Զղջում

Սաթիկ Զ.

— Մօտաւորապէս մէկ ամիս ունիք պատրաստուելու, չորս շաբաթէն ձեր անցագրերը պատրաստ կ՚ըլլան, եւ տոմսերը ապահովուած:
Դեսպանատունէն դուրս եկաւ շուարած ու սարսափահար. այո՛, գիտէր, որ այս օրը պիտի գար, բայց ոչ այսքան շուտ. ի՞նչ պիտի ընէր. գործերը հաւանաբար կարելի ըլլար դասաւորել, սակայն ծնողքն ու քո՞յրը, որոնց մեծապէս օգտակար կը դառնար… շատ էին իր պատասխանատուութիւնները, ընտանիքը, հիւանդ ծնողքն ու անտէր քոյրը, որոնց պայմանները բացարձակապէս նախանձելի չէին, ինչպէս Լիբանան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներուն մեծամասնութեան վիճակը, որոնք տուն-տեղ եւ գործ կորսնցուցած հասած էին Լիբանան…
Պատերազմ էր Սուրիա. ճիշդ է, որ իրենք փախան պատերազմէն, չկորսնցուցին ընտանիքի անդամներէն ոեւէ մէկը, նահատակուող կամ հաշմանդամ եղողներ չունեցան, սակայն հոգեկան աւերը երբեմն շատ աւելի ծանր կը կշռէ քան ֆիզիքականը:
Ի՞նչ էին այս պատերազմին հետեւանքները. կորո՞ւստը, նիւթակա՞ն կորուստը, չէ՜, նիւթական կորուստը ոչինչ կը թուէր իրեն այլ կորուստներու դիմաց. պատերազմը չսպանեց կամ չվնասեց իր մարմնին, այլ սպանեց հոգի՛ն, աւելին՝ երազնե՛րը… ահաւոր բան է երազները սպանելը, մարդ արարածը ինքնիր մէջ սպանել է, ինքնիր հոգիին մէջ սպանել եւ խրտուիլակի վերածել՝ անզգայ ու անհոգի…
Անցաւ մէկ ամիսը, ո՛չ մէկ լուր դեսպանատունէն, անցան ամիսներ, նո՛յն սպասողական վիճակը…

* * *

— Բարի լոյս, հրամէ՛, սուրճ մը առ. գիտե՞ս, դուն շատ ինքզինքդ տեսած մէկն ես, հասկցանք լաւ պաշտօններ ստանձնած ես, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ գլուխդ պէտք է մեծնայ, ի՛նչ ինքնահաւան ես…
— Բարի լոյս, կը ներէք, բացարձակապէս ինքնահաւանութիւն չէ, այլ պարզապէս շատ յոգնած կ՚ըլլամ, աճապարանօք մօրս քով կու գամ, կը ճաշեմ եւ տուն կը վերադառնամ, որպէսզի գործերս շարունակեմ:
— Հասկցա՛նք ճանս, բազմազբաղ մարդ ես, մի՛շտ զբաղ, միշտ աճապարանօք ես,— հեգնանքով արտասանեց ծնողքին բնակած տան դրացին, որ առանձին ապրող միջին տարիքի տղամարդ մըն էր,— կը բաւէ պատճառաբանութիւններ գտնես, ինքնահաւա՛ն ես, եթէ այդպէս չես, ուրեմն հրամէ՛, մտի՛ր սուրճ մը խմենք, թէ՛ ինծի փաստած կ՚ըլլաս, որ ինքնահաւան չես, թէ՛ յոգնութիւնդ առած կ՚ըլլաս քիչ մը,— աւելի մեղմ ու փաղաքշական ձայնով մը ըսելով այս վերջին նախադասութիւնը:— Գիտե՛մ, որ հայկական սուրճ շատ կը սիրես, ամեն գալուդ կը լսեմ քրոջդ կ՚ըսես. «Շո՛ւտ սուրճս դիր, առտուընէ սուրճ չեմ խմած, սուրճ մը խմեմ եւ երթամ»: Ես չեմ սիրեր հայկական սուրճը, ես ամերիկեան սուրճը կը նախընտրեմ, կ՚ուզե՞ս փորձել:
Այս միջոցին արդէն մտած էր անոր պզտիկ բայց կոկիկ տունը:
— Չէ՛, հայկական սուրճը կը նախընտրեմ…
— Ի՛նչ յետամնաց էք դուք՝ սուրիացիներդ, հայկական սուրճ խմո՞ղ մնաց…
— Չէ՞ք կարծեր, որ շատ կը ծանրանաք այսօր վրաս, մէյ մը ինքնահաւան ես, մէյ մը յետամնաց… առաջին հանդիպումին համար այս խօսքերը քիչ մը վիրաւորական չե՞ն:
— Չէ՜, տակաւին շա՜տ ըսելիք ունիմ քեզի, գիտե՞ս մայրդ եւ քոյրդ շատ շփացուցեր են քեզ, յաճախ կը լսեմ իրենց երկխօսութիւնը յաջորդ օրուան իրենց եփելիք ճաշին մասին… միշտ դուն առկայ ես այդ նիւթին մէջ, այս ճաշը չի սիրեր, այս ճաշը շատ կը սիրէ… ինչո՞ւ այսքան արժէք կու տան որ քեզի:
— Արժանի եմ անոր համար, իսկ դուն ինչո՞ւ կը նախանձիս:
— Հահա՜, նախանձի՞մ, որմէ՞, քեզմէ՞:
— Ըստ երեւոյթին՝ այո՛, ինձմէ՛:
— Տեսա՞ր որքան ինքնահաւան ես, ըսածիս մէջէն մէկ բան եզրակացուցիր, թէ քեզմէ կը նախանձիմ, ինքնակեդրոն անձ մըն ես, միայն ինքզինքդ կը տեսնես բոլոր նիւթերուն մէջ…
— Աստուա՛ծ իմ, ի՞նչ է ձեր ուզածը ինձմէ, սուրճի մը հրաւիրեցիք, որպէսզի յոգնութիւնս առնեմ, սակայն միայն կը դատապարտէք զիս. ո՞վ տուաւ ձեզի այդ իրաւունքը:
— Հանդարտէ՛, հանդարտէ՛, կատակ կ՚ընեմ, հակառակ որ այս է ճշմարտութիւնը, եւ այս է կարծիքս քու մասիդ:
— Եթէ այդպէս է, ապա ինչո՞ւ հրաւիրեցիք սուրճի:
— Ի՞նչ է անպատեհութիւնը ասոր մէջ:
— Ո՜ւֆ, յոգնեցուցիք զիս, սուրճը չեղա՞ւ, կ՚աճապարեմ, գործ ունիմ:
— Ըհը՛, սկսանք, գործ ունիմ, գործ ունիմ…
Քիչ մը նեղացած էր անոր արտայայտութիւններէն, սակայն ականջ չկախեց. առանձին ապրող տղամարդ մըն էր, ճանչցուած եւ սիրուած թաղեցիներուն կողմէ: Երկու տարի էր, ամեն անգամ որ մօրը քով գար, անոր դուռը բաց կ՚ըլլար, կը բարեւէր, ան ալ ժպտուն եւ զննող աչքերով կը բարեւէր իրեն, ոչ մէկ անգամ երկխօսութիւն եղեր էր մէջերնին, իսկ հիմա յանկարծ այսքան համարձակօրէն կը խօսէր հետը… ոչի՛նչ, մտածեց ինքնիրեն, արժէք մի՛ տուր խօսուածներուն, արդէն այնքա՜ն շատ բաներ ունէր մտածելիք…
— Հրամէ՛։
— Շնորհակալ եմ, բայց ըսի ձեզի, որ հայկական սուրճ կը սիրեմ, ամերիկեանը չեմ սիրեր:
— Պիտի սիրե՛ս, — կտրուկ պատասխան:
— Իսկ ո՞վ ձեզի իրաւասութիւնը կու տայ այդ հրամայական ոճով հետս խօսելու:
— Ըսել կ՚ուզես, որ քեզմէ հրամա՞ն պէտք է առնեմ այսպէս խօսելու համար:
— Գիտէ՞ք, յոգնեցուցիչ է ձեզի հետ խօսակցիլը, ես բան մը կ՚ըսեմ, դուք ուրիշ բան կը պատասխանէք, կամ հարցումիս հարցումով կը պատասխանէք:
Ճիշդ դէմը նստաւ եւ ուղղակի աչքերուն մէջ նայելով ըսաւ.
— Կը տեսնեմ որ շատ յոգնած ես, շատ կ՚աշխատիս, քիչ մը կատակ ըրի որպէսզի թօթափես ուսերուդ ծանրութիւնը, մի՛ նեղանար ըրած կատակներէս, պարզապէս կատակ են:
Չափազանց լուրջ էր, սակայն աչքերը կը փայլէին. փաղաքշական էին խօսքերը, բայց դէմքի արտայայտութիւնը՝ անհասկնալի, աչքերը փորող նայուածքը սարսուռ մը անցուց մարմնէն…
— Ըսէ՛ տեսնենք, ինչո՞վ կը զբաղիս, ինքնահաւա՛ն տիկին:
Երկար չխօսեցան: Ինք կ՚աճապարէր, գործ ունէր:
— Շնորհակալ եմ սուրճին, սակայն յաջորդին հայկակա՛ն սուրճ կ՚ուզեմ, ամերիկեան սուրճը չե՛մ սիրեր:
— Պիտի սիրե՛ս,— վճռական պատասխան:
Հարցական նայուածք մը ուղղեց, բայց չուզեց կրկին զրոյցի մտնել հետը: Հրաժեշտ տուաւ ու ելաւ:

* * *

Մտերմութիւն մը սկսած էր մէջերնին: Միշտ դուռը բաց էր. թաղեցիները՝ կին թէ տղամարդ, մտերիմ էին հետը, բոլորին հարցերը լսելու պատրաստակամութիւն ունէր. կը լսէր, կը խրատէր, երբեմն նոյնիսկ անոնց մէջ ծագած հարցերը կը լուծէր. բոլորը կը սիրէին ու կը յարգէին զինք: Երբեմն-երբեմն կը հրաւիրէր զինք սուրճի, կը խօսակցէին, կը հանգստանար եւ քիչ մը կը թեթեւնար կարծես առօրեայ ճնշումներէն: Կը խօսէր Սուրիոյ մէջ իր կեանքին մասին, հիմակուան վիճակին մասին ու յաճախ կը վիճաբանէին Սուրիոյ տագնապի եւ Լիբանանի մէջ սուրիացիներուն ապրած դժուարութիւններուն հարցով…
— Նորէ՞ն ամերիկեան սուրճ, չէ՞ որ ըսի՝ չեմ սիրեր:
— Ես ալ ըսի քեզի, որ պիտի սիրե՛ս:
Այդ օր շատ յոգնած էր, ցերեկուան գործէն զատ, գիշերներն ալ տունը կ՚աշխատէր…
— Վաղը քեզ ճաշի հրաւիրած եմ, գործէն վերադարձիդ եկուր միասին ճաշենք, ձուկ պիտի ընեմ:
— Ես ձուկ չեմ սիրեր:
— Պիտի սիրե՛ս:
— Չէ՜, այսքանը շատ եղաւ, չեմ սիրեր եւ չեմ կրնար ուտել…
— Ես եփեմ եւ դուն մի ուտեր:
— Ի զուր մի յոգնեցներ դուն քեզ, չեմ ուտեր:
— Լա՛ւ, այս անգամ ալ քու ուզածդ թող ըլլայ:
— Սոխ, սխտոր ալ չեմ սիրեր:
— Օհօ՜, հապա ի՞նչ կը սիրես…
Յաջորդ օրը միասին ճաշեցին, համեղ էին անոր պատրաստած ճաշերը: Բակլայ պատրաստած էր հալէպեան ձեւով, ինք շատ կը սիրէր այդ մէկը: Հաճոյքով կերաւ: Ամերիկեան սուրճը պատրաստ էր, հրամցուց, ապա քովը նստաւ, մտերմաբար խօսեցան ըստ սովորութեան:
— Մազերդ շատ աղուոր են, հարուստ ու ճոխ կեցուածք ունին:
— Չեմ սիրեր, շատ առատ են ու կը յոգնեցնեն…
— Ի՞նչ կը սիրես հապա…
Տղան համարձակ ձեռքը երկարեց եւ մխրճեց անոր թաւ ու ատոք մազերուն մէջ: Ինք զարմացած էր, բայց ձայն չհանեց: Տղան, աւելի համարձակ, ձեռքը առաւ ափերուն մէջ… միշտ սուր նայուածքը գամած աչքերուն մէջ:
— Յոգնա՞ծ ես:
— Այո՛, շա՜տ, գիշերը մինչեւ ուշ ատեն աշխատեցայ…
Ապա գլուխը ձեռքերուն մէջ առած հանդարտօրէն մօտեցուց կուրծքին. ի՞նչ զգաց՝ չհասկցաւ, պարզապէս տաք արցունքներ գլորեցան այրող աչքերէն… որքա՜ն պէտք ունէր այսպիսի հոգատար կուրծքի մը, որուն վրայ կարենար հանգչեցնել չարչրկած գլուխը, լալ ու հանգստանալ: Տղան սրբեց արցունքները, շոյեց մազերը ու համբոյր մը դրոշմեց անոր ճակտին:
Սթափեցաւ յանկարծ, արագօրէն սրբեց աչքերը, փորձեց ինքզինք հաւաքել եւ ոտքի ելաւ:
— Մնաս բարով, — այլեւս յոգնակի չէր խօսեր հետը:
— Ինչո՞ւ կ՚աճապարես, նստէ՛, հանգչէ՛ քիչ մը, յոգնած ես:
— Չէ՛, շնորհակալ եմ, գործ ունիմ:
— Ո՛ւֆ, այս գործերդ. կեա՛նքը կը վերջանայ, գործը չի վերջանար…
— Պէտք է երթամ:
Դռան քով հասեր էր, երբ տղան ամուր թեւէն բռնեց ու շրջեց զինք դէպի ետ. ինք անակնկալի եկած էր այս արագ շարժումէն, զարմացած ու հարցական աչքերով կը դիտէր զայն, զգաց մէջքին անոր տաք թեւերուն սեղմումը, ապա շնչառութիւնը, որ որքա՜ն մօտ էր դէմքին, սարսռաց, խիստ նայուածքները աչքերը կը փորէին, շրթունքին վրայ զգաց անոր տաք շուրթերուն կպումը… այս ամենը այնքան արագ եղած էր, որ չէր կրցած անդրադառնալ եղածին: Մեքենայական շարժումով մը ինքզինք ազատեց անոր թեւերուն մէջէն ու ջղայնութեամբ ետ հրեց տղան:
Տղան բարկացկոտ նայուածք մը նետեց վրան ու դուռը բացաւ:
— Երթա՛ս բարով, ինքնահաւա՛ն:
Առանց բառ մ’իսկ արտասանելու հեռացաւ:
Վերադարձաւ տուն, նետուեցաւ անկողնին վրայ ու երկար լացաւ… ինչո՞ւ կու լար, ի՞նչ կը զգար, նեղացե՞ր էր տղուն վարուելակերպէն, ինքն ալ չէր գիտեր… առանձին էր, շա՜տ առանձին կը զգար, շուրջը հարազատներ ունէր, սակայն ինք առանձին էր, վերջին երկու տարիներուն կը զգար, որ լարուած խաղալիքի կը նմանէր ժամանակին անխնայ ձեռքերուն մէջ, յոգնած էր աշխատանքներէն ու կեանքի ճնշումներէն, կը զգար, որ զգացումներն ալ խամրած էին, հեռու էր ամուսինէն, պատերազմը բաժնած էր զիրենք եւս…
Շաբաթ մը վերջ միայն գնաց մօրը քով. երբ մօտեցաւ դրան՝ կը փորձէր յուզումը զսպել… նոյն ձայնը հնչեց ականջին:
— Բարի կէսօ՛ր, ի՞նչ է, ինքնահաւա՛ն տիկին, վերջապէս բարեհաճեցա՞ր գալ, ծնողքդ եւ քոյրդ մտահոգուած էին քեզմով, — պաղարիւնութեամբ մը կը խօսէր տղան, կարծես ոչ մէկ բան պատահած ըլլար:
— Բարի կէսօր:
— Հրամէ՛ սուրճ մը առ: Ըսելիք ունիմ քեզի:
Տատամսեցաւ, բայց մտաւ:
Ներքին խռովք մը զգաց ինքնիր հանդէպ. ինչո՞ւ մտաւ, չէ՞ որ նեղացեր էր իրենց վերջին հանդիպումին անոր ըրածէն:
— Ի՞նչ ըսելիք ունիս:
Քովը նստաւ ու ցած ձայնով մրմնջեց ականջին մօտ.
— Ուզեցի ներողութիւն խնդրել անցեալ օրուան ըրածիս համար…
— Հարց չէ…
— Չէի ուզեր նեղացնել քեզ…
— Բայց նեղացուցիր, մենք պարզապէս բարեկամներ ենք:
— Ինծի համար դուն պարզ բարեկամ չես: Միայն գիտնա՜ս, թէ որքա՛ն մեծ արժէք ունիս սրտիս մէջ:
— Դո՛ւն ալ, բարեկա՛մ:
— Կրնա՞մ համբուրել քեզ: Միայն մէկ անգամ: Խնդրեմ:
— Խե՞նթ ես դուն:
— Յանցաւորը ես եմ, որ հրաման կ՚առնեմ: Քեզ կը յարգեմ ըսելով այսպէս քաղաքակրթուած ձեւով կը վարուիմ, այլապէս առանց հրաման առնելու…
— Առանց հրաման առնելու ի՞նչ:
Չպատասխանեց, այլ նայուածքներովը կարծես կը լափէր դէմքը:
— Յոգնա՞ծ ես:
— Նորութիւն մը չէ:
— Ինծի պէտք ունիս: Ես ալ քեզի:
— Բացարձակապէ՛ս:
— Կը բաւէ այսքան ինքնահաւանութիւն, ինչո՞ւ այսքան խիստ ես դուն քեզի հանդէպ:
Ոտքի ելաւ: Տղան ամուր բռնեց ձեռքը եւ ըսաւ.
— Լա՛ւ, կը ներես, նստէ՛:
— Չե՛ս նեղացներ զիս:
— Խօսք կու տամ, չեմ նեղացներ քեզ, միայն նստէ՛:
Սուրճը խմեց, քիչ մը խօսակցեցան ապա ոտքի ելաւ հրաժեշտ տալու: Տղան պատրաստուեցաւ ոտքի ելլելու:
— Նստէ՛, — հրամայեց վճռական ձեւով:
— Եթէ օր մը միտքդ փոխես՝ ես միշտ հոս եմ, քեզի կը սպասեմ եւ պէտք ունիմ քեզի:
Զարմացած նայեցաւ աչքերուն մէջ, աս ի՞նչ համարձակութիւն էր…
— Լուրջ եմ, այդպէս մի՛ նայիր ինծի, երբ որ միտքդ փոխես՝ հոս եմ, քեզի կը սպասեմ:

* * *

Կը շարունակուէր իրենց բարեկամութիւնը սովորական ընթացքով: Գրեթէ մոռցեր էին պատահածը: Կը մտնէր քովը երբեմն, սուրճ մը կը խմէր ու կը հեռանար…

* * *

— Բարի կէսօր:
— Հրամէ՛։
Նոյն ամերիկեան անհամ սուրճը…
— Դեսպանատունէն լուր չկա՞յ տակաւին:
— Չէ՛, եօթը ամիս անցաւ տեսակցութենէն եւ տակաւին լուր չկայ:
— Ես ի՞նչ պիտի ընեմ՝ երբ երթաս:
— Հահա՜, չես մեռնիր, մի՛ վախնար:
— Պիտի կարօտնամ քեզի: Դո՞ւն:
— Ես՝ բնա՛ւ, — խնդալով պատասխանեց:
— Սուտ ես, պիտի կարօտնաս:
— Տեսա՞ր, ինքնահաւանը դո՛ւն ես, կը յաւակնիս, որ պիտի կարօտնամ քեզի…
Սուրճի գաւաթը ձեռքէն առնելէ ետք բազմեցաւ քովը, շատ մօտիկ, զգաց, որ տարօրինակ բաներ պիտի պատահին, վախցաւ:
— Ինչո՞ւ կը վախնաս:
— Ինչէ՞ն պիտի վախնամ, քեզմէ՞:
— Երեւի:
— Հահա՜, — փորձեց խնդալ անտարբերութիւն ձեւացնելով:
Տղան ամուր բռնեց մազերէն եւ դէմքը մօտեցուց իր դէմքին արագ շարժումով մը, կրկին զգաց անոր տաք շունչը դէմքին, աչքերը սարսափ կ՚ազդէին, ուզեց պոռալ, բայց ձայնը խեղդուեցաւ, ամբողջ մարմնով կը դողար:
— Ինչո՞ւ կը փախիս ինձմէ:
— Ես չեմ փախիր ոչ մէկէն:
— Սուտ ես, ինձմէ փախուստ կու տաս: Միայն գիտնա՜ս, թէ որքա՛ն կը սիրեմ քեզ, շփացած ու ինքնահաւա՛ն աղջիկ:
— Ինչպէ՞ս կը համարձակիս, ես ամուսնացած կին եմ:
— Յետոյ ի՛նչ, զգացումներուդ հետեւէ, անզգա՛յ։
— Կը ցաւցնես ինծի:
— Ինչո՞ւ չես խոստովանիր, որ պէտք ունիս ինծի, իմ գիրկիս, ինչո՞ւ այսքան զսպուածութիւն, ազատութիւն շնորհէ այս սրտիդ եւ գոնէ մէկ անգամ զգացումներուդ հետեւէ:
— Հանգիստ ձգէ զիս:
— Պիտի չձգե՛մ:
Եւ գրեթէ բռնի շրթունքները կպցուց շուրթերուն՝ ամուր բռնած մազերէն: Փորձեց ազատիլ, չկրցաւ, ի՞նչ զգաց, չգիտցաւ, միայն զգաց, որ տաք արցունքները կը թրջեն երկուքին շուրթերը: Տղան սթափեցաւ, քնքշութեամբ առաւ զինք թեւերուն մէջ եւ գլուխը սեղմեց կուրծքին: Լացաւ, այտերը կ՚այրէին՝ արցունքներէն թէ ամօթէն չէր գիտեր…
Կրկին մէկ շաբաթ չգնաց քրոջը քով:

* * *

Սուրճը տուաւ իրեն եւ քովը նստաւ: Անհանգիստ վիճակ մը ունէր, ինչո՞ւ մտաւ, երբ նորէն հրաւիրեց զինք: Ընդվզում մը կը գզար հոգիին մէջ ինքնիր դէմ, բայց… մտեր էր եւ հիմա կը զգար անոր մօտիկութիւնը: Կը վախնա՞ր, չէր գիտեր, չէր կրնար բնորոշել զգացումները, միայն կը նեղանար ինքնիր դէմ, որ կրկին մտեր էր քովը սուրճ խմելու…
Կրկին տաք շունչը եւ շրթունքները… կը զգար, որ սխալ էր ըրածը, բայց ինչո՞ւ ոտքի ելլելով չէր ապտակեր ու չէր հեռանար… ի՞նչը կը կապէր իր ձեռքերն ու ոտքերը… սէ՞ր, ո՛չ, բացարձակապէս, սիրոյ պակասն ու բացակայութի՞ւնը, հաւանաբար, ճնշուած ու լարուած կեանքէն յոգնածութի՞ւնը, ի՞նչը, վերջապէս ի՞նչը կ՚առաջնորդէր զինք դէպի այս անիծեալ տունը, չէր գիտեր, մէկ բան գիտէր սակայն, որ տիղմին մէջ սկսեր էր իջնել…
Զգաց տղուն ձեռքը իր կռնակին, ուղղակի մորթին վրայ, կը դողար, զգաց տաք արցունքները, ապա առնական ձեռքը, որ շապիկին կոճակները սկսեր էր քակել… Ներքին զօրաւոր ուժ մը ետ մղեց զինք, հրեց տղան եւ.
— Հանգի՛ստ ձգէ զիս:
— Ինքնահաւա՛ն, այսքանը արտօնելէդ ե՞տք անդրադարձար…
Խօսքերը դանակի պէս իջան սրտին վրայ…
Շտկռտուեցաւ ու վազեց տուն… այդ գիշեր շատ լացաւ, անիծեց ինքզինքն ու ժամանակը, անիծեց օտարութիւնն ու պատերազմը, անիծեց գործերն ու խճողուածութիւնը, անիծեց դեսպանատունը, որ այսքան ուշացուցեր էր անցագրերը…
Ճիշդ էր տղուն ըսածը, այսքանը արտօնելէ ե՞տք… այսքանը արդէն սխալ էր, մեղքը գործածի չափ յանցաւոր կը զգար…
Փորձութի՞ւնը մեծ էր, թէ ի՛նք տկար. ինչպէ՞ս այսքան տկարացեր էր, ինք, որ կեանքի ամեն դժուարութիւն կ՚արհամարհէր, պողպատեայ կամք ու զօրաւոր անհատականութիւն ունէր, ի՛նչ-ի՛նչ ձախողութիւններու մատնուեր էր, բայց երբեք, երբեք չէր տկարացած, ինքնահաւան էր՝ հաւանաբար, որովհետեւ չէր ընկրկեր, չէր կքեր, ծունկի չէր գար, չէր սխալեր, չէր ներեր, չէր լար…
Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ հիմա. երկու տարի ի՛նչ-ի՛նչ դժուարութիւններ տեսաւ այս օտար քաղաքին մէջ, դիմացաւ, զօրաւոր մնաց եւ զօրացուց շուրջինները, չխնայեց ո՛չ առողջութիւն, ո՛չ անձ, այլ գիշեր ու զօր աշխատեցաւ, որպէսզի չխորտակուի… հեշտա՞նք, տկարութի՞ւն, ասոնք խորթ էին իրեն համար, բայց ինչպէ՞ս տկարացաւ այս անգամ, ինչպէ՞ս յանձնուեցաւ ալիքին, ինչպէ՞ս թոյլ տուաւ այս ամենը…
Լացաւ, երկա՜ր լացաւ, ինչո՞ւ չէին եկած անցագրերը, որպէսզի այս բոլորը չպատահած՝ հեռանար ու ազատէր այս անիծեալ քաղաքէն, ինչո՞ւ այս անգամ Աստուած առանձին ձգեր էր զինք, այս ի՞նչ փորձութիւն էր, ինք կը հաւատար, որ նախախնամութիւնը միշտ փրկութեան հասած էր եւ այս երկար տարիներուն ընթացքին միշտ հետը եղած ու զօրացուցած էր զինք, չէր արտօնած որ ճզմուի կամ փշրուի, ո՞ւր էր այս անգամ, ինչո՞ւ առանձին ձգեր էր զինք:
Փորձութի՞ւնը մեծ էր, թէ ինքը տկար: Ձախողեցաւ այս անգամ կեանքի ու կամքի այս քննութեան մէջ, պատճա՞ռը, ի զուր փնտռեց հոս ու հոն, օտարութի՞ւնը, առանձնութի՞ւնը, ծանր պայմաննե՞րը, ի՞նչը, վերջապէս ի՞նչը մղեց զինք այս սխալին… ի զուր պատճառաբանութիւններ կը փնտռէր, ապա ինքնիրեն կը դատապարտէր՝ դո՛ւն ձախողեցար, դո՛ւն չյաջողեցար, փլաւ աչքիդ մէջ կուռքդ, զոր շիներ էիր քու անձիդ համար, ինքզինքդ անսխալ կը կարծէիր, կը յաւակնէիր, թէ դուն չես սխալիր, ի՞նչ եղաւ, կուռքը քանդուեցաւ, քանդուեցան անձիդ հանդէպ ունեցած համոզումներդ… ինքզինքը տիղմին մէջ թաղուած կը զգար այլեւս, ոչ մէկ բան կ՚արդարացնէր եղածը…

* * *

Դժուար եղաւ հարազատներէն բաժնուիլը, քրոջմէն ու ծնողքէն բաժանումը կը բզկտէր սիրտը, մօրը արցունքները կը խայթէին հոգին. ինչո՞ւ կը հեռանային իրարմէ, ի՞նչ էր այս անողորմ պատերազմը, որ ցիրուցան ըրած էր իրենց ընտանիքը…
Այս բոլորին հետ ամենէն ծանրը կը կշռէր իր սրտի կսկիծը, ամօթի ու մանաւանդ զղջումի զգացումը. ինչպէ՞ս կրնար մտքէն եւ կեանքէն յաւիտենապէս ջնջել այդ մէկ ամիսը, տղուն պատկերը ինչպէ՞ս կրնար հանել մտքէն, որ ամեն անգամ մեղքի ու յանցանքի զգացումը կը շպրտէր հոգիին մէջ. քանդուեր էր ներքնապէս, մեղքը կը տանջէր զինք, կը չարչրկէր հոգին, ինչպէ՞ս պիտի կարենար ձերբազատիլ այս արատէն, զղջումի զգացումէն…

* * *

Հեռացաւ դէպի նոր օտարութիւն. զօրացած էր կրկին. այս անգամ գալիքէն չէր վախնար, ասկէ գէշ ի՞նչ կրնար պատահիլ…։ Կը ցաւէր անցածին համար, սիրտը կը ճմլէր զղջումի զգացումը, պիտի կարենա՞ր արդեօք ինքիրեն ներել, պիտի կարենա՞ր ձերբազատիլ զղջումի այս հոգի կրծող զգացումէն ու խղճի խայթէն…

Թորոնթօ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *