ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
կը զարնուի կը զարնուի երկաթներուն ձողերուն
ու յուսահատ սիրտը կոտրած ծունկին վրայ կը կքի
կը կրկնէ
քանիերորդ անգամն է այս
չի համոզուիր
չի հասկնար
որ իր դէմը բաբախող կտոր մը աստուծոյ տեղ
թուղթի խշշոց է կուտակուեր
մելանի թաթխած մի քանի բառ
ու կծիկ մը հանգոյցներու
երկարօրէն իրարու վրայ փաթթուած
ոռնոցի կտակարան
բոլոր երգերն աշխարհի ճար չունին հոս
ուրիշ տեղ մը համբերութեամբ
պարտուելու կը մեկնին
ե՞րբ եղած էին
տկարութեան խօլ իմաստը պարտկելու
անջրպետի մը չափ յուզիչ
կանոնաւոր շուրջանակի առասպել
պիտի երթայ
այնտեղ ուրկէ եկած էր
նորէն գալու դեռ չհասած
քանի երբեք ոչ գացած էր ոչ եկած
կը խաբէ ինքզինք
կը խաբեմ ես զիս
այս ողկոյզին հատիկները
պտուկի պէս բերնիս մէջ դարձնելով
պարապի
անհիւթ աննիւթ
անապատի մանկան նման
աչքերս կախ ծիծէն կախած
ոչ անձրեւ կայ ոչ ալ կաթ
կաթկթի պիտի
բխում մը անհիւրընկալ հոսքերու
իր խորերէն իմ խորերուս պիտ’ վիժի
պիտի չելլէ ծունկէն վեր
քանի մատը մոմի փոխան
պորտի հաճոյքին
փսփսուքով շիջեցաւ
ինքզինքին համար պիտի չծնի