ՀԻՄԱ ԱՅԼԵՒՍ ՈՒՇ Է

Անոյշ Ակներեան

ԴԱԼԱՐ յուզուած վիճակի մէջ ընթրիքի սեղանը ձգեց եւ խոհանոց մտաւ։ Քանի մը վայրկեան ետք, մայրը իր մօտ գնաց հետաքրքրուելու թէ ի՞նչ պատահած էր։ Յասմիկ, որ խոհանոցն էր եւ իր հիւրերուն անուշեղէնի հիւրասիրութիւնը կը պատրաստէր, ինք ալ մտահոգուեցաւ թէ ինչո՞ւ Դալար նման վիճակի մը մէջ էր։ Մայրը աղջկան մօտ նստաւ եւ գրկեց զինք, իսկ Յասմիկ իր գտնուած անկիւնէն չկրցաւ տեսնել Դալարին դէմքը։ Մինչ մայր ու աղջիկ ցած ձայնով իրարու հետ կը խօսէին, Յասմիկ չկրցաւ հասկնալ թէ ի՞նչ պատահած էր։

ԴԱԼԱՐԻՆ հայրը, Վահան՝ Յասմիկին եւ Հրաչին շատ մօտիկ բարեկամ էր։ Հրաչն ու Վահանը զիրար կը ճանչնային մանկութենէն եւ իրենց մտերմութիւնը անցած էր ընտանեկան մտերմութեան, երբ երկուքն ալ ամուսնացած էին։ Վահան Հրաչէն տարիներ առաջ Գանատա հաստատուած էր եւ անգլիացի կնոջ մը հետ ամուսնացած։ «Իմ ատենս շատ հայեր չկային, որ յարմար հայ կնոջ մը ծանօթանայի» ըսած էր, բացատրելու համար թէ ինչո՛ւ օտարի հետ ամուսնացած էր։ Հրաչ ինք ալ Գանատա գալէ ետք ամուսնացած էր, բայց քիչ մը սպասած էր մինչեւ որ հանդիպած էր Վահանի բառերով «յարմար հայ կնոջ մը»։ Հակառակ որ պիտի նախընտրէր որ ընկերոջ կինը հայ եղած ըլլար, ինք երբեք քննադատական կամ խոցելի խօսք չէր ուղղած Վահանի ըրած ընտրութեան մասին։ Պիտի ուզէր որ իր մտերիմ ընկերոջ ընտանիքը ամբողջովին շաղուէր իր ընտանիքին հետ։ Սակայն իր երկու զաւակները հայկական շրջանակին կապուած էին եւ հակառակ որ Վահանի զաւակներուն հետ հաճելի ժամեր կ՚անցընէին, Հրաչին եւ Վահանին մտերմութիւնը չէր վերարտադրուած իրենց զաւակներուն եւ նոյնիսկ կիներուն միջեւ։
Ըստ Յասմիկին՝ որովհետեւ իր զաւակներուն հետաքրքրութիւնները, որոնց մէկ կարեւոր մասը հայկական էր, չէին կիսուէր Վահանի զաւակներուն կողմէ։ Այս ըսել չէր որ երկու ընտանիքները իրարու հետ տաքուկ յարաբերութիւն չունէին. ընդհակառակն, տարեդարձներու եւ տօնական օրերու առիթով միշտ միասին կ՚ըլլային։ Սակայն անդին նետուած բայց չմոռցուած բան մը կը պակսէր իրենց մտերմութիւնը ամբողջական ընելու համար։ Կարծես չորս մեծերն ալ, Վահանն ու իր կինը, Հրաչն ու Յասմիկը՝ լռելեայն համաձայնած էին չանդրադառնալ այդ հարցին եւ շարունակել իրենց կեանքերը, միշտ յուսալով որ իրենց ներսիդին մութ անկիւն մը պահուած այդ կծող զգացումը օր մը ինքնաբերաբար անհետանայ առանց միջամտութեան։
Դալարին խոհանոց խուժելէն քիչ առաջ, Վահան սեղանին շուրջ գտնուողներուն կը պատմէր Արեւմտեան Հայաստան կատարած իր այցելութեան մասին։ Հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կու տար մանաւանդ իր մեծ հօր ծննդավայր՝ Խարբերդի մասին, ուր ինք ու իր կինը փորձած էին իր մեծ հօր տունը գտնել։ Մէկ տարի առաջ ալ, երբ դարձեալ գրեթէ նոյն սեղանակիցներուն հետ կը գտնուէր, պատմած էր իրենց ընտանեօք Լիբանան այցելութեան մասին, ուր գացած էին որպէսզի իր զաւակները տեսնէին ի՛ր ծննդավայրը։
Արմատները միշտ կարեւոր եղած էին Վահանին համար։ Իր հօր մահէն ետք ի՛նք ստանձնած էր ընտանիքին ղեկը, հակառակ որ իրմէ մեծ երկու եղբայր ունէր։ Յաճախ մօր տունը կ՚այցելէր եւ կը հոգար անոր բոլոր պէտքերը։ Կը շարունակէր հայերէն օրաթերթ կարդալ եւ հայկական լուրերուն հետեւիլ։
Կինն ու զաւակները անմասն էին իր հայկական հետաքրքրութիւններէն։ Անոնց միակ շփումը հայկականի հետ, իրենց մեծ մօր կողքին (որուն անգլերէն չգիտնալուն պատճառաւ հաղորդակցութիւնը սահմանափակ էր)՝ Հրաչի եւ Յասմիկի ընտանիքին հետ էր, եւ Վահանի եփած հայկական ճաշերուն հետ։
Յասմիկ Հրաչին յաճախ կ՚արտայայտուէր, թէ որքա՛ն կը ցաւէր որ Վահան իր հայ ինքնութեան այդքան կապուած ըլլալով, առանձին կ՚ապրէր իր կեանքի այդ շերտը. ո՛չ կինը եւ ո՛չ ալ զաւակները բաժին ունէին իր կեանքի այդ երեսին հետ։
— Վահանը ներքնապէս որքա՛ն դժբախտ ըլլալու է, — ըսած էր Յասմիկ երբ ինք ու Հրաչ առանձին մնացած էին այդ գիշեր, որ Վահան իրենց Պէյրութի ճամբորդութեան մասին պատմած էր։
— Չեմ կարծեր որ դժբախտ է, բայց վստահ որ պզտիկ՝ բայց անանցանելի փոս մը կայ իր եւ իր ընտանիքին միջեւ։ Հակառակ որ ինք չ՚ուզեր որ այդ փոսը տեսնուի։ Կնոջ հայերէն չկարենալ սորվիլն ալ աւելի գեշ։
— Ճի՛շտ։ Ես դժբախտ կ՚ըսեմ, որովհետեւ նկատած եմ, որ երբ իր կինը ուրիշներու հետ խօսակցութեան բռնուած է, ինք մեզի հետ միայն հայերէն կը խօսի եւ կը շարունակէ խօսիլ նո՛յնիսկ երբ կինը իր ուշադրութիւնը մեզի դարձնէ։ Մենք ենք որ՝ «Ամօթ է, թող չվիրաւորուի, անգլերէն խօսինք», կ՚ըսենք եւ անգլերէնի կը դարձնենք։ Կը զգամ որ ինք պահանջք ունի հայերէն խօսելու։
— Որովհետեւ հայերէն խօսելու շատ առիթ չունի։ Մենք գրեթէ միակ մարդիկն ենք իր շրջանակին մէջ որոնց տան մէջ խօսած լեզուն հայերէն է։ Նոյնիսկ իր եղբայրները տան մէջ անգլերէն կը խօսին։
— Կը կարծեմ որ ճիշտ ատոր համար ալ դժբախտ է։ Լա՛ւ, առնուազն տխուր,— աւելցուցած էր Յասմիկ, Հրաչի ժխտական գլխու շարժումին վրայ։
Իսկ հիմա, երբ Դալար իր խոհանոցը մտած էր յուզուած վիճակի մէջ, եւ որքան որ կարելի էր տեսնել իր վարմունքէն՝ կարծես թէ կու լար մօր բազուկներուն մէջ, Յասմիկ մտահոգուեցաւ իր հիւրով։
— Ի՞նչ կայ, ի՞նչ պատահեցաւ,— հարցուց, վախնալով որ մէկը բան մը ըսած ըլլայ սեղանին վրայ, որ զինք վիրաւորած ըլլայ։
— Բան չկայ։ Մի մտահոգուիր,— ըսաւ մայրը։
— Բայց երբ իմ հիւրս տանս մէջ կու լայ՝ պէտք է գիտնամ ինչո՞ւ եւ ո՞վ է պատճառը։ Չեմ կրնար անտարբեր մնալ։
Պատասխանը որ ստացաւ Յասմիկ բացարձակապէս չէր կրնար գտնուիլ նոյնիսկ իր ամենաթեւաւոր երեւակայութեան մէջ։
— Ինձմէ նեղուած է,— ըսաւ մայրը։ — Զիս կը մեղադրէ, որ իր մանկութեան երբ զինք հայկական վարժարան դրինք եւ ինք դժուարութիւն ունեցաւ լեզուն սորվելու եւ ուզեց տեղական դպրոց երթալ, ես չպնդեցի որ մնայ հայկական դպրոցին մէջ եւ հայերէն սորվի։ Դիւրաւ տեղի տուի իրեն, կ՚ըսէ. ինք մանուկ մըն էր եւ իբր մայրն ես պէտք է ուղղութիւն տայի իրեն, ոչ թէ ինք՝ իր փափաքը պարտադրէր մօրը։
Յասմիկ զարմանքի ու հիացումի խառն զգացումով լսեց այս բառերը։ Մինչեւ այդ՝ Դալար հայերէնով եւ հայկականով բոլորովին անտարբեր թուացած էր իրեն։ Ո՛չ մէկ ատեն հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր (գոնէ իր ներկայութեան) հօր ինքնութեան մասին։ Սակայն Դալարի կտարած այս յանդուգն դիտողութիւնը նոր Դալար մը կը յայտնաբերէր իրեն։
Յասմիկ իր ուրախութիւնը հազիւ քօղարկելով հարցուց.
— Բայց ինչո՞ւ հի՛մա այս մեղադրանքը։
— Որովհետեւ ներսը Վահան հայերէն բաներ մը կը պատմէ եւ ինք բան չի հասկնար։
— Վահանն ալ ինչո՞ւ հայերէնով կը պատմէ իր պատմութիւնը։
— Որովհետեւ Ռոպեռը անգլերէն չի գիտեր։
Ռոպեռը ուրիշ հին բարեկամն մըն էր Վահանին եւ Հրաչին, որ քանի մը օր առաջ Փարիզէն եկած էր։
— Ուշ չէ, Դալար։ Դեռ կրնաս հայերէն սորվիլ,— ըսաւ Յասմիկ։ — Կրնամ քեզի օգտակար ըլլալ, եթէ կ՚ուզես։
— Հիմա այլեւս շատ դժուար պիտի ըլլայ,— ըսաւ Դալար աչքերը սրբելով։ — Համալսարանը, կողմնակի գործս, նշանածս…

ՎԱՀԱՆ այս մասին լսեց իր կնոջմէ։ Ցարդ ոչ ոքի յայտնած իր տուայտանքը, որ իր տան մէջ մինակ, նոյնիսկ օտար կը զգար երբեմն — Մենք ենք օտարը հոս, կ՚ըսէր ինք, ո՛չ իրենք —աւելի ցցուն դարձաւ երբ ապտակի պէս իր իսկ դուստրէն եկաւ յանդիմանութիւնը, թէ իրեն հայերէն չէին սորվեցուցած։ Երեւակայեց վայրկեան մը որ ինք ու իր աղջիկը միասին հայերէն կը զրուցեն, հայերէն կ՚երգեն, հայերէն կը կատակեն… եւ աչքերը լեցուեցան։ Ինչպէ՞ս սրբագրել եղած սխալը։ Կարելի՞ էր։ Տան մէջ հայերէնի բացակայութիւնը ընդունած էր իր ներքին ձայնը խեղդելով եւ զանազան պատճառաբանութիւններով։ Բայց հիմա այլեւս անկարելի էր լռեցնել այդ ձայնը։ Իր մէկ հատիկը, Դալարը, որ հայկական անունով եւ մականունով բառ մը իսկ հայերէն չէր գիտեր, կ՚ուզէր իր հօր լեզուն գիտցած ըլլալ, բան մը որ զլացուած էր իրեն։ Ո՛չ մէկ արդարացում եղած սխալին համար։ Սխալէ աւելի՝ աղէտին համար։ Աղէտ, որովհետեւ Դալարի զաւակներն ալ, այսինքն իր թոռնիկներն ալ պիտի չկարենային հայերէն խօսիլ իր հետ։
Այս ցաւը հետզհետէ զօրացաւ իր մէջ, բայց Վահան կրկին իր անդորրը պահեց արտաքնապէս։ Երբեմն, երբ առանձին ըլլար տան մէջ, կը յուզուէր եւ իբրեւ սփոփանք՝ ժամերով հայերէն երաժշտութիւն մտիկ կ՚ընէր։

ԱՆՑԱՆ տարիներ։ Դալար ամուսնացած էր հիմա եւ ունէր երկու զաւակ. Ռիչըրտ եւ Վենեսա։ Վահան իր կինը կորսնցուցած էր երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք եւ առանձին կ՚ապրէր։ Դալար ընկերութեան մը տնօրէնն էր եւ շատ զբաղած։ Այնքան մը, որ իր զաւակները հազիւ քանի մը շաբաթը մէյ մը իրենց մեծ հօր քով կը տանէր։ Իսկ երբ իր թոռնիկները իր մօտ ըլլային, Վահան Հայաստանի քարտէսը կը բանար եւ իրենց ցոյց կու տար Խարբերդը, Երեւան մայրաքաղաքը, Հին Անին, Արցախը։ Կը բանար նաեւ ընտանեկան հին ալպոմներ եւ ցոյց կու տար իր ընտանիքի անդամներուն նկարները, սկսած իր մեծ հօրմէն մինչեւ իր եղբայրները եւ անոնց զաւակները։
Օր մըն ալ Հրաչ հեռաձայն ստացաւ որ պէտք է անյապաղ հիւանդանոց հասնի։ Վահան ինկած էր եւ կոնքի ոսկորը ջարդած էր։
Երբ Հրաչ եւ Յասմիկ հիւանդանոց հասան եւ Վահանի սենեակը մտան, զինք տեսան անկողնին մէջ, ձեռքերը ծալլած կուրծքին վրայ եւ բոլորովին լուռ, մինչ բժիշկը իր հետ կը խօսէր։ Տեսնելով Հրաչին եւ Յասմիկին ներս մտնելը, բժիշկը իրենց մօտեցաւ եւ հարցուց եթէ հայ են։
— Վստահ ենք, որ անգլերէն գիտէ, բայց չ՚ուզեր մեզի հետ խօսիլ։ Պահանջեց միայն հայերէն խօսիլ, բայց մենք այս պահուս հայերէն թարգման չունինք։ Հիւանդապահուհին առաջարկեց որ իրեն ծանօթ հայ մը գայ որպէսզի կարենանք հաղորդակցիլ։
Հրաչ Վահանին մօտեցաւ եւ ըսաւ.
— Եղբայր, ինչո՞ւ կեանքդ կը դժուարացնես։ Խօսէ՛ անգլերէն որ հասկնաս հասկցուիս։
— Ամբողջ կեանքս անգլերէն խօսեր եմ։ Հիմա հայերէն կ՚ուզեմ խօսիլ։
— Բայց հիմա ատենը չէ։ Աղջի՞կդ ուր է, — հարցուց Յասմիկ։
— Հոս, ետեւը։
Հրաչն ու Յասմիկը ետեւ դարձան եւ Դալարը տեսան սենեակին անկիւնը ոտքի կեցած, աչքերը կարմրած եւ կոպերը ուռած։

Մոնթրէալ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *