ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ – ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆԻ ՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆԻ ԽԱՉԱՁԵՒՄԱՆ ԿԷՏԻՆ ՎՐԱՅ…

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Իմ գրասէ՛ր ընթերցող,
Վերջերս Վահէ Օշականի ստեղծագործական կեանքի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը՝ «Միջնարար»-ը (բեմադրիչ՝Հրայր Անմահունի) ղրկուեցաւ ինծի իմ լաւ ընկերներէն, յայտնի ջրանկարիչ բժ. Յարութիւն Արմէնեանի կողմէ: Յղացք մը՝ որ լուրջ փորձ մըն է վեր հանելու այս գրական քուրմի ստեղծագործական արժանիքներն ու գեղարուեստական կերպարը: Յատկապէս հետաքրքրական ու շահեկան էին Մարկ Նշանեանի ու Գրիգոր Պըլտեանի վերլուծումներն ու Continue reading “ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ – ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆԻ ՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆԻ ԽԱՉԱՁԵՒՄԱՆ ԿԷՏԻՆ ՎՐԱՅ…”

* * *

ԱԼԻՆԱ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ

Արգահատում եմ հորիզոնները հեռու լազուրի,
Որ մտքիս ճոճքին քմծիծաղելով օրօր են անում.
Տե՜ս բարձրանում եմ ծխնելոյզները արցախալեզուի՝
Ու ջերմութեանը սէր խոստովանում։ Continue reading “* * *”

ՎԱԽԸ

ԲՈՐԻԿ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆ

Ատելի է դարձել վախը անիծեալ.
Այն ծնում է խռովք ու խուճապ…

Վախն է բոլորիս պարտութիւն բերում,
Ամեն բանի մէջ սարդոստայն դնում: Continue reading “ՎԱԽԸ”

Եգիպտականք (Գ)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Այնուհետեւ օրերը նորանոր թելադրանքներ բերին Շամպոլիոնին, եւ ան յաջողեցաւ վերծանել եգիպտերէնի գրային համակարգի հնչիւնագիր մօտ 30 գրանշաններու՝ գրեթէ ամբողջութիւնը, եւ առ այս ան 1824-ին շարադրեց տեղեկագիր մը՝ ուղղուած եգիպտագէտներու:
Տպաւորութիւնը ցնցիչ էր, թէեւ քննադատներ ալ ունեցաւ անխուսափելիօրէն, որովհետեւ այնքան անակնկալ ու մեծ էր Continue reading “Եգիպտականք (Գ)”

«ՀԱՅԿ ՆԱՀԱՊԵՏ» ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Հայ գրողների միութեան Լոռու մարզային բաժանմունքում տեղի ունեցաւ բան. գիտ. թեկնածու Արմենուհի Դեմիրճեանի «Հայկ Նահապետ» գրքի շնորհանդէսը, որը վարում էր Վանաձորի պոեզիայի թատրոնի գեղղեկավար Ջիւան Սարգսեանը: Բացման խօսք ասաց մարզային բաժանմունքի նախագահ, բանաստեղծ Մանուէլ Միկոյեանը: Նախ, նրա խնդրանքով, ներկաները մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին Արցախեան 44-օրեայ պատերազմում եւ վերջին օրերին Հայաստանի Continue reading “«ՀԱՅԿ ՆԱՀԱՊԵՏ» ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ”

ԴՊՐՈՑ ԿԱ՞Յ

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

Շաբաթէ մը ի վեր լուր չունէինք իրենցմէ. հեռաձայնային գիծերը բոլորովին անջատուած էին, «սահման»ը գոց էր։
Պէյրութը կրկին անդամալոյծ վիճակի մէջ էր։

— Թռչուն չկայ ճամբաները. — մայրս է, վարագոյրը քիչ մը անդին հրած, գլուխը թեթեւ մը պատուհանէն դուրս` աջ ու ձախ` փողոցը կը դիտէ. մինչ ռմբակոծումը կը շարունակուի։ Continue reading “ԴՊՐՈՑ ԿԱ՞Յ”

«ԿԱՐ – ՉԿԱՐ»

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Կը նկատեմ, որ դիմացի կիսաւեր տան տանիքին վրայ, կուրծքը ցուիքի քարին սեղմած, գլուխը վեր տնկած՝ քարադոդոշ մը կը հանգչի։ Երկարօրէն, յուլօրէն։ Մենք քարթոշ կ՚ըսենք. սա սովորական ու փայլուն մորթով մողէզներէն աւելի մեծ է, սեւին տուող ծալք-ծալք մորթով ժանգոտած սողուն մը։
Կը յիշեմ, վա՜հ, մեր մանկութեան օրերու նոյն քարադոդոշն է կարծես։ Continue reading “«ԿԱՐ – ՉԿԱՐ»”