Գրախօսականէ մը անդին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի երեկոյ էր եւ ես հազիւ կրցայ հասնիլ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենար յուշ երեկոյ մը, ձօնուած՝ քանի մը ամիսներ առաջ իր խոր ծերութեան մէջ մահացած սփիւռքահայ մեր քերթողութեան նահապետ՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն։
Ու ոտքս եկեղեցւոյ սեմին նոր դրած էի, երբ պատասխանատուներէն մէկը հապճեպ ինծի մօտենալով անմիջապէս հեւքոտ ըսաւ, թէ «ներսը, մէկը կայ. Անպայմա՛ն ձեզ տեսնել կ՚ուզէ»։
— Սիրով, — ըսի, եւ աւելցուցի. — ո՛չ հիմա, այլ՝ ձեռնարկէն ետք։
— Ո՛չ, ո՛չ, — ըսաւ իր նպատակին չհասնողի ձայնով, — ահա հոն է. ձեզ կը սպասէ, եկեղեցւոյ վերջին նստարանին մօտ ոտքի կեցող մարդն է…։
Նայեցայ անծանօթի ուղղութեամբ։ Տեսայ։ Չճանչցայ։ Ինքն ալ զիս կը դիտէր։ Ուստի առ ի յարգանք, քայլերս ուղղեցի դէպի իրեն։ Ինծի նման ալեհեր մազերով, անուշ ժպիտով անձ մըն էր։ Բոլորովին անծանօթ նոր դէմք մը։
— Բարե՛ւ, հրամմեցէ՛ք, — ըսի։ Բառերս արտասանեցի քաղաքավար եւ նոյնքան ալ արագ, որովհետեւ ձ-եռնարկի սկսելու պահը շատ մօտեցած էր եւ ես ալ ձեռնարկի պաշտօնական եւ գլխաւոր խօսքը արտասանողն էի։ Բանախօսը։
— Ես բժիշկ Օհան Թապաքեանն եմ, — ըսաւ հանդարտ ձայնով եւ աւելցուց. — դուք զիս չէք ճանչնար։ Ես ձեզի ծանօթ եմ մամուլէն։ Իմ երկու հատորներէս մէկական օրինակ նուէր բերած եմ։
Ու տեսնելով իմ աճապարանքս աւեցուց. — Կարելի՞ է ձեռնարկի աւարտին քանի մը վայրկեան զրուցենք։
Պատշաճ բառերով շնորհակալութիւնս յայտնեցի եւ խոստացայ անպայման տեսնուիլ ու արագ մը գացի ինծի նշանակուած տեղս գրաւելու։
Ապա յուշահանդէսի աւարտին, այդ խճողում-աղմուկին մէջ մենք երկուքով դարձեալ դէմ դիմաց եղանք։ Բայց հազիւ կրցանք իրարու քանի մը նախադասութիւններ փոխանակել։ Հիւրեր, բարեկամներ, ծանօթներ եւ անծանօթներ անպայման ինծի ըսելիքներ ունէին՝ առ ի շնորհաւորանք։ Այդ ժխորին մէջ բան չհասկցայ մեր հանդիպումէն։ Միւս կողմէ ալ, իր մեր շրջանը կեցութեան օրերու եւ ժամերու անյարմարութիւնները խանգարեցին ծրագիրներս։ Խոստացայ հատորներէս իրեն ալ նամակատան միջոցով ուղարկել՝ անպայման։ Այսչափ ու բաժնուեցանք։
Անկեղծօրէն ուրախացայ զինք տեսնելով։ Մաքուր տպաւորութիւն։ Մեր կարճ հանդիպումը հաճելի մտերմութիւն բերած էր իր հետ։ Ինք խօսած էր սիրային նամակի մը տաք խօսքերուն պէս, կակուղ ժպիտով ու ձայնով եւ սրտանց մաղթանքներով։
Ու նոյն երեկոյեան մանուկի մը ուրախութեամբ թէեւ բաւական յոգնած ու քրտնած էի, սենեակիս մէջ առանձացած, մինչեւ առաւօտեան ժամեր մէկիկ-մէկիկ, բժիշկէն նոր նուէր ստացած երկու հատորներն ալ երկար թղթատեցի։ Ագահօրէն աչք մը նետեցի, անհամբեր եւ նոյնքան ալ հետաքրքիր հեւքով։ Առաջինը՝ «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն», իսկ երկրորդը՝ «Բժիշկին կեանքէն ապրուած պահեր»։
Ըսեմ, որ բժիշկ Թապաքեանի անունին ծանօթ էի Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գրական յաւելուածներէն, ուր յաճախ իր ստորագրութիւնը կրող յօդուածներ, յատկապէս մեր Հալէպի մասին լոյս կ՚ընծայուէին, զգալի աւանդի մը նման։ Ուրեմն ինքն ալ ինծի պէս հալէպցի մըն էր ու շատ շատերուս նման իր որոշ տարիքին եւ պայմաններու բերումով անկէ հեռացած։ Ու հիմա հեռուէն եւ կարօտով կը յիշէր եւ կը վերյիշէր՝ կարօտագին ապրումներով։
Իսկ ես իմ ընթերցումովս հատորին մէջ գտայ ինքնատիպ ներկայացումներ՝ պատահարներու, ձեռնարկներու եւ պատանեկան եւ երիտասարդական իր օրերու մեր հնագոյն այդ քաղաքի քառասունէ աւելի ազգային եւ հոգեւոր ու կրթական մշակներու եւ դէմքերու, ղեկավարներու եւ գործիչներու յուշերու տողանցումով։ Իսկ միւս՝ երկրորդ հատորը, ուրիշ բան չէր եթէ ոչ իր ասպարէզէն ներս հանդիպած դէմքերու, հիւանդներու հարցերուն եւ կացութիւններուն հաւաքածոն, որոնք մինչեւ օրս դրոշմուած մնացած էին իր մտքին մէջ։
Ահա ամբողջ բովանդակութիւնը ստացած նուէրներուս։ Հարուստ ու սրտի մօտիկ։
Գիտեմ, որ գրողներու համար հոգեւոր դաշտը միեւնոյնն էր։ Նորութիւն մը չէր։ Ու անկէ ետք եւ յաջորդող օրերուն, յատկապէս Հալէպի նուիրուած էջերը, մէկիկ-մէկիկ սկսած էի անդադար կարդալ կարօտով մը, որ կոկորդդ կը սեղմէ։ Ու ինքնաբերաբար իւրաքանչիւր պատմուածքի ընթերցումէն ետք կը նկատէի, որ սանկ տենդագին յուզում մը սկսած էր զիս պատել ու ներքին ձայն մը, մտքերու տեսակաւոր գեղեցկութեամբ զիս յուշել։
Զմայլելի է կ՚ըսեմ, հոգին հայկական։ Իրապէս, որ իմ կարգիս ես ալ ուռկանս նետած էի անցեալիս ու կը զգայի մտածելու հաճոյքը։ Երազանքիս բացուած նոր հորիզոններ։Անոր համար մեծ ցանկութիւնը ունեցայ ծննդավայրս կրկին անգամ յիշելու։
Հալէ՛պ, կ՚ըսեմ, հոն այս օրերուն, դժբախտաբար հին աստուածներդ արտաքսուած են, այս դարու նոր աստուածներու կերտած ձեռքերով։ Ցաւալի ու տխուր։ Հալէպ, կ՚աւեցնեմ, դուն սպիտակ եւ հին հեքիաթներու քաղաք, ուր նուիրումի, հաւատարմութեան եւ անկեղծութեան ու բոլորանուէր աշխարհ մըն էիր մեր բոլորին համար, արդեօք այս օրերուն ի՞նչ վիճակի մէջ ես։ Ահա՛ այս հատորը վկայ։ Անոր համար այդ էջերուն մէջ ախորժակով փնտռեցի դէմքերն ու անհրաժեշտը։ Հաճելի էր այս զգացումը։
Ու այսպէս ժամերով կրկին եւ խորապէս կապուած մնացի քաղաքիս։ Այլ խօսքով՝ երեւակայութիւնս լուսաւորուած էր։
Նոր երազ մը՝ երազիս մէջ։ Միտքս դարձեալ հեռաւոր երազանքով սնած էր կարծես։ Ընթերցումս հին օրերու գեղեցիկ թարմութիւնը բերաւ։ Ու միտքս մինակ չէր։ Անկասկած մէջս կծկուած բան մըն էր, որ կը քակուէր։ Իրականութիւնն էր, որ կ՚ապրէր հոգիիս մէջ։ Իրապէս, որ սկսած էի յիշողութեան գետին վրայ երկարօրէն ու երազկոտ նաւարկել։
Հեղինակ բժիշկին հրամցուցած բառերուն մէջ հաւատք կար եւ արդար խօսք եւ յոյս։ Անոր գրիչին տակ շրջած էր պատմութիւնը, անէծքը, ափսոսանքը, աղօթքն ու մաղթանքը։ Պարզապէս խտացող մտքեր։ Շունչ կար տողերուն մէջ, նաեւ հոգեկան գիծեր, որոնք որեւէ հալէպցիի սիրտն ու ուղեղը տեսակ մը բոյրով կը գրաւեն։
Հալէ՛պ, դարձեալ կը մտաբերեմ, հոն մեր բոլոր մեծերը, «մեծեր» էին մտքով, հոգիով, օրինակելի գործով եւ արտայայտութեամբ։ Ինծի համար նոյնիսկ շքեղ անուններով մարգարէի պայծառութեամբ եւ առաքեալի նուիրումով դասուած մարդիկ, որոնք իրենց շունչը խառնած էին մեր ազգային կեանքին՝ անսակարկ եւ անշահախնդիր։ Տեսած էին եւ կռահած կեանքի ինքնուրոյն ձեւը։ Անկասկած ինծի պէս հեղինակ բժիշկն ալ երկիւղած պաշտամունք մը ունեցած էր այս «հերոսներուն» հանդէպ, որոնք պարզապէս եւ լուռ ճանչցած էին քսաներրորդ դարու հայու տառապանքը եւ սքանչելի հաւատարմութեամբ ծառայած ազգին՝ իրենց ուրոյն մտածողութեամբ։
Արդ, նման իրականութեանց դիմաց ինչպէ՞ս չունենալ ինքնաբուխ հիացում։ Ըսէ՛ք։
Բժիշկ Թապաքեան արդարօրէն եւ հաճելի ոճով, պարզ եւ թարմ զգացումներով, անկեղծ շեշտով, խանդավառ ու տաք շունչով ու մանաւանդ հարազատ եւ պատկերաւոր հասկնալի ու սրտի մօտիկ յաջող արձակով, կենդանի եւ վճիտ իրականութեամբ ու լեզուական ներդաշնակութեամբ երգած էր ծննդավայրիս կեանքն ու անոր բնակիչներու կենցաղը։ Յուշ եւ ապրում։
Կարդացած էջերուս մէջ կար նաեւ պարզութիւն մը պերճախօս վկայութիւններով։ Յորդառատ զգացում եթէ կ՚ուզէք, որ դիմացդ կը բանայ զանազան ծանօթ եւ անծանօթ դէմքեր եւ մոռցուած անուններ, որոնք ունեցած էին եզակի ու օրինակելի հայեացքներ։ Ու չկարծուի, թէ մենք՝ հալէպցիներս մեր հերոսներն ու ղեկավար գործիչները կամ կրթական ու հոգեւոր մշակները սիրած էինք միայն իրենց մահէն ետք։
Երբէ՛ք։ Այդ մէկը իբրեւ արթուն զանգուած՝ կը մերժենք։
Ահա թէ ինչու յուշերս մէջս ապրեցնելու համար նուէր հատորը քանի մը անգամներ կարդալէ ետք, գրիչիս դիմեցի, գոյն տալու օրերուս եւ նոր երազներուս։
Կարդացի հարազատի աչքերով։
Այս բոլորէն ետք լեցուն թոքով եւ անկեղծ բարեմաղթութիւններով եւ տաքուկ շնորհաւորանքով կը փակեմ այս տողերս սրտանց «վարձքդ կատար» մը հասցէագրելով այս մեծ եւ երախտապարտ աշխատանքիդ, սիրելի հալէպահայ բժիշկ Օհան Թապաքեան։ Գրիչդ դալար՝ յարգելիս։

Լոս Անճելըս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *