Գրքերու հետ — ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ԵՒ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Հեղինակ՝ Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, 296 էջ, Երեւան, հեղինակային հրատարակութիւն, 2020

Հեղինակը սոյն հատորին՝ Աստուածաբանութեան եւ Փիլիսոփայութեան դոկտորի իր գիտական աստիճանով (1993) եւ հայագիտական նիւթերու իր հմտութեամբ, ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է հայ եւ միջազգային գիտական-ակադեմական շրջանակներուն, իր հրատարակած հայ եւ օտարալեզու (գերմաներէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն) բազմատասնեակ երկերով եւ ուսումնասիրութիւններով: Աւելի քան երեսնամեայ հոգեւոր ծառայութիւն ունի Հայց. եկեղեցւոյ տարբեր համայնքներէ ներս՝ Աւստրիա, Հայաստան, Գանատա եւ Զուիցերիա: Այժմ կը դասախօսէ Ֆրիպուրկի համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆակուլտետին մէջ ու կը վարէ նաեւ Զուիցերիոյ Բարեկարգեալ-աւետարանական եկեղեցւոյ գիտաշխատողի եւ Զուիցերիոյ Կրօններու խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնները: Իր առաքելավայրը վերջին տասնամեակին ըլլալով Ժընեւ ու յարակից շրջանները, լաւապէս ծանօթացած է տեղւոյն համալսարանական եւ հանրային մատենադարաններու ընձեռած արխիւային հարազատ նիւթերուն եւ իր պատմագիտական երկերը հարստացուցած՝ անոնցմէ ստացած վաւերաթուղթերու պատճէններով:
Աւելի քան հնգամեակէ մը ի վեր, ան ամբողջանուէր ուսանողն է հայ ազատագրական պայքարի անձնազոհ նուիրեալներուն ու մանաւանդ՝ հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուած գերմանական աղբիւրներուն ու տուեալներուն:
Սոյն հատորի յառաջաբանին մէջ հեղինակը նախ կը ներկայացնէ Զուիցերիոյ ու մանաւանդ 19-րդ դարու 80-ական թուականներուն Ժընեւի համալսարանական բազմազգ ուսանողներու համար ստեղծուած հաճելի մթնոլորտն ու պայմանները, ուր իրարու կը հանդիպին յեղափոխական նկարագիրով ու խառնուածքով ռուս թէ կովկասահայ ուսանող երիտասարդներ, որոնք հետագայ տարիներուն պիտի ունենային կարեւոր դերակատարութիւն իրենց ազգային եւ ընկերային կեանքին մէջ: Արդարեւ, 1995-ի աշնան երբ հեղինակը առաջին անգամ ըլլալով կ՚այցելէր Ժընեւ, կը գտնուի քաղաքին համալսարանի մերձակայքը գտնուող Landolt սրճարանը, որ տակաւին կը վայելէր հարիւրամեակ մը առաջ ունեցած իր համբաւը՝ իբրեւ սիրուած ժամադրավայրը ժամանակի երիտասարդ ուսանողութեան յեղափոխական նկրտումներուն ու երկունքին, որոնց շարքին էին հայ ազատագրական պայքարի կուսակցական հիմնադիր կերտիչներէն շատեր:
Երկմաս սոյն հատորին առաջինը բաժինը խորագրուած է «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը» (էջ 11-146):
Գիրքերու մտայղացումն ու պատրաստութիւնը ընդհանրապէս ծնունդն են հեղինակին մտաւորական կազմաւորման եւ քաղաքացիական խիղճի ներքնազգացողութեան: Այսպէս է, որ 1995-ին երբ հեղինակը կը ժամանէ Ժընեւ ստանձնելու համար տեղւոյն հայ համայնքին հոգեւոր հովուութեան պաշտօնը, իր հանդիպումներէն առաջինը տեղի կ՚ունենայ գաղութի հեղինակաւոր դէմքերէն պ. Կրօնիկ Փափազեանի հետ, ժամադրավայր ընտրելով տեղւոյն համալսարանի մօտակայքը գտնուող Landolt սրճարանը: Այս վայրին ունեցած պատմական նշանակութիւնն ու հմայքը 1880-ական թուականներու ռուսահպատակ յեղափոխական ուսանողութեան, — ինչպէս Մ. Պաքունինի, Ալ. Հերցընի, Կ. Փլեխանովի, Վլ. Իլիչ Լենինի եւ ուրիշներու, — իբրեւ սիրելի անկիւն, առիթ տուած է նաեւ Հնչակեան կուսակցութեան կարգ մը հիմնադիր անդամներու գաղափարապաշտ զարգացման ու կազմաւորումին:
Սակայն որքա՛ն ալ ճշգրիտ ըլլային հարիւրամեայ հեռաւորութենէ մը աւանդուած տեղեկութիւնները, պատմութեան ուսանողին համար (մեր պարագային՝ սոյն հատորի հեղինակին) անհրաժեշտութիւն էր գտնել իր ժամանակի գրաւոր արձանագրութիւնները, վկայութիւններն ու փաստագրական կարելի այն բոլոր նիւթերը եւ կեդրոնանալ անոնց վրայ, աղբիւրներ՝ «…որոնք մեծաւ մասամբ պահպանուած են Զուիցերիոյ համադաշնութեան պետական արխիւներուն, Ազգային գրադարանին, Ժընեւի պետական, ինչպէս նաեւ համալսարանի արխիւներուն մէջ. փաստօրէն՝ վկայութիւններ, որոնք ուղղակի կը վերաբերին Հնչակեան կուսակցութեան Ժընեւի մէջ կազմաւորումին եւ անոր հիմնադիրներէն յատկապէս Աւետիս Նազարբէկեանին, Մարօ Վարդանեան-Նազարբէկեանին, Գաբրիէլ Կաֆեանին եւ Ռուբէն Խան-Ազատին» (տե՛ս էջ 14):
Արդարեւ, Զուիցերիան եղած է, մօտիկ անցեալէն ցայսօր, պարարտ հող մը մարդասիրական, ընկերային, մշակութային ու գիտական մտածողութեան բազմապիսի ճիւղերու ուսումնասիրութեանց:
Ուրեմն, սոյն գիրքին հեղինակը օգտուելով իր տրամադրութեան ներքեւ գտնուող արխիւային հաւաստի բազմաթիւ աղբիւրներէն, կը ներկայացնէ իր նիւթը, մեկնելով «սոսկ գիտա-հետազօտական կամ գիտա-ճանաչողական» հիմունքներէ, ու «չի հետապնդեր որեւէ ընթացիկ քաղաքական կամ կուսակցական հետաքրքրութիւն» (տես էջ 15):
Այստեղ կ՚արժէ ամփոփ կերպով ընդգծել Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադրութեան հետ առնչուած հետեւեալ կէտերը.
ա.– 1886-ի ամռան Փարիզէն Ժընեւ կը ժամանեն Աւետիս Նազարբէկեան եւ իր նշանածը՝ օրդ. Մարիամ Վարդանեան, որոնց անունները, ըստ Անահիտ Տէր Մինասեանի վկայութեան, կը յիշատակուին Ժընեւի համալսարանի 1888-1889 ուսումնական տարեշրջանի ազատ ունկնդիրներու ցանկին մէջ, Մարօ Վարդանեան՝ գրականութեան, իսկ Աւետիս Նազարբէկեան իրաւագիտութեան ճիւղերու մէջ: Սակայն նկատի առնելով իրենց ամբողջանուէր աշխատանքն ու ներդրումը «Հնչակ»-ի հրատարակութեան գործին, «ընդհանրապէս ժամանակ չէր ձգած, որ անոնք կարենային իբրեւ պաշտօնական ուսանողներ իրենց ուսումն աւարտել՝ վկայուելով համալսարանէն» (հմմտ. էջ 17):
բ.– Ժընեւի մէջ կազմաւորուած «յեղափոխական ընկերութիւն»-ը իր վեց հիմնադիր անդամներով հիմնուած է 1886 թուականին եւ վաւերացուած 1887-ի առաջին քառորդին (էջ 112-113): Ապա, նոյն թուի նոյեմբերին սկսած է հրատարակուիլ «Հնչակ» թերթը, որմէ այդ ընկերութիւնը կոչուած է «Հնչակի խումբ», ապա «Հնչակեան խումբ», իսկ աւելի ուշ՝ «Հնչակեան կուսակցութիւն», եւ այդ անունով ալ սկսած է ծաւալել իր հանրային գործունէութիւնը (էջ 113), ինչպէս կ՚եզրակացնէ հեղինակը: Սակայն 1909-ին կը պաշտօնականանայ մեզի ծանօթ անուանումը՝ «Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւն», որ իբրեւ կուսակցական-քաղաքական ինքնութիւն մը կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր (հմմտ. էջ 83): Թերթին «Հնչակ» անուանումը ստացուած է Գերցենի «Կոլոկոլ»-էն (Հնչակ, տե՛ս էջ 119):
* * *
Երկրորդ մասը սոյն հատորին (էջ 147-280), ամբողջութեամբ նուիրուած է «Քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» նիւթին:
Արդարեւ, 15 յունիս 1915-ի «Քսան կախաղաններ»-ու դէպքը , որ հետեւանքն էր անարգ եւ ստոր մատնութեան մը, սակայն իր քաղաքական մտածողութեամբ ան կազմեց Հնչակեան կուսակցութեան կենսագրութեան այն փառաւոր էջը, որ մինչեւ այսօր վստահութիւն ու հպարտութիւն կը ներշնչէ իր հաւատաւոր անդամներուն:
Սոյն բաժնին առաջին մասին մէջ հեղինակը կ՚անդրադառնայ 1894-1897 թուականներուն գործադրուած Համիտեան ջարդերուն եւ այդ առիթով զուիցերիացի ժողովուրդին ցուցաբերած զօրակցութեան հանդէպ հայ ժողովուրդին: Կ՚արժէ յիշատակել կազմակերպումը այն հսկայական ստորագրահաւաքին, որ 4 մարտ 1897-ին աւելի քան 430 000 զուիցերիացի քաղաքացիներու ստորագրութիւններով լիազօրուած պատուիրակութիւն մը ներկայանայ Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահ Ատոլֆ Տոյխերին ու անոր յանձնէ պատմական խնդրագիր մը: Փաստաթուղթ մը, որուն մէջ կը նկարագրուէին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին կրած հալածանքներն ու հարիւր հազարաւոր մարդկային զոհերը:
Արդ, Զուիցերիոյ մամուլը եւ յատկապէս ընկերվարական մամուլը իր պարկեշտ ու խիզախ հրապարակումներով կատարեց հայանպաստ արդար ու ճշգրիտ անդրադարձումներ՝ յանուն պատմական ճշմարտութեան:
Սոյն հատորի «Քսան կախաղաններ»-ուն նուիրուած բաժնին մէջ հեղինակը քննարկումի կ՚ենթարկէ դէպքին մանրամասնութիւնները:
Նախ՝ կը ներկայացնէ ՍԴՀԿ-ի Պատգամաւորական 7-րդ ժողովը՝ իր օրակարգի հարցերով, որ տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ Կոստանցա քաղաքին մէջ 7 սեպտեմբեր 1913 թուականին: Ապա՝ ժողովին վաւերացուած որոշումներն ու գործադրութեան եղանակները:
«Ցաւօք սրտի, — կը գրէ հեղինակը, — ամբողջ ծրագիրը եղերական հետեւանքներով կը ձախողի՝ ներքին եւ աններելի դաւաճանութեան մը հետեւանքով» (էջ 184): Դաւաճանին ինքնութիւնը կը բացայայտուի: Ան Եգիպտոսի մասնաճիւղէն պատգամաւորական ժողովին մասնակից Արթիւր Եասեանն էր, բուն ինքնութեամբ՝ Արշաւիր Սահակեան՝ վատանուն հայ մը:
Թիւով քսան լուսապսակ նահատակներու յաւերժաերթը կենդանի օրինակ մը կը հանդիսանայ բոլոր կուսակցականներուն, շարքայիններուն համար: Աննախընթաց երեւոյթ մը, որ կը ցնցէ հայ թէ օտարալեզու համաշխարհային թերթերը, որոնց հրապարակումներուն հանգամանօրէն կ՚անդրադառնայ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան իր ներկայ հատորին մէջ:
Ահաւասիկ գիրք մը, որուն արժանիքը օտարալեզու մամուլին ու դիւանագիտական աղբիւրներու մեծ մասին առաջին բացայայտումն է:
Մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարին ու պահանջատիրութեան նուիրուած հայ դասական կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները անհրաժեշտօրէն կարիքն ունին նմանատիպ երկերու հրապարակումին: Սոյն հատորին նախատիպը լոյս տեսած էր անգլերէն լեզուով: Ներկայ գիրքը նոյնին հայացումն է:
Երախտաշատ ուսումնասիրութիւն մը՝ արդարեւ:

(Պէյրութ)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *