ԱՐՑԱԽ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Կանթե՛ղը, վառած է կանթեղը,
Ձէթ չկայ, վառած է կանթեղը.
Սեւոցք ոռնոցի մէջ գիշերուան
Նոր մանուկ, նոր պատրոյգ կ՚երեւան։

Աստուա՜ծ, խնայէ քաջերուն
Որ փշրեն շղթաները բռնութեան.
Խաչուեր են գերհերոս հազարնե՜ր
Հողը՝ երկունք, հողն երկիւղ բազմադարեան։

Վառա՛ծ է կանթեղը, կանգներ են լեռները
Ընդդէմ լուռ, շահամէտ աշխարհի.
Բացուած է գուբը եւ հիմա
Կանթե՛ղը լոյս կու տայ արեւին։

Թող զոհուած հօր զաւակներուն
Անոր կեանքը՝ ծիածաններ կամարէ,
Այրիացած իրենց մօր սրտին
Տղոց կեանքը խինդ խնկարկէ։
Թող մայրերու կսկիծն անհուն՝
Թէ՛ մանկութեան օրօրներուն
Թէ՛ ողջերթի համբոյրներուն
Անուշութիւնը պարուրէ։
Մատղա՜շ տղաք, կեանք չտեսած՝
մահուան հարուածը տեսան։
Եւ հայրերու նայուածքը լուռ
Իրենց զաւկին պատկերին դէմ
Հպարտ զգայ, բայց նաեւ փղձկայ։
Եւ թող ազգին մեր աներկբայ
Ալեկոծուած դրօշակը
Դափնիներու սուգի կողքին՝
Յաղթանակի երգ ու փառքով
Արփահեղեղ ծածանի։
Յաւերժօրէն ծփայ, ծփա՜յ,
Դիւցազնածին մեր Արցախին
Պահպանիչի՜ օրհնանք տեղայ։
Խաղաղութի՜ւն, Երկիր.
Քանի՛ սերունդ երկնեցին քեզ,
Տո՜ւր մեր ցաւին՝ խաղաղութիւն,
Արիութեան՝ նոր խնդութիւն,
Մեր տուներուն՝ խունկ ու գինի,
Սահմաններուն՝ անխախտելի խաղաղութիւն։
Եւ տո՛ւր կրկին՝ արնաթաթախ ազգիս հայոց
Լուսաշաղախ հոծ խորհուրդիդ
Հաղորդութիւնն անվերջալոյս։

Հոկտեմբեր 2020
Նիւ Ճըրզի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *