«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր»

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ա.

Կը չակերտեմ խորագիրս ի յարգանս «Բանե՜ր, բանե՜ր, ի՜նչ բաներ»-ի անմահ հեղինակին՝ Շաւարշ Նարդունիի…
Գիրքեր կու գան ու կը դիզուին գրասեղանիս մէկ անկիւնը՝ սպասելով… Ինչի՞ սպասելով, — որ կարդամ, թղթատեմ գէթ, շնորհակալութիւն յայտնեմ զայն գրած կամ ինծի նուիրած հեղինակին, կամ ինծի նուիրած ընկերոջս, բարեկամիս, գէթ երկու տող մը գրեմ թերեւս ու վերջապէս տեղաւորեմ (թխմեմ) գրադարանիս յորդող դարակներէն մէկուն վրայ, կամ պառկեցնեմ արդէն զայն ամբողջութեամբ գրաւած այլ գիրքերու վերեւ։
Այս նոր գրքերէն ոմանք իմ խնդրանքով են հասած, շնորհիւ ընկերներու բարեացակամութեան՝ թէ՛ առանց փոխարժէքը պահանջելու, թէ՛ ալ զանոնք փոխադրելու ձանձրոյթն ալ ստանձնելով։
Ընթերցողները գիտեն, որ նոյնիսկ եթէ զանազան գրքեր անձնապէս միայն ինծի նուէր եկած ըլլան, ընդհանրապէս անդրադարձած ենք մեր՝ «Հորիզոն գրական»-ի «Ստացուած գրքեր» բաժնին մէջ՝ գոնէ տեղեկացնելու համար, թէ անոնք լոյս են տեսած։
Այս յօդուածը գրախօսականներու շարք մը չէ, — երանի՜ ըլլար, — այլ պարզապէս նոր գիրքերու ձեռքբերման հաստատումը, այդ ստացման պարագաներուն պատմումը՝ եթէ յատկանշական է, գիրքի բովանդակութեան ամփոփ ներկայացումը ու մանաւանդ շնորհակալութեան խօսք մը բոլորին՝ հեղինակներուն, հրատարակիչներուն, նուիրողներուն։
Չմոռնամ աւելցնել, որ այդ բոլոր շօշափելի գիրքերէն զատ նաեւ կը պատահի, որ պարբերաբար ել-նամակով թուայնացած գրքի մը պատճէնը ստանամ, մասնաւորաբար Իշխան Չիֆթճեանէն, որ, նախասիրութիւններուս ծանօթ ըլլալով, ուրկէ՞-ո՞ւր կը գտնէ, կը ճարէ զիս յատկապէս հետաքրքրող հրատարակութիւն մը։ Ահա վերջինը՝ Յ. Նալբանդեանի «Մեր Լեզուն» (հայերէն լեզուի դասընթացք, Բ. գիրք – ընթերցանութիւն, արտասանութիւն, բառագիտութիւն, զրուցատրութիւն, քերականութիւն, ուղղագրութիւն, շարադրութիւն, նախակրթարանի Բ. կարգ (10 տարեկան տղոց համար), Գահիրէ, տպագր. Փօլ Պառպէյ, 1939, 142 էջ՝ շապիկով միասին։ Նալբանդեան Գահիրէի ազգային վարժարաններու հայերէնի վաստակաւոր ուսուցիչ է եղած։ Համացանցի վրայ գոյութիւն չունի։ Տեղ մը կարելի՞ է իր կենսագրութիւնը գտնել։ Կ՚ուզեմ ստուգել, թէ այդ «Յ»-ն ի՞նչ կը ներկայանէ, Յովհաննէ՞ս, Յակո՞բ։ Անմիջապէս կը գրեմ հի՜ն ընկերոջս՝ Սուրէնին, Գահիրէ, որ շատ չանցած կը հաստատէ, թէ Յակոբ է։ Նաեւ իրմէ կը տեղեկանամ, որ Նալբանդեան տնօրէնն է եղած Գալուստեան ազգային վարժարանի 1934 – 1939, իսկ 1947-ին ներգաղթած է Հայաստան։
Վերադառնամ, սակայն, քովս շարուած շօշափելի, տպագրեալ գրքերուն։
Սկսիմ ամենէն վերջին ստացածներէս, թէեւ մասնաւոր կարգ մը պիտի չպահեմ։

Իրապէս անակնկալ մըն էր, երբ Դիմատետրի բարեկամներէս Հերա Տօլար Իսկէնտէրօղլուն՝ հայերէնի ուսուցչուհի մը Պոլիսէն, իր Մոնթրէալ այցելութեան առթիւ ազնիւ գաղափարը ունեցաւ ինծի նուէր գիրք մը բերելու։ Հարցուց, թէ ի՛նչ կը փափագէի, եւ առաջին նախընտրութիւնս («Կապոյտ երազ») նոր հրատարակուած բայց արդէն սպառած ըլլալով, բերաւ, միշտ ցանկութեանս համաձայն, Զաւէն Պիպեռեանի «Մրջիւններու վերջալոյսը» կոթողական գործը՝ Արաս հրատարակչատունէն, Բ. տպագրութիւն, յունիս 2021, Ստանպուլ., 624 էջ. կողքի ձեւաւորումը՝ Արէտ Կըճըրի, լուսանկարը՝ Արա Կիւլէրի։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է Սեւան Տէիրմենճեան, որ գրած է նաեւ «Յառաջաբան»-ը (13 էջ)։ Գրքին սկիզբը զետեղուած է Զաւէն Պիպեռեանի կենսագրութիւնը, քաղուած Հր. Բալուեանին ուղղուած իր նամակէն (որ նոյնպէս զետեղուած է գրքին «Յաւելուած» բաժինին մէջ, եւ որ կը բովանդակէ նաեւ հեղինակին ինքնակենսագրութիւնը)։ Նոյն այդ «Յաւելուած»-ին մէջ ներառուած է նաեւ Մարկ Նշանեանի «Չաւէն Պիպեռեանի մրջիւնները» գրախօսական յօդուածը (16 էջ), որ, երբ Նշանեան ծանօթացած է վէպին, լոյս տեսած է Փարիզի «Յառաջ»-ի «Միտք եւ Արուեստ»-ին մէջ 3 յունուար 1988-ին։ Կայ վերջապէս ծանօթագրութիւններու հարուստ բաժին մը։
Կ՚արժէ աւելցնել, որ այս հրատարակութենէն առաջ, որուն առաջին տպագրութիւնը կատարուած էր 2007-ին, վէպը նախ լոյս տեսած է 1970-ին որպէս թերթօն «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ, ապա որոշ յապաւումներով՝ 1984-ին, որպէս առանձին հատոր՝ յայտնի գրասէր տիկնանց խմբակի մը կողմէ։
Խմբագիրը՝ Սեւան Տէիրմէնճեանը, դիտել կու տայ, թէ այս գիրքը «պատմական վէպ մը չէ, պատմութիւնը, ժամանակաւոր իրականութիւնը վերլուծելու կամ կերտելու, ի մի բան՝ զայն դուրսէն նուաճելու յատկութիւն մը չունի, այլ վէպ մըն է, ուր հեղինակը կը փորձէ ներսէն քննելու անձի մը (Պարէտի), ընտանիքի մը (Թարհանեաններու), առհասարակ հաւաքականութեան մը (պոլսահայութեան) յարափոխ էութիւնը, տեւող գո՛յը»։
Այս գիրքին շնորհիւ առիթ եղաւ, որ առցանց ծանօթիս՝ Հերային նաեւ միսով-ոսկորով ճանչնամ, Ոստայնիս թելերէն մէկը աւելի՛ ամրանայ…

Հիմա առնենք երկու այլ գրքեր, որոնք «XXI դարու հայ գրականութիւն» մատենաշարի առաջին երկու (կարծրակազմ ու տպաւորիչ կողքերով) հատորներն են, — «Ձայն Արցախական» եւ «Ձայն Հյուսիսային»։ Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին։ Մատենաշարը համադրողն է դոկտ. Հրանդ Մարգարեան՝ մեզի ծանօթ փրոֆեսոր-գրող- բեմադրիչ-դերասան-գործիչ սիրելի Հրանդը։ Շարքը կը նպատակադրէ «2000 – 2025 շրջանի հայերէն գրուած գրական անտիպ երկերու վաւերագրական պատկերը հանդիսանալ» ինչպէս կը նշուի բացատրական թռուցիկի մը մէջ։ Ներկայ զոյգ գրքերէն անդին ծրագրուած են բազմաթիւ հատորներ նուիրուած Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններու նորագոյն գրականութեան։
«Ձայն Արցախական»-ը լոյս տեսած է 2021-ին, Երեւան, Արմաւ հրատարակչատունէն, 488 էջ, 700 տպաքանակով։ Կը բովանդակէ այն ատեն տակաւին ապրող 41 եւ մահացած (նահատակուած) 8 գրողներու գործերը՝ արձակ թէ չափածոյ։ Խմբագրական խորհուրդը կազմուած է Դաւիթ Միքայէլեանէ, Ամալիա Գրիգորեանէ եւ Հերմինէ Աւագեանէ։ Մեկենաս եղած են մեծ թիւ մը գրասէր ազգայիններ։
«Ձայն Հյուսիսային»-ը, որ լոյս տեսած է 2022-ին, նոյն հրատարակչատունէն՝ 416 էջերով ու 300 տպաքանակով, ի մի կը բերէ Վրաստանէն, Ռուսաստանէն, Աբխազիայէն, Բելոռուսիայէն, Էստոնիայէն եւ Լիտուայէն թիւով 36 գրողներու նոյնպէս արձակ ու չափածոյ բազում գործեր։ Հատորը կազմած ու խմբագրած է Արմէն Աւանէսեան։ Մեկենասն է Զարմայր Սեդրակեան՝ հատորը նուիրելով իր կողակցի՝ Սոնիա Ոսկերիչեան-Սեդրակեանի յիշատակին։ Զարմայր՝ մանկութեան ու պատանեկութեան կրտսեր ընկերս, աւելի ուշ «Համազգային»-ի ճամբով գործակիցս, Մոնթրէալ գալու պատճառ ունենալով՝ անձա՛մբ բերաւ գիրքէն քանի մը օրինակ՝ այլոց եւ ինծի ալ համար։
Առաջին հատորին սկիզբը «Համազգային»-ը «Շաղկապելով մայրենին՝ հայրենիին» վերնագրին տակ կը գրէ.
«Ազգերու գոյութեան եւ յարատեւութեան կռուանը իրենց իսկ ստեղծած մշակոյթն է, այլ խօսքով՝ Ազգին զաւակներու մտային, հոգեկան եւ ոգեկան ստեղծագործութիւններու հաւաքականութիւնը։
«Չկայ ԱԶԳ հասկացութիւն առանց ՄՇԱԿՈՅԹԻ։
«Համայն մարդկութեան պատմութեան մէջ մեր փոքր ածուն, վեհօրէն, ամենապայծառ օրինակը հանդիսացած է եւ կը շարունակէ մնալ այս իրականութեան»։
Անշուշտ շատ փափագելի պիտի ըլլար, որ այս հատորները մեր գրականութեան պատմութեան աւանդ յանձնուէին դասակա՛ն ուղղագրութեամբ…

(Շարունակելի)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *