ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Երբ կը մտածենք մե՛ր թերացումներուն, ցաւերուն կամ տագնապներուն մասին, այլոց իրավիճակին ծանօթանալը կրնայ մեզի օգտակար ըլլալ։
Այսօր հայ գրողի դիմագրաւած դժուարութիւնները կրնան շատ տարբեր չըլլալ այլ գրողներու դժուարութիւններէն, սակայն զանոնք հարթելու կամ թեթեւցնելու համար ի՞նչ կ՚ընեն ուրիշներ, ի՞նչ կ՚ընենք մենք։
Այս հարցերը անցան մտքէս երբ կարդացի Le Devoir օրաթերթի 30-31 յունուար 2021 շաբաթավերջի մշակութային յաւելուածին մէջ շահեկան յօդուած մը՝ «L’écrivain, espèce à protéger» («Գրողը՝ պաշտպանութեան կարիք ունեցող տեսակ մը») ստորագրուած թերթի մնայուն աշխատակից Odile Tremblay-ի կողմէ։
Յօդուածագիրը, շեշտելէ ետք գրականութեան կենսական կարեւորութիւնը եւ գրողները յարգելու, մեծարելու անհրաժեշտութիւնը, դիտել կու տայ, որ դժբախտաբար սակայն «Քեպէգի մէջ գրողը մշակութային աղքատ ազգականը կը նկատուի. իր հեղինակները նուազ պաշտպանուած են քան բեմագիրները, երաժիշտները շարժարուեստի մարդիկը»։ Ապա կ՚աւելցնէ, թէ «մինչ քեպեգցի արուեստագէտներու միջին եկամուտը 25 000 տոլարի շուրջ կը դառնայ, գրողներունը 9 000-ի մօտ է»։ Անշուշտ տարեկան 25 000-ն ալ շատ բանի չի ծառայեր։
Այսպէս, ըստ Քեպէգցի գրագէտներու եւ գրագիտուհիներու միութեան մէկ նոր յուշագրին, որ ներկայացուեցաւ Քեպէգի Մշակոյթի նախարարութեան, գրողները չեն վայելեր նոյն առաւելութիւնները, որ իրենց ստեղծագործող այլ պաշտօնակիցները կը վայելեն։ Իրենց համաձայնագրերը, հրատարակիչներուն հետ, չեն հիմնուած որեւէ հաւաքական համաձայնութեան վրայ։ Անոնք հրատարակիչներու բարեացակամութենէն կախեալ են, եւ «որոշ գրողներ կը ստիպուին ընդունիլ հրաժարիլ իրենց հեղինակային իրաւունքներէն՝ ցկեա՛նս, երբեմն նոյնիսկ մինչեւ 50 տարի իրենց մահէն ետք, այլապէս դուրս կը դրուին՝ իրենց ձեռագրերն ալ թեւին տակ»։
Գրողներու միութիւնը արշաւի մը ձեռնարկած է «Ես գրող մըն եմ։ Ես լիիրաւ արուեստագէտ մըն եմ» կարգախօսով։ Թրամպլէ կ՚աւարտէ իր յօդուածը հետեւեալ խօսքով. «Ասիկա թող մեր միջեւ մնայ, սակայն այս խնդրին ամենէն անհաւատալի երեւոյթը այն է, որ այդ իրողութիւնը ճշգրտելու կարիքը կը զգացուի»։
Բայց մենք խօսինք մե՛ր գրողներուն մասին։ Ի՞նչ իրաւունքներ կը վայելեն անոնք, — ըստ իս՝ ո՛չ մէկ։
Չեմ ուզեր խօսիլ Հայաստանի գրողներուն մասին, եւ տեղեակ ալ չեմ, թէ իրենց միութիւնը այնտեղ ի՛նչ կ՚ընէ այս ուղղութեամբ, այսինքն՝ իր անդամներու տնտեսական վիճակը քիչ մը բարելաւելու տեսակէտէն, կամ ի՞նչ կրնայ ընել։
Սփիւռքի մէջ, սակայն, մենք չունինք հրատարակչականներ, որոնք պատրաստ ըլլան գնելու հեղինակի մը ստեղծագործութիւնը՝ անոր յատկացնելով կոկիկ գումար մը, յաւելեալ՝ վաճառուող գրքերուն վրայ ալ շահաբաժին մը. կամ, գումարը կանխիկ տալով՝ ապսպրելու անտիպ վէպ մը, պատմուածքներու հաւաքածոյ մը կամ բանաստեղծութիւններու հատոր մը եւ հրատարակելու զայն։
Ներկայ դրութիւնը այն է, որ կամ հեղինակը ի՛նք իր ծախսով կը հոգայ գրքին տպագրութիւնն ու հրապարակ կը հանէ, յուսալով, որ կազմակերպութիւն մը շնորհանդէս մը սարքէ, բարեկամներ գան ու քանի մը հատոր գիրք վաճառուի, թէկուզ քանի մը տասնեակ։ Այլ հարց, թէ հեղինակը այդ բարեկամներէն շատերուն ալ արդէն ի՛նք նուիրած կ՚ըլլայ իր հատորը։ Կամ ալ մեկենաս մը գտնէ, որ հոգայ տպագրութեան ծախսը։
Գիրքը տպելը, սակայն, հարցին մէկ երեսն է միայն։ Ան պէտք է տարածուի, բաշխուի՛։ Եւ շուտով կարելի է վերահասու ըլլալ այն իրողութեան, թէ տարածման, հոս ու հոն առաքման ծախսերը կը գերազանցեն տպագրական ծախսերը։
Ուրեմն, ի՞նչ է այլընտրանքը։ Կա՛մ չգրել, կամ գրածը չտպել ու չվաճառել, կամ առցանց հրատարակել, անվճար մատչելի դարձնել գիրքդ։
Չկայ որեւէ կազմակերպութիւն, մշակութային ըլլայ, թէ այլ, որ այս հարցերուն մէջ ամբողջական նեցուկ կանգնի գրողին՝ ստեղծագործութենէն մինչեւ շուկայադրում։ Մասնակի ձեւով աննշան օժանդակութիւններ կը տրուին, սակայն ոեւէ հեղինակ չի կրնար ատոնց վրայ հաշիւ ընել՝ հոգալու համար իր ապրուստը։
Անշուշտ կայ նաեւ այլընտրանքը հայերէն գրելէ հրաժարելու եւ օտար լեզուով մը հրապարակ գալ փորձելու, առանց անշուշտ որեւէ ապահովութեան, թէ գրածդ պիտի ընդունուի օտար հրատարակչականի մը կողմէ։
Բացի երբեմն խորհրդանշական յատկացումներէ, մեր գրողները եւ յօդուածագիրները, այլեւ մեր դասախօսներն ու զեկուցաբերները որեւէ շօշափելի վարձատրութիւն չեն ստանար։ Միշտ կ՚ակնկալուի իրենցմէ, որ ամեն ինչ սիրայօժա՛ր կատարեն։
Անշո՛ւշտ աւելի բախտաւոր են մեր միւս արուեստագէտները։ Նկարիչները իրենց կտաւները կրնան վաճառել, ի մասնաւորի ընդհանուր հասարակութեան մէջ, երբեմն մինչեւ իսկ «աստղաբաշխական» գումարներու, երգիչներն ալ նոյնքան «աստղաբաշխական» գումարներով բեմ կ՚ելլեն։ Օտիլ Թրամպլէին ըսածին պէս՝ գրողները աղքատ ազգականն են, կամ աղքատ Ղազարոսը մշակոյթին։
Պետութիւնները չեն հետաքրքրուած գրողներով, մանաւանդ այսօրուան հետզհետէ աւելի վայրագ դարձող դրամատիրական վարչակարգերու տակ։ Չմոռնանք նաեւ, որ այլուր ալ, ինչպէս անցեալին, ասոր կամ անոր թմբկահարը դառնալու պատրաստ գրողներն են, որ նիւթական աւելի լաւ պայմաններ ունենալու յոյսը կրնան սնուցել…
Մենք չունինք ամենայն հայոց պետութիւն, որուն գանգատինք, որ իր գրողներով չի զբաղիր, յատկապէս Սփիւռքի գրողներով։ Ունինք սակայն կազմակերպութիւններ, մշակութային թէ այլ, որոնք պատրաստ են բռունցքները կուրծքերուն զարնելով հրապարակ գալ ի պաշտպանութիւն հայերէնին, արե՛ւմտահայերէնին՝ պնդելու, թէ որքան կարեւոր է այդ պաշտպանութիւնը, մանաւանդ մեր քաղաքական իրաւունքներուն տէր կանգնելու տեսակէտէն։ Գործնականին մէջ, սակայն ոչինչ կ՚ընեն։ Կամ՝ գրեթէ՛ ոչինչ։
Չունինք, սակայն կրնայինք ունենալ յատուկ հիմնադրամ մը, բազմամիլիոն, նոյնիսկ հարիւր միլիոն դրամագլուխով՝ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ի խնդիր. այդպիսի գումարներ առանձինն տրամադրելու կարողութիւնը ունեցող մեծատուններ ունի՛նք։ Նման հիմնադրամ մը կրնար ոչ միայն գրողներ ապրեցնել, այլեւ շատ ուրիշ անհրաժեշտ մշակութային ծրագրեր իրականացնել։ Սակայն չունինք՝ որովհետեւ չե՛նք ուզեր ունենալ։ Չենք հաւատար այն նպատակներուն, որ այստեղ կը ջատագովուին։
Յիշեցում մը միայն. 1918-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Լուսաւորութեան (կրթութեա՛ն, չէ՞ որ կրթել կը նշանակէ լուսաւորել…) նախարար դաշնակցական Նիկոլ Աղբալեան ի չգոյէ պաշտօն մը ստեղծեց, գրասեղան մը յատկացուց եւ պետական ճղճիմ միջոցներէն լումա մը կրցաւ տրամադրել համայնավար Եղիշէ Չարենցին, որպէսզի ան նստի ու… ստեղծագործէ՜, անդրադառնալով, որ տաղանդաւոր գրողը կրնար լուսաւորե՛լ մեզ։
Այս օրինակը ականջի օ՛ղ ըլլալու է մեզի համար, մեզի՝ Աղբալեանի ժառանգորդներուս թէ բոլորիս համար։