Մեր ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2020-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող, «Հորիզոն գրական»ի 2020 դեկտեմբերի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ՉԸՆԴՀԱՏՈՒՈՂ ԹՌԻՉՔ, ԱՆՀԱՇՈՒԵԼԻ ՕՐԵՐ…

ՎՈՎԱ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Պատերազմ կայ, որ աշնանը գալիս է՝ տերեւաթափի փոխարէն կեանքաթափ անելով երկիրը: Այս աշունը այդպիսին էր: Լուռ, անխոստում:
Պատուհանի մօտ մնացած երազանքներ, հողի հետ խառնուած արիւն ու գրքերի թաց էջեր: Աչքերի անհաշուելի բազմութիւնից գլորւում են յոյսի կաթիլները: Արցախն ապրել է ուզում: Անընկճելի որդիներն իրենց ձեռքերով են պահում մի բուռ Արցախը: Այդ բռի մէջ կեանք կայ: Աննուաճ ոգի ու յաղթանակի սպասող թռչունների թռիչքում անվեհերութիւն է։ Continue reading “ՉԸՆԴՀԱՏՈՒՈՂ ԹՌԻՉՔ, ԱՆՀԱՇՈՒԵԼԻ ՕՐԵՐ…”

Թմկաբերդի առման երկու տարբերակ

ԱՐՔՄԵՆԻԿ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ

Յովհաննէս Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» պոեմը թերեւս նրա ամենակատարեալ երկն է: Գրուած լինելով Թումանեանի ստեղծագործական կեանքի ամենավճռորոշ եւ, ըստ էութեան, բեկումնային 1902 թուականին, այս պոեմը զարմանալիօրէն ներդաշնակում է երիտասարդ Թումանեանի ստեղծագործական յախուռնութիւնն իր ամբողջ գրաւչութեամբ եւ հետագայ տարիների հասուն Թումանեանի իմաստնութիւնն ու ստեղծագործական թաքնատեսութիւնն ու ենթատեքստայնութիւնն իր ամբողջ խորհրդաւորութեամբ ու առեղծուածայնութեամբ: Այլ խօսքով՝ այն Continue reading “Թմկաբերդի առման երկու տարբերակ”

ՑԱՆԿԱՄ — ՏԵՍՆԵԼ — ԶԻՄ — ԱՐՑԱԽ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

ասկէ յետոյ ճար չունիս
եկուր կախուէ պարանոցէս
նուռի տեսքով
քարտէսի
խաչքարի ու զանգակի երեւոյթով
այբէն մինչեւ օ-ֆէին պէս Մեսրոպին
որ վաղուց է գիտէ ճօճուիլ ճամբաներու երկայնքին Continue reading “ՑԱՆԿԱՄ — ՏԵՍՆԵԼ — ԶԻՄ — ԱՐՑԱԽ”

Փոքրիկ Հայաստան (Բ)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
4 — Վահան Փափազեան

Իր մէջ Հայաստանէն պատառիկ մը կրէր նաեւ Վահան Փափազեանը՝ «Կոմս» վերանուանեալ, որ թէեւ ծնած էր արեւմտահայ ընտանիքի մէջ՝ ի Թաւրիզ, սակայն կեանքի առաջին տասնամեակները անցուցած ու գործած էր արեւելահայ միջավայրի մէջ, ուր պիտի վերադառնար աւելի ուշ եւս:
Ան կը բնակէր Ճեմարանի գլխաւոր դարպասին ճի՛շդ դիմացը, հազիւ տասը մեթր անդին, ծառերով շրջապատուած փոքրիկ ու հանդարտ Continue reading “Փոքրիկ Հայաստան (Բ)”

Ասանկ բաներ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Ծերանում ենք, Պարոյր Սեւակ,
ծերանում ենք, սիրելիս..»

— Կարծեմ իրաւունք ունէիր, երէկ մէկ տոպրակ հոն մոռցանք,— ըսաւ կինս այս առաւօտ, երբ անդրադարձաւ, որ շուկայէն մեր գնած մթերքներէն ոմանք կը պակսէին։
Բայց կ՚արժէ, որ պատմութիւնը սկիզբէն պատմեմ, որպէսզի աւելի յստակ ըլլայ դիպաշարը։ Continue reading “Ասանկ բաներ”

* * *

ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Յիշողութիւնս
աչքեր ունի,
որ մնացել են
մեր գիւղի ճամբին
եւ սպասում են
ուշացող վերադարձիս… Continue reading “* * *”