ՓԸՐՓՕ՜Ր… ՓԸՐՓՕ՜Ր…

Յակոբ Չոլաքեան

Մասարայի ատեն է։ Մասարան հնձանն է, ուր խաղողէն ռուպ կը պատրաստուի։ Այգեկութքը Քեսապի շրջանին մէջ կը կատարուի սեպտեմբերէն սկսեալ ու մինչեւ գինին մթերելը հոկտեմբերի կէսը կը հասնի։ Մայրս կ՚ըսէր, թէ ես մասարայի ատեն ծնած եմ, օր ու ամիս չէր յիշեր: Հայրս գինիի խաղողը քամեր դրեր է կարասներուն մէջ. լուր տուեր են, թէ մանչ զաւակ ունեցար: Գինին կը նուիրէ օգնականներուն ու կ՚երթայ վարի թաղէն պարկ մը ընկոյզ գնելու ու իբրեւ արմաղան բաշխելու դուռ-դրացիին: Աղջիկ ծնած ըլլար՝ լոխում պէտք է բաշխէր։
Ուրեմն՝ մասարայի ատեն է: Հայրական պարտէզին բոլոր անկիւններէն հաւաքեցի մեր բարբառով փարփօր կոչուող խաղողները՝ գալամտարա, լնդա, կերպիկա, լրջը տղայ, հարսըմէտէօնք…։ Դեղին, ոսկեհատ ողկոյզներով խաղողը բերի մասարան, զոր իմ ձեռքովս կառուցեր եմ պատերազմէն առաջ՝ ճմլարանը, զտարանը, մեծ լաղին կրակոցը: Վեց արկղ խաղողը պարպեցի ճմլարանին մէջ, երկու ափ կրահող թափեցի վրան ու սկսայ կոխկռտել։
Սա դեղնաւուն կրահողը կը կոչեն հավուրու, ան յատուկ հանքէ կը բերենք. ունի զտիչ յատկութիւն։
Մասարան գիւղի մէջ հաւաքական աշխատանք կը պահանջէ, ասոր-անոր հրաւէր տալու պէտք չունիս։ Դրացի Աբոն կու գայ, Հաննան կը հասնի վարէն, աներձագս՝ Վաչէն, նստած չունի, Անտրեան Վիգէնի Սագօ տղան ամեն գործի կը հասնի։
Ճմլած խաղողի հիւթը մեծ պղինձին մէջ թեթեւ կրակի վրայ ճամար կ՚ըլլայ, այսինքն՝ կը զտուի։ Մակերեսին քաֆր՝ աղտ կը գոյանայ, կ՚ուռի, պատառ-պատառ կ՚ըլլայ։ Հաննան աղտը մէկ դի կը հրէ ու «Իսկուօծ ի, — կ՚ըսէ, — ընտըզ արցօնք» (արցունքի պէս յստակ է)։ Հիւթը կը պարպեն լականներու մէջ, հոն կը հանգչի, ապա երկու հոգի լականը բարձրացնելով կամաց-կամաց կը հոսեցնեն մասարայի լաղին մէջ, շատ զգոյշ, որ տակը նստած հավուրան չսողոսկի վար։ Լաղը կը լեցուի բերնէ բերան, կ՚առնէ 4 թիթեղ խաղողաջուր, այսինքն 80 լիթր։
Եւ կը վառեն լաղին կրակը։ Սա հորաձեւ, այսինքն կլոր պատուած, շուրջ մէկ մեթրէն քիչ աւելի բարձրութեամբ կրակոց է։ Առջեւը լայն դուռն է։ Վաչէն գռնեպն ու քաֆկիրը ձեռքին կ՚ելլէ մասարային տանիքը, կը նստի լաղին ետին: Քաֆքիրը ծակոտկէն շերեփն է, ցնցուղ, իսկ գռնեպը դդմատեսակ է, որ չորնալէ ետք կը գործածեն իբրեւ շերեփ, հրակայուն է: Վաչէն ա՛լ ատկէ չի հեռանար, 3-4 ժամ, մինչեւ որ լաղը ելլէ, այսինքն առաջին եփը աւարտի ու նորը լեցուի։ Մարդիկ կը նստին վարը՝ կրակին դիմաց, մէկը բորբ կրակին հոգ կը տանի, միւսը փայտ կը մօտեցնէ, ուրիշ մը յաջորդ լաղին խաղողահիւթը կը ճամարէ, Սագոն երրորդ լաղին համար խաղող կը ճմլէ։
Փայլունի Կարոն կու գայ, «պարաքը իշնա ի ձիր մասարան» (Օրհնուի, առատ ըլլայ ձեր մասարան), — կ՚ըսէ, տուփ մը լոխում եւ երկու տուփ պսքուիթ կը բանայ աթոռակի մը վրայ։
— Կը ներէք, տղաք, — կ՚ըսէ, — ճգգունի տեղ է մասարան, շուկան հաւ չգտայ։
Ճգգունը ուրախութեան ատեն մորթուած աքլորին կ՚ըսեն։
Ճգգուն ըլլար՝ օղին ես պէտք է հոգայի։
Հիմա մեղուահաւերը երամ-երամ կը պտտին մեր երկինքին մէջ։ Ժամանակին (երբ այնքան շատ էին տղաքը), ասսիլը կ՚երթայինք՝ գիշերային որսի, կը գտնէինք մեղուահաւերու թառը, կը մագլցէինք ծառն ի վեր. որսը առատ կ՚ըլլար, դափնի ծառէն կտրուած շամփուրի խորովածը մասարային ուրիշ համ ու հոտ կու տար։
Պատահած է, որ որս չեղած ատեն, մէկու մը հաւնոցէն հաւ մը կը զոհէին։
— Կինս չիմանայ, — կ՚ըսէր հաւուն տէրը։
— Աղուէսը տարած է երեւի, — պիտի ըսէր խեղճ կինը։
Աբոն պարկ մը գետնախնձոր (փաթաթէս, կարտոֆիլ) կը թաղէ անթեղի մէջ։ Քեսապցին գետնախնձորին քաման կ՚ըսէ, իսկ անթեղի մէջ խորոված գետնախնձորին՝ քոմմա: Կարմիր պղպեղ կը խորովէ կայծերուն վրայ։ Հաննայենց թոնիրէն բերուած թթուաշոռով, ծոթրինով, պիպարով եւ պանիրով հացերը անզուգական են. քեսապցիներու բիցցան։
Մասարան ոչ միայն աշխատանքի տեղ է, այլ կերուխումի, ասկէ անկէ պատմելու, երգելու տեղ։ Բենդէզ հօրեղբայրս ըլլար ամեն մէկ լաղի տեւողութեան մէկ սուտլիկ հեքիաթ կը պատմէր. հերոսն ալ միշտ ինք կ՚ըլլար։
Աս սուտ է, ատ սուտ է,
Մրջիւնը փիղ մը կլլեր է,
Ա՞ս ալ մը սուտ է։
Ու այսպէս՝ մասարայի իրական գիշերը իր հեքիաթը կը հիւսէ։

* * *

Լաղը կ՚եռայ, կը փրփրի, կը սպառնայ յորդիլ. Վաչէն գռնեպը կը մխէ լաղին մէջ ու քաֆքիրով կը ցնցուղէ, կ՚ուֆրէ, ինչպէս կ՚ըսեն իրենք։ Լաղը քիչ մը պաղի։
Կը նստիմ Վաչէի կողքին. լաղէն բարձրացող շոգին հովը կը զարնէ դէմքիս, զգլխիչ է բոյրը, աշնանային այս ցրտոտ գիշերով կուրծքս կ՚ուռի անոր ջերմութեամբ։ Գաւաթ մը հիւթ կը պաղեցնեմ ու կը խմեմ. սա արդէն խաղողի օշարակ է՝ շարպաթ, ինչպէս կ՚ըսեն բարբառով։
Ու կը յիշեմ Կեկիւսիկ հալեւորին հեքիաթներէն մէկը, օշարակ ծախող պատանին կը կանչէ։
Օշարակս՝ խաղողի ջուր,
Խմողին անուշ-անուշ,
Ով որ կը բանայ հորը,
Գլխիվայր կիյնայ խորը։
— Փայտ մըն ալ նետեցէք, — կ՚ըսէ Վաչէ, — լաղը կը պաղի։
Լաղը կրկին կ՚ուռի, կը ֆուրի, փրփրած ալիքները կը բարձրանան մինչեւ լաղին շրթունքը ու չես գիտեր, կրնան յորդիլ դուրս ու գետին թափիլ։ Վտանգաւոր պահ է։ Կը յիշուի հինէն մնացած կանչ մը «Հէսսէ Լնդէ» (Հասիր, Լնդէ), լաղը հազիւ հազ զսպող ամուսինը կինը օգնութեան կը կանչէ։ Վաչէն զո՞վ կանչէ, որո՞ւն ձայն տայ. ճերմկցող մազերուն նայած չունի, որ կին ունենալ որոշէ։
— Չպառկի չմնայ լաղին վրայ, — կ՚ըսէ Հաննա։
Որուն կ՚ըսես. Վաչէն ատիկա իրեն համար վիրաւորանք պիտի համարէ, տեղը ուրիշին պիտի չզիջի։ Բարեյիշատակ Սողոմոն ամմին այս գործը շատ կը սիրէր. մասարայի գիշերները մինչեւ լոյս լաղին ետեւէն չէր հեռանար, երկու, երեք, մինչեւ չորս լաղ, շուրջ 12 ժամ, լաղը կը կառավարէր գլուխը ատենը մէյ կուրծքին թեքելով ու ընդոստ շտկելով։
— Ուշադիր եղէք, մէկը մօտը թող կենայ, Եարալէ պապուկին պէս լաղը չիյնայ չխաշի։
Կը պատմեն. կէս գիշերէն ետք, մանր ժամերուն, երկու եղբայր մասարան մինակ կը մնան։
Եղբայրներէն մէկը մէկ-երկու փայտ կը նետէ կրակը ու կ՚ըսէ լաղը կառավարող եղբօր.
— Քունս կը տանի, սա տեղ կրակին դիմաց գլուիմ քնանամ քիչ մը։
— Գլուէ, — կ՚ըսէ եղբայրը։
Բայց ինքն ալ քունին անձնատուր կ՚ըլլայ, գռնեպը աջ, քաֆքիրը ձախով բռնած, նստած տեղը։
Մէյ մըն ալ ընդոստ կ՚արթննայ։ Լաղը յորդած թափեր էր, պղինձը կարմրեր է, մէջտեղէն ծակեր, կրակի բոցը ծխնելոյզի պէս անկէ դուրս կ՚ելլէ։ Կը վազէ, քովի թզենիէն քանի մը տերեւ կը քաղէ, անով շիկացած լաղը կը բռնէ, կը քաշէ կը հանէ դուրս, պահեստի լաղը կը տեղաւորէ, մեն-մինակ նոր խաղողաջուր կը դնէ, կ՚իջնէ կրակին կը հոգայ, ապա կ՚ելլէ տեղը կը նստի։
Եղբայրը կ՚արթննայ. կը տեսնէ՝ նոր հիւթով լեցուն է լաղը;
— Ինչ է, եղբայր, լաղը առանձին փոխեր ես, — կ՚ըսէ:
Լաղը հանել կամ լաղը փոխել կը նշանակէ առաջինը եփել վերջացնել, նոր խաղողաջուր լեցնել:
— Այո, փոխեցի, — կ՚ըսէ;
Կը նայի դիմացի պատին կռթնած ծակ լաղին։
— Հապա լաղը ծակեր է, — կ՚ըսէ։
— Ըսի չէ, — կը պատասխանէ եղբայրը, — լաղը փոխեցի:

* * *

Հաննա գռնեպ մը հիւթ կը լեցնէ ռուպի լաղնիկին մէջ, լաղնիկը կը տարուբերէ, մատով յատակին գիծ մը կը քաշէ. հիւթը պնդացած կ՚երեւի:
Ըռպըտուօծ ի, աս լուօղը պիտա ըննի (ռուպ դարձած է, այս լաղը պէտք է ելլէ), — կ՚ըսէ։
Վաչէ ռուպը գռնեպով արագ-արագ կը պարպէ ռուպի լաղնիկին մէջ։
Հիմա կը սկսի սպասուած արարողութիւնը։ Աբոն ռուպի լաղնիկը մէկ կողմ կը քաշէ, գռնեպով ռուպը բարձրացնելով կը հոսեցնէ անոր մէջ, կը փրփրացնէ, կ՚ուֆրէ ու կ՚ուֆրէ քանի մը անգամ. դեղնաւուն փրփուրը կը ծածկէ մուգ մեղրագոյն ռուպը;
Փըրփօ՜ր…Փըրփօ՜ր … — իրարու ձայն կու տանք։
Այս կանչ հրաւէրին կ՚արձագանգէ մեր տոհմական անունը կրող Քորքենց սարփը, կը պատասխանէ Սերոբենց աքլորը, շուն մը կը հաջէ, դիմացէն թոպեկներու (շնագայլ) վոհմակ մը կը սկսի ոռնալ։ Այս որքան բացականեր կան մեր գիւղին մէջ: Ականջը խօսի հեռացած հայրենակիցներուն, փրփուրով քաղցրանայ անոնց երազը այս պահուն:
Չէ լսուած, որ մէկը փրփուրը դգալով համտեսէ: Ամեն ոք դափնիի ոստէն տերեւ մը կը փրցնէ, ծնկածալ կը խոնարհի լաղնիկին առջեւ, մակերեսէն զգուշութեամբ կը քաղէ փրփուրը ու բերնին կը տանի: Այդքան: Միայն դափնիի տերեւով, որ հաստկեկ է, չթեքուող, հոտաւէտ: Դափնիի տերեւը ուտելի չէ, բայց լայնօրէն կը գործածուի նաեւ խոհանոցին մէջ՝ ուտեստին համ մը ապահովելու համար:
Մանկութեան օրերուն թաղի տղաքս փրփուրի կանչը լսելնուս պէս մասարա կը փութայինք: Ոմանք տերեւը ցպիկի մը ծայրին ամրացուցած դգալ շինած կ՚ըլլային:
Տերեւ մը փրփուր կը քաղեմ, կը տանիմ շրթունքիս. փրփուրը կը հալի քիմքիս։
— Քաղցր է, — կ՚ըսեմ։
— Պիպարի ռուպ չէ եփածնիս, — կը պատասխանէ Հաննան, — ոչ ալ լոլիկի ռուպ…
Հիլտան պնակներ կը բերէ, փրփուրը կը քաղուի կը լեցուի հոն, ասիկա Ռահէլ նանային համար, ասիկա փոքրիկներուն, ասիկա… Ողորմի կու տամ հօրս ու մօրս, որ կը հանգչին վարի հողուըրտիքին մէջ:
Նոր ծնանած կովու դալն ալ այսպէս տուն-տուն կը բաշխէին մեր մայրերը։
— Օրհնուի ձեր մասարան, — կ՚ըսէ ուտողը, — առատ ըլլայ:
— Փըրփօ՜ր… փըրփօ՜ր…

* * *

Ժամանակները փոխուած են շատոնց. ռուպը նախկինին պէս հիմնական ուտեստ չէ այլեւս, որ ամեն ընտանիք մէկ-երկու կարաս մթերէ։ Հիմա շուկան ողջ մնայ, հազարանուն անուշեղէն կը գտնես։ Բայց աւանդութիւնը ամեն համէ աւելի կ՚արժէ։ Քեսապցի ըլլաս՝ մասարան չեփես կ՚ըլլա՞յ։ Այգիիդ մէջ խաղող չմնայ՝ կ՚երթաս շուկայէն կը ճարես կ՚եփես։ Աւանդութիւնը չմեռնի։
Գիւղին մէջ, հեռաւոր ու լքուած թաղերուն ու նախկին պարտէզներուն մէջ մասարա կը տեսնես։ Ամեն մէկը իր պատմութիւնը ունի։ Գիտցուածներուն մէջ ամենէն հինը Ծովու թաղի Աբիկունց մասարան է, հաստաբեստ դափնիներու շուքին։ Տարագրութենէն վերադարձէն ետք, 1920-ի ուշ աշնան, վերապրող ծովացիք գիւղ կը վերադառնան: Գիւղի տուներուն մէջ բնակող պուլկարացի գաղթական թուրքերը կը փախին կ՚երթան։ Ծովացիները կ՚երթան մօտիկ Մուրսալակ թրքական գիւղը, անոնց քով պահ դրած իրենց կենդանիներն ու պղինձները պահանջելու։ Բաներ մը կը գտնեն։ Եկամուտի համար դափնիի պտուղը կը հաւաքեն կ՚եփեն, ձէթը կը քաղեն, եկամուտ կ՚ունենան։ Անտառին մէջ մնացած եղջիւրը կը հաւաքեն, կը ճմլեն, կը թրջեն, կը քամեն՝ եղջիւրով ռուպ պատրաստելու համար։ Կ՚երթան մասարան շտկելու. մեծ կրակոցը մաքրելու ատեն, մոխիրներուն մէջ թաղուած մանկան մը աճիւնը կը գտնեն։ Պուլկարացի թուրքերը երեւի բահ ու բրիչ չեն գտած, որ փոս բանան, գերեզման շինեն, մանուկը թաղած են ձեռքով բացած մոխիրին մէջ: Մասարայի տէրերը ողորմի կու տան ու աճիւնը կը թաղեն դափնի ծառի մը տակ։ Էհ, «կրակը ինկած տեղը կը վառէ» կ՚ըսեն, բայց իրենք ալ տարագրութեան ճամբաներուն վրայ իրենց անթաղ մնացած հարազատները կը յիշեն ու մասարային մէջ եղջիւրի ռուպը կ՚եփեն:
Ռուպը կ՚եփեն ու նորէն ձայն կու տան.
— Փըրփօ՜ր…փըրփօ՜ր…
Չիւրկենց մասարան ալ կայ տակաւին, Գարատուրան, աւետարանական եկեղեցւոյ մօտիկ։ 1909-ին Թալանտին՝ Քեսապի վրայ եղած յարձակումին բոլորը Լաթաքիա կ՚ապաստանին։ Երբ տասը օր ետք կը վերադառնան՝ իրենց տուները կողոպտուած ու հրկիզուած կը գտնեն, պահեստները՝ դատարկուած, շերամները՝ սատկած։ Թթաստաններէն թութը կը հաւաքեն ու այստեղ կարգով մասարա կ՚եփեն, թութի ռուպ կը պատրաստեն։
Ու նորէն կը կանչեն.
— Փըրփօ՜ր… փըրփօ՜ր…
Այս կանչը խորհուրդ մը ունի իր մէջ։ Իրարու քով գալու, իրարու աշխատանքը գնահատելու, ձեռք տալու եւ առատութիւն մաղթելու պէս բան մը։ «Մենք հոս ենք» ըսելու պէս բան մը։
Եւ ի զուր չէ, որ հիմա, ամեն աշնան, ուր որ գտնուին խումբ մը քեսապցիներ, Քեսապի բոլոր գիւղերուն մէջ, բոլոր թաղերուն մէջ, հեռաւոր Ֆրեզնօ, Լոս Անճելոս, Գանատա, Սիտնի, թէ Երեւան, մասարան պիտի սարքեն, փրփուր կանչեն, հայրենիկիցները պիտի խմբեն ու դափնիի անթառամ տերեւը ձեռքին՝ պիտի կռանան ռուպի լականին վրայ ու փրփուր քաղեն, փրփուրը քիմքին վրայ կորսնցնեն, բայց համը պահեն, հաղորդութիւն մը առնելու շնորհքին պէս։
Իրարմով պիտի հաղորդուին, իրենց նախահայրերով ու հայրենի Քեսապով, Քեսապի հայերէնով պիտի հաղորդուին։
Մասարան այսօր տօնահանդէս է արդէն շատերու համար, եւ ոչ միայն քեսապցիներու։ Մենք ալ հոս ենք, մենք ալ ձեզի հետ ենք, մենք միասին ենք…
— Փըրփօ՜ր… փըրփօ՜ր…
Օրհնուի։

Քեսապ/Երեւան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *