Զարուհի Գալէմքերեան, Եւտերպէ (1874-1971) — ՄԱՀՈՒԱՆ 50-ԱՄԵԱԿ

Ս.Ա.Յ.

Զարուհի Գալէմքերեան, ծնեալ Սեֆերեան կը պատկանէր հայ կին գրողներու այն սեղմ բայց նշանակալից տասնեակին, որոնք ապրեցան եւ ճոխացուցին արեւմտահայ գրականութեան ոսկեդարը, որ պիտի ընդհատուէր Մեծ Եղեռնի արեան ծովով։ Այն տասնեակին, որոնց գրութիւնները Դանիէլ Վարուժան եւ Յ.Ճ.Սիրունի ներկայացուցած էին իրենց 1914-ի «Նաւասարդ» հանդէսի էջերէն(*)։
Բանաստեղծ, արձակագիր, յուշագիր Զարուհի Սեֆերեան ծնած էր Պոլիս, 1874-ին, ուր յաճախած է Աղա Տայիի Դպրատունը եւ Արամեան վարժարանը, աշակերտելով Նազարէթ Տաղաւարեանին։ Ծնողքը ընդդիմացած են իր գրական փորձերուն, եւ իր սկզբնական շրջանի գրութիւնները ստորագրած է Եւտերպէ անունով։ Յետագային, ամուսնութենէն ետք, ան գործածած է Զարուհի Գ. կամ Զարուհի Գալէմքերեան անունները։ 1921-ին կը թողու Պոլիսը եւ կը հաստատուի Ամերիկա, ուր կը մահանայ 1971-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ։
Ունի բազմաթիւ գրութիւններ մամուլի էջերուն մէջ։ Ունեցած է նաեւ իր սիւնակը «Բիւզանդիոն»ի մէջ։ Երկերէն մաս մը նաեւ հրատարակուած են հատորներով.
0(բանաստեղծութիւն), Կ. Պոլիս, 1890։
Զարթօնք (բանաստեղծութիւն), Կ. Պոլիս, 1893։
— Մրմունջք (բանաստեղծութիւն), Կ. Պոլիս, 1894։
— Թոոնիկիս գիրքը (արձակ էջեր), Իսթանպուլ, 1936։
— Կեանքիս ճամբէն (տպաւորութիւններ), Անթիլիաս, 1952։
— Հասկաքաղ (ժողովածու), Երեւան, 1965։
— Օրեր եւ դէմքեր (բանաստեղծութիւն եւ արձակ էջեր), Երուսաղէմ, 1965։

Իր «Կեանքիս ճամբէն» յուշագրութեան մէջ Զարուհի Գալէմքերեան կը գրէ թէ Պոլսոյ գրական սալոնները նպաստած են հայ կին գրողներու գրական փորձերուն։ Այդ սալոնները առիթ ընծայած են նոր հորիզոններու, մտքերու թէ գաղափարներներու փոխանակման։ Հոն կ՚արծարծուէին ազգային, մշակութային, արուեստի մասին կարծիքներ, նոր շարժումներ։ Հոն նաեւ գրական նոր փորձեր եւ բանաստեղծութիւններ կ՚ընթերցուէին։ Զարուհի նաեւ հայ թատրոնը գնահատած է որպէս հայ կնոջ առաջ նոր դռներ բացող միջոց։ Իր յուշագրութեան մէջ Զարուհի նշած է դասակարգային տարբերութիւններ հայ կին գրողներու մէջ, շեշտելով թէ միջին դասակարգի կին գրողը կը քննադատուէր եթէ գրեր Սրբուհի Տիւսաբի նման վէպեր։ Գալէմքերեան մեծապէս տպաւորուած էր Սիպիլէն եւ գնահատած անոր բազմակողմանի տիպար կեանքը որպէս ամուսին, մայր, ուսուցիչ, հանրային գործիչ, գրող։

*) Victoria Rowe, A History of Armenian Women’s Writing — 1880-19221

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *