Արմենակ Եղիայեան
Գլխագրում
Գլխագրումը մեր ցաւոտ հարցերէն մէկն է, որ յարատեւ կը հալածէ մեզ առանց օրինականութեան ու միօրինակութեան ցանկալի մակարդակներուն հասնելու կամ մօտենալու. ամեն մարդ ազատօրէն եւ խելքին փչածին պէս կը գլխագրէ. հարցնող-դնող չկայ: Է՜հ, աշխարհը իրար անցած՝ գլուխը առեր կ’երթայ, հիմա ժամանա՞կն է գլխխագրերով զբաղելու:
Այսինքն՝ արեւմտահայուն խելքին ու ճաշակին ճիփ-ճիշդ յարմարող կացութիւն մը, ուր մտածելու եւ տրամաբանելու ոչ մէկ հարկադրանք կայ եւ կարելի է բնազդաբար գրել:
Ստորեւ պիտի սերտենք զայն երկու մակարդակներու վրայ.
ա. Խորագրերու,
բ. Յատուկ անուններու:
Խորագիր
Արեւմտահայ իրականութեան մէջ կը գտնենք խորագրերը, մասնաւորաբար թերթերու, գրելու հետեւեալ ոճերը.
ա.Բոլոր բառերու բոլոր տառերու գլխագրում.
Օրինակ՝ «ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ԼԱՐՈՒԻ»
Այս ոճը շատ խոր արմատներ ունի մեր լրագրական եւ ընդհանուր առմամբ հայերէնի տպագրական մարզէն ներս: Սակայն ան ինքզինք սպառած, դահացած ըլլալ կը թուի, յատկապէս մամուլի մէջ, ուր նախընտրութիւնները հետզհետէ կ’երթան ստորեւ բերուած բ. տարբերակին:
բ.Միայն առաջին բառի առաջին տառի գլխագրում.
Օրինակ՝ «Կացութիւնը հետզհետէ կը լարուի»
Ահա այս ոճն է, որ սկսած է ընդհանրանալ՝ շնորհիւ իր ակնահաճոյ զուարթ տեսքին:
Այս ոճը որդեգրած լրագիրը աւելի հաղորդական է, աւելի առոյգ ու հրապուրիչ: Ամերիկայի մէջ հետզհետէ կը բազմանան ա. տարբերակը լքելով այս մէկին անցնողները: Մեր մէջ 3-4-ը չեն անցնիր անոնք, եւ ըմբռնելի չէ, թէ ինչո՛ւ կը տնտնան մնացեալները:
գ.Իւրաքանչիւր բառի սկզբնատառի գլխագրում.
Օրինակ՝ «Կացութիւնը Հետզհետէ Կը Լարուի»
Ոճերուն ամենազազրելին է այս, որ բացարձակապէս ոչ մէկ հայեցի աւանդոյթ ունի մեր լրագրական ու ընդհանրապէս տպագրական պատմութեան մէջ: Ան բոլորովին օտարամուտ է, յատկապէս ամերիկեան ծագումով: Մինչ հիմա ամերիկացիք հետզհետէ կը հեռանան անկէ, մեր մէջ կը գտնենք ստրկաբար անոր կառչած թերթեր:
Այս վերջին յոռի սովորութիւնը կը գտնենք գրական երկերէ բերուած խորագրերու ու մանաւանդ ոտանաւորէ առնուած ամբողջական տողերու վերարտադրութեան մէջ եւս. ինչպէս՝
— Կասկածը Կնոջ Մտքին Մէջ
— Ինչո՞ւ Անունդ Այստեղ Չկարենամ Գրել Ես
Ուր առաջին բառերու առաջին տառը գլխագրելէ բացի մնացեալները գլխագրելու բացարձակապէս ոչ մէկ պատճառ գոյութիւն ունի՝ ոչ քերականական, ո՛չ գեղագիտական:
Յատուկ անուններ
Հարցը կը վերաբերի բաղադրեալ յատուկ անուններու, այսինքն՝ այնպիսիներուն, որոնք կը գրուին մէկէ աւելի բառերով:
Օրինակ՝
— Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն (ՄԱԿ)
— Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւն (ՀԲԸՄ)
— Հայ մարզական ընդհանոր միութիւն (ՀՄԸՄ)
— Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւն (ՀԵԸ)
— Նոր սերունդ մշակութային միութիւն (ՆՍՄՄ)
Էապէս խորթ ու անընդունելի է ասոնց բոլոր բառերու սկզբնատառերը գլխագրելու մոլութիւնն ու… մոլորութիւնը, քանի որեւէ պատճառ չկայ այդպէս շարժելու:
Փոքրատառով կը գրուի յատուկ անունները բնորոշող բառը.
— Արարատ լեռ, Մուսա լեռ
— Սեւ ծով, Կարմիր ծով
— Օրմանեան պատրիարք, Թորոս վարդապետ, Կիրակոս աբեղայ
— Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան
— Հայ կաթողիկէ Թորգոմեան վարժարան
Գեղարուեստական երկեր ու արտադրութիւններ
— «Նահանջը առանց երգի» (Շահան Շահնուր)
— «Մամայիդ բարեւ ըրէ» (Գրիգոր Զոհրապ)
— «Կարապներու լիճը» (Չայկովսկի)
Աշխարհագրական անուններ
Աշխարհագրական կողմերու պարզ անունները չեն գլխագրուիր՝
— արեւելք, արեւմուտք, հիւսիս, հարաւ
«Իսրայէլ կը գտնուի լիբանանի հարաւը»:
«Այսօր պաղ հոսանք մը հասաւ հիւսիսէն»:
«Կարաւանը դէպի արեւելք ուղղուեցաւ»:
Անոնք կը գլխագրուին, երբ տարածք, շրջան ցոյց կու տան. օրինակ՝
«Արեւմուտքը ազգագրական տագնապ կ’ապրի»:
«Այդ տագնապը տակաւին չէ հասած Արեւելք»:
Չեն գլխագրուիր կողմերու բաղադրեալ անունները եւս.
— հիւսիս-արեւելք, հարաւ-արեւելք
— հիւսիս-արեւմուտք, հարաւ-արեւմուտք
Նկատել բաղադրիչներու միջեւ միութեան գծիկի կիրարկութիւնը:
Այս գծիկները կ’անհետանան, երբ այդ անունները ածականի կը վերածուին՝
— հիւսիսարեւելեան, հարաւարեւմտեան եւ այլն:
Կը գլխագրուին աշխարհագրական տարածք ցոյց տուող բարդ անուններու բոլոր բաղադրիչները.
— Փոքր Ասիա, սակայն՝ փոքրասիական
— Մերձաւոր Արեւելք, սակայն՝ մերձարեւելեան
— Ծայրագոյն Արեւելք
— Միջին Ասիա, սակայն՝ միջինասիական
— Վերին Եգիպտոս, Ստորին Եգիպտոս (1)
— Հարաւային Արաբիա, սակայն՝ հարաւարաբական
— Հարաւային Ամերիկա, սակայն հարաւամերիկեան
— Հարաւային Ափրիկէ, սակայն՝ հարաւափրիկեան
— Արեւմտեան Հայաստան կամ Արեւմտահայաստան, արեւմտահայկական
— Արեւելեան Հայաստան կամ Արեւելահայաստան, արեւելահայկական
Արշակունի, մխիթարեան եւ նմանները չեն գլխագրուիր իբրեւ անհատական անուն. օրինակ՝ «Երկու մխիթարեաններ կը փորձէին ուղղել մեր սխալները»: Ասոնք կը գլխագրուին երբ կ’ակնարկեն այդ անունները կրողներու ամբողջութեան.
— Արշակունիները տուին մեր լաւագոյն թագաւորները:
— Մխիթարեաններուն կը պարտինք մեր վերահայացումը:
Տօնական օրերերու անունները առանձնաբար կը գլխագրուին, օրինակ՝ Ծնունդ, Զատիկ, Համբարձում, Հոգեգալուստ… ասոնք իբրեւ բառակապակցութիւն կու տան՝ Սուրբ ծնունդ, Սուրբ զատիկ, Նոր տարի, Մեծ պահք եւ այլն:
Կրնայ պատահիլ, որ նոյն անունը գրուի երկու տարբեր ձեւով իր շարադասութեան բերումով. օրինակ՝ Տրդատի դուռ, որ կամար մըն է Էջմիածնի բակին մէջ, եւ Դուռն Տրդատայ. Առաջինը աշխարհաբարեան արտասանութիւնն է, երկրորդը՝ գրաբարեան:
Կը գլխագրուին ժամանակակից կայացած տէրութեանց կամ գերտէրութեանց անուններու բոլոր բառերը. ինչպէս՝
— Միացեալ Նահանգներ (ՄՆ)
— Ռուսական Դաշնութիւն(ՌԴ)
— Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ)
— Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն (ԱՄԷ):
Չեն գլխագրուիր պատմական տէրութեանց անունները.
— Հռոմէական կայսրութիւն
— Բագրատունեաց հարստութիւն
— Օսմանեան տէրութիւն:
Միայն առաջին բառը կը գլխագրուի հոգեւոր կառոյցներու եւ նստավայրերու, որոնք կ’ընկալուին իբրեւ վերացական հասկացութիւններ.
— Հայ առաքելական եկեղեցի
— Հայաստանեայց (Հայց.) առաքելական սուրբ եկեղեցի
— Ընդհանրական եւ առաքելական եկեղեցի
— Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արարատեան թեմ
— Կաթողիկէ եկեղեցի
— Եհովայի վկաներ
— Աւետարանական եկեղեցի
— Առաքելական եկեղեցի
— Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներ
— Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածին
— Սուրբ Էջմիածին Մայր աթոռ (կամ՝ տաճար)
— Մեծի տանն Կիլիկիոյ սուրբ աթոռը
Ծանօթ.− Աթոռ բառը կը գլխագրենք, երբ ան կ’անձնաւորուի եւ կը փոխարինէ ամբողջ բառակապակցութիւնը. օրինակ՝ «Աթոռս որոշեց սրբագործել անոր անունը»:
Չեն գլխագրուիր աշխարհիկ եւ հոգեւոր տիտղոսները.
— նախարար, վարչապետ, նախագահ
— եպիսկոպոս (եպս.), կաթողիկոս (կթղ.), ծայրագոյն վարդապետ (ծվ.)
— քահանայ (քհն.), քահանայապետ, պատուելի, վերապատուելի
— մոլլա, խախամ, քուրմ, քրմապետ, սուրբ, սրբուհի
Օրինակ՝ սուրբ Ներսէս Շնորհալի, սրբուհի Հեղինէ:
Գլխագրումը կը ջնջէ տուեալ տիտղոսին բառային նշանակութիւնը. օրինակ՝ Սուրբ Հեղինէ-ն կղզիի մը անունն է, այլ խօսքով՝ նիւթ մըն է. Սուրբ Նշան՝ անունն է համապատասխան քարաշէն դպրոցին կամ եկեղեցիին: Սակայն սուրբ Հեղինէ-ով կ’ակնարկուի Կոստանդիանոս կայսեր մօրը, որ իր կեանքով ու գործունէութեամբ ճանչցուած է իբրեւ սրբուհի, եւ սուրբ Նշան՝ այն հայ երանելին է, որ կը կրէ այս անունը եւ ունեցած է համապատասխան վարք ու կենցաղ:
Չեն գլխագրուիր կրօնական, քաղաքական, գաղափարական, կուսակցական, ազգային ու լեզուական պատկանելութիւն ցոյց տուող բառերը.
— քրիստոնեայ, իսլամ, հրեայ
— միապետական, հանրապետական,
— աջակողմեան, ձախակողմեան, յառաջդիմական, ժողովրդավար
— հնչակեան, դաշնակցական, ռամկավար-ազատական
— հայ, յոյն, արաբ, ֆրանսացի
— հայերէն, ֆրանսերէն, չինարէն
Լեզուական թնճուկ մը
Միասնաբար կարդանք Թումանեանին վերագրուող հետեւեալ տողը՝ սփիւռքահայ թերթի մը մէջ.
«Ա՞ստղ ես ուզում,
— Մենք երկնքից վեր կը բերենք քեզ համար…» (ՅԹ, Փարվանա):
Ահա այսպէս կը խոստանայ թագաւորը իր սիրասուն աղջկան:
Բայց ի՞նչ կը նշանակէ աստղը «երկինքէն վեր բերել»:
Ինչպէ՞ս կարելի է «երկինքէն վեր բերել» բան մը:
Այս բոլորը կը թուին բառային անհեթեթութիւն մը, եթէ յանկարծ չմտածենք, որ մեր բոլորիս սիրելի Թումանեանի զուլալ մտածողութիւնը չէր կրնար անհեթեթութիւն դուրս տալ. նման բան տեսնուած չէ: Հապա ի՞նչ է այս մէկը…
Թումանեան օրին, երբ տակաւին աբեղեանական ուղղագրութիւնը չէր հաստատուած, գրած ու հրատարակած է ուրիշ բան, որ հետեւեալն է.
«Մենք երկնքից վէր կը բերենք քեզ համար»:
Իսկ այս «վէր»-ը ընդհանրապէս ծանօթ է հայ ընթերցողին. ան բարբառային հնչիւնափոխ ձեւն է «վայր» բառին, ճիշդ ինչպէս ունեցած ենք՝ սայլ-սէլ, ծայր-ծէր, հայր-հէր, մայր-մէր, եղբայր-աղբէր, գայլ-գէլ եւ այլն, որոնց բոլորին մէջ գործած է այ > է ծանօթ հնչիւնափոխութիւնը:
Այնքան ատեն որ գործած է մեսրոպեան ուղղագրութիւնը, ոչ ոք դժուարութիւն ունեցած է այսպիսները ըմբռնելու: Բայց ահա աբեղեանական ուղղագրութիւնը եկաւ բառամէջի «է»-երը ջնջելու ու զանոնք փոխարինելու ե-ով. սէր-սեր, պարտէզ-պարտեզ, հէր-հեր… եւ այլն:
Վէր-ն ալ դարձաւ վեր ու նոյնացաւ իր հականիշին հետ՝ մեսրոպեան վեր-ով:
Եւ երկուքը խառնուեցան իրարու՝ անճանաչելի դարձնելով ինչ որ կը գտնուի բո՛ւն վեր-ը՝ երկինքի մէջ, ու կը գտնուի վա՛ր-ը՝ երկրի վրայ, ճիշդ ինչպէս խառնուած ու անճանաչելի են բուն սէր-ը, որ դառնալով սեր՝ նոյնացած է կաթին երեսի ճարպային նիւթով:
Եւ վերջապէս, մեր արեւմտահայ հրատարակիչը, որ այնքան ալ չի տիրապետեր հայերէնին, — կարելի է ըսել՝ ստիպուած ալ չէ, — արեւելահայ բնագիրը մէջբերած է նոյնութեամբ, որ է՝ «երկնքից վեր կը բերենք»:
Երախայ ու երեխայ
Սփիւռքահայ թերթի մը մէջ կը կարդանք.
— Արցախի մէջ 30.000 երախաներ կ’ապրին զրկուած:
Այս ալ կը նշանակէ, որ Արցախի բնակչութեան ճիշդ քառորդը … չէ մկրտուած:
Երախայ է… հեթանոս է…ընդհուպ… կռապաշտ է: Հապա՞
Անյիշելի ժամանակներէ ունեցած ենք երախայ եւ երեխայ բառերը, որոնք հաւասարապէս նշանակած են մանուկ: Այսպէս էր, քանի ա եւ ե հնչիւնները յաճախ լծակից եղած են, այսինքն՝ փոխարինած են զիրար. օրինակ՝ Արաքս ու Երասխ, առասան ու երասան, արագ ու երագ, աղտիւր ու եղտիւր: Այսպէս ան շարունակած է իր երթը մինչեւ մեր քրիստոնէացումը, որմէ ետք այս երկուքը հետզհետէ ունեցած են որոշ բեւեռացում մը, որ հետագային շեշտուած է յատկապէս արեւմտահայերէնի մէջ.
— Ուր երախայ ձեւը յատկացուած է չմկրտուածներուն՝ առանց տարիքային խտիրի:
— Իսկ երեխայ ձեւը վերապահուած է իբրեւ հոմանիշ մանուկ-ի:
Այս այսպէս ըլլալով, կարելի է դիւրաւ ենթադրել, որ յօդուածագիրը ըսել կ’ուզէ «30.000 երեխայ», այսինքն՝ մանուկ, որ կ’ընէ Արցախի մանուկներու ամբողջութիւնը:
Անշուշտ բացառուած չէ, որ անոնց մէջ գտնուին նաեւ իսկական երախաներ, այսինքն՝ չմկրտուածներ, ինչպէս ամեն տեղ, իսկ թէ ակնարկութիւնը կ’երթայ մանուկներու՝ ընդհանուր առմամբ, բացայայտ է:
Մաղթենք, որ յօդուածագիրը կարդայ այս գրութիւնը ու սորվի երախայ բառը:
Պայթում եւ պայթիւն
Պայթիւնի հետևանքով 5 մարդ է զոհուել (Արմէնպրես):
Նոր Հայկազեանը ունի պայթում եւ պայթիւն, սակայն շատ յստակ սահմանազատած չէ ասոնք, քանի շփման եզրեր կը ձգէ պայթում-ին, որ պայթելու արարքն է, եւ պայթիւն-ին, որ պայթումին հետեւանքով յառաջացած ձայնը, աղմուկն է: Կարելի է ըսել՝ ամեն պայթումի կը հետեւի, կ’ընկերանայ, կը համապատասխանէ պայթիւն մը:
Այս շփոթը չէ փարատած Ռուբէն Ղազարեանի գրաբարի բառարաններուն մէջ եւս, ուր, օրինակ, կը գտնենք. «պայթումն – պայթելը, պայթիւն», — այլ խօսքով՝ պայթումը կը հաւասարեցնէ պայթելու գործողութեան եւ աղմուկին հետ:
Այս շփոթը չէ փարատած ո՛չ Մալխասեանի, ո՛չ Ակադեմիայի, ո՛չ Աղայեանի բացատրական բառարաններուն մէջ. ոչ ալ… Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանին մէջ: Այս վերջինը կը գրէ. «պայթիւն — պայթուցիկ նիւթի կործանարար ուժով պայթելը». նկատել՝ պայթիւն = պայթելը:
Ահա այս համատարած շփոթի հետեւանքով ալ կը գրուին վերը բերուածի նմանութեամբ նախադասութիւններ, ուր մարդիկ կը մեռնին… պայթիւնի հետեւանքով:
Իսկ այդ պայթիւնը, արեւմտահայ մտածողութեամբ, վերացական, ոչ-շօշափելի աղմուկ է միայն, որ կրնայ յոռեգոյն պարագային խլացնել, սակայն ոչ սպանել: Սպանողը պայթումը ի՛նք է, նիւթին ուժգին հերձումը եւ հերձուող առարկայի պատճառած նիւթական վնասը:
Ըստ այնմ ալ ոչ մէկ շփոթի մատնուած է արեւմտահայ հատուածը, եւ մեր տկար միջոցներով յաջողած ենք բծախնդրօրէն զանազանել գործողութիւնը եւ աղմուկը՝ ասոնց կրած համապատասխան ածանցներով.
Գործողութիւն — Աղմուկ
գոչում — գոչիւն
դղրդում — դղրդիւն
դոփում — դոփիւն
ճայթում — ճայթիւն
ճարճատում — ճարճատիւն
պայթում — պայթիւն
Զօրասիւն եւ փառատօն
Հայրենի մամուլը այս բառերը զոյգ «նն»-ով կը յոգնականացնէ, այսինքն՝
զօրասիւններ, փառատօններ
Մինչդեռ անոր բոլոր աղբիւրները՝ բառարանները, քերականական գիրքերը, ուղղագրական ուղեցոյցները եւ այլն կը թելադրեն ասոնք գրել մէկ «ն»-ով՝
զօրասիւ-ներ, փառատօ-ներ
որոնք այնքան հեզասահ, կիրթ ու բարեհունչ ալ են, մինչ զոյգ «նն»-ով օժտուածներու արտասանութիւնը այնքան այլանդակ է եւ կը պահանջէ լեզուա-կոկորդային այլազան աճպարարութիւններ:
Եւ ի՞նչ ընէ դպրոցը, ի՞նչ ընէ ուսուցիչը, ի՞նչ ընէ Լեզուի կոմիտէն, երբ այսպիսի անբան սարսախներով լեցուն է Հայաստան աշխարհը:
Եւ անշուշտ պէտք չի մնար ըսելու, որ այս սխալները իրենց անդրադարձը կ’ունենան սփիւռքի մէջ ալ, ուր գրողը ոչ մէկ ուղեցոյց ունի ձեռքին տակ, ոչ մէկ ուսուցիչ, ոչ մէկ կոմիտէ, որ ուղղութիւն տայ, թող որ ինք ալ իր կողմէ ոչ մէկ ճիգ կը թափէ փնտռելու եւ գիտնալու…
Իսկ այնքան պարզ է կանոնը. քանի սիւն կու տայ սիւներ եւ տօն կու տայ տօներ, հետեւաբար շարասիւն-ը պիտի տայ շարա-սիւներ, փառատօն-ը պիտի տայ փառա-տօներ:
Այնքան պարզ, որքան Ամերիկայի գիւտը:
Ըստ այսմ՝ կէտ կու տայ կէտեր, եւ ուրեմն… միջակէտեր, ստորակէտեր, վերջակէտեր, սահմանակէտեր, հայեցակէտեր, յենակէտեր. ասոնք բոլորը կէտեր են:
Բայց ահա ունինք տեսակէտ բառը, որ հայրենի տեսաբանները ներ-ով կը յոգնականացնեն՝ տեսակէտներ, այն «տրամաբանութեամբ» , որ տեսակէտ-ը կէտ մը չէ, այլ միտք մըն է, կարծիք մըն է, դատողութիւն մը, ընդհուպ՝ համոզում մը:
Ենթադրենք, որ այդպէս է:
Սակայն նոյն տեսաբանները կը գրեն հայեցակէտեր, որ ոչ միայն կէտ մը չէ, այլեւ սերտ հոմանիշ է տեսակէտ-ին, կարելի է մինչեւ նոյնանիշ կոչել ասոնք: Բայց անցնինք:
Միւս կողմէ՝ չես գիտեր ինչու եւ ինչպէս՝ արեւելահայ իրականութեան մէջ սկսաւ ձեւաւորուիլ ժամկէտներ կառոյցը եւս՝ ներ-ով, ի նմանութիւն տեսակէտներ-ի, մինչդեռ այս վերաբերումը չ’արդարանար, քանի ժամկէտ հասկացութիւնը կէտ ըլլալէ չի դադրիր. ան որեւէ գործողութեան, որեւէ ընթացքի, որեւէ երեւոյթի աւարտը նշող վերացական կէտն է:
Այս անհետեւողականութիւնները էապէս վարակիչ են. մեր հոս-հոսները հոգի կու տան նման երկւութիւններու եւ հակասութիւններու, լիաբռւռն կ’ընդօրինակեն զանոնք՝ բան մըն ալ վրան աւելցնելով։
armenag@gmail.com
1 Ասոնք աշխարհագրական ինքնուրոյնութիւն ստացած եւ վաղ անցեալին անջատ թագաւորութիւն դարձած բաժանումներու անուանումներ են: