ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Պարզ փնտռտուք մը չէ ըրածս, ինչպէս նաեւ պարզ բան մը չէ փնտռածս:
ճիշդ է, թէ թանկագին առարկայի մը արժէքը ունի, սակայն առարկայ մը չէ:
Փնտռտուքս չի նմաներ մամուլի էջերու այն փոքրիկ սիւնակներու մէջ շարքի անցած յայտարարութիւններուն:
Անողոք ու անկաշառ մարդկային խղճմտանքէ ծնունդ առած բան մըն է, որ նետեր է զիս մտածման խորերը:
Այլ խօսքով անցեալի եսակեդրոն տարիքիս անփորձութեան մշուշէն եկող գաղափար մը՝ որ կը մաշեցնէ ուրախութիւնս, կ՚այրէ զայն հսկայ փայտերու նման եւ որոնց ճարճատիւնը կը խլացնէ ականջներս:
«Հրաշալի տեսիլ մըն է կեանքը.- ինչպէս ըսած էր Գրիգոր Զօհրապ.- դիտուած վարագոյրի մը պատռուածքէն, զոր պատանութիւն կ՚անուանեն»: Ահա իմ փնտռածս հոն է, ծանօթ բոլորին, բոլոր անոնց, որոնք այդ վարագոյրէն անդին տեսած եւ ապրած են զայն:
Այս մասին յաճախ շուրջիններուս կը հարցնեմ, որոնք ապշահար կը դիտեն վիճակս: Բոլորը կը ծաղրեն զիս, կը խնդան ցած ձայնով կամ բարձրաձայն: Ու ես անոնց ծիծաղին ու խնդուքին մէջէն ինքնաբերաբար կը ստեղծեմ ատելութեանս կաղնին: Կ՚ատեմ զիրենք: Կ՚ատեմ ամեն ինչ, նոյնիսկ ակամայ՝ փնտռածս: Բայց եւ այնպէս կը շարունակեմ զայն փնտռել:
Յստակ գիտեմ Համաստեղի «Աղօթարանը»: Ծանօթ եմ Մեծարենցի «Հովը»ին, բայց իմ փնտռածս անոնց չի նմանիր:
Անոնցմէ չէ:
Ինծի համար սքանչելի գեղեցկութիւն մը ունի ան, սպիտակ արձանի մը նման, որ թանգարանի մը միակ զարդը ըլլալ կը թուի:
Օրերով երազած եմ: Վաղ երիտասարդութեանս տարիները անոր յաճախանքով մաշեցուցած եմ: Զինք հասկնալ փորձած եմ ու երբ զինք ունենալուս սփոփանքով յաւակնոտի պարծենկոտ նայուածքներովս շուրջս դիտած եմ եւ երբ ամբողջ զգացումներս ու էութիւնս զինք շղթայած են՝ ահա այդ միջոցին զգացած եմ, թէ ան ալ առանձին է: Զինք կորսնցուցած եմ:
Իր կորուստով, իր բացակայութեամբ, աշնանային ծառի նման խղճալի դարձած եմ:
Ասիկա էր անցեալը:
Ու հիմա, ժամանակէն առաջ ճերմկցող մազերովս, բազմաշերտ մտմտուքներով բեռնաւորուած ճակատովս, կը փորձեմ անորոշութենէս դուրս մնալ ու այդպէս քալել, միշտ զայն փնտռելով:
Բաժուած էինք իրարմէ: Զիրար կորսնցուցած առանց կռուի, առանց իրարու դէմքին թունաւոր նետերու նման ծանր խօսքեր արձակելու:
Անոր համար հիմա միակ վախս զայն չգտնելն է:
Չգտնել այն՝ որուն հաւատացած չէի իր ժամանակին, սակայն հիմա իր հարուածներուն ստրուկը դարձած եմ: Ու զինք կը փնտռեմ ամեն տեղ:
Ապարդիւն:
Ու իբրեւ գիտակից որոնումիս ունայնութեան, ամեն փնտռտուքէ ետք, կը փորձեմ մոռնալ զայն: Դադրիլ զինք հալածելէ:
Կը մտածեմ, երբեմն վար դնել որսորդի յոգնած զէնքերս: Բարեկամութիւն հաստատել անոր հետ: Կրկին մտերմանալ:
Բայց ինչպէ՞ս: Ըսէ՛ք, ինչպէս:
Ծիծաղելի է դաշինք կնքել առանձինդ, երբ երկրորդ կողմը բացակայ է:
Բայց եւ այնպէս, կը կարծեմ, թէ արդար չէ զինադուլ կնքել ապերախտի մը հետ որուն բացակայութիւնն իսկ ճնշող տառապանք մը եղած է ինծի համար ընդմիշտ:
Ըսի չէ, ահա այս է ներկաս, որ նախկինէն ազատագրում մը չէ, այլ՝ դառն ու նոր տագնապներու վերսկսում մը միայն:
Եւ այսպէս, ուշ մնացած շնորհակալութեան մը նման, յետադարձ ակնարկով կրկին կը սկսիմ փնտռել իր ներկայութիւնը, ազատելու համար խիղճս ու մանաւանդ հետզհետէ մաշող միտքս:
Բայց կը զգամ, որ կրկին ծնունդ առած է նախկին հեւքս, այս անգամ աւելի նորոգուած, մշակուած եւ զգուշաւոր:
Ու շրջապատիս գիտակցութեան, մտայնութեան եւ ակնարկներուն լեռներն ու ձորերը չափելով, յոգնած հովիւի մը պէս, երբ կը հանգչեմ մտածմանս պղտոր աղբիւրին մօտ, թեթեւ քուն մը զիս դէպի խաբկանք ու երանութիւն կը տանի:
Դարձեալ խեղճութեան մէջ կ՚իյնամ, որ զիս կը տագնապեցնէ ու կ՚ալեկոծէ ներաշխարհս
Առանձնութեանս համար բաղձալի ընկեր մըն է ան, երանութեան գացող բաղձայնքով, զոր դիպուածը օր մը դէմս հանած էր: Վտանգաւոր դիպուած մը սակայն:
Լերան մը վայելքները հմայիչ տեսարաններով կ՚ազնուացնեն մարդս, սակայն անոնց անմիջական քովը, որքան ահաւոր են խորունկ անդունդները:
Վա՜յ սայթաքողներուն:
Ու ես կը զգամ, որ այս վիճակովս ոտքս պիտի սահի ու անդունդը ոչ միայն զիս պիտի սպասէ՝ այլ ինծի պիտի մօտենայ:
Բայց եւ այնպէս կրկին կը շարունակեմ ընթացքս, փնտռտուքս, միշտ անիծելով կեանքս, բախտս, շրջապատս, մտայնութիւնները…
Կը քալեմ նման բոլոր անոնց, որոնց մազերու ցանցառ վիճակէն ու դէմքին արտայայտութենէն կարելի է կարդալ անոր հոգւոյն ներաշխարհը:
Անոր համար է, որ երբեմն ալ զինաթափ, շատ մտերմիկ, մտածմանս ու գիտակցութեանս դիմաց կեցած, անակնկալ դրուագներով ու ապրած կեանքիս հարուածներովը ուռճացած միամտօրէն կը հարցնեմ ես ինծի:
Հարց կու տամ, թէ ի՞նչ է այն, որ կը փնտռեմ երկար դադարէ մը ետք, ուր դանակ մը կտրած էր հանգոյցը ապրուած դրուագին:
Ու վերջապէս գերագոյն գաղտնիք մը տալու պէս, ես ինծի մանուկներու յատուկ միամտութեամբ մը կը պատասխանեմ…
— Առաջին սէրս:
Գրեթէ երջանիկ եմ այսքանով:
Լոս Անճելըս