ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Կանթե՛ղը, վառած է կանթեղը,
Ձէթ չկայ, վառած է կանթեղը.
Սեւոցք ոռնոցի մէջ գիշերուան
Նոր մանուկ, նոր պատրոյգ կ՚երեւան։ Continue reading “ԱՐՑԱԽ”
Բանաստեղծութիւններ՝ չափածոյ կամ արձակ
Կանթե՛ղը, վառած է կանթեղը,
Ձէթ չկայ, վառած է կանթեղը.
Սեւոցք ոռնոցի մէջ գիշերուան
Նոր մանուկ, նոր պատրոյգ կ՚երեւան։ Continue reading “ԱՐՑԱԽ”
Կը մխայ Երկիրը լռութեան հրդեհի մէջ
Երկիրը՝ պատմութեան շոգի,
Կիրակնամուտի խնկաման՝ շպրտուած
Աւերուած խորանի շեմին.
Այնտեղ հացն է անբորբոս ու բազմադարեան
Քրտնաթաթախ շնչող, արեւելում Բանի,
Երկիրը պիտի չմայրանայ այլեւս
Երկիրը կ՚երգէ իր նոր անտունին։ Continue reading “ԳՈՅԱՍՈՒԶՈՒՄ”
ՄԷԿ
Քորոնա
ԵՐԿՈԻ
Առաջինը դուն ես,
Երկրորդը չկայ… Continue reading “ՔՈՐՈՆԱ — Տասը երգ (2019-2020)”
մահուան վախը հաճոյք մըն է մանկական
շնիկի պէս
իրեն տուած չարչարանքէս
չի գիտեր ուր խուսափի
եւ դեռ կ’ուզէ իմ խաղերուս տակ սմքիլ
հպատակիլ իրեն տուած ցաւերուս Continue reading “ՄԱՀՈՒԱՆ ՀԱՃՈՅՔԸ”
կը զարնուի կը զարնուի երկաթներուն ձողերուն
ու յուսահատ սիրտը կոտրած ծունկին վրայ կը կքի
կը կրկնէ
քանիերորդ անգամն է այս
չի համոզուիր
չի հասկնար Continue reading “ՊԻՏԻ ՉԾՆԻ”
Դուն, Տէր, յաւերժ կը դիմես ինծի,
նոյնիսկ երբ ներկայ չեմ քեզի համար:
Դուն կը դիմես ինծի,
նոյնիսկ երբ կը կարծեմ,
թէ դուն բացակայ ես:
Դուն միշտ եւ առանց ձանձրանալու
եւ յոգնելու կը դիմես ինծի,
այլապէս պիտի դադրէի ըլլալէ:
Դուն է, որ զիս կը բռնես կեանքին մէջ
եւ կեանքին համար: Continue reading “ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ”
Մայրիներու շուքին տակ,
Բարակ աղջիկ մը խանդոտ, կը վազվռտէ հերարձակ.
Նորափթիթ հոգւոյն մէջ՝
Կոկոններ վառ, դողդողուն
Ու երազնե՜ր փողփողուն։ Continue reading “Մայրիներու նախերգանք”
ա.
«չեմ կրնար շնչել,
այ մարդ.
հաճիս.
չեմ կրնար շնչել:
հաճիս, ծունկը վիզիս մէջ,
չեմ կրնար շնչել… Continue reading “(ներ)շնչում (ա-բ-գ-դ)”
պիտի քալեն փոշիները չհասկցուած ճամբաներու մայթերէն
ու ոչ մէկը դիմացէն հարցումով մը պիտի դպնայ ուսերնուն
պիտի տեսնեն բերանքսիվայր մրմռացող ցոլքերը
ու ձայներուն ափերը՝ աղմուկներէն ածխացած
կողպ կուրծքի արձանին տակ հով՝
պիտի շարժեն չորցած գնդիկները արիւնի
անոնց սմքած ուղեղները այլեւս
չեն գիտեր ե՞րբ
սիրաբանիլն ու սիրելը նոյնն էին Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”
Բանասիրական գիտութիւներու թեկնածու,
Արցախի պետական համալսարանի դասախօս, լրատւութեան եւ հանրային կապերու բաժնի պետ
Այնտեղ՝ հեռաւոր այն գիւղում, մի հողաթումբ կայ, որը միշտ սպասում է խոնարհուող զոյգ ծաղիկների,
Այնտեղ՝ այն հեռաւոր գիւղում, մի այգի կայ, որի նռնենիները սպասում են սիրող ձեռքերի խնամքի, Continue reading “ԱՄԱՆՕՐԵԱՅ ԱՂՕԹՔ”