, փռուող շաղախին մէջ, որպէսզի գործը կանոնաւոր եւ յաջող կերպով ընթանար:
Սկիզբը, արագ սկսանք: Սակայն հետզհետէ դանդաղեցանք: Իմ պատճառովս: Այդ պահին հասկցայ որ զիս իրենց հետ տարած էին… ինծի համար, ոչ թէ իրենց:
Բայց խէրն անիծեմ, շատ ծանր էր՝ ջրախառն թանձր շաղախով լեցուած, այդ խոշոր դոյլը: Բռնիչն ալ, երկաթէ ժանգոտած թել մըն էր, որ կը ջանար բառացիօրէն մատներս շերտել, փրցնել, մինչեւ որ հասնիմ ուր որ պէտք էր:
Միւս օգնականը, հազիւ պատանի տղայ մը, սկսաւ — փափկանկատ կերպով — ճամբուս վրայ ձեռքէս առնել դոյլը, եւ արագօրէն զայն տանիլ, թափել, ուր որ տղաքը ըսէին:
Իմ երկու ձեռքերով շալկածս, ինք երեք մատով կը տանէր, իսկ իմ առած երեք դանդաղ քայլերուս տեղ՝ մէկ ոստիւն մը կը կատարէր ան, միեւնոյն հեռաւորութեան համար:
Արեւածագի կապակցութեամբ, վերեւ բացատրուած հաշիւը որ ըրած էին, ի դերեւ պիտի հանդիսանար: Իմ խղճալի յոգնութեանս պատճառով:
Եկուր նայէ որ, սակայն, անսպասելի ամպերու եւ նոյնիսկ մարախուղի մը պատճառով, այդ օրը, արեւածագը ուշացաւ, թոյլ տալով որ այդ օրուայ գործը ամբողջացնենք, առանց որ տղաքը աւելորդ չափով քրտնին, եւ ես սրտի կաթուած ունենամ:
Եւ ամբողջացուցինք: Մինչ տակաւին Արեւը չէր յայտնուած:
* * *
Մեկնելէ առաջ՝ հեւալով, ծուռիկ-մուռիկ քայլերով, խոշոր ջրամանին ծորակին մօտեցայ, որպէսզի ջուր մը խմեմ:
Արտակը ըսաւ թէ չէ, չէ, ինք իր հետ աւելի մաքուր — եւ սառը —, աղբիւրի ջուր բերած է: Հանեց քովէն շիշը, տուաւ որ խմեմ: Այդքան համով ջուր, կեանքիս մէջ չեմ խմած:
Ինք ալ, վերջին սիկարէթ մը վարեց, հանդարտ աչքերովը դիտելով, զննելով՝ թափուած շաղախի շրջանակը, սանթիմեթր առ սանթիմեթր:
Ապա, աչքերը քարացան այդ շրջանակին մէջտեղը՝ գետինէն կէս մեթր բարձր հողակոյտին վրայ: Քարացան, եւ պղտորեցան:
Բացատրեց որ, ժամանակի ընթացքին, նաեւ անձրեւներով, այդ հողակոյտը կամաց-կամաց, բնականաբար կը հաւասարի գետնին:
Երբ որ փճանայ՝ այդտեղ թաղուած դագաղը…
* * *
Արտակի երեխային շիրիմն էր:
Իր եւ Մարինէի փոքրիկ զաւակին հանգստարանը — ինչպէս որ կ’ըսեն այդտեղ… :
Դպրոցական խումբով ան գացած էր Երեւան, երաժշտական միջոցառումի մը մասնակցելու: Հոյակապ դաշնամուր կը նուագէր:
Բաղնիքին մէջ, մահացաւ: Շմոլ կազի պատճառով:
Տասը տարեկան էր:
Շնորհալի, տաղանդաւոր, շատ բարի աղջնակ մը։
Չես կրնար իսկ ըսել՝ հրեշտակ դարձաւ, քանի որ արդէն հրեշտակ էր:
Անունը՝ Արեւիկ: Արեւ… («հայրի՛կ, ինծի այլեւս Արեւ պիտի ըսէք… ես այլեւս մեծ եմ…») :
* * *
Եւ այդպէս կանգնած, լուռ ու մունջ, կը նայէինք երեխայի գերեզմանին: Ոչ մէկս կ’ուզէր, կրնար, տեղէն շարժիլ:
Այդ պահուն է որ՝ ամպերն ու մշուշները յանկարծ, մէկ անգամէն փարատեցան, եւ արեւը իր ջերմ շողերով ողողեց երկինքը, բլուրներն ու ձորերը, ամբողջ Շուշին եւ շրջակայքը:
Արեւն էր: Արեւիկը: Որ թաքնուած էր, որպէսզի իր հայրիկն ու նրա ընկերները աւելի չյոգնէին, յաւելեալ շոգի պատճառով, այդ արդէն իսկ անասելի ծանր աշխատանքի ընթացքին:
Եւ հիմա ալ, ան կ՚ըսէր մեզի. « դէ լաւ, բաւ է… հիմա գնացէք այստեղից… ուրիշ գործեր ունէք կատարելիք Շուշիում… ողջերի հետ… ողջերի համար»։
Վերադարձանք ուրեմն մեր առօրեային:
* * *
Արեւիկին մայրը Մարինէն, այդ նոյն ամառը, շատ օգտակար եղաւ Այտային՝ մեր Ճամբարէն ներս:
Իսկ Արտակն ու ես հարազատ ընկերներ դարձանք:
Ինք բազմատաղանդ, բարձր մակարդակի արուեստագէտ է: Ի միջի այլոց՝ նկարիչ:
* * *
Ի թիւս մեր այլ, բիւրաւոր գերեզմաններուն, Արեւիկի շիրիմն ալ մնաց Շուշի:
Եւ առանց արեւի մնաց Հայոց Աշխարհը:
Արդարեւ, այդ օրը, այդ տանջալի աշխատանքէն ետք, երբ որ այդ թարմ շիրիմին շուրջը հաւաքուած էինք այդպէս, նոյնիսկ այդպիսի օր մը, այսօրուայ չափ՝ խաւարներու մէջ չէին մեր հոգիները:
Բայց Արեւիկը դեռ մեզի կ’օգնէ՝ յաւերժական իր Լոյսով:
11 յուլիս 2023
haytougchamlian.home.blog/