ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
(Ա)
— Իսկական փոքրիկ Հայաստան մըն է, — ըսաւ խօսակիցս, երբ յայտնեցի, թէ Ճեմարան պիտի ուսանիմ, այդպէս աւելի սրելով հետաքրքրութիւնս եւ օր առաջ սկսելու փափաքս:
Ու երբ հասաւ այդ օրը, նկատեցի, որ Ճեմարան կը յատկանշուէր նախ եւ առաջ Հայաստանի հողով ու ջուրով հաղորդ մարդոց կենդանի փաղանգով մը՝ դպրոցին մէջ թէ անոր անմիջական շուրջը:
1
Սիմոն Վրացեան
Ասոնց ամենատիրականը եւ ուշագրաւը ինքն էր՝ տնօրէնը՝ Սիմոն Վրացեանը՝ Առաջին հանրապետութեան վերջին վարչապետը, ըլլալով հանդերձ միւս ճանչցածներուս մէջ ամենէն անհաղորդը:
Ան Ճեմարան եկած էր շուրջ տարի մը առաջ՝ յաջորդելու համար Լեւոն Շանթին, որ մեռած էր 1951-ի նոյեմբերին: Արդէն բաւական տարիքոտ էր, գոնէ 70-նոց մը, որուն հասնողը բնական պայմաններու մէջ պէտք է վաղուց հանգստեան կոչուած ըլլար, սակայն մարդկային այդ իրաւունքը կանոնագրողը վստահաբար նկատի չունէր հայու այն տեսակը, որ ինքզինք պարտաւոր կը զգայ մինչեւ վերջին շունչն ալ վազվզելու, մէկ կողմէ՝ պահելու համար իր գլուխը, միւս կողմէ՝ պահելու համար իր ինքնութիւնը: Այս իմաստով ալ՝ Շանթի տարողութեամբ ու Continue reading “Փոքրիկ Հայաստան”