Հոկտեմբերի 20-ին Կոմիտասի անուան պանթէոնում բացուեց Համօ Սահեանի կիսանդրին: Հեղինակը քանդակագործ, ՀՀ վաստակավոր նկարիչ Տիգրան Արզումանեանն է, ճարտարապետը՝ Հայկ Ասատրեանը: Կիսանդրին բացեցին բանաստեղծի որդին՝ Նայիրի Սահեանն ու Տիգրան Արզումանեանը:
Նայիրի Սահեանն ասաց, որ իր համար ե՛ւ պատուաւոր օր է, ե՛ւ ծանր: Continue reading “ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ՝ ՊԱՆԹԷՈՆՈՒՄ”
«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Ե.
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Այս անգամ պիտի գրեմ արդէն տարիէ մը աւելի գրասեղանիս կողքի դասաւորման սպասող գիրքերու շարժական ու ճաղաւոր «շտեմարանէս» ինծի ծուռ-ծուռ նայող երկու գիրքերու մասին ։ Ի՞նչ մեղքս պահեմ, երբ ուրիշներ արդէն իսկ կ՚անդրադառնան նոր գիրքի մը հրատարակման, կը վարանիմ ես ալ բան մը գրելու։ Ընթերցողը տեղեկացուած կ՚ըլլայ, կրնայ ձեռք ձգել, կարդալ գիրքը։ Ուրեմն այս Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Ե.”
Մեր ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2023-ի թիւը
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2023-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Կապոյտ մեղեդի ջութակի համար
Յուսիկ Արա
Աշուն: Օրացոյցին` 19, 21, 25…
Սեպտեմբերեան օրեր են` դառն ու աղի:
Մի՛ ընկիր, ոգիս,
իմ թռչուն` տրուած ի վերուստ.
մենք շրջելու ենք դեռ ջրերի վրայ խաղաղ, Continue reading “Կապոյտ մեղեդի ջութակի համար”
Փառքի երախին
Նորա Պարութճեան
մենք այսահար զոհերըն ենք սին փառքին
քանի մեր սէրը սկիզբէն եւ ետ
դաւաճանի անոր արեան
կեանքի իր բաժինը նուիրեց Continue reading “Փառքի երախին”
Լռութիւնն է իմ լեզուս
Նորա Պարութճեան
վաճառական չէ հոգիս
մրցումին մէջ տեղ չունիմ
յաղթելու համար
դիմադրողի պէտք չունիմ
ժամանակի քարտէսին վրայ Continue reading “Լռութիւնն է իմ լեզուս”
Աղէտ
Յարութիւն Պէրպէրեան
Անցիր քաոսին, խաժամուժին ընդմէջէն,
անցիր խժալուր աղմուկին մէջէն,
փորձէ չշնչել մարմիններուն
ճենճերումի հոտը խեղդող,
որ աւելի քան դար մը առաջ
անհաւատալի տարողութեամբ Continue reading “Աղէտ”
Միշտ ապրող էջեր — ՄԷՀՄԷՏ ԷՖԷՆՏԻԻ ՀԵՏ
Ռուբէն
Ընթերցողին կը ներկայացնենք Ռուբէնի (Մինաս Տէր Մինասեան) յուշերէն վերցուած այս էջերը, ուր ան կը պատմէ 1908-ին Վանի մէջ կայացած ուշագրաւ հանդիպման մը մասին հայազգի ոստիկանապետ Մէհմէտ էֆէնտիին հետ, որուն նախապէս հանդիպած էր նախորդ տարին Մշոյ մէջ։ Նշենք, որ Մէհմէտ էֆէնտիի կերպարը ընդգրկուած է նաեւ Խաչիկ Դաշտենցի «Ռանչպարների կանչը» վէպին մէջ որպէս «մանազկերտցի վարժապետ պարոն Աւետիս», որ դաւանափոխ կ՚ըլլայ եւ կը դառնայ ոստիկան Մէհմէտ էֆէնտի։ Ազգային տագնապի այս բախտորոշ օրերուն տեղին է անգամ մը եւս կարդալ այս էջերը, որոնք իւրատեսակ լոյս կը սփռեն ներկայ իրադարձութիւններուն վրայ։
Հորիզոն գրական
Մէհմէտ էֆէնտիի մօտն եմ։ Նոյն հսկան է, թիկնեղ բարձր, կուրծքը դուրս Continue reading “Միշտ ապրող էջեր — ՄԷՀՄԷՏ ԷՖԷՆՏԻԻ ՀԵՏ”
ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Ա.)
ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
ՍԱՂՄՈՍ 1
Ագահութեան գերի եւ անգոհաբան էակ,
դուն կը յիշե՞ս, թէ դրախտ մը ունէիր, որ ապականեցիր ու կը շարունակես ապականել…
Ապշեցուցիչ է քու հանճարիդ մոլորումը:
Դուն պիտի տառապի՞ս որ արարչութիւնը հասցուցեր ես իր փրկութեան սպասումին: Continue reading “ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Ա.)”
Ջուր եւ ջրապաշտութիւն
Բժ. Օհան Թապագեան
Իրերու սկիզբէն ի վեր մարդկային մտածումը իր իմաստասիրական առաջին պրպտումները ջուրերուն խորերը փորձեց: Եգիպտական դիցաբանութեան մէջ սկզբնական տարրը ջուրը եղած է Նուն անունով:
Աստուածները ծնան Տիամատ վիշապէն, որ անսահման ծովն է: Ամերիկայի բնիկներէն շատերուն համար թշնամի տարրը, ուրկէ պէտք է կորզել աշխարհը՝ ջուրը եղած է: Այս բոլոր վարկածները կը պարունակեն Continue reading “Ջուր եւ ջրապաշտութիւն”