ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ԹԷ ԻՆՉՊԷՍ ԷՇԸ ԵԿԵՂԵՑԻ ԿԸ ԲԵՐԵՆ
19-րդ դարու երկրորդ կիսուն Բողոքական շարժումը Քեսապի շրջանին մէջ մեծ յաջողութեան կը հասնի: Քէօրքիւնէ գիւղին մէջ եւս կը կազմուի Աւետարանական համայնք: Կամաց-կամաց կ՚անշքանայ գերեզմանատան մէջ գործող Ս. Ստեփանոս մատուռը: Ըստ հայատառ թրքերէն արձանագրութեան մը՝ նոր եկեղեցւոյ նաւակատիքը տեղի կ՚ունենայ 8 յունուար 1898-ին, կ՚աւարտի 21 յուլիս 1899-ին: Continue reading “ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ (Դ.)”
