Յակոբ Չոլաքեան
Ժողովրդային ծէսերը, խաղերն ու բարքերը որքան արագ կը փոխուին. յիշողութիւնն անգամ պատրանք կը թուի ու անհաւանական։
Պատկերացուցէ՛ք, Նոր տարուան գիշերը չարաճճի տղաք կը բարձրանային թաղի տանիքները, կը հանէին բուխերիկի սալքարը ու թիթեղեայ տուփը պարանով կ՚իջեցնէին կրակին վրայ։ Տան տարեց կինը «Հա՜յ շնորհաւոր ըլլայ Ձեր Կաղանդը» կ՚ըսէր անծանօթ տղոց ու նուէր մը կը դնէր տուփին մէջ՝ ափ մը չամիչ ու չոր թուզ, քանի մը ընկոյզ, շատ-շատ՝ նարինջ մը։ Տուփը վեր կը հանուէր։ Եթէ պարունակութիւնը գոհացուցիչ չըլլար՝ տղաք ափ մը աղ կը թափէին կրակին մէջ… Կրակը կը ճաթռտէր աղմուկով, ու կայծերը կը թռչէին դէս ու դէն՝ հարամ ընելով այդ տան Նոր Տարին։
Ու կ՚անհետանային մթութեան մէջ։
Առաւօտուն տղաք խումբով կ՚անցնէին դռնէ դուռ. մէկը լախտ մը կ՚ունենար ձեռքին, կարճ կոթով ու գնդաձեւ գլուխով փայտ մը, որ յատուկ կը պատրաստուէր այդ օրուան համար, ոմանք գամեր ալ շարած կ՚ըլլային լախտին վրայ։ Խումբը կը կենար դռան առջեւ, մէկը լախտով երեք անգամ կը զարնէր դռան ու կ՚ըսէր «Շնորհաւոր Ձեր Կաղանդը»։ Կաղանդը դարձեալ նուէրներ կ՚ըլլար։
Ս. Ծնունդի Խթման գիշերով տղաք «Աւետիս» երգելու կ՚ելլէին ու կ՚անցնէին տունէ տուն։ Բարբառախօս այս տղաքը սորված կ՚ըլլային ըսել՝ «Քրիստոս ծնա՜ւ եւ յա՜յտնեցա՜ւ»։ Ներսէն կը պատասխանէին «Ձեզի, մեզի մեծ Աւետիս», ու տան տարեց կինը տղոց կու տար քաղցր բաներ։ Սովորական բաներ, անսովոր բաներ քիչ կը գտնուէին՝ կաթով բոկեղ, շատ-շատ՝ կտոր մը փախլաւա։ Նուէրներէն չգոհացող տղաքը փողոցին մէջ «Աւետիս»ը կ՚երգէին թրքերէն եւ բարի ու չար մաղթանք մը կ՚ընէին տնեցիներուն։
Վերանըն պիր օղլու օլսըն,
(Տուողին մէկ մանչ ըլլայ)
Վերմիանըն պիր սիմիթլը գըզը օլսըն,
(Չտուողին մէկ խլինքոտ աղջիկ ըլլայ)
Աւետիս, Կալանտոս:
Ու քանի մը խիզախ տղաք կը վազէին մօտակայ աղբիւրը, կը մերկանային ու կը նետուէին գուբի մը մէջ, որ կրնար սառած ըլլալ։ Սառը կը ջարդէին ու յատակէն քար մը առնելով, առանց ետին նայելու, կը վազէին ու իրենց պարտէզի մէկ ծառի բունին կը դնէին զայն՝ հաւատալով որ այդ ծառը գարնան առատօրէն կը ծաղկի ու մեծ բերք կու տայ…
Եւ այսպէս բաներ, բարեկամներ,
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ ս. Ծնունդ։