Երէ՞կ էր, թէ՞ այսօր

ՆԱԶԱՆ Ա.

Դուռը զարնուեցաւ, յետոյ դռան զանգակին ձայնը լսուեցաւ, ապա դարձեալ դռան վրայ ձեռքի դանդաղ հարուածներ լսուեցան։
— Աղջի՛կս, դուռը բաց, մէկը կայ դռան ետին, — բարձրաձայն ըսաւ մայրս ներսի սենեակէն։
Դռան մէջտեղի փոքր ապակի պատուհանէն կնոջ մը գլխու շուքը կ՚երեւար։
— Կարծես անծանօթ կին մըն է, մամա՛, եկուր դո՛ւն բաց, — իսկոյն ըսի ես։
Մայրս արագ մը անկողնի փոխնորդ սաւանները թեւին շուրջ փաթթած՝ աճապարանքով մօտեցաւ դռան, պահ մը ապակի պատուհանէն դուրս աչք մը նետեց եւ բռնակը դարձնելով՝ զգուշութեամբ բացաւ դուռը։
— Օ՜, բարեւ Սառա, բարի եկեր ես Աղեքսանդրիա, օդերը տաքցան, վստահաբար արձակուրդի եկեր ես ընտանիքիդ հետ։ Ներս եկուր, յոգնած կ՚երեւիս, ե՞րբ հասար, գնացքո՞վ եկար, — հարցումներու շարանով մը մայրս ներս ընդունեց Սառան՝ ինծի համար  անծանօթ այդ աղջիկը։
— Ինչպէ՞ս է մայրիկդ, շատոնց իրար չենք տեսած, — շարունակեց մայրս։
— Տիկի՛ն Զապէլ, ո՛չ, արձակուրդի չեմ եկած, եկած եմ ձեր շէնքին մէջ ժամանակաւոր փոքրիկ յարկաբաժին մը ունենալու։ Կ՚ուզեմ ասկէ ետք հոս, ձեր քովը ապրիլ։
— Աղջիկս, — ըսաւ մայրս, — բայց… բայց ծնողքդ լուր ունի՞ այս որոշումէդ։
— Ո՛չ, տիկին Զապէլ, — կտրուկ պատասխանեց Սառան. — խնդրեմ իրենց տեղեակ մի պահէք, որ ես հոս ձեր մօտն եմ։
Մայրս կը ճանչնար երիտասարդուհին. հեռաւոր ազգականի մը աղջիկն էր Սառան, որ Գահիրէ կ՚ապրէր՝ իր մեծ ընտանիքին շքեղ յարկին տակ։
Առաջին նայուածքով մայրս նկատեց, որ Սառային կերպարանքը նոյնը չէր, ան շատ բարեկազմ երիտասարդուհի մըն էր, երբ տարիներ առաջ, մօրը հետ այցելութեան եկած էին մեզի։ Արդեօք լայն հագո՞ւստն էր եւ թեթեւ  կապոյտ մեծ կոճակներով վերարկո՞ւն, որ զինք այդքան լեցուն ցոյց կու տային։ Անշուշտ տարիները շատ բան փոխած էին իր տեսքէն։
Դէմքը աւելի գեղեցկացած էր, կուրծքերը հասուն նուռերու կը նմանէին, մազերը ուսերուն վրայ թափած՝ կարծես մետաքս թելեր ըլլային։
— Ե՞րբ հասար Աղեքսանդրիա եւ շուտ մը գտար մեր տունը, —  շուարած հարցուց մայրս, — Սառա, աղջի՛կս, դիր պայուսակդ այստեղ եւ պահ մը հանգստացիր։
— Մէկ ժամ առաջ հասայ մօտակայ գնացքի կայարանը, թաքսի մը առի, գիտէի ձեր տունը կայարանէն շատ հեռու չէր, գրեթէ տասնհինգ վայրկեանէն վարորդը զիս հասցուց այստեղ։
— Մինա՞կ ես, — հարցուց մայրս մտահոգ, — զգոյշ պէտք է ըլլալ այստեղ, շատ տեղացի անծանօթներ կան, չես գիտեր որքան մարդավարի կ՚ըլլան։
Ես, նստասենեակին մէկ անկիւնը նստած, մտիկ կ՚ընէի, կը  հետեւէի իրենց խօսակցութեան։ Յանկարծ մայրս դարձաւ ինծի եւ խնդրեց, որ ներս երթամ։
Ներսէն կը լսէի Սառային լացը, յուզումով կը պատմէր պատահարները։

* * *

— Համալսարանի առաջին տարիս էր, մտադրած էի եգիպտական հնութիւններու մասնագէտ դառնալ։ Փարաւոններու պատմութիւնները փոքր տարիքէս զիս շատ կը խանդավառէին, շատ լաւ սկսած էի ուսումնասիրել։
Նոր ծանօթացած էի համալսարանի միջավայրին, գերմանացի եւ ֆրանսացի դասախօսներուն, կային նաեւ մասնագէտ տեղացիներ, որոնք անուանի դարձած էին իրենց ուսումնասիրութիւններով։ Որոշած էի նոյնիսկ Վերին Եգիպտոս երթալ ու անձամբ այցելել Ապու Սիմպըլի կոթողական հնութիւնները։
— Շատ ուրախ եմ, — ըսաւ մայրս, — որ ընտրած ես սիրած ճիւղդ. արդեօք եկած ես  Աղեքսանդրիոյ համալսարանը այդ նոյն ճիւղէն ներս շարունակելո՞ւ  ուսումդ, — հետաքրքրութեամբ հարցուց մայրս։
— Տիկին Զապէլ, ձեր մտքէն բնաւ պիտի չանցընէք այստեղ գալուս պատճառը, մի քանի ամիսէ կը մտածէի ինչպէ՞ս պիտի համարձակէի ըսել ծնողքիս։ Որոշում կայացնելը ամբողջովին իմս ալ չէր, պարզապէս անմտօրէն ինկայ ցաւալի այս կացութեան մէջ…։
Մի քանի ամիս ետք ֆրանսացի դասախօսը առաջարկեց կարճ պտոյտ մը կատարել Լուքսորի հնութիւնները։ Ծնողքս փափաքիս ընդառաջեց, ճամբորդութեան եւ կեցութեան ծախսը հոգաց։ Միացայ ուսանողներու խումբին, շաբաթ մը պիտի մնայինք այնտեղ։
Տասնհինգ ուսանողներ էինք։ Առաւօտ կանուխ շոգեկառքը առինք, կէսօրին հասանք պանդոկ։ Բոլորս ալ խանդավառ էինք, նոյնիսկ ես քիչ մը յուզուած էի, որ տարիներու երազս կ՚իրականանար։ Ճաշէն ետք, Ֆրանսացի դասախօսը մեզ ընդունարան հաւաքեց եւ յաջորդ օրուան մեր օրակարգը բացատրեց։ Շատ խճողուած յայտագիր մը ունէինք մեր առջեւ, որ ժամ առ ժամ պէտք էր իրագործէինք։

* * *

Երեկոյեան ընթրիքի ժամն էր, մայրս առաջարկեց, որ Սառան շարունակէր իր խօսակցութիւնը մինչ ինք ընթրիքի սեղանը պիտի պատրաստէր։ Ուղղուեցաւ դէպի խոհանոց, որպէսզի պատրաստուած ճաշը բերէ սեղան։ Սառան իսկոյն ելաւ օգնելու մօրս։ Իսկ ես անմիջապէս սկսայ տեղադրել պնակները։
Դռան զանգը լսուեցաւ։ Վազեցի, բացի՝ կարծելով, որ հայրս էր վերադարձողը։ Կը սխալէի. ֆրանսահայ Մատամ Ասթրիտն էր, որ մեզմէ շատ հեռու չէր ապրեր։
— Պոն ափղէ միտի, սիղելինեղ, հոս չէ՞ մատամ Զապէլը, նող մակազինը ստացայ ֆղանսայէն, բեղի, ող մատամ Զապէլը տեսնայ, մէջը շատ աղուող հագուստնեղու մօտելնեղ կան։
Մայրս երբ լսեց մատամ Փըթի-Փըթիին ձայնը, իսկոյն դէպի տան մուտքը ուղղուեցաւ։
— Հրամէ, մատամ Ասթրի՛տ, մենք ալ պիտի ընթրէինք, միացիր մեզի։
Մայրս այս տիկինին նոր անունով մը մկրտած էր՝ «մատամ Փըթի-Փըթի», որովհետեւ արագ-արագ փոքր քայլելով, հանրակառքի Գլէոփաթրա կայարանէն կ՚ուղղուէր Սիտի-Կապեր կայարանի հրապարակը, այսինքն շիփ-շիտակ մեր բնակարանը։ Ան  նրբակազմ էր, միշտ պատշաճ արտաքինով, մազերը շտկուած եւ բաւական վայելուչ, «գոքեթ» արտաքինով. սակայն չափազանց շատախօս կին մըն էր։  Այս էր պատճառը նաեւ, որ երբեմն երբ հեռուէն կը տեսնէինք մատամ Ասթրիտին դէպի մեր տունը գալը մօրս հրահանգով փեղկերը անմիջապէս կը գոցէինք։ Մայրս դիտել կու տար՝ «այսօր Մատամը առնել-նստելու սիրտ չունիմ, շատ կը խօսի եւ երկար ժամեր նստելով ժամանակս կը խլէ, ահագին գործ ունիմ, դուք ալ դաս ունիք»։
Խեղճ Մատամ Փըթի-Փըթին, առանց յուսահատելու, մէյ մը զանգակը կը զարնէր, մէյ մը դուռը, եւ երբ դուռը բացող չէր ըլլար՝ ֆրանսերէնով բարձրաձայն «Մատամ Զապէլ, էթ վու լայ» կրկնելով սանդուխներէն վար կ՚իջնէր։
Մայրս ճաշասեղան հրաւիրեց բոլորս, մեզի միացան Մատամ Ասթրիտը եւ երիտասարդուհին՝ Սառան։ Հայրս այդ օր գործէն շատ ուշ պիտի հասնէր տուն։
Սեղանին շուրջ շատ տաքուկ խօսակցութիւն մը ընթացաւ, մայրս ներկայացուց Մատամը Սառային։
— Անշանթէ, Սառա, ես ֆղանսահայ եմ, տասը տաղի է Աղեքսանդղիա կ՚ապղիմ, ամուսինս գողծով եկաւ, դժբաղդաբաղ զաւակ չենք ունեցած, հիմա աղդէն տաղիքս ալ անցած է։ Մենք Մաղսելէն ենք, ֆղանսացիներուն մէջ լաւ մաղդիկ կան, շատ մըն ալ կինեղուն ետեւէն վազող….», — ու գլուխը շարժելով ծիծաղեցաւ։
Մայրս ներկայացուց Գահիրէէն մեր նոր ժամանած հիւրը. «Սառան եգիպտական հնութիւններու հետազօտող պիտի դառնայ, համալսարանի երկրորդ տարուան ուսանողուհի է, ապագայ խոստացող հայուհի, վերջերս վերին Եգիպտոս այցելած է»։
— Անշանթէ,  Սառա, պոն շանս քեզի, — անմիջապէս վրայ բերաւ  մատամը։
Խօսակցութիւնը ընթացաւ ընդհանրապէս Վերին Եգիպտոսի փարաւոններու Լուքսոր քաղաքին եւ հարուստ մշակոյթին մասին, որ հին ժամանակներուն Թեբէ (Thebes) անունով ճանչցուած էր եւ նկատուած իբրեւ աշխարհի մեծագոյն բացօթեայ թանգարանը։
— Ամուսինս եւ ես օղ մը պիտի փափաքինք այցելել Քաղղնաքի եւ Լուքսողի մեծ տաճաղները, կ՚ըսէն, թէ շատ էնթեղեսան են։ Կ՚ուզեմ նաեւ այցելել Թագուհինեղու հովիտը, ուղ մեծ թիւով թագուհինեղու եւ իշխանուհինեղու դամբաղանները կան եղեղ։
Այս խօսակցութիւնը կարծես հետզհետէ անտրամադիր դարձուց Սառան։ Մայրիկս նկատեց, որ ան գլուխը առաւ ափերուն մէջ եւ դադրեցաւ խօսակցելէ։
— Սառա աղջիկս, շատ յոգնած կ՚երեւիս, երկար ճամբայ կտրած ես, ճամպրուկդ ներսի սենեակը դրած եմ, ներս գնայ եւ հանգստացիր։ Մեծ ու փոքր անձեռոցներ ալ անկողինիդ վրայ են, կրնաս նոյնիսկ լոգանք առնել, ժամը բաւական յառաջացած է, — կացութիւնը փրկեց մայրս։
Ընթրիքի աւարտն էր արդէն։ Մատամը ուզեց մութը չկոխած քալելով տուն վերադառանալ, «մեղսի մատամ Զապէլ, շատ հաճելի եղեկոյ մըն էղ» ըսելով՝ դէպի դուռը  ուղղուեցաւ։
Յաջորդ առաւօտ մայրս եւ Սառան, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, լսեցի որ կը խօսակցէին ներսի հիւրասենեակին մէջ։ Սառան արցունքախառն աչքերով բաներ մը կը պատմէր մօրս։ Երբ զիս տեսան, ձայները մեղմացան։
Յաջորդ օրերուն մայրս Սառային հոգատարութեամբ զբաղեցաւ։ Ան կարծես անհանգիստ էր եւ ցաւերէ կը տառապէր։ Չէի գիտեր պատճառը Սառային երկար ժամեր անկողին մնալուն։ Սառան մեր տունը մնաց աւելի քան մէկ ամիս։ Մայրս յաճախ մեզի շատ ծանօթ Սառայի մօր հետ հեռաձայնով կապ կը պահէր, կը համոզէր, չեմ գիտեր ինչ պատճառ ունէր զինք համոզելու, Սառային հօր ներողամտութիւնը, կամ տէրհօր միջամտութիւնը խնդրելու։
Մէկուկէս ամիս ետք մայրս եւ Սառան շոգեկառքով մեկնեցան Աղեքսանդրիայէն։ Մայրս Գահիրէ մնաց մէկ լման շաբաթ եւ հօրս հետ կապ պահեց ամեն օր։

* * *

Տարիներ ետք միայն վերջապէս մայրս ինծի պատմեց Սառային մեզի գալուն պատճառը։ Սառան յղի մնացած էր ֆրանսացի գիտնական փրոֆեսորէն, երբ հետազօտութեան համար գացած էին Վերին Եգիպտոս։ Ան Թագուհիներու հովիտին մէջ բռնաբարած էր երիտասարդուհին՝ առիթ չտալով ինքզինք պաշտպանելու։ Երեք ամիս ետք անդրադարձած էր, որ կրնար յղի ըլլալ։ Դադրեցուցած էր ուսումը ու հեռացած համալսարանէն։
Մայրս առաւօտ կանուխ Սառան Իտալական հիւանդանոցի դարմանատունը տարած էր եւ անհրաժեշտ միջամտութիւնը կատարած էին։
Սառան երբեք նոյնը չէր այլեւս։ Յաճախ ամառները Աղեքսանդրիա կու գար, եւ միասին կ՚այցելէինք թանգարանները, Աղեքսանդրիոյ հին գրադարանը, Յունա-հռովմէական թանգարանը, հին հռոմէական ամփիթատրոնը, Աղեքսանդրիոյ ազգային թանգարանը, Քաիթպէյի ամրոցը։
Տարիները թաւալեցան, մեր կապերը խզուեցան, բայց Սառային ու Սառաներուն դառն փորձառութիւնները հետզհետէ աւելի այժմէական դարձան…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *