Բանաստեղծութիւններ

Լօլա Գունտաքճեան

Երբ արուեստի մասին մտածեմ

Նախ եւ առաջ թանգարանի մէջ ըլլալը կը ներշնչէ.
Օրինակ՝ երբ Ալպէրսին գործերուն մասին մտածեմ
Իր նարնջագոյն քառակուսիները միտքս կու գան։

Մեծէն փոքրը, մէջ մէջի
Շերտերու պէս կամ տուփերու նման,
Կը տեսնեմ զանոնք աչքերուս առջեւ։

Կարծես երեկ էր որ այդ
Գործերը առաջին անգամ
Տեսայ ու հմայուեցայ։

* * *

Երբ երաժշտութիւն կ՚ունկնդրեմ
Օրինակ՝ Կանաչեանին Նանորը
Այդ քառաձայն crescendo-ն

Բարձրէն, ցած նօթերը
Ինքզինքս 20-րդ դարու սկիզբը կը գտնեմ
Ու կ՚երեւակայեմ ինչպէս էր իրենց կենցաղը

Կարծես երեկ էր որ այդ
Երգերը առաջին անգամ
Լսեցի ու դիւթուեցայ։

* * *

Երբ ճամբորդեմ
Օրինակ նոր վայր մը
Օդակայանին մէջ սպասելու ժամանակ

Թռուցիկի նման կարծես
Օդանաւին ծփալը թելերէ կախուած ու
Ապահով երկրագունդ վերադառնալը

Կը յիշեմ առաջին թռիչքս երբ փոքր էի։
Կարծես երեկ էր որ այդ
Զգացումները ապրեցայ առաջին անգամ։

Համաճարակէն առաջ՝

Քաղաքը վառվռուն
Համաճարակէն ետք՝
Քաղաքը վառվռուն։

 

Դուրսը

Դուրսը աղաւնի մը երգել սկսաւ ժամը 5-ին։
Գարնան հարստութիւնը այս է

Դուրսը նստած՝ շուքին
Ամառուան հարստութիւնը հոն է։

Դուրսը ծառերուն գոյնզգոյն
Տերեւներուն թոռոմիլ վկայելը
Աշնան փառքն է այդ։

Տունս՝ թոնիրի մը առջեւ
Հաց թխել
Ձմրան շքեղութիւնն է։

Անմահ զգալը այս բաներն են՝
Երբ չորս եղանակի մէջ կ՚ապրի մարդ։

 

Գաւաթ մը կարմիր

Գաւաթ մը կարմիր գինի
Գաւաթ մը՝ երկու,
Մէկ հատ մը եւս եղաւ երեք։

Պատերազմ մը եւս
Մարդասպանութիւն մը եւս
Ռմբակոծում մը եւս։

Տժգոյն երեւոյթ մը
Ճանապարհ մը
Համաճարակ մը եւս։

Ելոյթ մը
Նուագահանդէս մը
Երկրաշարժ մը եւս։

Արեւածագ մը
Մահիկ մը
Պատերազմ մը եւս։

Գաւաթ մը կարմիր գինի եւս։

Ձիւն՝

Ձիւն՝
Ու ես արթուն
Երկու ժամ մինչեւ արեւածագ.
Շուրջս աշխարհը կը քնանայ

Բայց ես արդէն արթուն եմ,
Անքուն եմ
Ու առանձին.

Ժամերով առանձին
Կը հսկեմ նիրհը
Շուրջիններուս։

Մորփէոս քովս նստած
Կարծիքներ կը տրամադրէ։

«Երբ նարտ կը խաղաս,
Ո՞ր լեզուով կը համրես.

Երազներդ
Ո՞ր լեզուով կը պատմես.

Իսկ յանցանքներդ ո՞ր լեզուով
Կը խոստովանիս»։

Ձիւն՝
Ձիւն՝
Ու ես արթուն

 

Սիրել

Որքան կրնանք զիրար սիրել
Երբ մեր աշխարհին վրայ կարճ
Տեւողութիւն մը կ՚անցնենք —
Թռուցիկի մը պէս, արեւածագէն
Մինչեւ արեւամուտի մը շրջանը,
Եւ երբեմն չենք կրնար նոյնիսկ
Հանդիպիլ սիրողի մը։
Խոլորձներէն բան մը սորվինք՝
Համասերել — երբ բոյսը վտանգուած կը զգայ,
Կը սերէ փոքրիկ մը՝ իրեն նմանող,
Արմատներով ու տերեւներով,
Որպէսզի նոր մարմինով կրկին ապրի։

 

Չունինք

Յայտնի է թէ ամէն դարու եւ ամէն երկրի մէջ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ ընկերական վիճակը եւ միջավայրը, կին մը՝ երբ արտասովոր մտաւորական ուժ մը ունի, առիթը կը գտնէ ինքզինքը արտայայտելու եւ իր կարողութիւնը յարգել տալու։
Զապէլ Եսայեան

Չունինք

Ունի՞նք թէ չունինք՝
Հայ կին գրողներու հաւաքածոներ
Հայ հերոս կիներու արձաններ
Ցաւօք սրտի՝ ո՛չ

Բոլոր հայ կիները ազատ չե՛ն
Ազատագրուած չե՛ն
Ուրախ չե՛ն միշտ

Հայ կին գրողները,
Մանրանկարիչները,
Քերթողները
Փոքր է իրենց թիւը բայց հզօր են՝

Իսկ մեր ցեղը ամե՛ն ինչ իրե՛նց կը պարտի։

 

Երբ նորերը կարդանք՝

Իրենց կը հարցնեմ —
Ինչու՞ միայն անգլերէն կը գրէք
Ինչու միայն անգլերէնով
Կ՚արտայայտուիք գրութեան մէջ
Երբ սահուն հայերէն կը կարդաք
Ու անսխալ հայերէն կը խօսիք։
Իսկ երբ հիները կը կարդանք
Բառարանի էջերուն մէջ կը թաղուինք
Յուսալով
Սորվիլ
Սուզուիլ
Գնահատել
Ու ողբերգեր գրել։

Նիւ Եորք

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *