Փոքրիկ Հայաստան (Բ)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
4 — Վահան Փափազեան

Իր մէջ Հայաստանէն պատառիկ մը կրէր նաեւ Վահան Փափազեանը՝ «Կոմս» վերանուանեալ, որ թէեւ ծնած էր արեւմտահայ ընտանիքի մէջ՝ ի Թաւրիզ, սակայն կեանքի առաջին տասնամեակները անցուցած ու գործած էր արեւելահայ միջավայրի մէջ, ուր պիտի վերադառնար աւելի ուշ եւս:
Ան կը բնակէր Ճեմարանի գլխաւոր դարպասին ճի՛շդ դիմացը, հազիւ տասը մեթր անդին, ծառերով շրջապատուած փոքրիկ ու հանդարտ առանձնատան մը առաջին յարկին վրայ, որու պատշգամին մնայուն ու անշեղ ներկայութիւն էր այն պահերուն, ուր կ՚արձակուէր աշակերտութիւնը:
Այդ ներկայութիւնը այնքան անխափան ու կանոնաւոր էր, որ մենք կը տարուէինք մտածելու, թէ ան ամբողջ օրը կ՚անցընէր այդ նոյն կէտին վրայ, նոյն խորհրդաւոր դիրքով՝ անշարժ արձանի մը, կարելի էր ըսել՝ մոմիայի մը պէս կանգնած՝ սպասելով արձակումը աշակերտութեան, որուն շատ կապուած էր:
Ան հանրօրէն ճանչցուած էր Կոմս անունով՝ առանց ունենալու կոմսի մը արտաքին կամ ժառանգական յատկանիշերէն եւ ոչ մէկը: Պատկերացուցէք ութսունամեայ կմախք մը, որուն վրայ կը յամենան թուխ-դեղնորակ մորթի չոփ-չոր ծուէններ, որոնք չեն կրնար կծկուիլ՝ ուրուագծելու համար թէկուզ տարրական ժպիտ մը անոր դէմքին, ուր ան կը կրէր երկու անկենդան ու շուարած աչքեր:
Բոլորովին անծանօթ մնացած է ինծի անոր ձայնն ալ, քանի ոչ մէկ անգամ հանդիպած եմ խօսելուն:
Իսկ թէ ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս կրցած էր ան շահիլ իր տիտղոսը՝ կը մնայ առեղծուած մը: Անոր կենսագրութիւնը կոմսութիւն թելադրող բացարձակապէս ոչ մէկ ակնարկութիւն կը բովանդակէ, եւ հակառակ ասոր՝ ան շատ աւելի, — կամ գրեթէ մի՛այն, — ճանչցուած էր կոմս տիտղոսով(1), քան թէ իր սովորական անունով ու մականունով, որ շատ քիչեր պէտք է ճանչցած ըլլային: Թող որ մարդ դժուար մտքէն պիտի անցընէր, թէ ան կրնար ունենալ ուրիշ անուն մըն ալ:
Ինքս ասկէ քանի մը տարի առաջ միայն եւ մեծ զարմանքով յայտնաբերած եմ իր բուն անունը, երբ կը կարդայի Գրիգոր Զոհրապի օրագրութիւնը. պէտք եղաւ երկար-բարակ փնտռտուքներ կատարել՝ հասկնալու համար, որ այնտեղ բազմիցս անուն-մականունով յիշատակուող ինծի անծանօթ անձը նոյն ինքն… Կոմսն է:

Երբ հրապարակային ձեռնարկի մը երեւէր, «Կոմսը»,— իրարու կը շշնջէին ներկաները երկիւղածութեամբ ու պատկառանքով, մինչ յանձնախումբի անդամները իրար կ՚անցնէին եւ կը փութային իսկոյն խլելու զայն հասարակ մահկանացուներու խաժամուժէն ու կ՚առաջնորդէին «պատուոյ հանդիսականներու» առաջին շարքը, անմիջական քովիկը կաթողիկոսին, կամ առաջնորդին, կամ քաղաքապետին, կամ կուսակցապետին, կամ նախարարին, եւ առ ի չգոյէ ասոնցմէ մէկուն՝ առնուազն… երեսփոխանի մը: Եւ ինք ամենայն հանդիսաւորութեամբ, դէմքի ու շարժումներու անբեկանելի պաշտօնականութեամբ մը՝ անխօս կ՚ընդառաջէր այդ արարողակարգին եւ կը գրաւէր իր կարգավիճակին «պատշաճ» աթոռը:
Եւ այս չէր միայն:
Փափազեան ունեցած է բժիշկ-ի տիտղոսը եւս, որքան ալ ոչ մէկ օր բժշկական համալսարան յաճախած կամ անոր քովէն անցած ըլլար: Այդ մակդիրին ծննդաբանութիւնը ծանօթ է ու բաւական զաւեշտական:
Առաքելութեան մը ծիրէն ներս ան կը ստիպուի գիշերել Վանի քրտական մէկ հեռաւոր գիւղին մէջ: Հազիւ տեղ հասած՝ մէկ ալ գիւղացիներու հոծ բազմութիւն մը կը հաւաքուի իջեւանած տան բակը. անոնք «դեղ կը խնդրէին բժիշկէն»: Ուրեմն ամեն քիչ թէ շատ եւրոպական ոճով հագուած անհատ անոնց համար բժիշկ կը նկատուէր եւ անպայման դեղ կ՚ունենար հետը, եւ հիմա այդ բարիքէն օգտուելու եկած էին:
Տանտէրը իր կողմէ շատ կը խնդրէ, որ յուսախաբ չընէ իր գիւղացիները:
Աղէկ, սակայն ի՞նչ դեղ տալ, երբ տարրական մէկ հատիկ դեղահատ իսկ չունի քովը: Մինչ այս մտմտուքին մէջ է ինք, անդին հիւանդները աւելի պահանջկոտ ու անհամբեր կը դառնան: Եւ ահա կը յղանայ հանճարեղ գաղափար մը. ան մախաղին մէջէն կը հանէ իր նեղ օրերու սնունդը կազմող փոխինդին(2) փոքրիկ պարկը եւ թուղթի կտորներու մէջ քանի մը պտղունց դնելով կը յանձնէ հիւանդներուն՝ անկախ անոնց ունեցած ցաւէն. նոյն փոխինդը կը ստանայ գլխացաւէ տառապողը, աչքի հիւանդութիւն ունեցողը, կռնակը ցաւողը, պնդութիւն ունեցողը, անքնութենէ տառապողը, անզաւակ՝ ստերջ կինը, մանչ ցանկացող մայրը, հարսնանալ ուզող աղջիկը եւ, եւ, եւ… մինչեւ փոխինդը սպառի:
Ան գիշերը դժուար կը փակէ աչքերը, սակայն առտուն՝ լոյսը չբացուած, յարմար կը սեպէ գաղտագողի փախուստ տալ այդ գիւղէն, որպէսզի յանկարծ հաշիւ պահանջողի չհանդիպի, հետը տանելով «բժիշկի» տիտղոսը, որ շատ երկար կը ծառայէ իրեն(3):
Բայց ահա բախտը այնպէս կը դասաւորէ դէպքերը, որ տարի մը ետք ան պարտաւորուի հանդիպիլ այդ նո՛յն գիւղը եւ իջեւանիլ նո՛յն քիրվային(4) տունը, իսկ իր գալուստին աւետիսը իրմէ առաջ հասած ըլլայ արդէն գիւղացիներուն, որոնք հիմա խռւռներամ եկած են խնդրելու «անցեալ տարուան այդ նո՛յն դեղէն, որ այնքան շա՜տ օգտակար եղած է իրենց»…

* * *

Փափազեանի գործունէութեան դաշտը եղած է Վանը, ուր ուղարկուեցաւ Վարդգէսի բանտարկութենէն ետք՝ 1903-ին: Ան եղբայրն էր գրագէտ Վրթանէս Փափազեանի. ունեցած են Ներսէս անունով եղբայր մըն ալ Պոլսոյ մէջ, ուր ան կը վարէր ազգային եռուն կեանք մը եւ կ՚ըլլայ Եղեռնի առաջին զոհերէն:
Սահմանադրութենէն ետք, գրեթէ իր կամքէն անկախ, Վանի ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին՝ Զոհրապի, Վարդգէսի, Արմէն Գարոյի, Մուրատի կողքին, ուր ան նշանաւոր կը դառնայ իր լռութեամբ՝ արժանանալով «համր երեսփոխան»-ի կոչումին(5) (այս ալ ուրիշ տիտղոս մը), թէեւ այս «հանգամանքը» արգելք չ՚ըլլար, որ հետագային ան երեսփոխան ընտրուի նա՛եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան:
Միւս կողմէ, սակայն, իբրեւ քարտուղար՝ բաւական գործակցած է Զոհրապին ու ռուսական դեսպանատան առաջին թարգման Մանդելշթամին՝ Բարենորոգումներու ճամբով յառաջացած յանձնախումբի մը ծիրէն ներս: Եղեռնի նախօրեակին ան այցելութեան եկած էր ընտրաշրջանը, ու երբ կը վերադառնար Պոլիս՝ Մուշի վրայով, ինք եւ Ռուբէն տէր Մինասեան Սասունի լեռներուն մէջ անակնկալօրէն կը թակարդուին Եղեռնով եւ հրաշքով մը ազատելով համատարած կոտորածէն՝ ողբալի պայմաններու մէջ կը հասնին Արեւելեան Հայաստան՝ իրենց հետ տանելով 30.000 սասունցիներէն ողջ մնացած ընդամենը 30 գիւղացիներ: Զիրենք առաջին դիմաւորողը կ՚ըլլայ Ռոստոմը, որուն մանրամասն կը ներկայացնեն իրավիճակը:
Ռոստոմ կը կատղի իմանալով Սասունի կոտորածը, մանաւանդ որ ղեկավարումի ապիկարութիւն եւս կը տեսնէ անոնց որոշումներուն մէջ, ուստի չի վարանիր անոնց երեսին նետելու.
—Հո՛ն մնայիք եւ դուք ալ պատուով մեռնէի՛ք(6) բոլորին հետ:

* * *

Այնուհետեւ Փափազեան բախտը կապեց Առաջին հանրապետութիւնը կերտողներու փաղանգին՝ միասին պայքարելով, միասին գրոհելով ու նահանջելով, միասին պանդխտանալով ու անդուլ մաքառելով հետագայ տասնամեակներուն: Ան հեղինակն է, ի շարս այլոց, հայ ազատագրական պայքարէն քաղուած պատմուածքներու հինգ հատորներու շարքի մը՝ «Խոնարհ հերոսներ» խորագրով, որոնք օրին դպրոցականներու, — եւ ոչ միայն, — բարձի գիրքերն էին, ինչպէս նաեւ եռահատոր ստուար յուշագրութեան մը, որուն առաջին երկու հատորները յափշտակութեամբ կը կարդացուին:
Այս վերջին աշխատութեան առաջին հատորը կը բովանդակէ ժամանակակիցի, ականատեսի ու որոշ առումով գործուն դերակատարի վաւերական մէկ պատումը Բարենորոգութեանց ծրագիրի ծննդոցէն մինչեւ անոնց վերջնական յաջողութեան ու վաւերացումի մանրամասնութեանց: Անոր կցուած է նաեւ բարենորոգումներու ամբողջական պատճէնը:

5 — Գառնիկ Գիւզալեան

Գիւզալեան եղած է այն առաջին հայը, որուն բերնէն լսած եմ արեւելահայերէն կենդանի խօսքը, որուն հանդէպ միշտ ալ մեծ սէր ունեցած եմ շնորհիւ Ռաֆֆիի, Թումանեանի, Մահարիի, Զօրեանի եւ ուրիշներու գործերուն, որոնց շատ կանուխէն կը ծանօթանայինք մենք: Մեր դասագիրքերը այնքան յաջող պատրաստուած էին, որ հեզասահ ու անզգալաբար կ՚ընտելանայինք արեւելահայերէնին ու արեւելահայ գրողներուն, հետեւաբար եւ կը սիրէինք զանոնք: Մեր մեծ զրկանքը կենդանի արեւելահայու պակասն էր մեր կեանքին մէջ: Ահա թէ ինչու առաջին հանդիպումէն ուշադրութիւնս գրաւեց ան, եւ հիմա տասնամեակներ ետք ալ կը մղէ զիս, որ յիշեմ զինք:

* * *

Գիւզալեան Փետրուարեան ապստաամբութեան մէջ զինեալ մասնակցութիւն ունեցած ըլլալուն պատճառով Հայաստանը լքողներէն եղած էր 1921-ի ապրիլի սկիզբը:
Ողն ու ծուծով արեւելահայ էր՝ պատկանելութեան շատ խոր զգացումով, այդ պատճառով, կը կարծեմ, այնքան ալ հաշտ չէր այն միջավայրին հետ, որ բոլորովին արեւմտահայութիւն կը բուրէր թէ՛ իբրեւ գաղութ, թէ՛ իբրեւ հաստատութիւն, ուր ինք կը պաշտօնավարէր: Վստահաբար պիտի նախընտրէր, որ հիմա գտնուէր հայրենի հողին վրայ ու ծառայէր անոր մէկ հաստատութեան մէջ եւ մանաւանդ, մանաւանդ աւելի բարձր մակարդակի վրայ. Ճեմարանը իրեն համար համեստ էր, նեղ կու գար եւ չէր գոհացներ զինք, մինչ ինք հոգիին հայեացքները ուղղած էր հեռաւոր բարձունքները, ուստի չէր վարաներ ատենը մէյ մը դառնութեամբ ու որոշ արհամարհանքով ըսելու.
— Իմ ընկերները էնտեղ համալսարանի դասախօս են, իսկ ես էստեղ…
Եւ կու տար անուններ, որոնց ծանօթ չէինք. յաճախ կը կրկնուէր Յակոբ Մանանդեանի անունը, որուն մասին աւելի ուշ ծանօթութիւն ունեցանք:
Չէր վարաներ ակնարկելու մասնաւորաբար իր եւ ընդհանրապէս հայ ուսուցիչին ստացած վարձատրութեան եւ գտած գնահատանքին, որ անբաւարար կը նկատէր յարաբերաբար անոր իսկական արժէքին ու խաղացած դերին, այլ հարց, թէ հայ դպրոցը հազար ու մէկ դժուարութիւն կը դիմագրաւէր այդքանն ալ տալու համար իր մշակներուն:
Մէկ խօսքով՝ երջանիկ չէր ան եւ կ՚ապրէր հոգեկան աքսորի մը մէջ, որուն հետ չէր յաջողեր հաշտուիլ, մինչդեռ իր բախտակիցները Ճեմարանի մէջ թէ այլուր, կը թուէին աւելի հեշտ ու հաշտ կրած ըլլալ այդ նոյն աքսորը, ինչպէս Շանթը, Աղբալեանը, — որ կին ու զաւակներ ալ ձգած էր Հայաստանի մէջ, — Վրացեանը, Կոմսը, Շաւարշ Մակարեանը, — որ իր դասընկերը եղած էր Փրակայի մէջ եւ հիմա ուսուցչութիւն կ՚ընէր Պուրճ-Համմուտի համեստ նախակրթարաններուն մէջ, — Վահան Նաւասարդեանը, Ռուբէն Դարբինեանը եւ ուրիշներ. ասոնք բոլորը յականէ-յանուանէ ծանօթ չէին մեզի, սակայն եւ այնպէս բոլորովին անծանօթ չէր անոնց կերպարը եւ վերաբերումը ստեղծուած կացութեան հանդէպ:

* * *

Մասնագիտութեամբ պատմաբան էր , ուսանած էր Փրակայի համալսարանը, ուր 1920-էն ետք խումբ մը ընկերներով ղրկուած էր Հանրապետութեան տարագիր կառավարութեան կողմէ՝ իբրեւ թոշակառու չեխական պետութեան, այն ակնկալութեամբ, որ անոնք հմտանային ու վերադառնալով ծառայէին սփիւռքահայութեան: Եւ իրօք ալ Ճեմարանի հիմնադրութեան առաջին տարիներէն արդէն Գիւզալեան կարգուած էր պատմութեան ուսուցիչ:
Իմ տարիներուս՝ 1953-էն սկեալ, Հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէր 7-րդին եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւն՝ 8-րդին:
Մանրակազմ, չոր, դժուարահաղորդ ու ներամփոփ մարդ մըն էր, որ ոչ մէկ ճիգ կը թափէր շահելու աշակերտներուն համակրանքը, որուն կարծես պէտքը չէր ալ զգար, իսկ հակառակը աւելի հաւանական ըլլալ կը թուէր: Զիս կանխող ճեմարանական ընկեր մը, որ աւելի երկար ու խոր ճանչցած է զինք, սրամտօրէն գրած է իր մասին. «Որպէս աշակերտներ՝ բոլորս ալ ատեցինք զինքը… իր իւրաքանչիւր դասը՝ վերջին դատաստանն էր»:
Երբեմն կ՚ունենայի այն տպաւորութիւնը, թէ դժկամակութեամբ կու գար դպրոց ու կը դասաւանդէր եւ թէ պիտի նախընտրէր ազատ մնալ նման տաղտուկէ մը ու զբաղիլ իր աշխատութիւններով. սակայն պէտք էր ապրիլ ու ապրելու համար՝ աշխատիլ:
Հակառակ այս բոլորին, սակայն, երբեմն առիթը կը գտնէր զուարթանալու եւ զուարթացնելու նաեւ շրջապատը: Այդ բանին կ՚օգնէր իր բնատուր սրամտութիւնը:
Անգամ մը հանդիպեցանք Փարպի տեղանունին, որ ոչինչ կ՚ըսէր մեզի:
Հարցաքննուողը Ս. Ղազարէն այդ տարի եկած տղայ մըն էր, որ հաւանաբար հազիւ դպիրի աստիճան ունէր այնտեղ, իսկ Գիւզալեան զայն «եպիսկոպոս» օծած էր:
— Ասա՛, եպիսկոպոս,— ընդմիջեց,— դու ճանաչո՞ւմ ես Փարպին…
Անշուշտ ոչ:
— Նա ազգին տուել է երկու հանճարներ…
— Ովքե՞ր են,— հարցուց երէկուան դպիրը եւ այսօրուան եպիսկոպոսը:
— Մէկը՝ պատմագիր Ղազար Փարպեցին է, իսկ միւսը…
Այս ըսելով եւ մեր հետաքրքրիր աչքերուն առջեւ՝ ամպիոնին վրայ տեղէն ելաւ-կանգնեցաւ եւ մինչեւ մէջքը խոնարհելով՝
— Իսկ միւսն էլ… ձեր խոնարհ ծառան…
Մենք առիթը շատ յարմար դատեցինք քիչ մը զուարճանալու, ինչ որ շատ չէր պատահեր: Ունէինք կապը փրթած դասընկեր մը՝ Զոհրապ Թեճիրեանը, որ տեղէն ցատկեց եւ լիահագագ «կեցցէ՜ մեր հանճարեղ պարոնը» ճչաց խելայեղ ծափելով, մենք ալ մեքենաբար առիթէն օգտուեցանք ու «կեցցէ՜» աղաղակեցինք մէկ ձայնով՝ բաղնիքի վերածելով դասարանը:
— Մէկ էլ չլսե՛մ,— սաստեց Գիւզալեան՝ քարացնելով բոլորս:

6 — Կարօ Սասունի

Ունէինք յեղափոխական ուսուցիչ մըն ալ՝ Կարօ Սասունին:
Սա իր կարգին Հայաստանէն նշխար մըն էր: Ծնունդով սասունցի էր ան, ինչպէս ցոյց կու տայ ծածկանունը, եւ ըստ համոզումին՝ «Մամիկոնեաններու շառաւիղէն»(7): Վաղ հասակին «թաղին հաւերն ու ընկուզենիները քարկոծելէ, իսկ աւելի ուշ հօրը հրացանը առած՝ Սասնոյ սարերը չափչփելէ ետք»՝ կը յայտնագործէ իր բուն կոչումը, որ է հայ ազատագրական պայքարին նուիրումը, այդ համոզումով ալ ապրած է: Ան կանուխէն բախտը կապած է Արեւելեան Հայաստանին, մասնակցած է կամաւորական արշաւանքներուն, իսկ Հանրապետութեան տարիներուն հասած է մինչեւ Շիրակի նահանգապետի պաշտօնին:
Անոր մէկ ոտքը կաղ էր, թէեւ յատուկ կօշիկի մը շնորհիւ գրեթէ լման կը սքողէր այդ թերութիւնը՝ պատկառանք ազդելու աստիճան, մանաւանդ ձեռնափայտովն ու ծխամորճովը, որոնք շատ կը վայելէին իրեն, ամերիկեան գլխարկը իր կարգին: Ամեն անգամ որ կաղ ոտքը յառաջ նետէր, կը լսուէր տախտակի խուլ դոփիւն մը, որ յատուկ էր իրեն եւ որով կրնայինք ճանչնալ զինք՝ նոյնիսկ առանց տեսնելու: Սասունի Հայ գրականութիւն կը դասաւանդէր հակառակ այն իրողութեան, որ կեանքին մէջ գրականութեան հետ բացարձակապէս ոչ մէկ առնչութիւն ունեցած ըլլար: Մինչեւ անգամ գրած էր «Արեւմտահայ գրականութիւն» անուն աշխատութիւն մըն ալ, որ իբրեւ դասագիրք կ՚օգտագործէինք աւարտական երեք տարիներուն եւ մերինէն զատ ոչ մէկ դպրոց որդեգրած էր զայն: Գալով բարձրագոյն ուսման՝ իր վերջերս հրատարակուած յուշերուն մէջ քանիցս կ՚ակնարկէ, որ անակնկալ ու ակամայ բազմաթիւ ընդմիջումներով աշակերտած է Պոլսոյ Իրաւաբանական դպրոցին, սակայն զայն բարւոք աւարտած ըլլալուն ոչ մէկ հաստատում կը գտնենք:

* * *

Ինք եւս, Գիւզալեանի պէս, մասնակցած էր Փետրուարեան ապստամբութեան՝ վաշտապետի աստիճանով, — ուրեմն զինակիցներ ու գաղափարակիցներ էին եւ միասին ալ դուրս եկած էին Հայաստանէն:
Մեզի անծանօթ պատճառներով, — չես գիտեր ի՛նչ կատու անցած էր անոնց մէջէն, — Գիւզալեան ու Սասունի չէին խօսեր իրարու հետ: Եւ այս չէ բոլորը. անոնք չէին հանդուրժեր զիրար: Երբ ազատ ժամուն Սասունի սերտարանի հիւսիսային անկիւնը նստած ըլլար, Գիւզալեան հարաւային անկիւնը կ՚ընտրէր, եւ փոխադարձաբար, իսկ երբ Ճեմարանի թիւ 1 շէնքի երկար ու ձիգ սանդուղներուն վրայ իրարու դէմ ելլէին, մէկը աջ կը նայէր, միւսը՝ ձախ: Այսուհանդերձ նկատելի էր, որ Սասունի յարաբերաբար աւելի կը զսպէր ինքզինք, թեթեւի կ՚առնէր, մինչ Գիւզալեան… հազիւ տեսնէր զայն, իսկոյն յօնքերը կը պռստէր, շուրթերը կը կծկուէին, աչքերը աւելի կը պճլտային, եւ դէմքը կը կարմրէր ու կը մռայլէր. կը զգայինք որ անոր հոգիին խորերէն կ՚անցնէին սանձարձակ փոթորիկներ, որոնք բնաւ նման չէին Դանիէլ Վարուժանի «ցորեանները յուշիկ-յուշիկ արթնցնող հովերուն»:
Այս ընթացքով՝ Սասունի կրնար հարիւր տարի անտեսել Գիւզալեանը՝ առանց անոր անունն իսկ տալու, սակայն պարագան նոյնը չէր Գիւզալեանին, որ ներքնապէս կ՚եփէր եւ ինչպէս կ՚ըսեն… կը փնտռուէ՜ր:
Եւ կը գտնէր փնտռածը:
Մենք ամեն ճիգ կը թափէինք գոնէ իր ներկայութեան ճիշդ հայերէն մը կիրարկելու, սակայն միշտ չէինք յաջողեր, եւ Գիւզալեանի սրալուր ականջները անպայման կ՚որսային մեր սխալը. ահա ոսկի առիթ մը, որպէսզի ան յարձակէր Սասունիի վրայ.
— Ձեր հայոց լեզուի ուսուցիչը մէկ ոտքով կը կաղայ, իսկ ձեր հայերէնը՝ երկու ոտքով…
Իր «տրամաբանութեամբ»՝ մեր սխալներուն պատճառը… Սասունին էր:

* * *

Այն օրը պատմութեան նիւթը Միջին դարերու վայրենի ցեղերու՝ հոներու, վիզիգոթներու եւ վանդալներու արշաւանքն էր: Չես գիտեր ի՛նչ զուգադիպութեամբ՝ այս անգամ հարցաքննուողը երկրորդ «եպիսկոպոս» մըն էր՝ Վարդգէս Փանոսեան անունով, ապագայ ֆրանսագիր բանաստեղծ, վաղամեռիկ Vasco Varoujan-ը, որ իր կարգին Ս. Ղազարը ձգեր եւ միւսին հետ Ճեմարան էր եկեր:
— Դու եպիսկոպոս, արի՛ էստեղ:
Փանոսեան կարծես անհամբեր կը սպասէր առիթը՝ պարպելու համար իր ակադեմական գիտելիքներու տոպրակը, որ միշտ լեցուն կ՚ըլլար:
Ուստի գլուխը առած սկսաւ սանձարձակ արշաւել պատմութեան բաւիղներուն մէջ.
— «Այս ցեղերը Կեդրոնական Եւրոպայէն ճամբայ ելան, հասան մինչեւ Հռոմ, աւարեցին ու աւերեցին զայն, ապա իջան հարաւ, անկէ անցան Ափրիկէ, ուր նմանապէս աւարեցին ու աւերեցին Կարթագէնը ու յետոյ անհետ կորսուեցան պատմութեան բեմէն»…
— Կեցի՜ր, եպիսկոպո՛ս, — սաստեց Գիւզալեան, — նրանք չեն անհետացել:
— Նրանք անհետացել են, պարո՛ն, — ինքնավստահ պնդեց նախկին դպիրը՝ նմանակելով Գիւզալեանի շեշտն ու բարբառը:
— Ա՜յ չեպիսկոպոս, քեզ ասում եմ՝ նրանք չե՜ն անհետացել:
— Պարո՛ն, այսպէ՛ս գրուած է ձեր գիրքին մէջ:
— Էնտեղ սխալ գրուած է…
— Հապա ո՞ւր են, — քմծիծաղով մը հարցուց «չեպիսկոպոսը»՝ փորձելով վերլուծել այս առեղծուածը եւ վերականգնել կորսնցուցած եպիսկոպոսական վարկը:
Գիւզալեան հանդիսաւորապէս ոտքի կանգնեցաւ, աջ թեւը տարածեց օդին մէջ եւ լայն կիսաշրջանակ մը գծելով մեր գլխուն վերեւ՝ փորձելով ընդգրկել բոլորս անխտիր՝
— Ահա նրանք էստե՛ղ են, — յայտարարեց հանդիսաւորապէս:
Դասարանը կուշտուկուռ քրքջաց, բայց այս անգամ ոչ մէկ միջամտութիւն կատարեց Գիւզալեան եւ եգիպտական քուրմի մը պէս լուռ ու մունջ բազմեցաւ՝ յայտնապէս գոհացած իր կատարած բաղդատութենէն ու… գիւտէն:

* * *

Հակառակ այն իրողութեան, որ Աբգարեանի մէջ բաւական լաւ պատրաստութիւն ստացած էի հայոց եւ ընդհանուր պատմութեան մէջ, անհամեմատօրէն աւելի, քան իրենց նախակրթութիւնը Ճեմարանի մէջ կատարած դասընկերներս, — չեմ գիտեր ինչու, իմ յարաբերութիւնս որեւէ ատեն ջերմ չեղաւ Գիւզալեանի հետ, գնահատանքի ոչ մէկ նշոյլ ցոյց տուաւ, նայուածքին ու ձայնին մէջ միշտ պահեց կծու երանգ մը, եւ կացութիւնը շրջելու բոլոր ճիգերս ապարդիւն մնացին, չըսելու համար՝ վատթարացուցին զայն:
Այն տարի պատմութիւն նշանակուած էր յետմիջօրէի առաջին պահուն:
Ես յաճախ ստիպուած կ՚ըլլայի Պուրճ-Համմուտի տունս գալ կէսօրին ճաշելու: Երթեւեկը տեղի կ՚ունենար հանրակառքով, որով քալելու ալ բաւական տեղ ունէի: Այս բոլորը կէսօրուան մէկուկէս ժամուան դադարին ընել կարենալու համար կը խաղայի ահաւոր վազվզուք մը, որ շնչահեղձ կը դարձնէր զիս:
Եւ ահա պատահեցաւ, որ օր մը քանի մը վայրկեան միայն ուշանամ, երբ արդէն զանգը տուած էր, ընկերներս դասարան մտած էին եւ դուռն ալ փակած: Զարկի դուռը, ու երբ բացուեցաւ, դէմս գտայ Գիւզալեանի շանթահարիչ նայուածքը:
— Մէկ էլ չփորձուե՛ս… չե՛ս մտնի… դո՜ւրս…
Ու չմտայ:
Քիչ ետք դասընկերուհիս՝ Շուշիկը, արտորանքով դուրս ելաւ ու շփոթահար վերադարձաւ գաւաթ մը ջուրով:
— Ի՞նչ կայ, — հարցուցի՝ իմ կարգիս անհանգստացած:
— Վիճակը լաւ չէ, — եղաւ պատասխանը, — գոյնը նետած է եւ շունչը դժուար կ՚առնէ կոր, կարծեմ պիտի մեռնի…
Ու մտաւ ներս՝ առիթ չտալով դատելու իրականութեան ու կատակի բաժինը:
Բարեբախտաբար… չմեռաւ: Երեք տարի եւս պիտի ապրէր այնուհետեւ:
Բայց ժամանակ մը անց կրկնուեցաւ իմ ուշացումս: Այս անգամ Գիւզալեան ոչ միայն արհամարհանքով մը արգիլեց դասարան մուտքս, այլեւ արտասանեց վիրաւորական այնպիսի ընդվզեցուցիչ բառեր, որ այստեղ չեմ կրնար արձանագրել, որովհետեւ կրնայ վիրաւորուիլ ինքը՝ հայոց լեզուն:
Իսկոյն որոշեցի վերջ տալ ուսումիս Ճեմարանի մէջ եւ հաստատ քայլերով դիմեցի դէպի ելքի դարպասը… սակայն դուրս չելայ, որովհետեւ ոչ մէկ հեռանկար ու այլընտրանք ունէի առջեւս, ուստի վերադարձայ, շուար, նուաստ ու անճար նստեցայ կաղնիներուն տակ եւ սպասեցի՝ ձգելով, որ անցնի այս փոթորիկն ալ…
Եւ շարունակեցի ճեմարանական մնալ:

* * *

Յաջորդ՝ 1955-56 տարեշրջանին, որ կը համապատասխանէր իմ Brevet-ի տարիիս, Գիւզալեան դադրեցաւ ուսուցելէ: Յոգնած էր, առողջական հարցեր ալ ունեցաւ, ինչպէս կը լսէինք:
Ձմռան արեւոտ ու տաքուկ օր մըն էր:
Կէսօրուան դադարին կ՚ուղղուէի դէպի թիւ 1 շէնքը, ուրկէ ինք յուշիկ քայլերով կը յառաջանար հակառակ ուղղութեամբ: Կը կրէր լայն վերարկու մը, որ սակայն աւելի փոքրացուցած էր զինք: Ձեռնոց դրած էր մէկ ձեռքին, միւսը ազատ էր: Կանգ առի, բարեւեցի, ազատ ձեռքը առի ու համբուրեցի, վիճակը հարցուցի:
— Ա՜յ տղայ, — պատասխանեց լայն շունչ մը առնելով, առանց տարրական ջերմութեան ու չոփ-չոր շեշտով մը, — ինձ սպանելուց յետոյ վիճա՞կս ես հարցնում:
Սպանելուց յետոյ… ընդամենը երկու անգամ ուշացեր էի դասերուն…

* * *

1965-ին Հայաստան կը գտնուէի սփիւռքահայ ուսուցիչներուն հետ:
Կապի կոմիտէութիւնը ամեն ճիգ կը թափէր, որ ամբողջ երկիրը ճանչնայինք:
Այն օրը մեզ տարած էին Արագածոտնի կողմերը, ուր երկար մնացինք:
Վերադարձին՝ աջիս տեսայ ցուցանակ մը, որուն վրայ կարդացի՝ Փարպի…
Ունեցայ ցնցում մը, որուն յաջորդեց ներքին ալեկոծում մըն ալ:
Շատ արագ կողմնորոշուեցայ եւ մեզի ուղեկցող զբօսավարէն(8) խնդրեցի, որ քանի մը վայրկեան այցելենք այդ գիւղը, որ «վերջապէս Ղազար Փարպեցիինն է, ատով ալ կրկնակի նուիրական է, մէյ մըն ալ ո՞ւր, ինչպէ՞ս առիթը պիտի ներկայանայ» եւ այլն:
Յաջողեցայ համոզել, եւ հանրաշարժը շեղեցաւ դէպի Փարպի, որ հեռու չէր:
Եւ քիչ ետք կը գտնուէի ահա այն հողին վրայ, ուրկէ քառասունհինգ տարի առաջ հեռացած էր Գիւզալեան եւ որուն կարօտովը ապրած, երազած ու վաղաժամ մեռած էր պանդխտութեան մէջ:
Մեր առջեւ պարզուեցաւ հայկական տիպական գիւղ մը, — որուն նմանները տեսեր էինք անցնող օրերուն, — քանի մը հարիւր տուներով, իր պապիկներով ու տատիկներով, մազերը կոնքերուն շաղ տուած պարմանուհիներով ու թխադէմ պատանիներով, փողոցները վխտացող ժիր ու առողջ, կայտառ ու կուշտ երկսեռ մանուկներով:
Տարուած ու վերացած կը դիտէի շուրջս. սա անցնող տատիկին տարիքը պիտի ունենար ինք ալ, — կը մտածէի, — եթէ սիրտը քիչ մը աւելի առողջ ըլլար ու տոկար, թերեւս ճանչցած էր զայն, թերեւս… սիրած ալ էին զիրար, եւ ինչո՞ւ չէ:
Ուրեմն այս գիւղին մէջ ծներ էին Ղազար Փարպեցին եւ իրմէ 1500 տարի ետք… Գառնիկ Գիւզալեանը: Հաւանաբար այս փողոցներուն մէջ ալ վազվռտած ու խաղացած էին անոնք իրենց անհոգ մանկութեան օրերուն: Թերեւս հէնց սա՛ էր անոնցմէ մէկուն կամ միւսին պապենական օջախը, թերեւս յաջորդը, երրորդը… ի՞նչ գիտնամ: Ուրեմն ասոր կարօտովն է, որ մղկտացած ու հիւծած էր Գիւզալեան, այդ կարօտն ալ դառնացուցած էր զինք, եւ ես այդ կարօտին զոհերէն մէկն էի միայն, կարօտ մը, որ ամբողջ 35 տարի հալածած ու ի վերջոյ չարացուցած էր զինք:
Ու ափսոսանքով մտածեցի, որ եթէ քիչ մըն ալ ապրէր, կրնար գալ ու տեսնել այն հայրենիքը, որուն համար զէնք կրած էր օրին, ճիշդ ինչպէս իր զինակիցը՝ Կարօ Սասունին, մեզմէ քանի մը տարի ետք եկաւ ու տեսաւ զայն:
— Բաւարա՞ր է, գնա՞նք, — յանկարծ լսեցի առաջնորդին կիրթ ձայնը:
— Գնա՛նք, — կրկնեցի ու շարժեցանք:

Հիմա աւելի լաւ կ՚ըմբռնէի զինք եւ կը զգայի, որ խաղաղած է հոգիս, տարիներու ծանր բեռը, որ կուտակած էր Գիւզալեան իր կծու վերաբերումով, զգալապէս թեթեւցած էր, եւ աւելի հաշտ ու սիրալիր դարձած էր անոր մտապատկերը գիտակցութեանս պաստառին վրայ, ուր ան կը վերայայտնուէր իբրեւ գլխաւոր զոհը ճակատագրի:

7 — Հրաչեայ Քոչար

Ճեմարանի առօրեան հայրենի շունչով ծաղկեցնելու մէջ իրենց գնահատելի դերակատարութիւնը ունեցած են արեւելահայ հիւրեր եւս, որոնք չէին թերանար մէկ-մէկ հանդիպելու եւ շփուելու ինչպէս ուսուցչական կազմին, այնպէս ալ աշակերտութեան, ընդհուպ անոնց ծնողներուն՝ ողջ հանրութեան հետ: Ժամանակները սկսած էին փոխուիլ, եւ Երեւանի իշխանութիւնները ակներեւ ճիգ կը թափէին սիրաշահելու սփիւռքահայութեան բոլոր շերտերը անխտիր եւ Հայաստանը դարձնելու համայն հայութեան հայրենիքը:
Ահա այս ծիրէն ներս էր, որ առաջինը Լիբանան եկաւ Հրաչեայ Քոչարը(9):
Ան Ճեմարան այցելեց եւ արդի Հայաստանի թարմ շունչը բերաւ 28 յունուար 1961-ին, շաբաթ օր մը, կէսօրէն առաջ, ընկերակցութեամբ Խորհրդային դեսպանատան հայ կցորդին: Առ այս՝ ան առաջին ծիծեռնակն էր, որ կու գար հայրենիքէն: Իրմով է որ փոխադարձ այցելութիւնները թափ առին ու բազմացան:
Թէկուզ առաջինը՝ սակայն ան բոլորովին անծանօթ մը չէր, գոնէ անոնց համար, որոնք կը կարդային ժամանակակից մամուլը ու քիչ թէ շատ վերահասու էին հայրենի անցուդարձերուն, եւ այս առումով՝ Հրաչեայ Քոչար ունէր բաւական ծանրաբեռն ու ճնշիչ թղթածրար մը:

* * *

Ան կ՚ամբաստանուէր իբրեւ մէկը այն կծու համայնավարներէն, որոնք շատ սերտ կը գործակցէին հայրենի պատկան սպասարկութեանց հետ՝ մինչեւ իրենց ձեռքը թաթխելով այնպիսի մատնութիւններու ու զրպարտութիւններու մէջ, որոնք 1936-37 տարիներուն պատճառ դարձան հայ գրողներու ու մտաւորականներու փաղանգի մը բանտարկութեան, գնդակահարութեան կամ աքսորին:
Ով՝ ով, սակայն ինք՝ Քոչար, ամբողջական համոզումով ու նուիրումով շարունակեց իր գործունէութիւնը այլապէս եւս, նախ իբրեւ լրագրող միանալով Կարմիր բանակին ու հետեւելով անոր մղած մարտերուն Համաշխարհային Բ. պատերազմի բոլոր հինգ տարիներուն, ապա իբրեւ գրող՝ պանծացնելով համայնավարութիւնը եւ անոր հաստատած կարգերն ու «պայծառ առօրեան». այս գաղափարախօսութեան ցայտուն գրաւականն է իր «Մեծ տան զաւակները» ծաւալուն վէպը, որ լոյս տեսաւ պատերազմէն ետք՝ 1952-ին, թարգմանուելով միութենական այլ լեզուներու եւս:
Այդ «տունը» խորհրդային անսահման հայրենիքն է, իսկ «զաւակները»՝ խորհրդային մէկ ու միասնական՝ «եղբայրացած» անանուն ու անդիմագիծ ժողովուրդները՝ առանց գոյնի, լեզուի ու կրօնքի խտրութեան:
Սփիւռքը գաղափարական այս պղտոր ծիրէն ու տեսանկիւնէն կը ճանչնար Քոչարը, երբ ան ձեռնարկեց իր անակնկալ ու աննախընթաց այցելութեան ի Լիբանան:

* * *

Այն օրը Ճեմարանի բակը լեցուն էր մասնաւորաբար աշակերտներով:
Համակրելի հռետոր, ձայնային ու շարժումային բոլոր հնարքներուն հմտօրէն տիրապետող, այլեւ ջերմ ու համակիչ հայերէնով մը՝ ան մօտաւորապէս ամբողջ մէկ ժամ խանդավառեց ներկաները՝ իր հայրենասիրական, հայեցի անզսպելի յուզումներով ու զեղումներով համակելով իր ունկնդիրները. «Կը հաւատանք, որ մօտիկ ապագայում Հայաստանի քաղաքացիներ պիտի դառնաք նաեւ դուք՝ կազմելով մի ժողովուրդ», — նաեւ թելադրելով. «Մի՛ սպասէք, որ Հայաստանը ինքնիրեն լայննայ, որպէսզի զայն ընդունիք եւ հոս գաք հաստատուելու». ու մանաւանդ. «Հիմա մենք միայն հիւսիսից ենք տեսնում Մասիսը, մաղթում ենք որ մի օր նրան տեսնենք նաեւ հարաւից եւ արեւմուտքից»:
Վրացեան, որ այս ամբողջ ժամանակը աներեր կանգնած էր անոր կողքին եւ լաւ կը ճանչնար զայն, եղաւ առաջին «շնորհաւորողը»՝ ի կիր արկանելով խայթող սրամտութիւն մը.
— Քոչա՛ր, դաշնակցական գործիչի պէտք ունենք, մեր մօտ մնա՛ էստեղ:
Բայց իրապէս ամեն բանի տեղեա՞կ էր Վրացեան:

* * *

Որովհետեւ պէտք եղաւ, որ տարիներ անցնէին, որպէսզի լոյսին գար այն դրական շրջադարձը, որ իր քաղաքական ու գաղափարական ըմբռնումներուն մէջ ունեցած էր երբեմնի «Մեծ տան» այս հաւատարիմ զաւակը՝ հետզհետէ ամփոփուելու ու կեդրոնանալու համար իր հարազատ «Փոքր տան» վրայ:
Եւ այս՝ առանց անպայման խզուելու համայնավար կուսակցութենէն եւ որոճալով զանազան ազգօգուտ ծրագրեր:
Այսպէս՝
1) Ան կը դիմէ օրուան իշխանաւորներուն՝ պահանջելով. ա) հաստատել Հայաստանի արտաքին նախարարութիւն մը, բ) խորհրդային դեսպանատուներու կից հիմնել հայկական հիւպատոսարաններ, գ) հրատարակել Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լեռան 40 օրերը» եւ Շանթի գործերը, դ) Սարդարապատի մէջ հիմնել յուշահամալիր մը թանգարանով հանդերձ, ե) վերականգնել զօր. Անդրանիկի անունը, զ) վերադարձնել Լազարեան ճեմարանը:
2) Չի վարանիր այս բոլորը կրկնելու Անաստաս Միկոյեանին, որ… կ՚ընդունի զանոնք առանց առարկութեան, եւ ինչպէս գիտենք անոնց մեծ մասը բարւոք լուծում կը ստանայ:
Կու գայ պահ մը, ուր Քոչարի կ՚առաջարկուի ստանձնել մինչեւ անգամ Գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը, որ ան կը մերժէ:

Եղեռնի յիսնամեակին ընդառաջ ան կ՚որոճայ այլ ծրագրեր:
3) 1963-ի վերջերուն, սփիւռքահայութեան ուղղուած մէկ խօսքին մէջ, կը խոստանայ բարձրացնել պատշաճ յուշարձան մը Եղեռնի զոհերուն: Իսկ 1964-ին առ այդ կը դիմէ օրուան իշխանութեան նման կողթողի մը կառուցումի թելադրանքով: Ան մինչեւ անգամ կը նկարագրէ զայն՝ իբրեւ երկինք խոյացող բարձր սիւն մը, որ պիտի օժտուած ըլլար մշտավառ կրակով:
Զարմանալի չէ՞, որ ճիշդ այդպէս ալ կերտուեցաւ Եղեռնի յուշարձանը:
4) Կ՚առաջարկէ կենտկոմին՝ մեծ շուքով նշել Եղեռնի յիսնամեակը:
Այս երկու առաջարկներով կը դիմէ մինչեւ անգամ Պրեժնեւին ու Քոսիկինին:
Եւ մինչ կը պատրաստուէր անձամբ մասնակցիլ Յիսնամեակի հրապարակային ձեռնարկին՝ 24 ապրիլի 1965-ին, այդ նոյն օրը սրտի տագնապով կ՚իյնայ անկողին:
Այդ ցոյցը, ինչպէս գիտենք, խաղաղ չանցաւ. անվարժ ցուցարարները գործեցին ապիկար չափազանցութիւններ՝ մղելով ոստիկանութիւնը, որ միջամտէ ու կատարէ ձերբակալութիւններ: Եւ Քոչար անշուշտ կ՚իմանայ այդ բոլորը:
Ութ օր ետք՝ 2 մայիսին, անոր առանձնատունը կ՚այցելէ Նագուշ Յարութիւնեանը՝ Գերագոյն խորհուրդի նախագահը, որուն կը յայտնէ իր զայրոյթը՝ պետութեան ցուցարարներուն հանդէպ ցուցաբերած անհամաչափ վերաբերումին առնչութեամբ…
Եւ այդ կ՚ըլլայ իր վերջին «ելոյթը»-ը նոյն օրուան վերահաս մահէն առաջ՝ 55 տարեկանին:

* * *

Այդ նոյն տարին լոյս կը տեսնէ Քոչարի վերջին աշխատութիւնը, որ եռագրութիւն մըն է եւ կը կոչուի «Սպիտակ գիրքը», որ կը բովանդակէ երեք գողտրիկ վիպակներ՝ «Նահապետ»-ը, «Կարօտ»-ը եւ «Եփրատի ափին»-ը:
Քոչարի ստուար գրականութեան մէջ ասոնք այնպիսի ստեղծագործութիններ են, որոնք բացարձակապէս ոչ մէկ առնչութիւն ունին «Մեծ տան» զաւակներուն, Խորհրդային Միութեան ու համայնավար գաղափարախօսութեան, այլ խօսքով՝ իր «հին աստուածներուն» հետ: Բոլորն ալ կ՚առնչուին մեր փոքր ածուին՝ հայ գիւղացիի առօրեային, հայրենակորոյս պանդուխտին ու անոր խանձող կարօտին եւ այն «փոքր տունին», որ ան ձգած է Արաքսէն այն կողմ ու գաղթական եկած է Արեւելահայաստան:
Ահա Առաքելը, որ կ՚ապրի Արազի ափին, սակայն անոր աչքերն ու հոգին միշտ ուղղուած են գետի միւս կողմը լքուած տունն ու հողը. «Հիմա երկիրը հեռու էր ու անհասանելի, եւ Առաքելը նայում էր՝ առաւօտ, երեկոյ, գիշեր եւ ցերեկ… Մասիսները կանգնում էին Արազի էն ափին, Առաքելի աչքերի մէջ: Թէ սիրտ ունիս՝ դիմացի՛ր: Ուրիշները, օրուայ աշխատանքից յոգնած, դադրած, քնում էին խորը քնով, իսկ Առաքելը քնել չէր կարողանում. “Իմ սիրտ կը ցաւէ… երկիր ինծի կը կանչէ”» («Կարօտ»):
Ահա այս կանչին ալ չդիմանալով՝ օր մը ան կը հատէ Խորհրդային պետական սահմանը, կ՚անցնի Արաքսը ու կը հասնի իր ծննդավայրը, իր տնակը ու կը համբուրէ անոր աւերակ քարերը: Քանի մը շաբաթ այնտեղերը թափառելէ, մարգերու թարմ խաւարծիլը ճաշակելէ, աղբիւրներու ջուրը խմելէ, քիւրտ ծանօթներու հետ հաց ուտելէ ու կարօտը մեղմելէ ետք կը դառնայ հակառակ ուղղութեամբ ու կը միանայ իր հարազատներուն:
Ա՛յս էր Քոչարի վերջին կտակը, վերջին պատգամը, վերջին աւանդը:
Սակայն հակառակ այս բոլորին՝ ան չյաջողեցաւ յաչս պատմութեան վերականգնել իր վարկը, մոռցնել միւս Քոչարը, որուն խարանը շարունակեց մնալ ճակատին:

* * *

2017-ին ձեռնարկի մը առթիւ գտնուեցայ Գրողներու տունը, որուն պատերը կը զարդարէին մեր հին ու նոր գրեթէ բոլոր գրողներու պատկերները:
Կը բացակայէին երկուքը՝ Նայիրի Զարեանինը եւ Հրաչեայ Քոչարինը:

(Շար. 2 եւ վերջ)

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1) «Կոմս» ստորագրած է նաեւ իր գիրքերը:

2) Խարկած ու մանր աղացած ցորեն, որ հայ ֆետայիները կը կրէին իբրեւ հոգեպահուստ:

3) Google-ը անոր երկու տիտղոսները յիշած է:

4) Քրտերէն՝ բարեկամ, քաւոր:

5) Ի՞նչ կրնար խօսիլ խեղճը, երբ թրքերէն չէր գիտեր, իսկ թէ ինչո՞ւ Վասպուրականի հայութիւնը Օսմանեան խորհրդարանի ներկայացուցիչ կ՚ընտրէ մէկը, որ թրքերէն չի գիտեր,- սա իր կարգին ուրիշ հանելուկ մըն է:

6) Կարգ մը աղբիւրներ Ռոստոմի բերանը կը դնեն սատկէիք բառը, որ աւելի հաւանական է:

7) Ան չէր վարաներ, բազկերակը ցոյց տալով, պնդելու. «Եթէ այս երակը պատռէք, Մամիկոնեան արիւն կը հոսի»,— իսկ թէ ինչի՞ վրայ հիմնուելով կը մտածէր այդպէս…առիթ չեղաւ գիտնալու:

8) Guide touristique

9) Ան Լիբանան մնաց 18 օր, իջեւանեցաւ Fédéral պանդոկը: Ընդառաջեց անխտիր բոլոր հրաւէրներուն՝ առանց հրեայի ու հեթանոսի որեւէ խտրութեան, շրջեցաւ Լիբանանի բոլոր հայաշատ օճախները եւ ունեցաւ 40 ելոյթ:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *