Ռուբինա Փիրումեան Մինասեանի եւ Բաղդիկ Մինասեանի «Թաւրիզից ստալինեան գուլագ. ընդհատուած պատմութիւն» հատորը

Ս.Ա.Յ.

Հրատարակուած Երեւան 2019-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան ինստիուտի Գիտական խորհուրդի որոշմամբ (Յիշողութեան ազգագրութիւն շարք — 8), Թաւրիզից Ստալինեան Գուլագ. Ընդհատուած Պատմութիւն հատորը հայերէն հրատարակութիւնն է ցեղասպանագէտ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի 2017-ին լոյս ընծայած My Father: A man of courage and perseverance, a survivor of Stalin’s Gulag հատորին, որուն անդրադարձած էինք «Հորիզոն գրական»ի հոկտեմբեր 2017-ի թիւով։Գիրքը պատումն է 1944-ին Իրանի Ատրպատական նահանգի Թաւրիզ քաղաքէն խորհրդային ուժերուն կողմէ առեւանգուած՝ Ռուբինա Փիրումեանի հօր՝ Բաղդասար (Բաղդիկ) Մինասեանի ոդիսականին, Թաւրիզի չեկայի նկուղէն Երեւանի բանտախուց ու աքսոր դէպի Սիբիր, Նորիլսկի տաժանակիր աշխատանքային ճամբար: Հայերէն հատորը որպէս հեղինակ նաեւ նկատի առած է Ռուբինա Փիրումեանի հայրը՝ Բաղդիկ Մինասեանը — նկատի ունենալով որ իր ընդհատուած յուշագրութեան բնագիրը ներառուած է գիրքին մէջ, մինչ անգլերէնին մէջ անոր անգլերէն թարգմանութիւնն է։ Իսկ հատորը, ինչպէս անգլերէնն է, իր ամբողջութեան մէջ, Ռուբինայի հեղինակութիւնն է։
Հայերէն հատորը պահած է անգլերէնի բովանդակութիւնն ու ձեւը եւ ընդլայնած է զայն։ Նուիրուած իր հօր յիշատակին եւ ստալինեան բռնատիրութեան աքսորեալ զոհերուն, Ռուբինա Փիրումեանի, այս հատորը ընթերցողին կը ներկայացնէ ինը գլուխներու մէջ իր ինքնակենսագրականն ու հօր յուշերը ինչպէս նաեւ այլ յուշեր եւ ուսումնասիրութիւններ Ստալինեան աղէտի մասին։
Հայերէն հատորին ներածականը տուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների Ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան ինստիուտի Գիտական խորհուրդի անդամ Գայանէ Շագոյեան, մինչ հեղինակը ունի կարճ բացատրական մը ընթերցողին ուղղուած, ուր կը տեղեկացնէ թէ գիրքը նախապէս անգլերէն գրած էր՝ հասնելու համար սփիւռքահայ այն սերունդին որ տեղեակ չէ մեր մօտիկ անցեալի պատմութեան եւ հայերէնը սահուն չի կարդար, ինչպէս նաեւ նաեւ օտարին ծանօթացնելու հայութեան ապրած արհաւիրքը երբ ցեղասպանութենէն հազիւ երկու տասնամեակ անց ան կ՚ենթարկուէր ստալինեան բռնութեան եւ մաքրագործումներուն։ Շուտով սակայն ան անդրադարձած էր թէ Հայաստանի մէջ եւս ներկայ սերունդները ծանօթ չէին այդ ահաւոր անցեալին, ուստի Ռուբինա նախաձեռնած էր հայերէնի վերածել իր աշխատութիւնը։
«Բազմաձայն երկխօսութիւն. բանաւոր պատմութեամբ վերակազմուած յիշողութիւն», խորագրեալ իր ներածականին մէջ, Շագոյեան մեծապէս կը գնահատէ Ռուբինա Փիրումեանի աշխատութիւնն ու շարադրանքի հրապուրիչ լեզուն, ինչպէս նաեւ իր կանացի մեկնութիւնը բռնադատուածի կենսագրութեան գիտական ուսումնսասիրութեան մէջ ներմուծելով ընկերային, հոգեբանական եւ տնտեսական հետեւանքները։ Շագոյեան իւրայատուկ կը գտնէ Փիրումեանի այս գործը յատկապէս ընթերցողին ծանօթացնելու ոչ-խորհրդային մարդու ոդիսականը խորհդային բռնաճամբարի մէջ, ինչպէս նաեւ յետ-աքսորի ապրած դժուարութիւններու ներկայացումին համար։
Ինչպէս նախաբանին մէջ Փիրումեան կը գրէ, 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, երբ կը ստանար Երեւան հրատարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան գրականութեան նուիրուած իր չորորդ ուսումնասիրական հատորին օրինակները (The Armenian Genocide in Literature: The second generation responds. Yerevan, Armenian Genocide Museum Institute, 2015), իր կրտսեր որդին իրեն հարց կու տար թէ ամբողջ կեանք մը նուիրելէ վերջ ցեղասպանութեան գրականութեան, արդե՞օք ժամանակը չէ գրել իր մեծ հօր, Բաղդիկ (Բաղդասար) Մինասեանի կեանքի ոդիսականը։
Բաղդիկ Մինասեան (1902-1976) ծնած էր Իրան, Ատրպատականի Ղարադաղ լեռներու Ողան հայկական գիւղին մէջ։ Ուսումը ստացած էր Թաւրիզ, ուր նաեւ ականատես եղած էր Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ապաստանեալներու ոդիսականին, երբ անոնք 1915-ին Ատրպատականէն անցած էին Հայաստան,որոնմէ ոմանք մնացած էին Թաւրիզ։ Պատանի տարիքին Հ.Յ.Դ.-ի շարքերուն միացած էր ան։ Իր հայրենակիցներուն պէս, մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորած էր 1918-ի Հայաստանի անկախութիւնը։ Աւաղ 1920-ին միացեալ անկախ Հայաստանի հանրապետութիւնը թրքական եւ ռուսական ճնշումներու տակ խորհրդայնացած էր։ 1921-ի փետրուարեան ապստամբութենէն ետք, ինչպէս Փիրումեան կը նշէ, Հ.Յ.Դ.-ի մեծ թիւով ղեկավարներ ապաստան կը գտնեն Ատրպատական։ Բաղդիկ Մինասեան կը թրծուի որպէս ղեկավար ուսանողական միութեան մէջ, ապա ուսումը կը շարունակէ Փրակա (Չեխոսլովաքիա) ուր կը ստանայ դոկտորայի վկայական բնական գիտութիւններու եւ քիմիագիտութեան մէջ, 1928-ին։ Վերադառնալով Ատրպատական, ան կը շարունակէ իր կրթական և հրատարակչական գործունէութիւնը։
Համաշխարհային Բ. պատերազմին Իրան չէզոք դիրք յայտարարած էր։ Հակառակ այդ, 1941-ին Ատրպատական մուտք կը գործէ Խորհդային բանակը, իսկ Իրանի հարաւը կ՚անցնի բրիտանական ազդեցութեան տակ։ Խորհրդային իշխանութիւնները հետամուտ էին տեղական թուրք թաթար տարրերը հայերու դէմ կողոպուտի մղելու։ Ինչպէս գիրքի անգլերէն հրատարակութեան առթիւ «Հորիզոն գրական»ի մէջ նշած էինք, Չեկան նոյնպէս գործունէութիւն կը տանէր Հ.Յ.Դ.-ի դէմ ու ձերբակալած էր բազամաթիւ դաշնակցականներ։ Վախի մատնուած էր Թաւրիզի հայութիւնը։Ահաբեկումներու եւ առեւանգումներու լուրեր կը տարածուէին։ Այդ սարսափի մթնոլորտին մէջ Բաղդիկ Մինասեանն էր Դաշնակցութեան կողմէ բանակցողը Չեկային հետ։ Օր մըն ալ կ՚առեւանգուի ու Երեւանի ճամբով կը հասնի Սիբիր, մինչ իր հարազատները ոչ մէկ լուր կ՚ունենան այդ մասին։ Ռուբինան փոքր տարիքին կը զրկուի հօր ներկայութենէն։ Ինքը, կրտսեր քոյրն ու մայրը տարիներ կը մնան որպէս որբ եւ մինչեւ որ օր մը, Ստալինի մահէն վերջ, լուր կը ստանան թէ Բաղդիկ ողջ է եւ վերադարձեր է։
Ատրպատականի հայոց ապրած ստալինեան արհաւիրքը։ Երբ կ՚ակնարկենք ստալինեան բռնատիրութեան, ընդհանրապէս կը կեդրոնանանք 1930-ականներու աղէտին վրայ, մանաւանդ չարաբաստիկ 1937 տարուան վրայ, նշելով մեր մշակութային կորուստները՝ Եղիշէ Չարենց, Ակսել Բակունց, Զ. Եսայեան, Թոթովենց եւ այլն։ Ինչպէս Ռուբինա Փիրումեան կը գրէ, նոր սերունդը, պէտք է իրազեկուի ստալինեան արհաւիրքի մասին, նամանաւանդ երբ աշխարհ դարձեալ ծայրայեղ բեւեռացման ձգտումներ կը դրսեւորէ, որոնք միշտ յղի են ծայրայեղական մտայնութիւններու յոռեգոյն դրսեւորումներով։
Գիրքի առաջին գլուխով Ռուբինա Փիրումեան ընթերցողին կը փոխանցէ իր հօր վերադարձին մասին իր յուշերը։ Երրորդ եւ չորրոդ գլուխները իր հօր ներկայացումն են անոր «Տասը տարի, տասն ամիս եւ տասնեօթ օր խորհդային բանտերում եւ աշխատանքային ճամբարներում, 1944, 3 յունուար – 1954, 17 նոյեմբեր» յուշերուն, ուր կը պատմէ թէ ինչպէս 1941-ին Կարմիր բանակը Ատրպատական մտած էր ու առեւանգած ու ձերբակալած էր զինք եւ դաշնակցական այլ դէմքեր։
Յաջորդ գլուխով Ռուբինա Փիրումեան կը ներկայացնէ իր արխիւային որոնումները հօր առեւանգումին, ձերբակալումին մասին, ինչպէս նաեւ ստալինեան արհաւիրքի ու տաժանակիր աշխատանքի ճամբարներու մասին։ Իսկ վեցերորդ գլուխով ան կու տայ վերապրողներու յուշեր ու ուսումնասիրական աշխատութիւններ։ Ութերորդ գլուխը նուիրուած է հօր վերադարձին։ Բաղդիկ Մինասեան քսաներկու տարիներ վերապրեցաւ որպէս պարգեւ իր ընտանիքին ու համայնքին ունենալով հարուստ գործունէութիւն սակայն ստալինեան տաժանակիր աշխատանքի ճամբարի եւ բռնապետութեան թողած հետքերը իր եւ ընտանիքին վրայ միշտ մնացին։ Գիրքը կ՚աւարտի հեղինակին կողմէ իր հօր յիշատակին յղուած երախտագիտական խօսքերով եւ իր խօսքը կ՚եզրափակէ հետեւեալ բառերով՝
«Հայ Դատը դեռ կեանք է, ցաւ է, զոհաբերութիւն է, արիւն է, ու նրա արդար լուծումը՝ միակ կարելի հեռանկարը հայ ժողովրդի ապագայ» (էջ 298)։
Գիրքի վերջաւորութեան ընթերցողը կը գտնէ օգտագործած հրատարակութիւններու ցանկն ու անուանացանկ։
Դարձեալ վարձքդ կատա՛ր, սիրելի Ռուբինա։

ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ ԲԱՂԴԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԷՆ

Պատերազմի բոցերը մօտենում էին Կովկասին։ Հաւանական էր համարւում Թուրքիայի պատերազմի մէջ մտնելը եւ թուրք-գերմանական ուժերի արշաւը դէպի Անդրկովկաս։ Շատ աւելի հաւանական էր նաեւ, որ դաշնակից ուժերը կարող էին գրաւել Իրանը, որպէսզի հնարաւորութիւն ու ճամբայ ունենային զէնք եւ ռազմամթերք ուղարկելու Ռուսաստանին, նպատակ ունենալով զօրացնել նրա դիմադրութիւնը ընդդէմ Գերմանիայի եւ յետաձգել Ռուսաստանի պարտութիւնը։
Հ.Յ.Դ. Ատրպատականի Կենտրոնական Կոմիտէին շատ աւելի մտահոգում էր Հայաստանին սպառնացող վտանգը, որ Թուրքիան, գերմանական ուժերի օգնութեամբ, կարող է զինուորական գործողութիւններ սկսել դէպի Արեւելք՝ ստեղծելու համար համաթրքական մեծ կայսրութիւն։
Պատերազմ չէր, ոչ էլ խաղաղութիւն, սակայն կար մի բան, որ թոյլ էր տալիս ենթադրելու, որ մօտ է փոթորիկը եւ որ կանգնած ենք գալիք մի նոր կացութեան առջեւ։ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի բոցերն էին, որ մօտենում էին մեզ. ռուսական Կարմիր Բանակի ներխուժումն էր, նրա ներմուծելիք համայնավարական խուժանային շարժումը, որի հետեւանքներն ու տարողութիւնը դժուարանում էինք պատկերացնել։
Քաղաքը գրաւելուց անմիջապէս յետոյ, Կարմիր Բանակի սպայակոյտը զինուորական դրութիւն յայտարարեց եւ պահանջեց քաղաքացիներից ռուսական զինուորական իշխանութեան յանձնել իրեն-ց զէնքերը եւ ռադիոները։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կ. Կոմիտէն հապճեպ խորհրդակցութիւնից յետոյ, որոշեց յայտնել ռուսական ներկայացուցիչներին, որ մենք մեր զէնքերը չպիտի յանձնենք։ Որպէս մարմնի ներկայացուցիչ ես պիտի կատարէի այդ պարտականութիւնը։ (77-78)

* * *

Օրը երկուշաբթի էր, ժամը 11-ին, 1944 թ. յունուար 3-ը։ Դուրս եկայ Դաւիթի սրճարանից, հանդիպեցի դպրոցի քիմիական լաբորատորիան, աշխատանքս վերջացնելուց յետոյ դուրս եկայ եւ գնացի հանդիպելու Կենտրոնական Կոմիտէի անդամ [Ղազար] Մակունցին, որի գործարանը գտնւում էր Փահլաւի պողոտայում, Չեկայի կողքին։ Չեկայի առջեւից անցնելիս, ճիշտ դրան առջեւ, մի հայ սպայ, իմ մէջքից բռնելով, ասաց, «Պարոն գնանք այստեղ։ Տուեցէք ձեր զէնքը»։
«Ես զինուորական չեմ, որ զէնք ունենամ»։ Պատասխանեցի։ Բայց այդ պահին, մի ուրիշ զինուոր ինձ քաշեց եւ մտցրեց Չեկայի շէնքը։
Մի քանի րոպէ յետոյ, ես գտնւում էի գրասենեակում։ Մի տոպրակ քաշեցին գլուխս, ծածկելու համար դէմքս եւ աչքերս։ Ես բարկութեամբ հանեցի տոպրակը եւ նետեցի։ Ապա՝ հակառակ իմ կամքին՝ իմ վերարկուի փէշերով ծածկեցին գլուխս եւ դէմքս եւ ձեռքս բռնած, կոյր մարդու նման, իջեցրին բակը եւ այնտեղից էլ մառան։
Յունուար ամիսը, Թաւրիզի ձմեռային ցրտերը եւ… հողէ յատակով մի մառան՝ խոնաւ, ցուրտ եւ առանց որեւէ կարասիի։
Ահա իմ մառան-բանտը, ուր հնարաւոր չէր ո՛չ նստել, ո՛չ պառկել եւ ոչ էլ քնել, որովհետեւ չկար ոչ մի յարմարութիւն։ Կար միայն ու միայն մի հողէ սառն ու խոնաւ յատակ, կային նաեւ մկներ, որոնք կրծում էին ոտներս կամ ականջներս, եթէ պառկած էի։
Այսպէս օրերս ու գիշերներս անց էի կացնում քայլելով ու ծխելով։
Առաջին անգամը լինելով կեանքիս մէջ, ունենում էի կամազրկութեան, նուաստացման եւ ստորացման դառն զգացում, եւ այդ զգացումը փոթորկում էր իմ ներաշխարհը։
Այս գիշեր ու ցերեկ խառնուած օրերից մէկի ընթացքում էր, որ դրսից լսեցի մի մանկական լացակումած ձայն, որ պապա ջան էր կանչում։ Ես համոզուած էի, որ դա իմ Ռուբինայի ձայնն էր, որ կանչում էր իր կորած ու անյայտացած պապին։
Երեսունից աւելի տարիներ են անցնում, սակայն ես տակաւին չեմ մոռացել այդ սրտամորմոք կանչը։ (114-115)

ՀԵՂԻՆԱԿԷՆ՝ ՌՈՒԲԻՆԱ ՓԻՐՈՒՄԵԱՆԷՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ

Ստալինեան բռնաճնշումների զոհը դարձած, գուլագներում տառապած հայ եւ օտար շատ մտաւորականների յուշագրութիւն, վէպ ու բանաստեղծութիւն եմ կարդացել։
Այդ անմարդկային, դժոխային գուլագների նկարագրութիւնները ուղղակի սարսափ ու պժգանք են պատճառել։ Ու երբ մտածում ես թէ այդ պայմաններում քանի քանի արժանաւորներ իրենց գոյութիւնն են քարշ տուել ու աստիճանական մահով անէացել. «ժողովրդի թշնամի» են յորջորջուել ու կեանքով վճարել Ստալինի բռնութիւններին դէմ գնալու իրենց համարձակութեան համար։
Այդ նկարագրութիւններում գուլագների կենցաղային ու աշխատանքային պայմանների որքան նմանութիւն ու ընդհանրութիւն կայ։ Նեղ բանտախցեր, մեծ թուով բանտարկեալներով խռնուած, ուր վխտում են առնետներն ու ոջիլները, մերկ յատակներ, երկաթէ տակառներ, որոնց մէջ անտանելի ծուխ արձակող փայտ է վառւում, որ խուցը տաքանայ, իսկ անկիւնում պարաշան է լայնաբերան մի ուրիշ տակառ, որի մէջ բանտարկեալները իրենց բնական պէտքերն էին հոգում. դա միայն օրը մէկ անգամ էր դատարկւում ուրեմն միշտ գարշահոտով ապականուած էր խուցը։ Իսկ քնելու յարմարութիւնը՝ երկու յարկանի մահճակալներ վրան չոր տախտակ, ոչ մի բարձ, ներքնակ ու վերմակ, կամ՝ դրանց նման մի բան՝ կեղտոտ, պատառոտուած ու ոջլապատ։ Սնունդը՝ ամենացածր որակի եւ քիչ, չկշտացնող։ Աշխատանքային գործիքները՝ նոյնքան անորակ եւ նախնական, որոնցով պիտի ծառեր կտրատուէին, հանքեր փորուէին, շէնքեր կառուցուէին։ Աշխատանքային ժամեր՝ երկար, անիրականալի քոթաներով, նորմերով։ Սիբիրի, մանաւանդ հիւսիսի բեւեռային գօտու անտանելի ցուրտ, եւ ոչ-բաւարար տաք հագուստ ու կօշիկներ։ Սարսուռ ազդող «Սեւ ագռաւ»ը, բանտարկեալներ տեղափոխող կամ աւելի ճիշտ նրանց դէպի մահավճիռ տանող ինքնաշարժ։ Տգէտ ու վայրենի, ամէն չափանիշով քաղբանտարկեալից ցածր բանտապետներ ու չեկիստներ, որ իրենց անմարդկային վերաբերմունքով կալանաւորին մի ծխախոտի կամ մի կտոր հացի համար քծնող, ստորաքարշ արարածի են վերածում։ Բանտարկեալը թիւ է միայն, խլել են նրանից անուն, դիրք, անցեալ, նկարագիր ու մարդկային յատկանիշ։ Ու երբ ամէն երեկոյ, սոված, յոգնած ու դադրած կալանաւորը ճաշասրահ է մտնում, նրան ողջունողը Ստալինի եւ երբեմն էլ Լենինի ու Ստալինի մեծադիր նկարն է ու ներքեւում մեծ տառերով գրուած լոզունգը՝ «Կեցցէ՛ Մեծն Ստալին՝ Հայրը բոլոր ժողովուրդների»։ Ո՜վ հեգնանք, որ զարնում է կալանաւորի ճակատին ու յիշեցում, թէ ինչպէս իր կեանքը Ստալինի քմահաճոյքից է կախուած։ (11-13)

* * *

Բաղդիկ Մինասեանը զգացումների բուռն յորձանուտ էր, գիտելիքների աղբիւր, ամենաանհաւանական փորձառութեան շտեմարան, որ կղպանքի տակ մնաց այն դռան ետեւ, որ մենք չփորձեցինք լայն բացել։ (279)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *