Արիութիւնը մեր ժողովրդի բոլոր սերունդների արեան մէջ է — Սարդարապատի ճակատամարտի 100-ամեակին առթիւ

ԱՆԱՀԻՏ ԽԱՐՄԱՆԴԱՐԵԱՆ

Շտաբս-կապիտան Խորէն Խարմանդարեանցի յիշատակին

Ի՞նչ գիտենք մենք Սարդարապատի ճակատամարտի մասին: Ըստ ժողովրդի ճակատագրի եւ պատմութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան՝ պատմաբաններն այն համեմատում են Աւարայրի ճակատամարտի հետ: Սակայն ճակատամարտն արդէն պատմութիւն է դարձել, վաղուց արդէն ոչ ականատեսներ կան, ոչ՝ մասնակիցներ: Հայկական Continue reading “Արիութիւնը մեր ժողովրդի բոլոր սերունդների արեան մէջ է — Սարդարապատի ճակատամարտի 100-ամեակին առթիւ”

ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Հազուագիւտներու փաղանգին վրայի ամենաընտիր սերը. խիզախ վրիժառու, քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան ամենայետին նրբութիւններով օժտուած տաղանդաւոր ազգային գործիչ ու ղեկավար. ուղղամիտ, անկաշառ ու բացառիկ համեստ, որուն համատ տեւաբար կատարելիք գործն էր կարեւորը. Չէր ուզեր երեւնալ ու կը խուսափէր իր մասին խօսիլ տալէ։ Continue reading “ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆ”

ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — ՊԵՏՐՈՍ ԴԵՄԻՐՋԵԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ Է ԻՆՏՐԱ/ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆԻ ԳՈՐԾԻ, ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԸ

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Նախ կարդացի, ապա երկար մտածեցի հայրենի ներհուն մտաւորական Պետրոս Դեմիրջեանի 720 էջերու վրայ փռուած գիրքը գրախօսելու համար: Վէպ չէր այդ հատորը. Տիրան Չրաքեան/Ինտրա, Կեանքն ու գործը կամ «հէքեաթի» իրականութիւնը (ՀԳՄ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016): Continue reading “ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — ՊԵՏՐՈՍ ԴԵՄԻՐՋԵԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ Է ԻՆՏՐԱ/ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆԻ ԳՈՐԾԻ, ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԸ”

ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽՐԱՏԱՆԻ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ՀԱԳՆԻԼ-ՀԱԳՈՒԻԼ
Այս երկու բայերը մնայուն շփոթի առարկայ են արեւմտահայուն համար, որ ընդհանրապէս չի զանազաներ ասոնց տարբերութիւնը:
Ասոնցմէ առաջինը՝ հագնիլ, կը համապատասխանէ գրաբարի ագանել բային, ֆրանսերէնի՝ porter, անգլերէնի to wear բայերուն: Continue reading “ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽՐԱՏԱՆԻ”

Սեպտեմբեր 2018-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի սեպտեմբեր 2018-ի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Սուրբ Նշանի քովի Հաճիէն մինչեւ Barbershop. գլուխս սափրիչին յանձնելու անձկութիւնը եւ հօրս մազին խազը

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Պէյրութի Սուրբ Նշան եկեցեցւոյ մօտ էր Հաճիին սափրատունը ուր հայրս իր մազերը կը կտրէր եւ, հետեւաբար, մազ կտրելու իմ առաջին յիշատակներս ալ կապուած են անոր հետ: Հանրածանօթ էր Հաճին իր պատմութիւններով, որոնք մեծ հաճոյքով մտիկ կ՚ընէին իրենց կարգը սպասող յաճախորդները, որոնց շարքին կ՚ըլլայինք հայրս եւ ես, ընդհանրապէս շաբաթ օրերը երեկոյեան: Continue reading “Սուրբ Նշանի քովի Հաճիէն մինչեւ Barbershop. գլուխս սափրիչին յանձնելու անձկութիւնը եւ հօրս մազին խազը”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Գ.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Մեր գիւղին մէջ բոլոր հարսերը կը վերանուանուէին, ինչպէս մեր եկեղեցւոյ հայրերը: Աղջկական անունը կը մերժուէր՝ կը տրուէր հայրական մականունը, Մանճիկոնց Ովսաննան կ՚ըլլար Մանճա, Չիւրկենց Սաթենիկը՝ Չիւրկեկ, Գազենք Ծաղկանը՝ Գազլի, Կարմիրկոնց չեմ գիտեր ինչը՝ Կարմրուկ, եթէ դրսեցի էր՝ Սիվտիցի, Ուրֆացի, Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Գ.”

ԽԱԲԵԲԱՅ ԵՆԹԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱ ՄԽՍԵԱՆ

Ենթագիտակցութիւնը, փաղաքուշ մօր մը պէս, երբեմն մառախուղի թանձր խանձարուրով մը կը պարուրէ մեր յիշողութեան այն բաժինը, որուն մտաբերումը հիմնայատակ պիտի կործանէր մեր «անբիծ» եսին մասին տարիներու ընթացքին փայփայած մեր համոզումը։ Continue reading “ԽԱԲԵԲԱՅ ԵՆԹԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ”