ՄԱՀՈՒԱՆ ՀԱՃՈՅՔԸ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

մահուան վախը հաճոյք մըն է մանկական
շնիկի պէս
իրեն տուած չարչարանքէս
չի գիտեր ուր խուսափի
եւ դեռ կ’ուզէ իմ խաղերուս տակ սմքիլ
հպատակիլ իրեն տուած ցաւերուս
կը հասկնայ մատներուս տակ ձախաւեր
թէ ամենէն հաճոյալի գիւտն է ինծի
գուրգուրանքս զոր չեմ գիտեր ինչպէս յայտնել ճշդօրէն
կը կարծեմ զինք այսպէս սիրել
արժանանալ իր հակադարձ համակրանքին
զինք կը ստիպեմ ինծի տրուիլ անվերապահ
ամեն պահու
ամեն դիրքի
ամեն յոյզի տակ մեծաբար
զիս ընդունիլ
սիրող հօր մը նուիրական պարտքին նման
զինք կը տանիմ անգիտակից ու սիրազեղ գերութեան
կարծես ապրիլն ուրիշ ձեւով չի ճանչնար
եսը եթէ ունեցած է երբեւէ
իր լռութեան ո՞ր անկիւնը պահ տուած է ո՞վ գիտէ
իր ձայնազուրկ հաշիւին մէջ ո՞ւր եմ ես
համբերութեան ո՞ր չափին մէջ զետեղած է զիս արդեօք

մինչ ես
գիրկս բռնած զինք կը շոյեմ գազանաբար
խարտոցաւոր իմ մարդկային ափերովս նողկալի
կը փրցընեմ ամեն կողմը
կը ճմլեմ իր հեշտահամ ու հիւթառատ միսերը
քսելու զինք մարմնովս մէկ
կուրծքիս գլխուս կոկորդիս
ծունկիս բերնիս աչքերուս
որ ներծծուի ներքաշուի մէջս հասնի
եւ հոն միայն մենք սկսինք զրոյցը
անպատասխան իրական

Փարիզ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *