ՑԱՆԿԱՄ — ՏԵՍՆԵԼ — ԶԻՄ — ԱՐՑԱԽ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

ասկէ յետոյ ճար չունիս
եկուր կախուէ պարանոցէս
նուռի տեսքով
քարտէսի
խաչքարի ու զանգակի երեւոյթով
այբէն մինչեւ օ-ֆէին պէս Մեսրոպին
որ վաղուց է գիտէ ճօճուիլ ճամբաներու երկայնքին

քեզ օրօրեմ մաշկին վրայ
ծակծկած իմ ուղեղիս
տուտուկային
որ ըլլալէ չդադրելու ճիգերով
կը սւսւայ ձայնալարով քաղցկեղի

Արցախ
կամ դուն ես որ խաբեցիր
կամ ես քեզի անտաշօրէն նենգեցի
հիմա գիտեմ ինչ է յետոդ
ոռնոց մը մինակ գայլի
պոչը փորին փակցուցած շան նւնւոց
որ արդէն իսկ սկսած է խանդով մ’հին
սովորութեամբ ծինային
դառնալ փառերգ մարտական,
հերոսապար բարձրարուեստ
բազմալեզու ֆիլմաշար
զոր պիտ՚ դիտենք գործէն յոգնած տուն դարձին
թաթխուելով փոշիացող գիրքերու էջերուն մէջ բազմաշերտ

հակած գլխի ծռած վիզի յոխորտանք
լեռներու արհամարհանք
որուն աճող բարկութենէն
ոտնահետքերս ուր թաքնուիլ չեն գիտեր

Արցախ
ինչպէ՞ս ծնար ինծի պէս մուկ
որ պոչովը զայրոյթդ տարուբերէ
ըսէ ինծի՝ դո՞ւն ես թէ՞ ես որ արժանի չէ միւսին

վտարէ զիս քարերէդ
որոնց ծիծը բերանս առնել չուզեցի

Փարիզ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *