«ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆՍ ԳԱՂՏՆԻՔԸ»

Մարուշ Երամեան

ո՛չ չկրցար կլլել մարսել ընդունիլ
գոնէ մոռնալ
երբ ամեն պահ շուրջդ էինք դիմացըդ
մահիկին պէս
որ առաջին օրէն իսկ
կը տեսնէիր քեզմէ անկախ գիրքիդ մէջ
ու չկրցար ընդունիլ որ հակառակ
բոլորանուէր քու ջանքերուդ մնացինք
առկայծ ճրագը արուեստի գիտութեան
աչքիդ բացուած լուսարձակի մը նման
քեզ տարօրէն յուզեցինք
կրնաս ջարդել կրկին կրկին ապահով
որ աշխարհը կրկին միւս կողմ կը նայի
կրնաս առնել մեր անտառները թխպոտ
եւ հողը մեր ուր արիւնը չի հանգչիր
դուն աչքածակ բորենի
անմահութիւնը գիրն է մեր ճակատին
անկէ ծնած տառապանքդ
քեզ խենթութեան հասցնող բայց մեզ զինող
համբերութեամբը Յոբին
ինքնաճանաչ ինքնահաստատ ինքնածին
ուր ալ ըլլանք որ ցամաքին կամ ծովին
անապատին թէ ապատին աննշան
պիտի մնանք աչքիդ գերանը հսկայ
որմէ նայուածքդ շլացած կը սեւնայ
պիտի մնանք ու մեզի հետ դուն անշուշտ
դուն որ փաստն ես անմահութեան մեր անպարտ
պիտի մնանք թէկուզ խաչուած խոշտանգուած
հողը մերն է գիտե՛ս դուն
եւ արիւնը որ հոն միշտ կը պղպջայ
պիտի մնայ մինչեւ ոստը բերանին
աղաւնին վերադառնայ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *