«ԿՌՆԱՎԻԼ»

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Հաւերը, երկար ատեն մը «կտրուելէ» ետք, գարնան հետ կը սկսէին օրական ածել: Հաւ կ՚ելլէր պատի բոյնէն, հաւ կը մտնէր կը նստէր բունկալին վրայ: Բոյնէն ելլողը կա-կա-կա, կակ-կղա-կակ-կղա կանչով կը լեցնէր գիւղը:
— Է՜հ, հասկցանք, — կ՚ըսէր իր տասերորդ ծնունդին սպասող Ղազարենց հարսը, — հաւկիթ մըն է բերածդ, ինչ աշխարհը իրար կ՚անցընես…
Տնեցիք դեռ Ծաղկազարդի նախորդող օրերէն կողովներու մէջ Զատկուան համար հաւկիթ կը մթերէին, սոխի կեղեւ կը հաւաքէին: Հաւկիթը կը խաշէին սոխի կեղեւին հետ: Ոմանք կապոյտ հաւկիթ ալ կ՚ունենային, երբ «թիպիկը բակլու» (թեպեկի՝ շնագայլի բակլայ) կոչուող վայրի բոյսին կապոյտ ծաղիկն ալ դնէին կաթսային մէջ: Զատկուան սեղանին զարդը կ՚ըլլար քովէ քով շարուած կարմիր ու կապոյտ հաւկիթներուն ծեղէ ամանը՝ սնտաղբիկը:
Զատկական հացեղէնին մէջ առանձին տեղ կը գրաւէր «կէթնուօն բըկիէղ»ը (կաթով բոկեղ), չէր մոռցուեր նաեւ «ձիթուօն բըկիէղ»ը (ձէթով բոկեղ). կիները կարգով, իրարու ձեռք տալով թոնիրէն տուն կը բերէին զատիկը:
Մանուկներուն ու պատանիներուն համար Զատկի օրերուն միակ խաղը հաւկթամարտն էր՝ հաւկիթ կռուեցնելը. «կըռնավիլ» կ՚ըսէին քեսապցիք, իսկ մուսալեռցիք՝ «կըռվանիլ»: Պարզապէս համբերել չէին կրնար: Ամեն ոք գրպանած կ՚ըլլար «ամմօր» (ամուր) հաւկիթ մը: Խաշուած հաւկիթներուն մէջէն ամուրը ընտրելը արարողութիւն էր: Ափով մէկ ականջը հակառակ կողմի աչքին հետ գոցելով հաւկիթը արագ-արագ կը զարնէին առջեւի ակռաներու պատին ու ձայնէն կ՚որոշէին, թէ պատեանը փտո՞ւկ է, բարա՞կ է, թէ կարծր ու տոկուն: Հաւկիթին վրայ երեք կողմ կը ճանչնային՝ «ծարք» (ծայր), «կէօթ» (ետեւի մասը), «փիւր» (փոր): «Կը կռնավէին» պայմանի համաձայն՝ միայն մէկ ծայրով, երկու կողմերով կամ փորով ալ: Մէկը կ՚ըլլար «զարնող» (քիշտուօղ), իսկ միւսը «պառկող» (պառկուօղ): Կարգը կ՚որոշուէր վիճակով կամ ալ՝ «Դուն պզտիկ ես, առաջ դուն պառկիր» եւ այլ համոզող խօսքերով: Պառկողը ափի մէջ կ՚առնէր հաւկիթը, մատները այնքան կը մօտեցնէր ծայրին, որ՝ եկուր ալ զա՛րկ. զարնողը դիտողութիւն կու տար, իր հաւկիթին ծայրը կը թքոտէր, կը լիզէր ու …:
Հաւկթախաղը բախտախաղ էր: Կը կատարուէր ամեն տեղ, եկեղեցւոյ բակը, ճամբան, տուներուն մէջ: Զատիկ շնորհաւորելու համար տուն մտնողը անպայման սեղանէն կ՚ընտրէր հաւկիթ մը կամ իր գրպանի հաւկիթով «կը կռնաւէր» տնեցիներէն մէկուն կամ միւսին հետ: Բախտաւորը եթէ տան հայրը ըլլար՝ «Մանչ մըն է եկողը» կ՚ըսէին՝ ակնարկելով պտղաւոր կնոջ, եթէ չափահաս աղջիկը ըլլար՝ «Բախտդ դուռին կեցեր է» կ՚ըսէին, եթէ շրթունքին վերի կողմը մրոտած տղայ մը ըլլար՝ «Շան ականջը կտրելիք եղած է» կ՚ըսէին դառնալով հօրը. ատիկա «Տղան այս տարի պիտի կարգուի» կը նշանակէր:
Տարեց հիւրը գրպանէն հանելով հաւկիթ մը կու տար տան պզտլիկ տղուն.
— «Ֆըռռաղուն» հաւկիթ է, — կ՚ըսէր, — այս հաւկիթը չի կտրուիր, կը կտրէ: Բոլորին կը յաղթես:
«Ֆըռռաղուն»ը հաւատեսակ է, կու գայ արաբերէն «ֆըռղոն» բառէն, որ հայերէնի մէջ սուրբգրային փարաւոն բառն է: Արքայական հաւ, արքայական հաւկիթ:
Շատ անգամ խաղը «առնիլէօտը» (առնել-ոտ) կ՚ըլլար, այսինքն՝ յաղթելու պարագային կտրուած հաւկիթը առնելու պայմանով: Երբեմն պայմանին մէջ կը դրուէր իրարու հաւկիթ քննելը: Կը քննէին ու մէկն ու մէկը վախնալով իր հաւկիթին վրայ՝ կը հրաժարէր, իսկ միւսը ետեւէն իյնալով կը համոզէր որ խաղայ: «Առնիլէօտը» խաղին մէջ կեղծարարութիւնը վարպետութիւն կը նկատուէր: Ոմանք փայտէ հաւկիթ պատրաստած կ՚ըլլային, մէկը ծովափէն ճիշդ հաւկիթի նմանող գետաքար մը գտած ու ներկած կ՚ըլլար, ուրիշներ՝ հաւկիթը սրսկիչ ասեղով պարպած ու մէջը հալած մեղրամոմ կամ կուպր լեցուցած կ՚ըլլային. եկուր ալ կտրէ՛: Իրիկունը մէկը շահած հաւկիթներով կը հպարտանար, ուրիշ մը իր կորսնցուցած հաւկիթները կ՚ափսոսար:
Զատկի առաւօտ գիւղի մարդիկ «հաւկիթ կը խաղցնէին»: Ամեն զատիկ իր շուկան ունի: Ասոնք քթոց մը, երկու քթոց կարմիր հաւկիթ թեւերնուն անցուցած կը մտնէին հրապարակ, որ Քեսապ աւանի պարագային միշտ Մեծ Կամուրջը կ՚ըլլար, հին շուկային կեդրոնը: Ասոնք «սըրու քիշտիլ» (շարք զարնել) կը խաղցնէին: Շարքը կազմուած կ՚ըլլար 8-10 հաւկիթներէ, երբեմն աւելի քիչ, երբեմն աւելի շատ, մինչեւ 14: Երկու մրցակիցներ` երիտասարդներ, տարեց մարդիկ, կ՚իջնէին խաղի ու ամեն մէկը մէկ ծայրէն կը սկսէր, ով աւելի շատ կտրէր՝ բոլոր հաւկիթները կը շահէր՝ հետն ալ կողովը, իսկ միւսը կը վճարէր շարքին գինը: Այս բախտախաղին ոչ ոք կը դիմանար, պարտուողը կը խաղար մինչեւ յաղթանակ, իսկ յաղթողը կը խաղար մինչեւ որ կողովները պարպուէին:
ԺԹ. դարու վերջերէն տեղական միութիւններ ու դպրոցի հոգաբարձութիւններ, նիւթական եկամուտ մը ապահովելու համար սկսան Զատկուայ առթիւ խրախճանքներ կազմակերպել: Այս երեկոյթներուն մաս կը կազմէին փոքրիկներուն կողմէ կատարուած երգեր, արտասանութիւններ, թատերախաղ մը, կ՚ըլլային վիճակահանութիւններ, նուիրատուութիւններ եւ անխուսափելի հաւկթախաղը… կրկնակի սակով: Այսպիսով՝ հաւերն ալ կը մասնակցէին գիւղի դպրոցի ելեւմուտքի հաւասարակշութեան գործին:
Բարի Զատիկ բոլորիս:

Երեւան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *