ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹ

Յակոբ Չոլաքեան

Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած հերթական գիտաժողովն է, Արեւմտեան Պէյրութ, Մեքսիք փողոց, Հայկազեան համալսարան։ Փողոցի պատերուն կռթնած կամ մայթերուն ու բակի նստարաններուն վրայ նստած, կարծես ծանօթ ու հարազատ տղաք ու աղջիկներ են ասոնք, հայ եւ ոչ հայ համալսարանականներ, ու սիրտս բնական հպարտութեամբ մը կը լեցուի ի տես Սփիւռքի մեր միակ համալսարանին, ուրկէ անցած եմ նաեւ ես, եւ զոր աւարտած են հազարներ, հայեր եւ օտարներ:
Կը բարձրանամ Մուկար շէնքի երրորդ յարկ, հայերէն գիրքերու բաժինը, ուր իր նրբին ժպիտով մեզ կ՚ընդունէր Ժիրայր Դանիէլեանը… Այնտեղ ելումուտ ընող քանի մը ուսանողուհիներ մխիթարիչ նայուածքով կը բարեւեն զիս:
Հայկազեան համալսարանի կողքին, Հայ աւետարանական քոլէճի շրջափակին մէջ, որ չէր բաւեր խուռներամ աշակերտութեան, հարիւրեակ մը կամ քիչ աւելի աշակերտ-աշակերտուհիներ կը նկատեմ, փոքրիկ ծաղկեփունջ մը նախկին անդաստանին մէջ, ո՞վ չի գիտեր Քաղաքի «Հայ Սքուլ»ը, այսօր՝ արեւմտեան Պէյրութի միակ վարժարանը:
Սա արեւմտեան Պէյրութն է, ուր հայ կեանքը կ՚եռեւեփէր 1970-ականներէն առաջ՝ ակումբներ, գրական շրջանակ, պարբերաբար հայերէն հնչող թատերասրահներ, հայ նկարիչներու գործեր հանրայնացնող ցուցասրահներ, հայերու պատկանող առեւտրական հաստատութիւններ, գերազանցապէս հայ բնակչութիւն ունեցող փողոցներ, համալսարաններ, ուր մեծ թիւ մը կար հայ ուսանողներու։ կրթական, գրական ու մշակութային կեանքը, մանաւանդ, հոս տարբեր երանգ մը ունէր. հոս կը գործէին մեր կեանքին մէջ մեծ աւանդներ ձգած մեծանուն դպրոցներ՝ Նշան Փալանճեան ճեմարանը, Խանամիրեան քոլէճը, Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, Երուանդ Տեմիրճեան վարժարանը… Հոս գործեցին Երուանդ Հիւսիսեան ու Համազգայինի հայագիտական հիմնարկները… Այստեղ, երկու Պէյրութներու սահմանագիծին վրայ հայ գիրքի յորդառատ աղբիւր էր Սիմոնեան Սիմոնեանի «Սեւան» հրատարակչատունը, կենաց ջուր էր «Սփիւռք» շաբաթաթերթը, որ բազմաթիւ նոր գիրչներու մկրտարանը եղաւ… Եւ ուրիշներ…։ Կային ու հիմա չկան:
Իր տիրական դիրքէն Պէյրութին կը նայի նախկին առաջնորդանիստ Ս. Նշան եկեղեցին, ու երկու Պէյրութներու սահմանագիծին վրայ Հայ կաթոողիկէ Ս. Եղիա հոյաշէն տաճարը հմայք կու տայ Պուրճի հրապարակին:
Կը սպասեմ, որ զանգերը ղօղանջեն:
Հիմա դարձեալ, թերեւս, աւելի շքեղ է Արեւմտեան Պէյրութը, որուն փողոցներէն կ՚անցնիմ՝ ամէն քայլափոխիս հին դէմք մը, վաճառատուն մը, հարազատ մը գտնել-բարեւելու յոյսով…Յիշատակներ միայն կ՚արթննան, ու կը յիշեմ Զահրատի խօսքերը.

Մեծ մեծ շէնքերը քանի կը շատնան
Քաղաքն ալ այնքան մեծի հով կ՚առնէ
Ու մեծ քաղաքին մեծութեան առջեւ
Քիչ մ’ալ պզտիկցած մենք ակնածանքով
Կը նայինք մեծ մեծ շէնքերուն — անճար,
Մեր հին մեծութեան վախճանը կու լանք

Կը վերադառնամ Մեքսիք փողոց։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *