ԳՈՅԱՍՈՒԶՈՒՄ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Կը մխայ Երկիրը լռութեան հրդեհի մէջ
Երկիրը՝ պատմութեան շոգի,
Կիրակնամուտի խնկաման՝ շպրտուած
Աւերուած խորանի շեմին.
Այնտեղ հացն է անբորբոս ու բազմադարեան
Քրտնաթաթախ շնչող, արեւելում Բանի,
Երկիրը պիտի չմայրանայ այլեւս
Երկիրը կ՚երգէ իր նոր անտունին։
Ճշդուած են սահմանները՝ ատամնաշար գայլի
Խօլ պատմութեան մութէն նոյն ոռնոցն է նորէն,
Գերճնշուած աչք՝ ադամամութի ճեղքուած
արգանդին
Կաթնագոյն երազի խոշտանգումը կարմիր
Կը ցցուի կրկին։

Կանգնած բարձրաճակատ՝ շոգիին մէջ Երկրի
Գիտէ՛ որ արեւը պիտի գոյատեւէ.
Ոչ զոհ է, ոչ հերոս, ոչ նահատակ, ոչ քուրմ,
Միայն պատարագիչը ազատութեան տօնի։
Հեռուն լեռնաշղթայ եւ միտք խանձող գիշեր
Քովը՝ կիսալեռը իբրեւ ռազմատորմիղ,
Խրթին հարցերուն դէմ՝ պատասխանն է միակ
Օ գերագոյն սինիզմ։

Եւ ինչպէ՛ս բռնել
Ո՞վ պիտի նկարագրէ ազատութեան հիւլէն,
Կիսաբաց դարպասներուն ցնցումներով լարուած
Ճանկռտելով ներկան, խտացնելով այդտեղ
Լուսարձակո՛ւմը նայուածքի,
Երբ շեշտակի նայուածքի մէջ դահիճը
զոհ կը դառնայ
Եւ յանցապարտը՝ դահիճ։

Ո՞վ մեռաւ, ուրիշ ո՞վ մեռաւ անցեալ ամիս…

Ծաղկեալ ծիրանին իր հայեացքը թեքեց
Եփրատի կոկորդը խզեց եղերգը հին.
Եղիցի լո՜յս
Ճամբան կորսնցուցած անապատին մէջ
Դողահար ոսկորներ արցունք ծորեցին։

Տեղ մը հացթուխը իր թոնիրը վառեց
Իսկ խաղողը ճմլեց ստինքներն իր հիւթեղ,
Եւ ծիրանին՝ խոշոր իր կարմրած աչքով
Խեթ խեթ նայեցաւ արեւու նոր գահին,
Շինականը պատռեց հողի կուրծքը ծաւի
Եւ երկինքը դիտեց եւ նայեցաւ հողի՛ն։

Կանգնած են բազմաճակատ՝
տքնանքին մէջ հողի,
Կանգնած են միաճակատ՝
այդ երկունքի կողքին։
Կանգնած է գերհզօր՝ հազար անգամ դրուած
Շիկացնող մահուան սալ ու կռանի միջեւ
Կանգնած են բարձրաճակատ,
կիսաբաց շրթներով
Ազատամարտիկները մեր։

Ոչ ոք չի կրնար այստեղէն դուրս գալ ուր մենահեռաւոր կէտերը կը միանան։ Անյայտ շղթաները որ Եղեռնը դրաւ՝ պիտի խշրտան, պիտի հոգիդ վառի ուզես կամ չուզես, շքեղ ծիրանին միականի դառնայ, խաղողի ճղիկը ճչայ հնձանի մէջ, ու ցորենը համրօրէն իր մարմինը բաժնէ, քարի պէս կանգնած ցուլերու ականջին ինը զանգակներ մինչեւ ղօղանջեն։

Ո՞վ լսեց սոյլը վերջին վանկի
Սկիզբ ու վերջ չունեցող քամին հրաթեւ։

Արեւմարը փռեց ոսկի սաւանը
Եւ կարմիր ու կապոյտ լանջախաչեր դրաւ
Այրի Երկրի կուրծքին.

Երկիրը այս անգամ չերգեց Տէր Ողորմիան
Կը շնչէ Երկիրը լռութեան հեղեղի մէջ։

Նիւ Ճըրզի

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *