ԶԱՐՈՒՀԻ ԳԱԼԷՄՔԵԱՐԵԱՆ
Երեք մեհեան հոգիիս մէջ իրենց խունկը կը ծխեն,
Ու ես անոնց կ՚երկրպագեմ բոլոր յուզուած ժամերուս։
Հոն աստուածներս կ՚անմահանան եւ էութիւնս կը նուիրեմ,
Երբ տանջուած կեանքիս ճամբէն ազատութեան կը բաղձամ։
Երեք աստուա՛ծ, կատաղօրէն ձեր զօրութեան կը կառչիմ,
Երբ տանջւորին ցաւին յորձանն հոգիիս մէռ փըրփըրի։
Երեք աստուած, երեք բագին, խոնջած կու գամ հեւալու
Ձեր ըսփոփիչ ստուերին տակ՝ Խաչուածներու Ցաւը մեծ։
Ո՛վ Քերթութիւն, ատրուշանիդ հըրդեհը ես կը դառնամ,
Սըրտիս բոլոր զեղումներն հոն՝ լանջիդ վըրայ վառելով,
Բոց կը դառնամ, կը գալարուիմ, բայց երկունքս կը պաշտեմ
Քանզի հոգիս սրբանալով՝ կը վերանայ իր նիւթէն։
Հառաչանքներ, հըռընչիւններ ու պայքարի ճիչեր խոր,
Երբ ականջիս մէջ կը գոռայ աղէտքին ցաւն ահաւոր.
Կատղած հոգիս իր մոլուցքէն ըսթափելու համար լոկ
Նըւագներու բագինին վրայ ըսպանդըն իր կը զոհէ։
Աչքերս այսպէս երբ տաժանքով եղեռներուն կ՚ըլլան վկայ,
Ու պըժգանքով էութիւնս սարսուռ կը զգայ ու սարսափ,
Նըկարչութիւն, քու տաճարիդ ես մոլեգին խնկարկուն՝
Ծունկի եկած մեծ հըրաշքիդ անմահութիւնը կ՚օրհներգեմ։