ՄԻՒՌՈՆԻ ԵՒ ԱՍՏՂԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Մեծհայրս վաթսունհինգ տարեկանին ամուսնացած էր Եղեռնին այրիացած երեսուն տարեկան մեծմօրս հետ, որ ունէր տասներկու տարեկան աղջնակ մը: Յաջորդ տարի ծներ էր մայրս, եւ հինգ տարի ետք, — այո, հինգ տարի ետք, — մօրեղբայրս: Այս իրողութիւնը մեծ հրճուանքով պատմեցի բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանին, որ կը զարմանար թէ յիսունը անց ունեցեր էր իր վերջին մանչը: «Անցեալ դարուն բնական բաներ էին այս բոլորը», բացատրեց մայրս, «մարդիկ հիմակուաններուն պէս զեխ կեանք չէին վարեր»:
Եթէ Աստուած Եդեմէն նմոյշ մը ձգած էր երկրի վրայ՝ անիկա մեծմօրս բնակարանն էր, արաբական Էշրէֆիէի լանջին, մարգագետիններով պարուրուած: Հողամասին ճիշդ մէջտեղն էր փոքրիկ տունը, երդիքը ամբողջութեամբ որթատունկով ծածկուած, ցանկապատը՝ թրթուռներով եւ թութերով: Տան չորս կողմը ծառեր, նորաշխարհի ծառեր, նռնենիներ, ծիրանի ծառ, ձմեռնային տանձի ծառ, թուզի հըփ-հսկայ ծառ, սպիտակ թութի ճիլվելի ծառ, անկիւնը բակի չափ հաւնոց, անոր ճիշդ կողքին՝ զոյգ պատուհաններով փայտանոց, ուրկէ տարին տասներկու ամիս հաւիկ-մամիկ մը դուրս կու գար իր նորածին ճուտիկներով. եւ անցնելով կարգապահ բանջարեղէններու թաղէն, առանց աջ-ձախ նայելու կ՚ուղղուէր ուղղակի իր թաղը՝ հաւնոցը, ուր ճուտիկները անգամ ունէին իրենց ննջարանները: Փողոցին նայող ցանկապատը պատած էին յասմիկի թուփեր, եւ անոնց հպատակ՝ շուշաններու գլուխներ, վարդերու գոյներ, ազալիա եւ զամպագ, մեխակ ու ծաղիկէ զանգակ, ժամը ճիշդ չորսին բացուող ծաղիկներ, տարին մէկ անգամ ծաղիկ տուող թուփեր, բարեխնամ ծորակներ, թիթեղէ ցնցուղներ, եթերային թռչուններու երգեր ու հետքեր: Զոյգ աւազաններ կային, մէջը կարմիր ու ոսկի ձուկերով, եւ անոնց նուիրուած մեծմօրս երգերուն արձագանգներով: Այն ատեն դեռ «անպիտան կառավարութիւնը» պարտէզին լայնքէն վեց մեթր չէր խլած՝ ճամբու շինութեան համար:
Ամառ է, գիշեր է. ընդարձակ թուփերով, դայլայլներով շրջապատուած նեղ քանեփային (loveseat պիտի ըսէին ամերիկացիները), սրճագոյնի երանգներով հինցած սաթէն-թաւիշի վրայ նստեր է մեծհայրս, ամուր սեղմեր է զիս կողքին եւ … եդեմին մասին բացատրութիւն կու տայ: Օրինակ՝ կ՚ըսէ որ եթէ այս եդեմէն կարենամ քառասուն տեսակ ծաղիկ հայթայթել, ինք երեք օրէն ինծի անուշահոտի էսանս կը պատրաստէ: «Էսանսը ի՞նչ է»: «Դժուար է բացատրել, միմիայն ծաղիկի հիւթ է, առանց ջուրի. էսանսը շատ ժամանակ կ՚առնէ, դիւրին չէ, մասնագէտ պէտք է ըլլայ շինողը: Եթէ բանի մը էսանսը ունենաս, ըսել է անիկա խարդախուած չէ, ջուր խառնուած չէ»: «Միայն քառասո՞ւն տեսակ ծաղիկ», կ՚ըսեմ թեթեւցած այդքան դժուար էսանսին քով: «Քանի մը տեսակ ծաղիկով էսանս չի շինուիր, քառասունէն պակաս չ՚ըլլար»: «Դուն կրնա՞ս շինել, դո՞ւն», կը կրկնեմ զարմացած: «Ես ամե՛ն բան կրնամ շինել, — կ՚ըսէ դրախտին տէրը, — ի՞նչ կը սիրես ամենէն աւելի»: «Անուշահո՜տ», կ՚երգեմ քառասուն ծաղիկները արդէն մտքիս մէջ հաւաքած: «Եթէ շատ աշխատիմ, — կը մտածէ, — թերեւս մէկ օրէն ալ կրնամ շինել»:
Յետոյ մեծհայրս կ՚ուզէ որ վերի աստղերը դիտեմ: Բարակ վիզը ետեւ հրած, թորշոմած կոպերուն միջեւ գիշերային աւազանի պսպղուն նայուածքով կը հասնի աստղերուն. «Ո՛վ փայլուն պայծառ աստղեր»: Կ՚երեւի աստղերը կ՚առաջարկեն որ իր թոռնուհիին ալ ժառանգ թողու անոնց հանդէպ իր հիացումը: Պայծառ լազուարթ է երկինքը, աստղերը ինկեր են անոր մէջը, մեծհայրս ձգեր է ձայնը, ես ալ կը կրկնեմ ետեւէն. «Ո՛վ փայլուն պայծառ աստղեր, Արդեօք ինչ էք՝ չեմ գիտեր, Երկնի վրայ կը պսպղաք, Ու ամենուն կը պլպլաք, Այբ Բեն Գիմ Դա Եչ Զա Է, Մինչեւ վերջը եւ Օ Ֆէ»:
Շատ շուտ սորվեցայ երգը որովհետեւ իւրացուցի հմայքը: Երկինքէն բան մը կը պսպղայ երկրի վրայ, կը պլպլայ անխտիր բոլորին վրայ: Մեծհօրս երկար սրունքներուն վրայ նստեր եմ եւ անուշահոտ աստղերը կը դիտեմ: Աս ի՛մ աստղս է, ասիկա պապային աստղն է. երկրագունդին սահմանները ձգած՝ երկինքի աստղերը կը բաժնուինք: «Գիտե՞ս, աստղերն ալ կ՚իյնան կը մեռնին, — կը բացատրէ մեղմօրէն, — նայէ ինչպէս սահեցաւ այդ աստղը, նայէ միւսը, անդին նայէ», ան ալ ինկաւ, մի՜ւսն ալ ինկաւ կը զարմանամ, ետեւ-ետեւի շատ շա՜տ աստղեր կը մեռնին հոսկէ հոնկէ: «Հիմա լաւ դիտէ, աս ամբողջ երկինքին մէջ ո՛ր աստղը կը սիրես ամենէն աւելի», կը հարցնէ մեծհայրս: Ամենէն փայլունը կ՚ընտրեմ, փասփայլուն: «Ա՛ռ, — կ՚ըսէ ափս բանալով, — այդ աստղը ես հիմա ձեռքիդ մէջ կը դնեմ, անիկա քու աստղդ է, ուշադրութիւն ըրէ չկորսնցնես, ուրիշին չտաս, միմիա՜յն քուկդ է»: Ու երբ աչքերովս տեսայ որ մեծհայրս ափիս մէջ դրաւ երկինքի ամենէն փայլուն աստղը՝ ձեռքս ամուր գոցեցի որ մէկէն աստղը չիյնայ:
Քանի մը տարի ետք ծերութեան միակ նշանը ալ ճերմակ մազերը չէին. գաւազանով կը քալէր, «ականջը ծանրացեր է» կ՚ըսէին, հակառակ որ նոյն խոշոր ականջներն էին գլխուն երկու կողմերը: Նորէն պարտէզն ենք, այս անգամ հարաւային մասը, հոն ուր կանաչ սոխերը ցանուեր են. մեծմօրս թոնիրը կայ, աղիւսէ ոտքերուն միջեւ կրակէ փայտերով: Լաւաշ հացին վրայ սոխերը ջարդած, հալլում պանիրը մանրած, եթէ իր ճերմակ մազերով՝ սեւ թոնիրի տաքութեան յանձնէ զանոնք, ա՛լ եկուր դիմացիր…: Մեծհայրս ժուժկալ մարդ էր, բերնէն մտած ամեն մէկ պատառին եւ ելած ամեն խօսքին ինքզինքին հաշիւ կու տար: Մանկապարտէզէն նոր շրջանաւարտ էի: Աւետարանական վարժարան յաճախելո՞ւս համար տարակոյս ստեղծուած էր մեծհօրս մտքին մէջ, որ ահաւասիկ աստղերու մասին սորված երգերս չէր հարցներ, այլ ի՛նչ «ազգային երգ կամ ոտանաւոր» գիտնալս: «Հայ եմ ես»ը գիտէ, անմիջապէս միջամտեց մօրաքոյրս եւ հրահանգեց ինծի. — Բառերը հատի՛կ հատիկ, կռնակդ շիտա՛կ, ոտքդ ամո՛ւր զարկ գետին:
Դիմացը կայնած սկսայ. «Հայ եմ ես, հայ եմ ես, Սարսափեցէ՜ք իմ դէմքէս…», լայնցող ժպիտին հետ գլուխը վերուվար կը ճօճէր մեծհայրս, «Հայաստանը ազատող Քաջ Վարդանին թո՛ռն եմ ես»: Մեծհօրս ժպիտը կայծակի արագութեամբ մթագնեցաւ, եւ գաւազանը բարկութեամբ գետին զարնելով՝ «Դաշշշնակցականի թոռն եմ ես՝ կ՚ըսէ», նայեցաւ շուրջիններուն: Մեծմայրս թոնիր-մոնիր ձգած մօտեցաւ. «Գէորգ, անանկ չ’ըսէր, Քաջ Վարդա՛ն կ՚ըսէ», բացատրեց անոր: «Նորէն թող ըսէ տեսնեմ», ամփոփուեցաւ մեծհայրս, իր ճմռթկուած ափերով խոշոր ականջները առջեւ հրելով: Սկսայ. «Հայ եմ ես… Քաջ Վարդանին թոռն եմ ես»: «Նորէն նո՜յնը ըսաւ, Դաշշշնակցականի թո՛ռն եմ ես ըսաւ»: «Քաջ Վարդանը բարձր պոռալով ըսէ», հրահանգեց մօրաքոյրս: Հինգ վեց անգամ նորէն կրկնեցի, նորէն ականջները լարեց, ամեն անգամուն ալ բարկացաւ մեծկակ կապոյտ աչքերը ոլորելով կիներուն վրայ՝ «Ես խաղի չեմ գար հա՜»:
Վերստին արտասանելու պատուէրին՝ պզտիկ խելքովս հնարք մը մտածեցի. երբոր կարգը Քաջ Վարդանին եկաւ՝ ամբողջ ոյժովս ոտքս գետին զարկի ( բան մը որ աւելի մեղմ կերպով «Թոռն եմ ես»ին կը վերապահէի), հազիւ շռնդալից կերպով աւարտած՝ մեծհայրս նոր վճիռ մը արձակեց. «Դաշշշնակցականի կ՚ըսէ եւ ներշնչումո՛վ կ՚ըսէ», բորբոքեցաւ: Այնքան սարսափած էի այս արարէն որ ժամ առաջ Դաշնակցականին ալ, Քաջ Վարդանին ալ սահմաններէն դուրս ելլել, օրօրոց նստիլ կը մտածէի. հազիւ շարժեցայ՝ մեծհայրս թեւէս բռնեց. «Դաշնակցական անունը բերանդ չառնես»: «Հայրիկ, ճիշդ չէ որ խեղճ չոճուխին ասանկ ըսես, աղջիկս ֆանաթիք պիտի չմեծնայ»: «Պիտի չերթայ մինչեւ որ ճի՛շդը սորվի, — վճռեց մեծհայրս, — անգամ մըն ալ արտասանէ»: Այս անգամ խոշոր ականջին առջեւ զետեղեցի կարճ հասակս եւ ամբողջ ոյժով գոռացի. «Հայ եմ ես, հայ եմ ես, Սարսափեցէ՜ք իմ դէմքէս, Հայաստանը ազատող հայ եմ ես, հայ եմ ես», հայ ըլլալուս յայտարարութիւնը կատարեցի առանց այլեւս Քաջ Վարդանին վիզէն կախուելու: «Հիմմմա եղաւ, լսեցի՞ք, ճիշդ արտասանեց, օ՜ֆ», հանդարտեցաւ մեծհայրս եւ դատաւորի պէս գաւազանը գետին զարնելով հասկցուց որ կրնամ ուղղուիլ օրօրոց:
Այնքան սարսափեր էի Դաշնակցականին ինքնակոչ մուտքէն՝ Քաջ Վարդանի ծիրէն ներս, եւ անոր թեր ու դէմ լուռ ընտանեմարտէն, որ երբեք չհարցուցի թէ Դաշնակցականը ո՞վ է, ի՞նչ ըրեր է որ մեծհօրս ականջէն ներս կը մտնէ եւ այսքան կը փրփրեցնէ: Միայն «ներշնչում»ը եւ «ֆանաթիք»ը հարցուցի, մայրս բացատրեց, թէ եթէ բան մը ամբողջ հոգիով կ՚ընես ուրեմն ներշնչուած ես: Իսկ եթէ ամբողջ հոգիով կը հաւատաս բանի մը եւ մի՛տքդ չես գործածեր՝ ֆանաթիք կ՚ըլլաս եւ շատ սխալներ կը գործես:
Տարիներով Դաշնակցականին ո՛վ ըլլալը, ինչ ըրածը չգիտցայ, մինչեւ որ հօրենական մեծհայրս, այս մեծհայրս եւ իրենց տարեկիցները սկսան համախմբուիլ մեր տունը ամիսը, երկու ամիսը անգամ մը՝ այցելութեան նշանակեալ օրերուն. ու երբ իրենց կիները «ասդիէն-անդիէն» կը ճառէին, ասոնք մէ՛կ նիւթի շուրջ կեդրոնացած էին — թէ ինչո՞ւ բաժան-բաժան եղաւ Հայաստանը: Թէ ինչպէս օտար ազգեր եկեր խռնուեր էին մեր հի՜ն ժողովուրդին աշխարհամասին մէջ եւ Արտաշէս Աշխարհակալի ժառանգորդներուն ձգեր էին հազիւ պատառ մը հող:
Աս սնանկութեան գլխաւոր պատասխանատուն Օսմանեան կայսրութեան թուրքն էր, որ մեր պապենական հողերուն մէջ իր քիթը խոթած էր, եաթաղանն ալ հետը: Թուրքին դէմ կռուեր էին Դաշնակցականը, Հնչակեանը, Ռամկավարը. իսկ Համայնավարները ըստ ոմանց՝ փրկած էին, ըստ միւսներուն՝ գերի բռնած էին Հայաստանը: Մինչ այդ՝ պատերազմէն անմիջապէս ետք Դաշնակցականները հախէն եկեր, շանսատակ ըրեր էին թուրք ոճրագործներուն էն մեծերը. այդ հայ հերոսները «ամերիկաները» կ՚ապրէին հիմա, բայց մեր ծերերը գիտէին որ անոնց հոգին հանգիստ չէր պապա՜մ, հանգիստ չէ՜ր: Ո՛վ որ էր սա թուրքը՝ մեծհայրերուս խմած սուրճին չափ սեւ ըլլալու էր, խօսակցութեան չափ անվերջանալի, եւ ընդհանուր համաձայնութեան չափ՝ ոճրագործ-սրիկայ: Սատանայի պէս բան մը որ պլլուեր էր «մեր քրիստոնեայ ազգին գլխուն», սպաներ էր իրենց քոյրերը, եղբայրները, ծնողքը, գիւղը, մանկութիւնը, ուրախութիւնը, եւ իրենք «դիպուածով» ազատեր էին, ինկեր էին «աս ափերը»:
Մեծհայրս Պուրսայէն անցած էր Եթովպիա, այնտեղէն Հիւսիսային Ամերիկա, իսկ վաթսուն տարեկանին երբ վաճառականութեամբ Պէյրութ կը գտնուէր, որոշեր էր հաստատուիլ «հայութեան մէջ»: Մեծ ու փոքր սեւ սնտուկներով գիրքեր ունէր, որոնց դեղնագոյն, յաճախ մաշած էջերու սիւնակներուն նօթեր հարեւանած էին, կամ գոյն-գոյն մատիտներով ընդգծեր էր: Լուռ բարերար եղած էր Եւրոպա ուսանողներու, բայց մանաւանդ հաշմանդամներու, եւ իր պաշտպանեալներու նամակներն ու անոյշ խօսքերը զետեղած էր փոքր սնտուկին յատակը: Մեծ եռանդ ունէր իր կարծիքները պաշտպանելու «փաստացի տուեալներով»: Մերինները կը նեղուէին երբ հիւրերուն հետ վիճէր «անցած վերջացած հարցեր»ու շուրջ: Ամենէն աւելի կը վիճէր Կարօ Արմենեանին հօր հետ. «Դաշնակցական է, այդպէս կը մտածէ», կը մեղմացնէր մայրս, բայց մեծհայրս յաջորդ օրն իսկ փաստացի տուեալներ նօթագրած տետրակ մը եւս կը հասցնէր անոր խանութը:
Մեծ հաւատացեալ մը չէր մեծհայրս բայց Աստուծոյ հետ մեծ համաձայնութիւն մը ունէր: Իննիսուն տարեկան էր երբ քսան տարեկան զաւակը մեկնեցաւ Պելճիքա, Կանտի համալսարանը ելեկտրական երկրաչափութիւն ուսանելու: «Աստուծմէ ուզածս մէկ բան է, իրմէ նամակ մը առնեմ, գիտնամ որ լաւ է, գոհ է տղաս, յետոյ մեռնիմ», ըսեր էր իր ընտանիքին: Երկուշաբթի կէսօր հասեր էր Տիգրանին առաջին նամակը, մեծմայրս ծայրէ ծայր երկու անգամ կարդացեր էր զայն «ահա սա՛ աթոռին վրայ նստած», ապա մեծհայրս ամենայն քաղաքավարութեամբ «Էհ, մնաք բարով» ըսեր էր, պատին կողմը դարձեր էր, եւ… հոգին աւանդեր:
Իր աւանդածներէն քիչ բան մնաց յիշողութեանս մէջ, բայց կեանք մը լեցնող աւանդ մնաց: Շատ չտեւեց՝ հասկցայ որ էսանսը, օ՜ էսանսը, քառասուն տեսակ փորձառութիւն կ՚ուզէ էութիւն շինուելու համար, ո՛չ մէկ օրէն կը շինուի, ոչ՝ երեք օրէն, բայց անգամ մը որ այդ էսանսը շինեցի՝ ալ դուրս չելայ անխարդախէն: Եւ թէպէտ ոչ Դաշնակցականի թոռ էի, ոչ ալ Դաշնակցական եղայ, բայց որովհետեւ երազեցի ազատ ու անկախ հայրենիք մը, եւ հաւատացի ազգային ամենօրեայ պայքարի անհրաժեշտութեան, ունեցայ գաղափարի ընկերներ՝ որոնք այդ ծիրէն ներս էին: Դեռ պատանի՝ հասկցայ որ ներշնչումը ոտքը գետին զարնելով չ՚ըլլար, այլ՝ անյայտ անկիւն մը ինքզինքիդ մէջ սուզուելով: Մեծ կարեւորութիւն չտուի ներշնչումին, բայց ինքը ինծի կարեւորութիւն տուաւ, իր կառկառուն քաղաքացին դարձուց: Իսկ աննման Սիմոն Սիմոնեանի Սփիւռքէն զատ, Դաշնակցական մամուլն է որ ոչ թէ արհամարհեց ու վարկաբեկեց, այլ առաջին օրէն գնահատեց ներշնչումի քաղաքացիութիւնս եւ հրաւիրեց որ իր մամուլին մէջ արտաշնչեմ: Հոն ալ երբեմն խեղդուեցայ, բայց էսանսիս երբեք ջուր չխառնեցի: Եւ կեանքիս այս հանգրուանին կրնամ մարդկայնօրէն պարծենալ որ երբեք չքծնեցայ, անձնական շահերէ մղուած չխօսեցայ, աջէն ձախ, ձախէն աջ չդարձայ. գրողի կոչումս բարձր բռնեցի: Ազգապահպանում խաղացողները չսիրեցի, որովհետեւ անոնց դիմակը տեսայ, շա՜տ՝ սրբազան նկատուած անձերու դիմակը տեսայ, եթէ հարկ եղաւ՝ ստախօսին ստախօս ըսի, կեղծաւորին՝ կեղծաւոր: Եւ թէպէտ օրերս լեղի եղան, բայց կեանքս անո՜յշ բուրեց:
Յիշողութիւնը ունի անմեկնելի ճամբաներ տեղ հասնելու, ուղղութիւն փոխելու, առանց որ խորաբեմը փոխուի: Անցեալ օր երբ «Ասպարէզ»-ի խմբագիրը հարցուց թէ՝ կ՚ուզէի՞ որ աշխատակիցներու ցանկին մէջ դնէր անունս, ուրկէ ուր՝ յիշեցի առաջին հանդիպումս «Դաշնակցական» բառին հետ, եւ մտածեցի որ մեծհայրս նոր օրերու լոյսին տակ՝ շատ գոհ պիտի ըլլար ժողովուրդիս ճակատագրին մաս կազմելու էութենէս, այլեւս նոր «փաստացի տուեալներ» հաւաքած պիտի ըլլար, եւ պիտի չբողոքէր եթէ Քաջ Վարդանին փոխարինէր Դաշնակցականը: Թող Հայաստանը ազատողը Քաջ Վարդանը ըլլար, Ռամկավարը ըլլար, Հնչակեանը ըլլար, Դաշնակցականը ըլլար, որո՜ւն թոռը ուզէր՝ թո՛ղ ըլլար, կ՚ուզէր՝ թող սարսափեցնէր իր դէմքով, կ՚ուզէր՝ թող սարսափեցնէր իր քաղաքականութեա՛մբ, միայն թէ … ազատէ՜ր Հայաստանը իր ներքին եւ արտաքին թշնամիներէն, միայն թէ՝ մեր սուրբ Արցախը օտար պետութիւններու խաղալիք չմնար, Հայոց պատմութիւնը միշտ վիրաւոր չմնար…
Իսկ ամառնային այդ գիշերուան լուսածորուն երգը մինչեւ հիմա կը մնայ ամենէն ներուժ բանաստեղծութիւնը: Եթէ մանկութեան դրախտին մէջ այդքան չհմայուէի, եթէ աննկարագրելիօրէն հրապուրիչ, անդրերկրային չըլլար բանաստեղծութեան հետ առաջին հանդիպումս՝ ինչպէ՛ս պիտի փնտռէի բանաստեղծութեան աստղայնութիւնը եւ մանաւանդ ինչպէ՞ս պիտի ճանչնայի անոր միւռոնը: Ո՛վ փայլուն պայծառ աստղեր, արդեօք ի՞նչ էք՝ չեմ գիտեր: Մինչեւ հիմա ալ, իսկական բանաստեղծութենէ մը քառասուն տեսակ ծաղիկի բոյր կ՚առնեմ, երբեմն պահէն գինովցած, երբեմն թոշնած, երբեմն կոխկռտուած ծաղիկներ, բայց անոնց էութենէն անկարելի է չգրաւուիլ:
Իսկ փայլուն աստղե՜րը — երբեմն գիտցայ որ պայծառ են, երբեմն չգիտցայ. աստղ կարծեցի՝ փայլուն ածուխ դուրս եկան: Բայց ամեն անգամ որ վեր նայեցայ, արեւելեան լազուարթ երկինքին ճիշդ կեդրոնը դրախտի նման պարտէզ մը տեսայ, որուն սաթէնէ քանեփային վրայ դեռ նստած գտայ մեծհայրն ու թոռնուհին: Տեսայ որ անոնք տիեզերքի բարդութիւնը ձգած՝ կը խաղային փայլուն աստղերուն հետ, ամեն օր զանոնք կը բաժնէին իրենց մօտիկ ու հեռաւոր հարազատներուն եւ կը հրճուէին որ աստղերը միայն երկնի վրայ չեն պսպղար, այլ ամենո՜ւն կը պլպլան: Այդ աստղերը թէ՛ լուսեղէն ճրագներ են մարդկային հոգիէ փրթած եւ թէ՛ Այբուբենի բոցեղէն խորհուրդներ:
Այս տարիներուն, երբ շատ դառնանամ այժմու հայ գրականութեան մշակներուն հանդէպ եղած պատմական արհամարհանքէն՝ անոր պահակներուն իսկ կողմէ, անկիւն մը կը քաշուիմ եւ կը բանամ ափս: Մեծհօրս տուած աստղը, այդ ամենափայլո՛ւնը, կը ժպտի ինծի: Առաջ հրճուագին կը ժպտէր, հիմա թախիծով կը ժպտի: Եթէ նոյնիսկ ափս լայն բանամ՝ ան նոյն հմայքով կը պսպղայ ու չխախտիր տեղէն: Ան մաս կը կազմէ ձեռքիս, այլեւս ձեռքէս դուրս չ՚իյնար:

Նիւ Ճըրզի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *