ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Հարցասէր բարեկամ մը կ՚ուզէ գիտնալ, թէ այս երկուքէն ո՛րն է ճիշդը. թատերգութիւնը թէ՞ թատրերգութիւնը: Continue reading “Թատերգութիւ՞ն, թէ՞ թատրերգութիւն”
Հորիզոն շաբաթաթերթի գրական յաւելուածը
Հարցասէր բարեկամ մը կ՚ուզէ գիտնալ, թէ այս երկուքէն ո՛րն է ճիշդը. թատերգութիւնը թէ՞ թատրերգութիւնը: Continue reading “Թատերգութիւ՞ն, թէ՞ թատրերգութիւն”
Նոյեմբեր 2019-ին հարիւրամեակն է «Հայ Կին» կիսամսեայ հանդէսին։
Հայ կին գրողներու առջեւ մեծ պատեհութիւններ ընծայած է տպագրական մամուլը։ Ինչպէս Վիկտորիա Ռոու(*) նկատած է, Զապէլ Եսայեան, Մառի Պէյլերեան, Շուշանիկ Կուրղինեան, որոնք համեստ ընտանիքներէ էին, իրենց գրական փորձերը սկսան տպագրական մամուլի էջերէն։ Continue reading “«Հայ կին» հանդէսը հարիւր տարեկան պիտի ըլլար — Հայ մամուլի տարուան առթիւ”
Սիրելի ընթերցող,«Հորիզոն գրական»ի 2019 Յունիս-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 100-ՐԴ
ԵՒ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 50-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ
«Հայաստանի ու հայութեան վիճակուած վերջին կէս դարու բոլոր դառնութիւններուն մասնակից մարդն է Մահարին: Ծնած է Վան ու պատմական Հայաստանի պատմական այդ մասին հրդեհումին ու բռնագրաւման ականատես եղած է ան եւ հայրենիքի չափ քաղցր իր երիտասարդութիւնը զոհ տուած է հիւսիսի ցուրտերուն: Պատանութեան թուրքին թուրքութիւնը տեսաւ եւ երիտասարդութեան պոլշեւիկներու սիպերիական սահմռկեցուցիչ պարգեւները ապրեցաւ: Իր լափլիզած հայրենիքի այրող յիշատակին եւ հիւսիսի ցուրտերուն ցուրտ յաճախանքին միջեւ կեցած բազմախոց մարդն է այսօր անիկա, ներքնապէս ընկճուած եւ ստեղծագործական նախկին իր կենսունակութիւնը վրայ տուած վիրաւոր անձ մը, որ ապրող էակ մը ըլլալէ աւելի ողբերգութեան մը կենդանի յուշարձան է եւ գրող մը ըլլալէ աւելի` գրականութեան նիւթ մըն է, վէպի մը սրտառուչ հերոսը»(1):
Պ. Սնապեան
Պատմաքաղաքական որոշակի շեշտադրումներով հանդերձ` Մահարու «Այրուող այգեստաններ» վէպը չի կարող դասուել ոչ պատմավէպի, ոչ քաղաքական վէպի շրջանակներում. այն կենցաղ-հոգեբանական երկ է` ծնունդ առած 1930-ական թթ. գրական կենսոլորտում` «Երկիր Նայիրի»-ի եւ «Կեորէս»-ի կողքին: Սա ինքնին նշանակում է, որ Մահարու այս երկը կորսուած հայրենիքի հոգեւոր վերստեղծման Continue reading “ՊԱՏՄԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐՈՒ «ԱՅՐՈՒՈՂ ԱՅԳԵՍՏԱՆՆԵՐ» ՎԷՊԸ”
26
Օրհնեալ ես, Տէր,
ստեղծագործութեան մէջ ամբողջ.
օրհնեալ ես, Տէր,
երկինքներուն եւ երկրին մէջ.
օրհնեալ ես, Տէր, Continue reading “ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ”
ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ
Վարուժանը միայն արեւմտահայութեան ցաւերով չի ապրել, նրա մտածումները ընդգրկում են ողջ հայութեան, այսինքն արեւելահայութեանն նոյնպէս: Պոլսից դուրս, հայութեան վիճակը էլ աւելի էր վատթարանում: Հեռաւոր շրջաններից ՀՅԴ տարած աշխատանքի հետեւանքով ժողովրդի արթնացման լուրերն էին գալիս, որն ալեկոծուած էր պահում ողջ հայութեան եւ յատկապէս իր նման մտածողի: Այդ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան մէջ տեսնելով իր մտածումների, սկզբունքների հարազատութիւնը, ժողովրդի ազատագրման համար նրա տարած անձնազոհ աշխատանքը, անդամակցեց, անմնացորդ նուիրուեց նրա գաղափարներին եւ սկսեց նոր անուղակի ուղիներ փնտրել, նոր գաղափարներով արթնացնելու սարսափի մէջ ապրող իր ժողովրդին:
Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 12 — Հանգոյցներ» առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ չորս մասէ՝ «Խրախճանք», «Գարուն ա, ձուն ա արել…», «Չարտուղի պատմութիւններ» եւ «Հայեր»՝ 27 գրութիւններով, 72 էջ։
Իր ներածական «Երկու խօսք»-ին մէջ, հեղինակը կը գրէ.
Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 12 — ՀԱՆԳՈՅՑՆԵՐ» հատորը”Սիրելի ընթերցող,«Հորիզոն գրական»ի 2019 մայիսի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Մ.
— Մա՛մ, իսկ պապան ե՞րբ կը գայ:
— Երբ յաղթի եօթ գլխանի վիշապին, կը գայ:
— Մա՛մ, ես գիտեմ, թէ ինչու է վիշապն ուզում մեզ
սպանել: Ասե՞մ:
— Հա:
— Որովհետեւ վիշապ է: Եթէ մարդ լինէր, չէր ուզի:
— Հա՛, ճիշտ ես, որովհետեւ վիշապ է…
1994թ. Արցախ
Սա ազատամարտիկի օրագրի վերջին էջն է, դրանից յետոյ չունի գրառումներ: «Քանի դեռ պատերազմը շարունակում է քայլել մեր կողքով, էլի գրառումներ կ՚անեմ. իմ կռիւը դեռ չի աւարտուել», — ասում է խորիմաստ ժպիտով, իսկ ես յետոյ իմանում եմ, որ 2016-ի ապրիլին առաջին կամաւորներից էր, ով առանց երկմտելու գնաց սահման…
Continue reading “1994. Ծաղկած խրամատներ — Դ.”ԲՈՐԻԿ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆ
Ա՜խ, լուսէ՛ աղջիկ,
Դու բնակւում ես հոգուս Դրախտում,
Իմ ծաղկաշաղախ հոգու Պարտէզում,
Իմ անմար Սիրոյ ծովի եզերքում…