Կարմիր պղպեղ ծեծող կինը

ԱՐԱ ՄԽՍԵԱՆ

Հազար իննհարիւր վաթսունական թուականներու Հալէպի Նոր Գիւղ աւանի կարմիր պղպեղի փոշին տարբեր համ մը ունէր։ Բարկ, սակայն հրապուրիչ կծութիւն մը՝ զինք առաջին անգամ համտեսողը նախ՝ սաստիկ երկրաշարժի կ՚ենթարկէր, ապա՝ կը թովէր եւ իր համին ու հոտին հլու ու յօժարակամ ստրուկը կը դարձնէր:
Բժշկական իր այլազան առաւելութիւններով յատկանշուող այս դիւթիչ փոշին մարդու բերնին եւ որկորին մէջ համի եւ բուրմունքի չնաշխարհիկ համանուագ մը կը ստեղծէր: Բայց այդ համանուագը ըմբոշխնելու համար, այդ օրերուն կարելի չէր պարզապէս նպարավաճառի խանութ մը մտնել եւ քիլօ մը երկուք գնել այդ փոշիէն։ Ո՜չ. այլ ամեն թաղամաս իր կարմիր պղպեղ ծեծող կինը ունէր, որուն անվիճելի մենաշնորհն էր ամեն ամառ այդ թաղամասի ընտանիքներուն յառաջիկայ տարուան պահեստ դրուելիք կարմիր պղպեղը ծեծել։
Մեր թաղամասի պղպեղ ծեծող կինը տիկին Մարթան էր, որ՝ Նոր Գիւղի հիւսիս արեւելեան սահմանագծի բլուրին վրայ թառած՝ զուտ հայաբնակ Զէյթուն Խան թաղամասէն արեւածագին հետ կ՚իջնէր առաջին «մանթըխա» (թաղամաս) եւ կը լծուէր պղպեղ ծեծելու ծանր ու արտասուաբեր գործին։
Ամեն ամառ, մայրս ալ, գրեթէ բոլոր մեր դրացիներուն նման, մեծ քանակութեամբ թարմ կարմիր պղպեղ կը գնէր: Քանի մը դրացիներով եւ ազգականներով կը նստէին մեր տան բակին մէջ եւ ժամերով՝ ծեծուելէ առաջ չորցնելու կը պատրաստէին պղպեղները: Նախ՝ լաւ մը կը լուային, յետոյ՝ տարիներու փորձառութենէ ձեռք բերուած հմտութեամբ սուր դանակը պղպեղին կոթունին շուրջ-բոլորը կոխել-հանելէ ետք, կոթունը թեթեւ մը ետ-առաջ շարժելով՝ պղպեղէն դուրս կը քաշէին: Կոթունին հետ դուրս կու գար նաեւ հունտերուն կոյտը: Ապա, դանակը պղպեղին մէջ կը դնէին եւ պղպեղները իրենց ափերուն մէջ ոլորելով՝ մէջի ճերմակ երակները կը հերձէին եւ դուրս կը քաշէին:
Այս բոլորը ընելէ ետք, պղպեղները ցանցառ կութերով քովէ քով կը կարէին եւ լուացք փռելիք թելերուն վրայ՝ տանիքը կը կախէին: Քանի մը օր ետք, երբ պղպեղները չորնային, մայրս թելերէն վար կ՚առնէր եւ երկու խոշոր տաշտերու մէջ կը լեցնէր զանոնք. թորշոմած ու աղիքազերծուած կարմիր պղպեղները անտրտունջ կը սպասէին իրենց անխուսափելի ճակատագրին՝ Տիկին Մարթայի ուժեղ բազուկներու չափաւոր շարժումներէն ելեւէջող սանդիտոռի անխնայ հարուածներուն:
Կարմիր պղպեղի փոշի պատրաստելու ամբողջ գործողութեան ամենէն թնճկոտ փուլը սանդ եւ թակ ապահովելու գործողութիւնն էր: Ընդհանրապէս, իւրաքանչիւր թաղի հազիւ մէկ երկու տուներուն մէջ կարելի էր թէ՛ սանդ թէ՛ թակ գտնել: Կը պատահէր, որ մէկը սանդ ունենար, բայց ոչ՝ թակ, ուրիշ մը սանդ կ՚ունենար՝ առանց թակի: Թաղի սանդ կամ թակ չունեցող տուներ զանոնք ունեցող դրացիներէն փոխ կ՚առնէին։ Ուստի, կարգի սպասելու դրութիւն մը ստեղծուած էր, որ երբեմն դրացիներու միջեւ վաղանցուկ պառակտումներու պատճառ կը դառնար: Ատով հանդերձ, ամեն տարի, պղպեղի փոշի արտադրելու գործողութիւնը՝ աւելի կամ պակաս վերիվայրումներով գլուխ կը հանուէր:
Վճռակամ էր տիկին Մարթան, եւ պատկառազդու։ Կծու պղպեղներու գերդաստանին հզօրագոյն ճիւղին ամենէն թունդ շառաւիղին դէմ հոլանի բազուկներով եւ արտասուաթոր աչքերով մղած պայքարին մէջ յաղթապանծ դուրս եկած էր առաջին իսկ օրէն։
Ամուսինը՝ պարոն Յակոբ, բարձրահասակ եւ ջղուտ մարդ մըն էր: Ժպտելու ծառայող մկանները ի ծնէ անգործածելի մնալով՝ համարեա բոլորովին ընդարմացեր էին: Շատ հազուադէպ առիթներով, երբ փորձեր ժպտիլ, դէմքը՝ հին յունական թատրոնի կատակերգութիւն եւ ողբերգութիւն յատկանշող դիմակներու միախառնումէն յառաջացած կիսաժպիտ-կիսախոժոռ արտառոց դիմակի մը կը վերածուէր: Այդ ատեն՝ դէմքին վրայ սառած այս արտառոց երեւոյթին եւ ներկայ դրութեան պահանջած արտայայտութեան միջեւ ստեղծուած աններդաշնակութիւնը զգալով՝ Պարոն Յակոբ կը փորձէր դէմքի մկաններուն բռնի ուժով ժպիտ մը պարտադրել, ինչ որ առաւել եւս կ՚այլանդակէր արդէն իսկ ծամածուռ դէմքը:
Գարնան օրեր կան, երբ նոյն փողոցին մէկ մասին վրայ մռայլ անձրեւ մը կը տեղայ, մինչ միւս մասը արեւի շողերուն մէջ կը լողայ: Այդ ատեն, այսինքն՝ կարմիր պղպեղ ծեծելու տարիներուն, այս օդերեւութաբանական առեղծուածը փոխաբերաբար՝ «սատանան կնիկը կը ծեծէ» բառեզրով կը բնորոշուէր: Ես ալ՝ ամեն անգամ, որ տիկին Մարթան եւ ամուսինը քով քովի կայնած տեսնէի՝ «սատանան կնիկը կը ծեծէ» ասացուածը կը մտաբերէի. ամուսնոյն անժպիտ դէմքին կը հակադրուէր տիկին Մարթային դէմքի Մոնալիսայական յարակայ ժպիտը: Բայց, վայ անոնց, որոնք այդ ժպիտէն խաբուելով՝ փորձէին զինք ձեռք առնել…
Պղպեղ ծեծելու չսկսած՝ տիկին Մարթա հագուստին՝ ծունկերէն բաւական վար երկարող փէշին քղանցքները ծունկերէն մատ մը վեր կը սոթտէր, կ՚օղակէր եւ կը հանգուցէր լուսաթոյր սրունքներուն շուրջ: Այդպիսով, պղպեղը կրնար ծեծել, առանց մտահոգուելու հագուստին անպատեհ շարժումներով:
Կը նստէր քարակոփ, լայնաբերան ու խորունկ սանդին դիմաց։ Սանդը կիսով մը կը լեցնէր չորցած կարմիր պղպեղներով եւ կը սկսէր անխոնջ թակահարել: Տարիներով՝ ձուլածոյ երկաթէ գնդաձեւ, ծանր թակը օրական քանի մը հազար անգամ վեր-վար շարժող ջլապինդ բազուկները՝ այր մարդոց ամենէն ուժեղներուն իսկ իրեն հանդէպ յարգանք կը պարտադրէին։ Պարապ տեղը չէ, որ վաղուց «էրքէկ Մարթա» (այր Մարթա) մակդիրով պարգեւատրած էին զինք։
Ամառուան տօթ օր մը, տիկին Մարթա մեր տան բակին մէջ սանդին առջեւ նստած՝ մեր յառաջիկայ տարուան կարմիր պղպեղը կը ծեծէր, երբ բակի սենեակներէն մէկուն մէջ բնակող տիկին Վարդանոյշին ամուսինը՝ պարոն Գէորգ, յետմիջօրէի ժամը երկուքին շուրջ, սրճարանը ժամերով թուղթ խաղալ ու լաւ մը կոնծելէ ետք, ժամանակաւորապէս տուն վերադարձաւ: Տիկին Մարթա մինչ այդ չէր նկատած, որ Հալէպի ամառնային կիզիչ արեւին տակ հսկայ սանդաթակին հետ մղած պայքարի ընթացքին, քղանցքին՝ աջ ծունկէն մատ մը վեր կապուած մասը՝ հակառակ իր աչալրջութեան, քակուեր՝ եւ շուշանի փերթի պէս ճերմակ ու ողորկ զիստի հրապուրիչ շերտ մը անձնատուր ըրեր էր արեւի քմահաճ վէտվէտումներուն, եւ՝ այրերու տեսողական վայելքներուն:
Պարոն Գէորգի լիրբ նայուածքէն չշեղեցաւ այս տեսարանը. բերնին մէջ բառերը խաշուած ճակնդեղի պէս ոլորելով՝ լպիրշ դիտողութիւն մը շպրտեց տիկին Մարթայի ուղղութեամբ՝ առանց ակնթարթ մը իսկ աչքերը անոր զիստէն հեռացնելու: Տիկին Մարթա՝ բոլորովին անակնկալի եկած՝ նայեցաւ այդ անամօթին աչքերէն վիժող վաւաշոտ նայուածքին ուղղութեամբ, եւ երբ անդրադարձաւ կացութեան՝ այնքան զայրացաւ, որ ծանր թակը՝ մէկ ձեռքով գլուխէն վեր բարձրացուց՝ նստած տեղէն վեր թռաւ եւ յովազի արագութեամբ խուժեց պարոն Գէորգին վրայ:
Տիկին Մարթա՝ իր զայրոյթին մէջ մոռցած ըլլալու էր, թէ չծեծուած պղպեղներով լեցուն պղինձէ մեծ ու բոլորշի տաշտը տեղ գրաւած էր իր եւ պարոն Գէորգին միջեւ. մէկ ոտքը զարնուեցաւ տաշտի պռունկին, եւ երբ կը փորձէր միւս ոտքով եւս տաշտին մէջ կոխելէ խուսափիլ՝ հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց եւ ամբողջ մարմնով ինկաւ տաշտին մէջ: Անկումին ուժգնութենէն թակը ձեռքէն դուրս թռաւ՝ պղպեղներու մէկ ակնառու մասին հետ: Պարոն Գէորգ, որ արդէն կծիկը դրած էր, մազապուրծ ազատեցաւ վստահ մահէ, երբ թակը վզզալով անցաւ ականջին ճիշդ քովէն ու գնաց մեծ դղրդիւնով ինկաւ մեր բակին կեդրոնը: Ինկած տեղը փոս մը յառաջացաւ եւ հոն ալ մնաց մինչեւ որ տարիներ ետք՝ Հալէպի բնակչութեան արձանագրած անսանձ աճին հետ քայլ պահելու հարկադրանքէն մղուած՝ մեր տունը հիմնայատակ քանդեցին եւ տեղը եօթյարկանի շէնք մը կանգնեցուցին:
Մինչ այդ, տիկին Մարթա տաշտէն դուրս մագլցեցաւ ու այս անգամ աւելի եւս մոլեգնած՝ փորձեց պարոն Գէորգին ետեւէն հասնիլ: Բարեբախտաբար, մեծ մայրս եւ քանի մը դրացի կիներ, որոնք մեր բակը նստած սուրճ կը խմէին, դիպուածին առաջին իսկ րոպէէն ոտքի ելած ըլլալով՝ անմիջապէս բռնեցին եւ սկսան հանդարտեցնել զինք: Տիկին Մարթայի աչքերէն բոցեր կը ժայթքէին. դէմքը՝ զայրոյթէն կարմիր պղպեղի գոյն էր առեր: Կիները զինք նստեցուցին իրենց մօտ, սուրճ մը հրամցուցին, սիրտը առին, «պղպեղ ծեծելու մէջ լաւագոյնն ես դուն, այդ անպատկառ գինովին աբեղ-ցբեղ դուրս տուածներուն ականջ մի տար, երբ տիկին Վարդանոյշը տուն գայ, իր հաշիւը կը մաքրէ» ըսին եւ սուրճի երկրորդ գաւաթ մըն ալ հրամցուցին:
Քանի մը վայրկեան ետք, տիկին Մարթա քիչ մը հանդարտած՝ վերադարձաւ պղպեղ ծեծելու գործին: Քիչ առաջուան իր անկումին ազդեցութենէն տաշտէն դուրս թռած պղպեղները բակի գետնէն հաւաքեց, դրաւ տաշտին մէջ, եւ շարունակեց զանոնք սանդին մէջ տեղափոխել ու ծեծել… Հիմա՝ թակը այնքան վճռակամութեամբ կը հանէր-կ՚իջեցնէր, որ մեր կրաղիւսէ շինուած համեստ բնակարանը հիմէն կը դղրդար:

Ռէյսին, Ուիսքոնսին

One Reply to “Կարմիր պղպեղ ծեծող կինը”

  1. Հրաշալի յիշատակութիւն է: Հալէպ: Պահպանուած՝ ազգային սովորութիւններով հարուստ շտեմարան : Գրիչդ անսպառ մնայ: Հետաքրքրական պատկերներով, լեզուով եւ ոճով պատում մըն է: Բառեր, որոնք պէտք է գործածել խօսակցութեան ընթացքին, դժբախտաբար, անոնց թրքերէն տարբերակը կը գործածենք:
    Ես ալ անգամ մը մեծ մօրս հետ պասրաստեցի: Անտանելի փորձութիւն էր: Մի քանի օրեր ձեռքերս այրեցան պղպեղին կծուութենէն: Մեծ մօրս առաջարկեցի, պատրաստի գնել եւ ձեռբազատուիլ այդ տանջանքէն: Հայ վաճառատուներու մէջ արդէն կը ծախուէին:
    Հապա ՛՛պէլէտի՛՛ լոլիկի թացանը՞: Ինչպէ՞ս չյիշատակել:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *