Միշտ ապրող էջեր — ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Մալխաս

(Արտաշէս Յովսէփեան)

Հոս կ՚ուզէի քանի մը խօսք ըսել ձեռնարկի մը մասին, որը Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ շատ կարեւոր տեղ մը կը բռնէ եւ սերտօրէն կապուած է Սալմաստի հետ։ Այդ՝ Խանասորի արշաւանքն է։
Ինծի կը թուի թէ, մինչեւ այժմ այդ արշաւանքը, որ մինչ այդ եզակի ձեռնարկ մըն էր, ըստ արժանւոյն չէ գնահատուած: Յեղափոխական ուրիշ կուսակցութիւններ, կրքէ եւ նախանձէ կուրացած, չեն ուզած արժէք մը գտնալ անոր մէջ։ Ժողովրդական լայն խաւերու համար, սպանուած քրտերու քանակն էր հետաքրքիր, ուրիշներու համար անյաջող ձեռնարկ մըն էր Խանասորը, քանի որ Շարաֆ բէկ մը չէր սպանուած, եւ գրեթէ ամեն մարդ կը գնահատէ այդ արշաւանքը անոր անմիջական հետեւանքովը՝ բոլորովին անտեսելով անոր բարոյական խոշոր արժէքը։
Կուկունեանի արշաւանքի փորձէն վերջ, Խանասորի արշաւանքը անով կ՚արժէքաւորուի, որ տեղի կ՚ունենար ատեն մը, 1895-6 թուականներու հայկական կոտորածներէն վերջ, երբ ամեն ժամանակէ աւելի հայ ժողովուրդը կ՚ապրէր անհնարին յուսալքում եւ հոգեկան բեկում: Եթէ 1890 թուականին, ազգային ղարթօնքը զարմանալի թափով անցաւ Պոլսէն մինչեւ ամենահեռաւոր գաւառները, ամեն տեղ ալ հայ ժողովուրդի մէջ անսահման ոգեւորութիւն առաջացնելով, կոտորածներու շրջանէն վերջ սակայն, այդ քիչ մը շատ ռոմանթիք ոգեւորութիւնը տեղի տուաւ անծայր յուսահատութեան: Վարդագոյն յոյսերը տեղի տուին մռայլ յուսահատութեան. ազգային մեծ իտէալը, որ իրականացման այնքան մօտ կ’երեւէր, կորսուեցաւ հեռաւոր մշուշի մէջ։
Մինչեւ կոտորածները, հազիւ թէ գտնուէր հայ մը, որ ոգեւորուած չլինէր մօտաւոր ապագայի յոյսերով, բայց այդ դէպքերը պարզօրէն ցուցուցին ժողովրդին, թէ ազգային իտէալին հասնելու համար հարկաւոր է գործել եւ զոհել։ Բան մը, որ ընդգրկելու նախապատրաստուած չէր սակայն ժողովուրդը, բացի չատ չնչին տոկոսէ մը։ Ու բնականաբար ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ առաջացաւ ուժեղ տեղատուութիւն մը, որ մեծապէս անդրադարձաւ նաեւ յեղափոխական շարքերու վրայ։ Շատ շատեր լքեցին իրենց փայփայած երազները, շատեր կռնակ դարձուցին յեղափոխութեան, շատերու համար ալ հայ ժողովուրդի գոյավիճակի շարունակութիւնը նախընտրելի էր ծանր զոհաբերութիւններու հետ կապուած ազատամարտէ մը։ Ահա հոգեբանական այս ծանր վայրկեանին էր, որ Դաշնակցութիւնը ծրագրեց Խանասորի արշաւանքը։
Իրագործումը այդ ծրագրին հերքիւլեան աշխատանք մըն էր։ Սիւնեաց աշխարհի դաւիթբէկեան շարժումներէն վերջ, ոչ մէկ անգամ, հայ ժողովուրդը հնարաւորութիւն ունեցեր էր երեք հարիւրէ աւելի մարդիկ կեդրոնացնել վայրի մը մէջ, զինել զանոնք արդիական զէնքերով եւ զինուորական կարգապահութեամբ առաջնորդել այդ գունդը նպատակ մը հետապնդելու։ Մարդ պէտք է լաւ գիտնայ 1897 թուականի պայմանները՝ ըմբռնելու համար այն ահագին դժուարութիւնները, որոնք կապուած էին արշաւանքը կազմակերպելու հետ։ Եւ Դաշնակցութիւնը ծանր զոհաբերութեան գնով գլուխ բերաւ այդ ձեռնարկը, որ անկիւնաքարը դարձաւ հայ ժողովրդի հոգեբանական մակընթացութեան։

[…]

1897 յուլիսի 25-26-27-ին տեղի կ՚ունենայ պատմական Խանասորի արշաւանքը։ Ինչպէս նախօրօք ըսի, անոր արժէքը աւելի խոր էր եւ հոգեբանական, քան քրտական ցեղ մը պատժելու նպատակը։ Գրեթէ ամեն հայ ծանօթ է Խանասորի կռուի մանրամասնութիւններուն, որոնց վրայ կանգ չեմ առնելու։ Կ՚ուզեմ աւելի նախապատրաստական աշխատանքներուն վրայ ծանրանալ, որոնց մասին, հազիւ թէ գաղափար ունենայ ընթերցողը:
Անշուշտ շատ դիւրին է կարդալ գրքի մէջ, թէ Դաշնակցութիւնը մօտ 320 հոգի առաջնորդեց դէպի Խանասորի դաշտը, բայց բոլորովին տարբեր բան մըն է երբ կ՚ուզես գործի յաջողութեան համար կատարուած աշխատանքի դժուարութիւնները ըմբռնել։ Դաշնակցութիւնը կազմակերպուած պետութիւն մը չէր։ Մէկդի ձգած նիւթական միջոցները, որոնք 96–97 թուի ռէակցիայի ժամանակ, գրեթէ ցամքեր էին, միմիայն զինումի խնդիրը կապուած էր ահագին դժուարութիւններու հետ : Երեք հարիւրէ աւելի հրացաններ եւ ատոնց համար առնուազն 112.000 փամփուշտ կեդրոնացնել Սալմաստի նման սահմանափակ շրջանի մը մէջ, գործ մըն էր, որու համար տասնեակներով գործիչներ, Ռուսաստանի խորքերը, Կովկաս, սահմանամերձ վայրերը, Թաւրիզ եւ Սալմաստ, շարժման մէջ էին դրուած ։
Հրացանները ընդհանրապէս Ռուսաստանի խորքերէն, գլխաւորաբար Թուլայի պետական զինագործարաններէն կը գնուէին կողմնակի ճամբաներով, գլխաւորաբար կաշառքի միջոցով։ Անկէ հարկաւոր էր գաղտնօրէն հասցնել նախ Կովկաս, որտեղէն երկու ճամբաներով, Ջուլֆայով կամ Ղարաբաղով պէտք էր անցնել ռուս–պարսկական սահմանով Թաւրիզ: Երբ ի նկատի առնենք որ հրացաններու հետ եւ հարկաւոր էր աւելի քան 112.000 փամփուշտ փոխադրել, մէկ սահմանէ միւսը, այնպիսի խեղճուկ միջոցներով ինչպիսին է գիշերային մաքսանենգութիւնը, ողորմելի թուլուխներու օժանդակութեամբ, այն ժամանակ միայն հասկնալի կը դառնայ այն ահագին աշխատանքը, որ Դաշնակցութիւնը պարտաւոր էր թափել, միայն զէնքերը Պարսկաստան, Թաւրիզ հասցնելու համար: Սակայն զէնքերը, որոնք քանդուած վիճակի մէջ, եւ շատ անգամ ալ վնասուած կը հասնէին տեղ, հարկաւոր էր Թաւրիզի Դաշնակցութեան արհեստանոցի վարպետներու ձեռքէն անցընել, որոնք թուով 5–6 հոգի, գիշերը ցերեկին խառնած էին, դժուարին պայմաններու մէջ, որոշեալ թուականին, զէնքերը պատրաստ վիճակի մը հասցնելու համար: Պէտք էր Թաւրիզէն այդ ահագին ծանրութիւնը ապահով կերպով փոխադրել Սալմաստ, որ կարծուածին չափ ալ հեշտ գործ մը չէր։ Բացի այն որ հարկաւոր էր խուսափիլ պարսիկ կառավարութեան հսկողութենէն, փոխադրութիւնը ինքնին ծանր գործ մըն էր: Ու Դաշնակցութիւնը բացի անհատ ճամբորդներու հետ ուղարկածներէն, որոնք չնչին քանակ մը կը ներկայացնէին, ստիպուած էր կանոնաւոր քարաւան մը ստեղծել, Ջարվատար Յակոբի ղեկավարութեամբ, որը կանոնաւորաբար Սալմաստի եւ Թաւրիզի միջեւ կ՚երթեւեկէր, որպէս թէ վաճառականներու ապրանք տեղափոխելով։
Աշխարհի չորս ծայրերէն եկող կամաւորներն ալ սահմանէն անցընելը, որոնցմէ չատեր փախստական էին, զանազան շրջաններու մէջ տեղաւորելը, եւ ապա աստիճանաբար Սալմաստի մէջ կեդրոնացնելը նոյնպէս ծանր խնդիր մըն էր, կապուած բազմաթիւ անպատեհութիւններու հետ։ Զգեստ էր հարկաւոր, կօշիկ, ներքին շոր, գուլպայ, փամփուշտակալ եւ չանթայ ամեն զինուորի, իսկ ատոր համար անհրաժեշտ էր կազմակերպել Թաւրիզի եւ Սալմաստի Դաշնակցական կիներու խմբերը, այդ կարիքները բաւարարելու համար։

Ամենամեծ խնդիրներէն մէկն ալ, հաւաքուած զինուորները որոշ զինուորական տիսիպլինայի [կարգապահութեան — Հ.Գ.] ենթարկելու հարցն էր, որ ունէր շատ մը ցաւոտ կողմեր: Ինչպէս ըսի վերը, աշխարհի չորս ծայրերէն մարդիկ եկած էին այդ արշաւանքին մասնակցելու համար։ Ամեն աստիճանի եւ հասկացողութեան տէր մարդիկ, տարբեր դաստիարակութեամբ, սովորութիւններով եւ բարքերով, բոլորովին անծանօթ իրարու, միայն մէկ ներքին կապով մը կապուած՝ այդ միեւնոյն կուսակցութեան պատկանելիութիւնը, եւ մէկ շեշտուած միտքով գաղափարակից, ընդհանուր թշնամիի դէմ կռուելու պատրաստակամութեամբ։ Վանեցի, մշեցի, ղարաբաղցի, երեւանցի, պուլկարացի, պարսկաստանցի, զոկ, կեսարացի, ուրիշ խօսքով իսկական բաբելոնեան խառնակութիւն մը լեզուներու, տիպերու, ըմբռնողութիւններու, որոնցմէ սակայն հարկաւոր էր մէկ կուռ խումբ մը ստեղծել, միակամ, միասիրտ եւ միարժէք։ Ատոր համար, ամիսներու իսկական զինուորական կեանք էր հարկաւոր պետութեան մը համար, բան մը որ Դաշնակցութիւնը չէր կարող ընել, ատոր համար ոչ ժամանակը կը ներէր, եւ ոչ ալ պայմանները, երբ եկողներու մեծամասնութիւնը ստիպուած էր թաքնուած ապրիլ, այդքան բազմաթիւ օտարականներու ներկայութիւնը Սալմաստի մէջ աննկատ սլահելու համար։ Անշուշտ իտէալ կազմակերպուած զինուորական արժէք մը լինելէ շատ հեռու էր եղածը, բայց տուեալ պայմաններու մէջ, քիչ եղածն ալ իրականացնելը այնպիսի մեծ եւ փառաւոր գործ մըն էր, որով կրնար որեւէ յեղափոխական կազմակերպութիւն պարծենալ: Խանասորի արշաւանքը, երբ անաչառ գնահատութեան կ՚ենթարկենք, կը տեսնենք որ անխուսափելի պակասութիւններովը միասին, այդ կը մնայ Դաշնակցութեան ամենամեծ ձեռնարկներէն մէկը եթէ ոչ ամենամեծը, հաշուի առնելով ժամանակը եւ պայմանները։
Անկասկած որ այդ նախապատրաստական աշխատանքներուն լծուած էին Դաշնակցութեան մտաւորական եւ զինուորական աչքի զարնող ուժերը։ Սալմաստ էին Իշխանը, Վարդանը, Սաթենիկը, Սեւքարեցի Սաքոն, Ալոյեանը, բժ. Օհանեանը, Սաղաթէլ Խանը, Կարոն, Կրետացին, Սառիկեանը, Դալարագեազի Տէր Գրիգորը, աղբակցի Տէր Վարդանը, եւ բազմաթիւ ուրիշներ, եւ բոլոր այդ ուժերէն վեր, Դաշնակցութեան ամենատաղանդաւոր զինուորականը եւ կազմակերպիչը՝ Նիկոլ Դումանը։ «Խանասորի արշաւանքը» իր ամբողջ ծանրութեամբ կը նստի Նիկոլի նիհար ուսերուն: Զարմանալի անհետեւողականութեամբ, այն մարդը, որ գլուխ բերաւ այդ մեծ գործը, որ ամբողջ գլխով բարձր էր մնացած բոլոր խմբապետներէն, հաւաքական ընտրութեամբ հազիւ յիսնապետ մը լինելու արժանացաւ խմբին կողմէ, թէեւ կռուի ժամանակ եւ մանաւանդ նահանջի շրջանին իսկական ղեկավարն ու առաջնորդն էր: Նախանձը, թայֆայականութիւնը մեծ դեր կատարեցին հրամանատարի ընտրութեան մէջ, բայց եւ անուրանալի է որ Նիկոլի կրքոտ, աննահանջ եւ դաժան կամակորութիւնն ալ որոշ դեր մը խաղաց ատոր մէջ։
Դաշնակցութիւնը Նիկոլ Դուման մը, դժբախտաբար անգամ մը ունեցաւ միայն, իր պատմութեան ընթացքին։
Այսպէս ուրեմն, Խանասորի արշաւանքը, հսկայ աշխատանքով կազմակերպուած, իր պատմական դերը կատարեց։

* * *

Նշանաւոր կռի՞ւ մըն էր այն, մեծ յաղթանա՞կ մը, զինուորական տաղանդաւոր ձեռնա՞րկ մը…: Ի հարկէ ոչ։ Յեղափոխական կազմակերպութեան մը մէկ ձեռնարկը, կիսատ-պռատ միջոցներով կազմակերպուած, անձնուէր երիտասարդներու մասնակցութեամբ, որոնք զինուորական կրթութենէ զուրկ, եկեր էին ամեն կողմէ մասնակցելու այդ արշաւանքին: Եւ սակայն այդ արշաւանքը, քսանեւհինգ տարիներ անցնելէն վերջն ալ, ոգեւորութեան աղբիւր մըն է մինչեւ այսօր: Անկախութեան մեր շրջանին ունեցանք պետական բանակ մը բազմահազար։ Իր ժամանակին այդ բանակը որոշ ոգեւորութիւն առաջացուց գաղութահայութեան մէջ, այսօր մոռցուած է ան։ Եւ սակայն Խանասորի արշաւանքը յարաճուն ոգեւորութեամբ կը տօնուի ամեն տարի: Այս երեւոյթը կարելի չէ բացատրել քանի մը տասնեակ թշնամի քրտերու փճացումովը, աւելի խոր, հոգեբանական պատճառ մը կայ հոդ։
Համատարած ռէակցիայի շրջանին, անհնարին յուսալքումի ժամանակ իսկ, ահա երեւան կու գայ կազմակերպուած գունդ մը, մօտ երեք հարիւր անձերէ բաղկացած։ Ո՞վ կրնար հաւատալ նման հրաչքի մը, երբ յիսուն հայ իրար քով բերելու հնարաւորութեան մասին կը կասկածէին։ Այդ գունդը սահմանը կ՚անցնի, եւ կը յարձակի անհամեմատ ուժեղ հակառակորդի վրայ։ Այս եւս մինչ այդ, անհաւատալի քայլ մըն էր։ Ունեցեր էինք ինքնապաշտպանութեան եւ զինակիր խմբերու հերոսական կռիւներ, ատկէ առաջ, բայց անոնք հարկադրական կռիւներ էին, անխուսափելի եւ թուական արժէքով շատ փոքր։ Մի՞թէ հայը կրնար եւ յարձակման անցնիլ, կռուի դաշտի վրայ թչնամու հետ չափուելու ելնել։ Եւ սակայն Խանասորի արշաւանքը կատարուած փաստ մըն էր։
Հաւատքով, նոր կարելիութիւններու հեռանկարով, հայու մռայլած հոգին կը թարմանայ, երեւակայութիւնը ազատ թռիչք կը ստանայ, երերուն կամքը կ՚ամրանայ, յուսալքումը կը փարատի տեղի տալով գալոց արշալոյսի ցոլքերուն առջեւ, «մենք ալ կրնանք»-ի գաղափարը այլեւս անհասանելի բարձրութիւն մը չէ հայուն համար, եւ հայու ընկճուած հոգին Խանասորի արշաւանքով կը բարձրանայ:
Փա՜ռք Խանասորի արշաւանքին ։

«Ապրումներ», Ա. հրատ., Պոսթոն, 1931։ Էջ 153-169 (յապաւումներով)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *