Լեզուական ծուղակներ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Արդի արեւմտահայուն առջեւ լարուած մնայուն ծուղակ կը հանդիսանայ արեւելահայերէնը, մէկ կողմէ՝ նոյնինքն այս բարբառին մէջ յառաջացած լեզուական աղաւաղումներու, միւս կողմէ՝ ռուսերէնէ ներածուած ու իրենց հերթին արտածուած օտարաբանւթիւններու պատճառով: Այսպիսին է արդի արեւմտահայ գրողին կացութիւնը մասնաւորաբար 1900-ական թուականներէն սկսեալ, յորում կը զուգադիպին Հայաստանի անկախութիւնն ու … համացանցի ընդհանրացումը եւ որոնք բազմապատկեցին արեւելահայերէնի հետ մեր առօրեայ շփումի առիթները:Ասոնք միասնաբար պիտի կոչենք արեւելաբանութիւն:
Արեւելահայ-արեւմտահայ շփումները միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են պատմականօրէն, սակայն անցեալին արեւելաբանութիւնները այս յաճախականութիւնը չեն ունեցած, ոչ ալ արեւմտահայ մտաւորականութիւնը այսքան խոցելի լեզուամտածողութիւն ունեցած է, որքան հիմա: Ուրեմն նպաստաւոր զոյգ պայմանները առկայ են անյագուրդ ընդօրինակելու նման արեւելաբանութիւնները:
Ստորեւ նմուշներ:

* * *

«Հայրապետեան բերման ենթարկուեցաւ արգիլուած զէնք ու զինամթերք պահելու համար»:

Եթէ իրապէս առողջ է մեր մէջ արեւմտահայ լեզուազգացողութիւնը, անմիջապէս պիտի անդրադառնանք, որ անհեթեթ նախադասութիւն մըն է բերուածը, այլ խօսքով՝ բառային լղրճուկ մը: Ինչո՞ւ…
Որովհետեւ համար յետադրութիւնը անորոշ դերբային տրական հոլովին հետ ցոյց կու տայ նպատակ մը. օրինակ՝
—Աղջիկները աղբիւր գացին՝ ջուր բերելու համար:
—Մշակը պարտէզ իջաւ՝ ծառերը յօտելու համար:
—Փոքրիկը սենեակը մեկուսացաւ՝ դասերը սերտելու համար:
—Ոճրագործը դարան մտաւ՝ զոհը դարպասելու համար:

Այս բոլորին մէջ համար-ը փոխարինելի է նպատակով յետադրութեամբ. օրինակ՝ «Աղջիկները աղբիւր գացին՝ ջուր բերելու նպատակով»:
Ծանօթ. — Կարելի է նոյն միտքը արտայայտել մի՛այն տրական հոլովով. այսպէս՝ «Աղջիկները աղբիւր գացին՝ ջուր բերելու»: Ուրեմն՝ առանց համար եւ նպատակով բառերուն:
Արդ, այս օրինակներուն թելադրանքով՝ մէկը կրնա՞յ բերման ենթարկուիլ… արգիլուած «զէնք ու զինամթերք պահելու նպատակով». Ըլլալիք բա՞ն է այս. ասոնք անյարիր, անհամատեղելի, անհեթեթ գաղափարներ են:
Եւ նման կառոյցներ շատ յաճախ բառացի կը մտնեն արեւմտահայ թերթին մէջ ու կը հրամցուին արեւմտահայ ընթերցողներուն՝ «արանց եւ կանանց, ծերոց եւ տղայոց եւ ամենայն չափու հասակի հաւատով եւ սրբութեամբ ի հայ լեզուս դաւանելոց»:
Մինչդեռ տարրական տրամաբանութիւնը պիտի թելադրէր, որ ոչ մէկ իշխանութիւն քաղաքացի մը բերման կ՚ենթարկէ զէնք ու զինամթերք «պահելու նպատակով»: Հայաստանի իշխանութիւնները… նմանապէս: Ուրե՞մն… այստեղ կայ արեւմտահայ լեզուամտածողութեան հետ անյարիր կառոյց մը, որ կը բացատրուի հետեւեալ իրողութեամբ:
Համար + տրական հոլով անորոշ դերբայ կառոյցը արդի արեւելահայերուն համար երկիմաստ է. ան կրնայ հաւասարապէս նշանակել՝
ա) Հայրապետեան բերման ենթարկուեցաւ, որպէսզի արգիլուած զէնք ու զինամթերք պահէ (ինչ որ անհեթեթ է ու վանելի):
բ) Հայրապետեան բերման ենթարկուեցաւ, որովհետեւ զէնք ու զինամթերք պահած է (ինչ որ ճիշդ իմաստն է ու ցոյց կու տայ բերման բուն պատճառը):

Արդ, եթէ արեւմտահայ լրագրողը արթուն ըլլայ, — եթէ ըլլայ…, — վերը բերուած նախադասութիւնը պիտի թարգմանէ ըստ բ. նշանակութեան, այսինքն՝ … որովհետեւ զէնք ու զինամթերք պահած է:
Շարահիւսօրէն մենք սկզբնական պարզ նախադասութիւնը վերածեցինք բարդ ստորադասական նախադասութեան, որ մտածողութեան աւելի ամբողջական ու պայծառ արտայայտութիւն է: Այսուհանդերձ գրողը ազատ է նաեւ պահելու այդ նախադասութեան պարզ կառոյցը, սակայն վերածելով զայն արեւմտահայերէնի. որ ահաւասիկ՝
«Հայրապետեան բերման ենթարկուեցաւ արգիլուած զէնք ու զինամթերք պահելուն համար»:

Մեր առաջարկածին եւ արեւելահայերէնին միջեւ ամբողջ տարբերութիւնը յօդ մըն է՝ պահելուն, յօդ մը, որ ամբողջութեամբ կը փոխէ խօսքին իմաստը, յօդ մը, որ նպատակը պատճառի կը վերածէ, որով օժտուած է արեւմտահայերէնը եւ որմէ զրկուած է արեւելահայերէնը:
Արեւելահայերէնը չի կրնար ըսել՝ «պահելուն համար»:
Լեզուն կը մերժէ նման կիրարկութիւն մը:
Կրնայ միայն ըսել՝ «պահելու համար», որ հաւասարապէս պատճառ ու նպատակ ցոյց կու տայ: Իսկ թէ միջին արեւելահայը (միայն միջի՞ն…) ինչպէ՞ս կը յաջողի ամեն անգամ ճիշդ կողմնորոշուիլ այս երկուքին միջեւ, — իսկական առեղծուած մըն է: Քանի որ խօսքին իմաստը միշտ չի թելադրեր նման զանազանութիւն մը:
Խնդրեմ, փորձեցէ՛ք զանազանել՝
«Վարպետը X տոլար ստացաւ տունը նորոգելու համար»:
Այդ գումարը ստացաւ՝
ա) Որպէսզի գայ ու նորոգէ՞ տունը,
բ) Թէ՞ որովհետեւ արդէն նորոգած է զայն:

Ոչինչ կ՚օգնէ ճիշդ կողմնորոշուելու:

* * *

ա) Մերժելի կառոյց
«Ան բերման ենթարկուեցաւ արգիլուած զէնք ու զինամթերք պահելու համար»:

բ) Ընդունելի կառոյցներ
«Ան բերման ենթարկուեցաւ արգիլուած զէնք ու զինամթերք պահելուն համար»:
«Ան բերման ենթարկուեցաւ արգիլուած զէնք ու զինամթերք պահելուն պատճառով»:
«Ան բերման ենթարկուեցաւ, որովհետեւ արգիլուած զէնք ու զինամթերք պահած է»:

* * *

Ցաւալի է, որ այս սխալ կառոյցը արդէն բաւական ճամբայ կտրած է մեր մէջ՝ երբեմն շատ, երբեմն քիչ, սակայն ամեն տեղ է ան:
Ահա նորագոյն նմուշ մը.
Սուրիա Թուրքիան կը մեղադրէ՝ ահաբեկիչներուն աջակցելու համար:
Անշուշտ կը գուշակէք նախադասութեան միտք բանին, կամ թէ կը գուշակէք, որովհետեւ այլապէս ալ կամ այլ աղբիւրէ արդէն ծանօթ էք քաղաքական տուեալ իրողութեան:
Արդ, այս նախադասութիւնը ոչ միայն կը բովանդակէ վերը յիշուած թերութիւնը, այլ աւելի թաքուն, աւելի խոր թերութիւն մըն ալ, որ հետեւեալն է. նախադասութեան մը դիմաւոր բայը եւ դերբայը ենթադրուած են ունենալ նո՛յն ենթական: Լեզուական այս անզանցելի օրէնքին վրայ հիմնուելով՝ պիտի ըսենք, որ մեղադրողը եւ աջակցողը... նոյն ենթական է (պէտք է ըլլա՛յ): Ուրեմն՝ «Սուրիան կը մեղադրէ Թուրքիան, Սուրիան կ՚աջակցի ահաբեկիչներուն»…ահա ա՛յս է բերուած օրինակին քերականական իմաստը եւ մեծ… անհեթեթութիւնը:
Մինչդեռ անկիւնի մսավաճառն ալ գիտէ, որ մեղադրողը Սուրիա՛ն է, իսկ ահաբեկիչներուն աջակցողը Թուրքիա՛ն է: Կը մնայ, որ այդ մսավաճառը բարեհաճի այս տողերը շարադրող խմբագիրին… հայերէն մտածել սորվեցնել:

* * *

Շարունակելով մնալ արեւելահայերէնի ծիրէն ներս եւ անոր միջնորդութեամբ գոյացած ծուղակներուն, ստորեւ պիտի տեսնենք յօդառութեան՝ արեւմտահայերէնի մէջ խորթ կիրարկութիւններ, որոնք սկսած են հեզասահօրէն տուն-տեղ ըլլալ մեր բարբառին մէջ՝ առանց մտահոգելու մեր մտաւորականութիւնը, յատկապէս լրագրողները, որոնք յաճախ գաղափար իսկ չունին գործուած չարիքի բնոյթին ու տարողութեան մասին:

1. Ենթակայ եւ որոշիչ յօդ
Արեւելահայերէնի մէջ նախադասութեան ենթական, յատկապէս յատուկ անունները՝ անձի եւ տեղի, միշտ որոշիչ յօդով հանդէս կու գան. օրինակ՝
—Փութինը ունկնդրութիւն շնորհել է հայցուորներին:
—Անգլիան շարունակում է առաջատարի դիրքին մնալ:

Պարագան նոյնը չէ արեւմտահայերէնին, որ այս պարագային պարտէր ըսել՝
—Փութին ունկնդրութիւն շնորհած է հայցուորներուն:
—Անգլիա կը շարունակէ առաջատարի դիրքին մնալ:

Արեւմտահայերէնի մէջ յատուկ անուններու յօդառութիւնը կախեալ է հոգեբանական ազդակներէ, որոնք բոլորովին բնական ճամբով կը թելադրեն յօդի կիրարկումը կամ չկիրարկումը, եթէ ենթակային՝ խօսողին կամ գրողին, լեզուամտածողութիւնը կազմուած է արեւմտահայախօս միջավայրի մէջ՝ առանց ենթարկուելու օտար ազդեցութեան:
Աճառեան, ակնարկելով հարցին, կ՚ըսէ. «Արեւմտահայերէնի մէջ պաշտօնական անունները յօդ չեն առնի ենթակայ դառնալիս»:
Իրողութիւնը այն է, որ արեւմտահայը անյօդ կը կիրարկէ յատուկ անուն ենթական, եթէ ան իր աշխարհագրական դիրքով, տարողութեամբ, հանգամանքով իրմէ խզուած հասկացութիւն մըն է:
Մինչդեռ նոյն արեւմտահայը պիտի ըսէր՝ «Փութինը ունկնդրութիւն շնորհեց…»,— եթէ ինք Փութինի մէկ մտերիմը ըլլար, Փութինին թաղակիցը եւ մանկութեանը գնդիկ խաղացած ըլլար Փութինի հետ եւ նման կացութիւններ: Այլ խօսքով՝ եթէ հոգեբանական անջրպետ մը, հեռաւորութիւն մը, պատուար մը գոյութիւն չունենար իր եւ Փութինի միջեւ:
Եւ իրօք ալ նոյն արեւմտահայը, ակնարկելով իր ընկերներուն, հեշտութեամբ կ՚ըսէ.
—Թորոսը այսօր ուշացաւ գործին, Մարկոսը տակաւին չվեդադարձաւ…

Այս նոյն խզումը կը զգանք, երբ կ՚ակնարկենք պատմական դէմքերու, որոնք այս պարագային ժամանակով խզուած են մեզմէ եւ պատմականօրէն անշօշափելի, վերացական, անմերձենալի անուններ են. օրինակ՝
—Հայկ իր ամբողջ գերդաստանով հեռացաւ Բաբելոնէն…
—Բել պատգամաւորներ ղրկեց Հայկին ետեւէն…

Այսպէս ալ եւ բոլորովին բնական հակումով մեր փոքրիկներըը կը պատմեն իրենց պատմութեան դասը:
Նոյն փոքրիկը սակայն կ՚ըսէ՝ ակնարկելով դասընկերներու.
—Յակոբը գիրքը տունը մոռցաւ:
—Վազգէնը Արային քիթը արիւնեց:

Բացառուած է այս վերջիններուն անորոշ կիրարկութիւնը այն պարզ պատճառով, որ Յակոբն ու Վազգէնը շատ մօտ ու մատչելի են իրեն եւ չի կրնար անորոշ ընկալել զանոնք:
Սակայն կրնայ պատահիլ ա՛յս եւս. երբ նոյն փոքրիկները քանի մը օր Հայկ ու Բել կը հոլովեն եւ այլեւս «ընտելանան» անոնց, ապա կը սկսին կամաց-կամաց յօդով գործածածել անոնց անունները. Այսպէս՝
—Հայկը լարեց իր աղեղը եւ արձակեց նետ մը:
—Բելը կուրծքէն վիրաւորուեցաւ ու գլորեցաւ գետին:

Պարագան բոլորովին նոյնն է տեղի յատուկ անուններու համար, որոնց հետ կրնանք հոգեկան մտերմութիւն ունենանլ կամ չունենալ:
Այսպէս, անուանելով քիչ յաճախուած, քիչ արտասանուած տեղի անուն մը, ինքնաբերաբար կը խուսափինք որոշիչ յօդէն. օրինակ՝
—Աւստրալիա մեծաքանակ ցորեն կ՚արտածէ:
—Հելսինքի թաղուած է ձիւներու մէջ:

Նոյն խօսողը պիտի ըսէր սակայն.
—Պեքաան մեծաքանակ լոլիկ կ՚արտադրէ:
—Ծաղկաձորը թաղուած է ձիւներու մէջ:

Ինչո՞ւ այսպէս է. որովհետեւ խօսողին ու (ենթադրեալ) խօսակիցին համար Պեքաան մօտիկ, շօշափելի, գրեթէ ամէնօրեայ իրակութիւն մըն է, իսկ Ծաղկաձորը, հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան, մնայուն եւ հարազատ տարածք մըն է երկուստեք:

Ծանօթ.- Նկատա՞ծ էք, որ Աստուած յատուկ անունը երբեք յօդաւոր չենք գործածեր, այսինքն՝ ընդմիշտ բացառուած է Աստուածը ձեւը: Ինչո՞ւ այսպէս է, — այսպէս է այն պարզ պատճառով, որ Աստուած յաւիտենական անծանօթ մըն է, առեղծուած մըն է, որուն դէմքը ոչ ոք տեսած է, որուն ոչ ոք մերձեցած է, ոչ ոք մտերմացած է, այլ խօսքով՝ յաւիտենական անծանօթ մըն է ան:

Ահա այս նկատողութիւններէն ալ մեկնած՝ խորթ են մեր մամուլի մէջ վխտացող սա՛պիսի խորագրերը, մանաւանդ խորագրերը, քանի ընթերցողը տակաւին ոչ մէկ մանրամասնութեան տեղեակ է, ոչ մէկ իրողութեան տեղեկացած է, ոչինչ գիտէ:
—Ռուսիան սկսած է «Էս-400»-ներու արտադրութեան:
—Ռուսիան եւ Հնդկաստանը համաձայնագիր ստորագրած են:
—Թուրքիան ջնջած է միացեալ հսկողութիւնը:

Կարծես կ՚ակնարկուի դռկից մսագործին, որ երշիկ արտադրել սկսած է, կամ ստորագրողները ընկերներ Թորոսն ու Մարկոսն են, եւ կամ հսկողութիւնը ջնջողն ալ խմբագրատան ծանօթ պահակն է… այնքան անմիջականութիւն, մտերմութիւն ու ջերմութիւն կը թելադրեն այս ենթակաները:

2. Յօդուածս կը փակեմ բնագրային հետեւեալ օրինակներով.
Թուրքիա կը դատապարտէ ցեղասպանութեան որոշումը (խորագիր):
Նոյն տեղը՝ «Թուրքիան դատապարտեց այդ որոշումը» (յօդուած):
Փաշինեանի հանդիպումը Մերքելին հետ (խորագիր):
Նոյն տեղը՝ «Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Մերքելի հետ (յօդուած):

Օրինակներս կը ցուցանեն, որ գրողը ոչ մէկ նախընտրութիւն ունի, եւ այսքան սեղմ շրջագիծէ մը ներս կը գրէ մերթ յօդով, մերթ առանց յօդի եւ առանց անդրադառնալու ատոր: Ֆրանսացիք կ՚ըսեն. «ça ne lui fait ni chaud, ni froid!»: Չ՚անդրադառնար, քանի անոր (արեւմտա)հայեցի լեզուազգացողութիւնը բոլորովին բթացած է եւ չի յաջողիր առաջնորդել զինք ճիշդ ընտրութեան:

armenag@gmail.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *