ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«Ծերանում ենք, Պարոյր Սեւակ,
ծերանում ենք, սիրելիս..»
— Կարծեմ իրաւունք ունէիր, երէկ մէկ տոպրակ հոն մոռցանք,— ըսաւ կինս այս առաւօտ, երբ անդրադարձաւ, որ շուկայէն մեր գնած մթերքներէն ոմանք կը պակսէին։
Բայց կ՚արժէ, որ պատմութիւնը սկիզբէն պատմեմ, որպէսզի աւելի յստակ ըլլայ դիպաշարը։
Երէկ, երբ աշխատանքս աւարտեցի, սովորականին պէս միասին իջանք ու գացինք մեր մօտակայ սննդամթերքի մեծ վաճառատունը, ինքնաշարժը տեղաւորեցինք կայանատեղիին մէջ յարմար տեղ մը։
Նախ շրջանցեցինք «Առաջին հունձք» ճաշարան-ծաղարանը, ուր շրջան մը ամառնային գործ ունէր մեծ թոռնուհիս, եւ շուկային ետեւի կողմէն անցանք մօտակայ թաղամասը, ուր բաւական մեծ տարածութեամբ զբօսայգի յարդարուած է, լճակներով հանդերձ, ուր կարելի է քալել, վարգել, շուները պտտցնել, հեծանիւով շրջիլ։ Շատ ծանօթ չէինք այս կողմերուն, քանի որ ընդհանրապէս մեր տան բոլորտիքը կը շրջագայինք։ Մեր աղջիկէն լսեր էինք, որ հոս ալ այսպիսի յարմարութիւն կայ։ Ուրեմն, ահա երկրորդ անգամ ըլլալով որոշեցինք այստեղ քալել քիչ մը, նախ քան գնումները ընելը։ Եղանակը անսովոր կերպով ջերմ էր ու գեղեցիկ, քամի ալ չկար։ «Հնդկական ամա՞ռն» էր արդեօք, որ կը յամենար մինչեւ նոյեմբերի այս առաջին շաբաթը։
Ուրեմն շրջեցանք, քանի մը լուսանկար ալ առինք։ Աշնանային գոյները սկսեր էին արդէն չոր տերեւներուն հետ թափիլ ծառերէն, անհետանալ, փոխարէնը փետրանման խոշոր վարդագոյն ծաղիկներով ու երկար ցօղուններով թուփեր կ՚եզերէին լճակներուն ափերը, բաւականին լայն շերտերով։ Շատ մարդ չկար, մէկը կը վարգէր, քանի մը հոգի իրենց շուներուն կ՚ընկերանային, լաչակաւոր երիտասարդուհի մը խոտերուն վրայ նստած՝ կը հետեւէր զաւակներուն խաղերուն, մէկն ալ բազկաթոռի մը վրայ երկնցած՝ խաղաղութիւնն ու արեւի տաքուկ շողերը կը վայելէր։
Վերադարձանք, ինքնաշարժի բեռնախցիկէն վերցուցինք քանի մը տոպրակ (պէտք է ունենալ սեփական մեծ ու դիմացկուն տոպրակներ, կամ անոնց համար ալ վճարում մը կատարել մթերքներուն հետ), մտանք վաճառատունը, ձեռքերը սրբեցինք բարակ ձողի մը վրայ զետեղուած հականեխիչով,— կրնայինք նաեւ օճառ-ջուրով լուալ ձախին յարմարցուած գուռերէն մէկուն մէջ,- «բարեւ» ըսինք մուտքի հսկիչին, որ կ՚ուզէ ապահով ըլլալ, որ անվարակ ձեռքերով ներս պիտի մտնենք, աջ կողմի տարածքէն գացինք առինք մէկական ճաղաւոր սայլակ, որուն բռնատեղերն ալ կը հականեխուին ուրիշ պաշտօնեայի մը կողմէ, ու ինքնաշխատ դռներէն մտանք ներս՝ մեր գնելիքներու ցանկերն ալ մեր ձեռքը։
— Երկու սայլակի պէտք չկար,— դիտել տուաւ կինս,— շատ բան չունինք գնելիք։
— Հոգ չէ, այսպէս աւելի արագ կ՚ըլլայ։
Իրաւամբ ալ շատ ժամանակ չառաւ. Ես աւելի քիչ մթերք ունէի ցանկիս վրայ, գացի զանոնք գտայ, զետեղեցի սայլակիս մէջ, վերամիացայ գնորդակցուհիիս, անոր ցանկէն ալ մի քանի բան հաւաքեցի, ու մեր առաքելութիւնը կատարած եւ հետեւելով գետինը զետեղուած ոտքի նշաններուն, որոնցմով երթեւեկը կը հակակշռուի՝ գացինք գանձարկղերուն կողմը, հոն ալ շատ մարդ չկար, մտանք անոնցմէ մէկուն անցքին մէջ, սայլակներուն մէջ եղածները զետեղեցինք շարժագօտիին վրայ, արկղակալուհին ալ զանոնք մէկ առ մէկ անցուց գիները ընթերցող սարքին առջեւէն, իսկ օգնականն ալ տեղաւորեց մեր բերած տոպրակներուն մէջ, տոպրակներն ալ՝ սայլակներուն։ Վճարումը կատարուեցաւ հեշտութեամբ՝ վարկաքարտը բռնելով հաշուիչ սարքին պաստառին վրայ, ու քալեցինք։
Ելքին՝ հսկիչին հարցուցի, թէ աթոռակի մը կարիքը չի՞ զգար, ամբողջ օրը այդպէս ոտքի՞ կը մնայ։
— Այո, ամբողջ օրը,— պատասխանեց ժպտելով։
— Բարի օր, ցտեսութիւն։
Կինս առջեւէն կ՚երթար, սայլակը քշելով։
Երբ ինքնաշարժին մէջ տեղաւորեցինք լեցուն տոպրակները, ճամբայ ելանք, կայանատեղիէն դուրս չեկած հարց տուի, թէ արդեօք մէկ սայլակը հոն չմոռցա՞նք։
— Ո՛չ,— յարեց կողակիցս,— բոլոր տոպրակները մէկ սայլակի մէջ զետեղուեցան։
— Կարծեմ իրաւունք ունէիր…,— կրկնեց կինս այս առաւօտ,— կաթ առած էինք, հաւկիթը չկայ, կարոսն ալ կը պակսի, չեմ գիտեր ուրիշ ի՞նչ կար, այո՛, սեխը, հատապտուղները. ի՞նչ ընեմ, հեռաձայնե՞մ, նայինք գտա՞ծ են։
— Հեռաձայնէ՛։
Ես հեռուէն հետեւեցայ այն խօսակցութեան, որ կինս ունեցաւ վաճառատան պաշտօնեային հետ։ Հասկցայ, որ գտած էին, ուզեցին ստուգել, թէ իրապէս մե՞ր տոպրակն էր, կարգ մը մթերքներու մանրամասնութիւնները հարցուցին, քանակը, տեսակը եւ այլն, ու հաւաստիացուցին, որ այո, հո՛ն է։
— Կը յուսամ սառնարանը պահած էք,— միջամտեցի խօսակցութեան՝ սենեակիս ընկալուչէն։
— Անշո՛ւշտ,— պատասխանեց տիկինը, որ կնոջս հետ կը խօսէր։ Ապա անունս հարցուց, եւ ուզեց գիտնալ թէ ե՞րբ կ՚երթանք վերցնելու այդ մոլորած տոպրակը։
— Անմիջապէս որ կարենամ՝ կու գամ։
Քիչ ետք հասայ վաճառատուն, մօտեցայ տեղեկատու սեղանին, զիս ընդունողը նոյն ինքն այդ տիկինն էր, ազնիւ ու հաճոյակատար։ Մէկ-երկու հարցում ալ ըրաւ, ապահով ըլլալու համար, որ ճիշտ տիրոջ կը յանձնէր տոպրակը։
— Շնորհակալ եմ, տիկին,— ըսի,— մեկնելէ առաջ կ՚ուզեմ քեզի բան մը պատմել։ Հայ բանաստեղծ մը կար, որ քերթուած մը գրած էր, ուր կ՚ըսէր, «Ծերանում ենք, Պարոյր Սեւակ,
ծերանում ենք, սիրելիս..», որովհետեւ, եթէ չեմ սխալիր, քառասուն տարեկան եղած էր ու փողոցէն անցած պահուն կիները այլեւս իրեն ուշադրութիւն չէին դարձներ, ինքն ալ անոնց կը նայէր եղբօր պէս։ Ես չեմ գիտեր, թէ կիները հիմա ինծի ուշադրութիւն կը դարձնե՞ն, մինչ ես անտարբեր չեմ անցնիր բնութեան գեղեցկութիւններուն կողքէն, նոյնպէս՝ գեղուհիներուն…, բայց տոպրակ մը մթերք վաճառատունը մոռնալը ինչի՞ նշան է…