ՔՈՐՈՆԱ — Տասը երգ (2019-2020)

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

ՄԷԿ
Քորոնա

ԵՐԿՈԻ
Առաջինը դուն ես,
Երկրորդը չկայ…

ԵՐԵՔ
Ջուրը տունն է, կը հոսի
Լոյսը տունն է, կը վառի
Մարդը տունն է, բայց մարդ չէ…

ՉՈՐՍ
Անծանօթ էիր՝ ծանօթներ դարձանք,
Յետոյ եղար միակ հարազատ…
Ծնող, բարեկամ հեռու վանեցիր,
Կը պառկինք-կ՚ելլենք միայն քեզ գրկած…

ՀԻՆԳ
Հինգ ենք տունը,
Մինչեւ գալդ մարդ էինք,
Գործ ու երազ, խինդ ու թախիծ ունէինք…

Հիմա արդէն մենք նոյնը չենք,
Անհետանալուդ համար աղօթքներ կ՚ընենք…

ՎԵՑ
Երկու անգամ երեք վեց կ՚ընէ…
Քորոնա անգամ Քորոնա միլիոն ու կէս եւ աւելին կ՚ընէ…

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ…

Ապրիլը եկաւ-անցաւ, 24-ն ալ տարաւ…
Հիմա մայիս է, բայց կեանքը Տէր Զօր է…

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ…

ԵՕԹԸ
Կապոյտ երկինքը ծուէն-ծուէն ամպեր ունի,
Ամպերը գոյն ունին, սպիտակ են,
Մեր օրերը իրենց գոյնն ալ կորսնցուցին,
Առաջ ծիածանի եօթը գոյներ ունէին,
Հիմա անգոյն են, անկարեկից, անսէր…

Քորոնա, դուն գոյն ունի՞ս…

Ապրիլդ մահս է, գիտէի՞ր…

ՈՒԹ
Ութ ըսի՝ թութ յիշեցի…
Արցախի հիւթեղ թութերուն համը վերյիշեցի…
Թութի օղի միայն հոն խմեցի,
Եւ կարծեցի որ կեանքս թութի պէս համով պիտի անցնի…

Արցախի մէջ, թութի օղի խմեցի, անմահութիւն զգացի…

Թութերը հոն հասունցած են, ինծի կը սպասեն,
Բայց դուն աւելի շուտ եկար, Քորոնա…

Անմահութիւնը շա՜տ հեռուն մնաց…

ԻՆԸ
Ծառերը ուրախ են, կ՚երգեն-կը սուլեն՝
— Շնորհակա՜լ ենք, Քորոնա…

Ճամբաները իրենց համար երջանիկ պտոյտներ կ՚ընեն՝
— Կեանքդ երկա՜ր, Քորոնա…

Մրջիւնները նոր իմաստութիւն են ձեռք բերեր,
Ուր որ է պիտի թռչին կարծես՝
— Փառքդ շա՜տ, Քորոնա…

Մարդը, բոլոր մարդերը տարակուսանքի մէջ են՝
— Կ՚ապրի՞նք, թէ՞ արդէն մեռած ենք…

ՏԱՍԸ

1 Անէծք
2 Անէծք
3 Անէծք
Անէծքներով նոր երազներ կը հիւսես…

1 Մահ
2 Մահ
3 Մահ
Մահերով նոր մահեր կը ստեղծես…

Եկար Երկիր, որ բազմանա՞ս…
Մարդերը քշես, միայն դո՞ւն մնաս…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *