Սուտան, (օդին մէջ) 13-12-73
Սիրելի ընկ. Կարապենց,
Վարը անծայրածիր անապատն է. կը վերադառնամ Ափրիկէի սրտէն, Ռուանտայէն, ուր գացեր էի խումբ մը գործակիցներու հետ Ռուանտայի Ազգային Համալսարանի շէնքերու ընդլայնումը ուսումնասիրելու համար։ 9000 մղոն երթ,… նոյնքան մըն ալ դարձ։ Ճամբորդութիւնը, անկասկած, եղաւ շատ հետաքրքրական եւ փաստօրէն ընդլայնեց հորիզոնս։ Continue reading “Յակոբ-Կարապենց / Վրէժ-Արմէն նամակագրութեան արխիւէն”
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԾԱԳՈՒՄՈՎ ԵՐԿՈՒ ԳՈՐԳԻ ՄԱՍԻՆ (Բ.)
ԱՇԽՈՒՆՋ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Պատմական գիտութիւնների թեկնածու,
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մշակութային արժէքների փորձագիտական կենտրոնի գլխաւոր մասնագէտ։
Սկիզբը մեր նախորդ թիւով
Մեծ հետաքրքրութիւն են ներկայացնում նաեւ «Գանձասար» գորգի գեղազարդման համակարգի մանրամասերը։ Այս դէպքում խօսքը վերաբերում է դրա լայն գօտուն, որը գեղազարդուած է մէկընդմէջ ներկայացուած վարդակով եւ մասնակիօրէն գծայնացուած «կենաց ծառ» յօրինուածքով։ Մեր դիտարկումները հնարաւորութիւն են տալիս շեշտելու, որ այս տիպի եզրագօտիները առաւելապէս բնորոշ են պատմական Հայաստանի արեւելեան ու հիւսիսարեւելեան Continue reading “ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԾԱԳՈՒՄՈՎ ԵՐԿՈՒ ԳՈՐԳԻ ՄԱՍԻՆ (Բ.)”
ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (1)
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
— Ա —
Հայոց լեզուի առաջին ուսուցիչներս եղած են մայրս ու հօրենական մեծմայրս, որոնք, սակայն, անգրաճանաչ գեղջուկներ էին: Կրնայ հակասական թուիլ ըսածս, ուրեմն փութամ պարզել: Ես՝ իբրեւ հինգ զաւակներու վերջինեկ, աչքերս բացած եմ ընտանիքի մը մէջ, ուր կը խօսուէր երկու հայերէն՝ արդի աշխարհաբարը եւ բարբառ մը. այս Continue reading “ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (1)”
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ
ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԱՐ
Արեգակը՝ յանդուգն պատռեց հորիզոնի շղարշը։ Խաւարը իր ցնցոտիները արագ մը հաւաքելով, մենամարտը պարտուած դիապարտի նման՝ կորաւ անհունութեան մէջ։
Ճշմարտութեան լոյսը՝ համարձակ գգուեց երեսս ու կրկին բազմեցաւ ամենօրեայ իր նախասիրած տեղը՝ հոգիիս խորքը։ Continue reading “ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ”
ՅՈՒԼԻՍ 2020-ի թիւը
Սիրելի ընթերցող, «Հորիզոն գրական»ի յուլիս 2020-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
ԳՏԱՆ ԻՐԱՐ
ՎՈՎԱ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ամենահեշտ քայլն առանց մտածելու է առաջ գնում: Եւ ես քայլեցի՝ չիմանալով, թէ որտեղ եմ գնում: Մի սովորութիւն ունեմ. միշտ ենթադրութիւններ եմ անում՝ յստակ չիմանալով դրա անհրաժեշտութիւնը: Continue reading “ԳՏԱՆ ԻՐԱՐ”
ՄԱՀՈՒԱՆ ՀԱՃՈՅՔԸ
ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
մահուան վախը հաճոյք մըն է մանկական
շնիկի պէս
իրեն տուած չարչարանքէս
չի գիտեր ուր խուսափի
եւ դեռ կ’ուզէ իմ խաղերուս տակ սմքիլ
հպատակիլ իրեն տուած ցաւերուս Continue reading “ՄԱՀՈՒԱՆ ՀԱՃՈՅՔԸ”
ՊԻՏԻ ՉԾՆԻ
ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
կը զարնուի կը զարնուի երկաթներուն ձողերուն
ու յուսահատ սիրտը կոտրած ծունկին վրայ կը կքի
կը կրկնէ
քանիերորդ անգամն է այս
չի համոզուիր
չի հասկնար Continue reading “ՊԻՏԻ ՉԾՆԻ”
ՀԱՅ ԹՐՔՈՒՀԻՆ
ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ
Պատերազմն սկսուելուց՝ աւելի ճիշտ վերսկսուելուց յետոյ Աջափնեակի նորահաս հարեւանուհիները՝ Ցոլինէն ու Նռանէն, իրենց լքուած էին զգում: Քաղաքում հասակակից տղայ չէր մնացել: Ամենաճարպիկները ճակատ չգնալու-չզոհուելու համար ժամանակին արտասահման ու Ռուսաստան էին ճողոպրել, առողջական խնդիրներ չունեցողները զօրակոչուել էին. Երեւանում մնացել էին ակնոցաւոր հիւանդկախները: Հակառակի պէս Փարիզը, որ ոչ այնքան հեռաւոր տարիներին, նորաձեւութեան գունափայլ պարբերականներ թերթելիս անասելի հեռու էր թւում, անսպասելի մօտեցել, մերձեցել էր: Աջափնեակի Continue reading “ՀԱՅ ԹՐՔՈՒՀԻՆ”
Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ – Բ –
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ԱՐԱԲԵՐԷՆՍ
Արաբերէնը մեծ բացական էր մեր դպրոցներուն մէջ եւս, ուր միայն սկզբունքով գոյութիւն ունէր ան: Այս «սկզբունքով»-ը ըսելու խաբուսիկ ձեւ մըն է, որ որեւէ իմաստ եւ բովանդակութիւն չունէր: Դասացուցակին վրայ նշանակուած էր ան՝ ճիշդ է, դասագիրք մըն ալ ունէինք մեր պայուսակներուն մէջ՝ ա՛յդ ալ ճիշդ է, սակայն այս բոլորին իմաստը չէինք ըմբռներ: Մեզմէ առաջ այդ իմաստը չէին ըմբռներ իրենք՝ արաբերէնի ուսուցիչները, որ կրթական նախարարութիւնը կը տրամադրէր: Continue reading “Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ – Բ –”
