Ի՞նչ կ՚ըսենք… ի՞նչ կը հասկնանք

ՇՈՂԵՐ ՃԵԼԼԱՏԵԱՆ

Լեզուն բոլոր մշակոյթներու բառային տեսքով արտայայտուելու ուղին է։ Հայերէն լեզուն իր գրական, խօսակցական եւ բարբառային տարբերակներով կը հանդիսանայ աշխարհի հնագոյն եւ գեղեցկագոյն լեզուներէն մէկը, իր հազարագանձ բառամթերքով, բառակազմութիւններով, շարադասութեամբ, հնչիւնաբանութեամբ եւ լեզուական այլ յատկանիշներով։ Խօսակցական հայերէնը ոչ միայն գրական լեզուին տիրապետող հանրութեան բանաւոր, անկաշկանդ խօսքն է, այլեւ ժողովուրդի այն մասի խօսքը, որուն համար գրական լեզուն սովորաբար հաղորդակցութեան միջոց չէ։ Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին յառաջացուցած է իւրայատուկ խօսակցական լեզու մը, հարուստ դարձուածքային խօսելաձեւերով, որոնք չեմ գիտեր ինչու, ինծի համար նոյն համն ու հոտը չունին, գոնէ իմ գիտցած այլ լեզուներուս մէջ։ Այս դարձուածքային խօսելաձեւերը բազմաթիւ են ու բազմազան, մեր մանկութենէն յաճախ լսած ու ընկալած ենք։ Անոնք բնականաբար սկսած են մաս կազմել մեր առօրեայ խօսակցութիւններուն։ Այս դարձուածքներու կազմութեան մէջ հիմնական դեր ունին մեր մարմնի անդամները, որոնք յաճախ ենթականեր են, միանալով հետաքրքիր բայերու եւ լրացուցիչ գոյականներու կ՚ամբողջացնեն նախադասութիւնները եւ խօսակցական լեզուն կը համեմեն զանազան արտայայտութիւններով։

Այս առումով՝ գլուխը առաջնահերթութիւն ունեցող մէկ անդամն է։ Հայրը կամ մայրը երբ իրենց ձանձրոյթը պիտի արտայայտեն երեխաներու աղմուկէն բարկացած պիտի ըսեն՝ «Գլուխս տարիք», իսկ եթէ նոյն բանը քանի մը անգամներ կրկնուի՝ «Գլուխս արդուկեցիք»։ Եթէ բարեկամի մը պիտի բացատրենք թէ որքան բազմազբաղ ենք այս օրերուն՝ «Գլուխ քերելու ժամանակ չունիմ»։ Երբ զգաս որ ոեւէ մէկը չի կամենար քեզ օգտակար դառնալ՝ «Եղունգ ունիս գլուխդ քերէ»։ Դժբախտութիւն մը պատահելու պարագային ալ գլուխը չի կրնար խուսափիլ իրողութենէն. «Վայ, գլխուն մեծ փորձանք մը եկած է»։ «Պայթիլ» բայն ալ կրնայ միանալ գլխուն եւ շեշտել յանցագործութիւնը. «Գլխուն պայթեցաւ»։ Երբեմն բարկացած պահու մը կը ստիպուինք քաղաքավարութեան սահմանները խախտել ըսելով՝ «Խնդրեմ, գլուխս երբեք պարապ չէ քեզի համար»։ Սակայն չմոռնանք յարգանքի մեծ բաժինն ալ, որ գլուխը կը վայելէ. «Գլխուս վրայ տեղ ունիս», իսկ եթէ գաղափարին երբեք համոզուած չենք՝ վճռաբար կ՚ըսենք. «Ասանկ բաները գլուխս չեն թրջեր»։ Յաջողութեամբ աշխատանքը աւարտողը կը գնահատեն՝ «Իսկապէս,շատ լաւ գլուխ հանեց»։ Հայրը կը սաստէ ըմբոստ երիտասարդ տղան. «Գլուխէդ վեր բաներու մասին չմտածես»։ Թղթախաղի ընթացքին գլուխը շատ անգամ սպառնալիքի կրնայ ենթարկուիլ. «Այս անգամ ես քու գլուխդ պիտի կտրեմ»։

Լեզուն ալ գլուխէն ետ չմնար։ Երեխան երբ նոր խօսիլ սկսի, մեծ մայրը կ՚ըսէ. «Թոռնիկս լեզու ելաւ»։ Երբ մէկը ճարտարօրէն կրնայ համոզել, կը գովենք. «Ինչ լաւ լեզու թափեց»։ Երկու կիններ կ՚ափսոսան ծանօթ բարեկամուհիի մը բամբասանքի նիւթ դառնալը, եւ գլուխ տարուբերելով կ՚ըսեն. «Մեղք է, ժողովուրդին լեզուն ինկաւ»։ Երբ վէճ մը շատ սաստկանայ, վիճաբանողներէն մէկը պարտաւորուած կրնայ ըսել. «Լեզուդ քաշէ՛, ալ կը բաւէ»։ Իր խորամանկութեամբ ընկերը անել վիճակի մատնողը կը հպարտանայ թէ «Լեզուն բռնուեցաւ չկրցաւ պատասխան տալ»։

Ականջը յաճախ պատժամիջոց դարձած մարմնի անդամն է, հակառակ իր կենսականութեան։ Թէեւ ներկայ սերունդներու ականջները ձերբազատուած ու հանգստացած են այդ պատիժէն, բայց երբեմն տակաւին կրնան լսել «Ականջդ պէտք է քաշուի» ոչ-կիրառելի յանդիմանութիւնը։ Մտահոգ բարեկամդ կրնաս մխիթարել ըսելով. «Ականջիդ ետեւ նետէ» կամ «Ականջ մի’ դներ»։ Լաւագոյն ծնողական խրատ մըն է «Ականջդ լաւ բաց, զաւակս»։

Ձեռքն ու ոտքն ալ անշուշտ մաս կը կազմեն այս ցանկին։ Առատաձեռն մարդուն պիտի ըսենք «Ձեռքը բաց է», իսկ անճարակին` «Անոր ձեռքէն բան չ՚ելլեր»։ Բամբասող կիները գողի մը պատմութիւնը կը սկսին ըսելով. «Լսեցինք ձեռքը ծուռ է եղեր…»։ Ոստիկան մը երբ պարմանուհի մը կը հարցաքննէ թէ այդ երիտասարդէն ինչ պատճառով կը գանգատիք, վերջինս երկու բառով կրնայ բացատրել պատահածը. «Ձեռք նետեց…»։ Հաւաքական աշխատանքի մը միայն որպէս դիտորդ մասնակցողը հաւանական է որ լսէ «Ձեռքդ բանի մը չդպցուցիր» նկատողութիւնը։ Երբ պատանիէն բարկացած հայրը վերջնականօրէն պիտի արգիլէ որեւէ տեղ երթալ՝ «Ոտքդ կտրէ’ տեղդ նստիր»։ «Պնդել» բայը այնքան ալ ազդեցիկ չէ քան «Ոտք կոխեց» ըսելը։ Նահանջելն ալ կրնայ ոտքով բացատրուիլ. «Վերջապէս ոտքը քաշեց հոսկէ»։

Քիթը ընդհանրապէս բացասական դերակատարութեամբ հանդէս կու գայ. «Քիթդ մի խոթեր», ուրիշի գործին մի խառնուիր։ Հետաքրքիրին «քիթը երկար է», իսկ գարշահոտութենէն կրնայ «քիթը փրթիլ»։ Մեծ մայրիկը կ՚ափսոսայ ազգականի մը ձախողութիւնը. «Մէկ խօսքով՝ խեղճին քիթէն եկաւ»։ Երբեմն ալ երկու անձերու միջեւ նմանութիւն գտնող վարպետները նմանութիւնը շեշտելու համար` «Քիթէն ինկեր է» պիտի ըսեն։

Անշուշտ բերանն ալ գործօն անդամ է այս ծիրէն ներս։ Ուսուցչուհին քանի մը անգամներ շատախօս աշակերտին «մի’ խօսիր» ըսելէ ետք «Բերանդ գոցէ» կը գոչէ։ Աւելորդ պակաս բաներ խօսողին՝ «Բերնիդ չափ ու սահման դիր»։ Վայ անոր որուն անգաղտնապահ ըլլալը բացայայտուի. «Անոր բերանը բան չթրջիր» կ՚ըսեն, իսկ եթէ հակառակն է՝ «Չէ, երբեք կասկած մի ունենաք, բերանը ամուր է»։

Աչքի պէս պարզ եւ աչքի պէս խորունկ. աչքն ալ իր բաժինը առած է այս դարձուածքներէն։ Երբ մէկը շատ հետաքրքիր ծիծաղ մը կը պատմէ, լաւ մը խնդալէն ետք շնչասպառ կ՚ըսենք. «Աչքդ չ՚ելլէ, ուրկէ բերիր այս մէկը»։ Երազկոտ մանուկը իր ամպերէն վար բերելու համար կ՚ըսեն. «Աչքդ լաւ բաց»։ Փափկասուն տիկինը առեւտուրէ վերադարձին կը փորձէ ամուսինը համոզել թէ ցուցափեղկին մէջ տեսած ադամանդեայ մատանին շատ սիրած է եւ անպայման կ՚ուզէ հատ մը ունենալ. «Աչքս վրան մնաց» կրկնելը լաւագոյն միջոցներէն մէկն է։ Սնահաւատութենէ ալ իր բաժինը ստացած է աչքը. երբեմն կապոյտ գոյնով աչքի նշաններ կը դրուին դռներու վրայ եւ ըստ այնմ վատ բան մը պատահելու պարագային կ՚ըսուի «անպայման աչք դպած է» կամ «աչքէ եղաւ»։ Անգլերէն լեզուի մէջ շատ գործածուած կրկնակի ստուգումը, հայերէնով աւելի հեշտ է ըսել «Աչք մը եւս նետէ»։ Խեղճ աչքը երկու պարագաներուն ալ կը ծառայէ. երբ անհատը ագահ է՝ «Աչքը ծակ կ՚ըլլայ», հակառակը՝ «Աչքը կուշտ է»։ Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պեպօ» թատրերգութեան մէջ, երբ Արութին իր պարտքը կ՚ուրանայ եւ փոխարէնը հինգ թուման կը փորձէ տալ, Պեպօ դրամը Արութինի երեսին շպրտելով կ՚ըսէ. «Հը՛, բռնէ՛, աչքդ խոթէ կնկադ համար առնելիք կ՚ունենաս»։

Պէտք չէ մոռնանք նաեւ սիրտը՝ մարմնի շարժիչը, այս պարագային նկարագիր բնութագրողն է։ Անհատի մը մասին դրական արտայայտուելու համար կ՚ըսենք՝ «Սիրտը մաքուր է», իսկ բացասականին սիրտը իր գոյնն իսկ կը փոխէ. «Սիրտը շատ սեւ է»։ Բաւարար չէ պարզ բառերով պատմել թէ բարեկամ մը առաջին հանդիպումէն շատ սիրած ենք. կը նախընտրենք ըսել՝ «Առաջին օրէն սիրտս մտաւ»։

Եւ եթէ շարունակենք մտածել այս առնչութեամբ կրնանք տակաւին շատ մը օրինակներ վերյիշել, այս արտայայտութիւնները կը շարունակեն մնալ խօսակցական լեզուի օգնականներ, երկար միտքերն ու խօսքերը կարճ ու դիպուկ կերպով հաղորդելու լաւագոյն միջոցներ։
Եւ մանաւանդ, մեր լեզուն կ՚ըլլայ աւելի համով ու հոտով։

Թորոնթօ

One Reply to “Ի՞նչ կ՚ըսենք… ի՞նչ կը հասկնանք”

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *