«ԱՄԱՆՈ՞Ր» ԵՍ, ԹԷ՝ «ՆՈՐ ՏԱՐԻ», ԱՅՍՊԷՍ ԿԱՄ՝ ԷՆՊԷՍ, ԴՈՒ ՆՈ՛ՅՆՆ ԵՍ, ԷԼԻ՛…

(Մեր հրաշք լեզուի երկու ճիւղերու համատեղութեամբ)

ՀՐԱՆԴ Մ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

«Պիտի գաս». կ՚ասեն,
թէ՛ մատղաշ տղերք, թէ՛ խոր ծերունիք,
օրօրոցի մէջ երեխէքն անգամ…

Պիտի գաս, գիտե՛նք, Continue reading “«ԱՄԱՆՈ՞Ր» ԵՍ, ԹԷ՝ «ՆՈՐ ՏԱՐԻ», ԱՅՍՊԷՍ ԿԱՄ՝ ԷՆՊԷՍ, ԴՈՒ ՆՈ՛ՅՆՆ ԵՍ, ԷԼԻ՛…”

ԱԿՆԱՅ ՀԱՅՐԷՆՆԵՐ

ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ
Այբ

Դուք ինձ հետ ոչ մի անգամ Ակն չեկաք, Ժամու աղբիւրից ջուր չխմեցիք: Սրբուհի մեծ մայրս մինչեւ մահը պնդում էր, թէ Նոր Տարուայ գիշերը, ով առաջինն է Ժամու աղբիւրից կուժը լցնում, աղբիւրը ջրի հետ ոսկի է տեղում:
Նա այնքան հաւատացած է եղել նախախնամական աւանդութեանը, որ ամեն Նոր Տարուայ գիշեր, սուրբ Նարեկայ եկեղեցու զանգերը Continue reading “ԱԿՆԱՅ ՀԱՅՐԷՆՆԵՐ”

ՈՉ ՄԷԿ ՀԱՐՑՈՒՄ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

հողին ու երկինքին ձայները միանալու երկունքին մէջ կը վառին
գոյութիւնն իրենց այսպիսով հարցադրումի մէջ կ՚իյնայ
ո՞վ է հարցում տուողը
պատասխանն ուրկէ՞ պիտի գայ
այս անունը կը տրուի ոչնչութեան սադրանքին
որ կուլ կու տայ յաւերժօրէն անկոտրում ախորժակով Continue reading “ՈՉ ՄԷԿ ՀԱՐՑՈՒՄ”

Այստեղ ժպիտը ի սրտէ է

ՎԱՀԷ ԹՂԼԵԱՆ

Երբ փոքր տարիքի դպրոցականներ էինք, քննութեան հարցումներէն մէկը այն էր, թէ ո՞ւր ծնած է Յովհաննէս Թումանեան։ Մենք՝ աշակերտներս քմծիծաղով սորված էինք այդ գիւղի տարօրինակ ու արտասովոր անունը ու երբէ՛ք չէինք կրնար մոռնալ.
— Դսեղ։
Տարիներու ընթացքին յաճախ լսելով Մեծն Թումանեանի մասին, մէջս Continue reading “Այստեղ ժպիտը ի սրտէ է”

ՔԱՄՈՒ ՈՂԲԸ եւ այլ բանաստեղծութիւններ

ԿՈՐԻՒՆ ՍԵՐԳՈՅԵԱՆ

Ամայի դաշտում քամին էր սուրում,
Ռունգերով հսկայ անդորրն աւերում,
Անսահմանութեան տրոփիւնը տաք`
Լցնում ցաւահար վայրենի հեւքով։
Նա մահուան տխուր մի երգ էր սուլում…
Թաւալւում էր թաց խոտերի վրայ,
Թափում էր ցօղը կակաչի սրտից,
Արցունքներ յորդում թերթերին պոկուող,
Բուրմունքներ առած` ահեղ մռնչում, Continue reading “ՔԱՄՈՒ ՈՂԲԸ եւ այլ բանաստեղծութիւններ”

ՀԱՄԲՈՅՐ եւ այլ բանաստեղծութիւններ

ԱԼԻՍԱ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆ

Ամեն օր
Նա իր սէրը նկարում է լուսամուտին
Եւ անձրեւը`
Մերկ աչքերի, մաքրում է սրտիկները.
Արդէն բոլոր եղանակներն էլ անձրեւոտ են։
Նա ամենուր նկարում է ձեռքեր,
Բայց ձեռքերը գիրկ չեն դառնում, Continue reading “ՀԱՄԲՈՅՐ եւ այլ բանաստեղծութիւններ”

Հայ առաջին կին շարականագիրները

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

«Կինը ստեղծուեցաւ այր մարդու կողէն։ Ո՛չ ոտքէն, որպէսզի նուաստացուի։ Ո՛չ գլուխէն, որ գերազանցէ։ Այլ կողէն, որպէսզի անոր քով ըլլայ։ Թեւին տակէն, որպէսզի պաշտպանուի։ եւ սիրտին կողմէն, որպէսզի սիրուած ըլլայ»։ (Ս. Օգոստինոս Հիպպոնացի)

Ե. դարու Եկեղեցւոյ ականաւոր հայրերէն Ս. Օգոստինոս Հիպպոնացիին կը վերագրուի այս բացառիկ գնահատականը, որ ան տուած է կնոջ մասին։ Ան կ՚առընչուի աստուածաշնչական արարչագործութեան պատմութեան հետ, որ իր ազդեցութեան գերազանց կնիքը ձգած է մարդու գոյութեան՝ Ադամի ու Եւայի Continue reading “Հայ առաջին կին շարականագիրները”

Եգիպտականք (Ե)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեր նախորդ յօդուածին մէջ ակնարկեցինք եգիպտերէն սորվողին առջեւ ծառացող դժուարութիւններուն, յատկապէս եգիպտական մեհենագիր բառերուն մէջ մտնող այն տարրերուն, որոնք պարտադիր մաս կը կազմեն անոր, միւս կողմէ՝ արտասանական ոչ մէկ արժէք ունին: Առ այս յիշել khepri-ն՝ որուն վեց մեհենագրերէն չորսը չեն արտասանուիր: Continue reading “Եգիպտականք (Ե)”

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

ԲԺ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Գրականութիւնը մարդկային մտքի ստեղծագործութիւնները գրաւոր կերպով զանգուածներուն ներկայացնելու արուեստն է. ան պարտի ըլլալ հարազատ արտայայտութիւնը ժողովուրդին հոգեմտաւոր ապրումներուն ու անոր բիւրեղացած զգացումներուն:
Գրական ըմբռնումով գրականութիւն չէ ամեն գրութիւն, ինչպէս նաեւ գրագէտ չէ ամեն գրքի հեղինակ: Գրականութիւն կը դառնայ երբ ան կը լրացնէ նիւթի, ոճի, մշակումի, կառուցումի ու այլ պայմանները Continue reading “ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ”

Կաղանդչէքը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Անհաւատալի բայց իրաւ»։
Վերնագիրս կրնար ա՛յդ ըլլալ։ Կրնար նաեւ ըլլալ «Աղուոր անակնկալ մը»։
Սակայն զայն «Կաղանդչէք» անուանեցի, որովհետեւ շատ հեռու չէինք ամանորէն, եւ այդ բառը կ՚արտայայտէ որոշ խորհուրդ մը. ունի նուէր մը ըլլալու հանգամանքը ։ Եւ վստահ եմ, որ զայն ինծի ղրկողն ալ ունէր այդ յետին նպատակը ։
Եւ ձեզ աւելի երկար սպասումի մէջ պահելու փոխարէն՝ պատմեմ պատմութիւնս, յետոյ դո՛ւք կրնաք որոշել, թէ ճիշտ վերնագիրը դրե՞ր եմ, թէ՞ ոչ։ Continue reading “Կաղանդչէքը”