Մարուշ Երամեան
ղուրապն էր որ հնձեց
բոլոր ձայները
եւ լեռները
որոնք կ՚երգէին փառաբանութիւնը
բնութեան
պապանձուած լռեցին
ա՛լ չենք հարցներ
ո՞վ էր որ եկաւ ուրուի պէս
ուրուականի պէս
գէշի պէս
եւ հնձեց բոլոր երգերը գալիքին
երկիրը ամայացաւ
լեռները հրկիզուեցան
ու մնաց մէկը վաղուան հունձքին համար
կոյր թլուատ եւ անկարող
մնաց միայն մարգարէն
երգիչը կոյր
հաւատացեա՜լ
որ կը սպասէր գալիքին
զոր կը տեսնէր գոց կոպերուն տակ պայծառ
պայծառութեամբ անէծքի
կը թափառէր ու կը սպասէր
միջոցին մէջ միակ թակող ասային
սրտին վրայ բռնած երդումը ահեղ
գահավիժող լեռներուն
ոչ ոք որ հաւատար իրեն
իր լռած խօսքերուն
միայն անէծքն էր հողերուն
որ կը փայլէր երեսուն արծաթի
հմայքով
ի՛նքն էր միայն հաւատացեալ լեռներուն
իրեն չափ կոյր
եւ իրեն պէս
սպասող գալիքներուն
*) ղուրապ — ագռաւ (արաբերէն)